Quantcast
Channel: Armenia Archives - Aniarc
Viewing all 129 articles
Browse latest View live

1992. Խոճալու, Շուշի, Լաչին՝ Թուրքիա կը սպառնայ [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

$
0
0

turgut-ozal-demirel2

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասնիններորդ գլուխ – մաս առաջին

Նախապայմաններ. Թուրքիոյ դիւանագիտական լեզուն 

1992-ի սկիզբին, նորանկախ Հայաստանը Ե. Ա. Հ. Կ.ին անդամակցելու կը ձգտէր:1 Թուրքիան կը փորձէր խոչընդոտել: Փրակայի մէջ Ե. Ա. Հ. Խ.ի յունուարեան խորհրդաժողովի օրերուն երկու թուրք դիւանագէտներ կը մօտենան Հայաստանի դիւանագէտներէն Քրիսթիան Տէր Ստեփանեանին եւ կը տեղեկացնեն, որ Անգարան Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատէ, եթէ Հայաստանը ճանչնայ Թուրքիոյ սահմանները եւ Ցեղասպանութեան հարցը չբարձրաձայնէ: Տէր Ստեփանեանը հեռաձայնով նախագահ Տէր Պետրոսեանին կը փոխանցէ թուրքերուն առաջարկը:

ՙԵս Տէր Ստեփանեանին ըսի` շատ կտրուկ կերպով կը պատասխանես՝ ո՛չ՚,- կը պատմէ Հայաստանի առաջին նախագահը:

Ըստ Հայաստանի դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ պտտուող զրոյցի, ‎ֆրանսահայ Տէր Ստեփանեանը անակնկալի կու գայ նախագահին օգտագործած կոշտ բառապաշարէն եւ կը հարցնէ. ՙՍիքտիր ի՞նչ ըսել է, պարո՛ն նախագահ՚:

Վերադառնալով Երեւան` Տէր Ստեփանեանը ՙԱզգ՚ թերթին կը պատմէ Փրակայի խորհրդաժողովի մանրամասներէն. ՙԱնոնք (թուրքերը) կը պնդէին, թէ հայկական կողմը տարածքային պահանջներ ունի Թուրքիայէն եւ որպէս ապացոյց կը մէջբերէին մեր ՙԱնկախութեան Հռչակագիր՚ին մէջ իբր հողային պահանջին վերաբերող կէտերը: Անոնք Հայաստանէն կը պահանջէին հաստատել (Հայաստան-Թուրքիա) սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը եւ վաւերացնել Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագիրները: Մեր հարցին, թէ ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ մենք գրաւոր փաստաթուղթ չներկայացնենք, թուրքերն ըսին, թէ իրենք Հայաստանի նկատմամբ կը կիրառեն վեթոյի իրաւունքը: Ա. Մ. Ն.ի ներկայացուցիչը միջնորդի դերը վերցուց՚:

Ե. Ա. Հ. Խ.ի մօտ Ա. Մ. Ն.ի դեսպան Ճոն Մարեսքան տարիներ ետք ըսած է. ՙԱնձնապէս ես էի, որ միջնորդի դեր կատարեցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ` Թուրքիոյ առարկութիւնները վերացնելու համար: Երկու օր շարունակ միջնորդութիւններ կատարեցի` ջանալով համոզել թուրքերը, որ վերջ տան իրենց ընդդիմութեան, միեւնոյն ժամանակ թելադրելով հայոց, որ մեղմացնեն իրենց դիրքորոշումը: Ի վերջոյ, ես յաջողեցայ, եւ թուրքերը դադրեցուցին իրենց ընդդիմութիւնը: Րաֆֆի Յովհաննիսեանը լաւ պիտի յիշէ՚:

Յովհաննիսեանը լաւ կը յիշէ Ե. Ա. Հ. Խ.ի 30-31 Յունուար 1992-ի նիստը, ուր Հայաստանը պէտք է անդամակցեր կառոյցին. ՙՍկսուած էր նախապայմաններու շարքը` Կարսի պայմանագիրի ճանաչում, Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներէն հրաժարում: Հարցը հասաւ լիագումար նիստին: Ես պատասխանեցի, որ Թուրքիոյ բարձրացուցած նախապայմանները երկկողմ յարաբերութեանց տիրոյթէն են, բայց եթէ Թուրքիան կ’ուզէ բազմակողմանի կազմակերպութեան այս նիստին որպէս օրակարգային նիւթ յառաջ քաշել 1921-ը եւ Մոլոթով-Ռիպենթրոփի մեր տարբերակը, ապա մենք կ’առաջարկենք պատմական պտոյտը շարունակել վեց տարի ետք եւ սեղանի վրայ դնել թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, թէ՛ ատոր ժառանգութիւնը, անոր ծնունդը դարձած 1921-ի ապօրինի պայմանագիրները: Երբ մենք կտրուկ եւ ամբողջական պատասխան տուինք, նախագահողը ընդմիջում յայտարարեց, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ ո՛չ միայն Մարեսքայի, այլեւ պետական քարտուղար Ճէյմս Պէյքըրի եւ միւս նախարարներուն միջնորդութիւնը: Մարեսքայի բարի գործով` թուրքերը դադրեցուցին վեթոյի սպառնալիքը, եւ Հայաստանն անդամակցեցաւ Ե. Ա. Հ. Խ.ին՚:

Ե. Ա. Հ. Խ.ին անդամակցելու Հայաստանի ձգտումը խափանելու Թուրքիոյ փորձերը չխանգարեցին, որպէսզի այդ երկիրը ղարաբաղեան կարգաւորման Մինսքի Խորհրդաժողովի անդամ դառնայ: Ինչպէս ցոյց տուին յետագայ իրադարձութիւնները, պաշտօնական Երեւանը դէմ չէր ղարաբաղեան բանակցութեանց Թուրքիոյ չէզոք ներգրաւման:

Նախագահ Տէր Պետրոսեանը եւ արտաքին գործոց նախարար Յովհաննիսեանը 21 Մարտին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցան Ճորճ Պուշի եւ Պէյքըրի հետ: ՙԶրոյցներու բովանդակութիւնն այն էր, որ Միացեալ Նահանգները, նախօրօք խորհրդակցելով Թուրքիոյ հետ, յանգած է եզրակացութեան, որ Արցախի հարցին շուրջ Ե. Ա. Հ. Խ.ի շրջանակներուն մէջ պէտք է եռակողմ բանակցութիւններ սկսին Ատրպէյճանի, Լ. Ղ.ի եւ Հայաստանի միջեւ: Ասիկա հաստատեց նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հիքմէթ Չեթինը ինծի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ատեն՚,- ըսած է Տէր Պետրոսեանը:

Անգարան հրաժարեցաւ Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ, սակայն մինչեւ 1993-ի Ապրիլը բացայայտ թշնամական գործողութիւն չէր իրականացներ` սահմանը չէր գոցած ու Հայաստանը չէր շրջափակած: Ճիշդ է, թէ թուրք-հայկական սահմանի բաց ըլլալն ալ յարաբերական էր, քանի որ սովորական անցորդներուն համար գոց էին ինչպէս Մարգարա-Ալիճան, այնպէս ալ Ախուրեան-Տողուքափը սահմանադուռերը: Սահմանը մասամբ բաց էր բեռնափոխադրումներու ու կարեւոր մարդոց` պատուիրակութեանց համար: Այսպէս, 1992-ի Փետրուարին Մարգարայի կամուրջով Հայաստանի Հանրապետութիւն անցան Ամերիկայի Հայկական Համագումարի ներկայացուցիչներ Հրայր Յովնանեանն ու Վան Գրիգորեանը: Մարտին Ախուրեան կայարան հասաւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու Ա. Մ. Ն.ի արեւելեան թեմի 30 վակոն օգնութիւնը` 400 հազար տոլար արժողութեամբ սննդամթերքը:

1992-ի Փետրուարի առաջին օրերուն Սթամպուլի մէջ նախագահ Թուրկութ Էօզալը բացաւ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան (Ս. Ծ. Տ. Հ.) խորհրդաժողովը` Թուրքիա, Պուլկարիա, Մոլտովա, Ռումանիա, Ուքրաինա, Ռուսիա, Վրաստան, Հայաստան, Ատրպէյճան կազմով: Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Նաւասարդեանն ու Հայաստանի նախագահի` միջկուսակցական յարաբերութեանց գծով խորհրդական, արեւելագէտ-պատմաբան Վահան Փափազեանը:

ՙԱսիկա եղած է առաջին պաշտօնական պատուիրակութիւնը, զոր սահմանն անցած է ցամաքով` Մարգարա-Իգդիր-Էրզրում, հոնկէ օդանաւով` Սթամպուլ: Կը դժուարանամ վերաշարադրել զգացմունքներս, երբ անցանք Արաքսը: Հայեացքով անընդհատ բաներ մը կը փնտռէի, որոնք կրնային ինծի յիշեցնել պատմական հայրենիքս: Ծագումով` ես վանեցի եմ: Առանձին հանդիպում մը ունեցայ արտաքին գործոց նախարար Չեթինի հետ: Զիրար լաւ հասկցանք, մեր միջեւ մտերմիկ յարաբերութիւններ ձեւաւորուեցան: Առաջին հանդիպման նիւթերէն մէկն եղած է արձանագրութեան կազմումը եւ սահմանի լիարժէք օգտագործումը, այլ ոչ թէ ժամանակ առ ժամանակ բանալ-գոցելը պատուիրակութեանց երթալ-գալուն համար: Սթամպուլէն վերադառնալով Անգարա, երկար զրոյց մը ունեցայ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ գլխաւոր բանակցողին` Ճանտան Ազերի հետ՚,- կ’ըսէ Հայաստանի 1993-1996 թուականներու արտաքին գործոց նախարար Փափազեանը:

Խոճալու, Շուշի, Լաչին. Թուրքիա կը սպառնայ

1991-ի Հոկտեմբերին Թուրքիոյ մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց մէջ նկատելի առաւելութեամբ յաղթեց Սուլէյման Տէմիրէլի ՙՃշմարիտ Ուղի՚ կուսակցութիւնը` յառաջ անցնելով նախագահ Թուրկութ Էօզալի ՙՄայր Հայրենիք՚էն: Պետական քաղաքականութիւնը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ եօթերորդ անգամ վարչապետի պաշտօնն զբաղցուցած Տէմիրէլի ձեռքին: Նախագահ Էօզալն սկսաւ աւելի շատ արտայայտել ընդդիմութեան տեսակէտները: Այս շրջանին` թրքական մամուլին մէջ ձեւաւորուած էր երկու մօտեցում: Առաջին. Թուրքիան պէտք է ձգտի կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատել Կովկասի մէջ` առանց գործուն միջանտութեան, պէտք է խուսափի բացայայտ ատրպէյճանամէտ դիրքորոշումէն, բայց ձգտի հասնիլ Ատրպէյճանին ձեռնտու լուծումներու` օգտագործելով Թուրքիոյ դիւանագիտական հնարաւորութիւնները: Երկրորդ. Թուրքիան պէտք է աշխուժօրէն աջակցի Ատրպէյճանին, անհրաժեշտութեան պարագային` ռազմական օգնութիւն յատկացնէ անոր եւ ճնշում գործադրէ Հայաստանի վրայ: Այս տեսակէտը կը պաշտպանէին ազգայնական ոյժերը:

Թուրքիան ղարաբաղեան պատերազմի ողջ ընթացքին քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական օգնութիւն կը տրամադրէր Ատրպէյճանին: Միջազգային իրավիճակն ու Թուրքիոյ հնարաւորութիւնները թոյլ չտուին, որ ան ուղղակիօրէն միջամտէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան: Թուրքիան նոյնիսկ մերժեց Ատրպէյճանի նախագահ Էլչիպէյի` ռազմական դաշինք կնքելու առաջարկը, սակայն թուրք զինուորականներն ու կառավարող շրջանները անուղղակի օգնութիւն տրամադրեցին Ա. Շ. Կ.ի եւ անոր ղեկավար Թիւրքէշի միջոցով: Վերջինս Ա. Մ. Ն. այցելած էր եւ փորձած էր յարաբերութիւններ հաստատել տեղի հայկական շահախումբին հետ, ինչը Տէմիրէլի ուշադրութիւնը գրաւեց: 1992-ի Ապրիլի վերջերէն թրքալեզու հանրապետութիւններ ծրագրուող այցի պատուիրակութեան կազմին մէջ Տէմիրէլն ընդգրկեց նաեւ Թիւրքէշը: Թուրքիոյ մէջ ազգայնամոլական շարժումն ուսումնասիրող թուրք գիտնականներ Նեճտէթ Պեքմէզճին ու Նուրշէն Պիւյիւքեըլտըզը գրած են, որ թուրք ազգայնամոլներ Ատրպէյճան ղրկելու եւ հոն ճամբար հիմնելու ծրագիրը Տէմիրէլն ու Թիւրքէշը դեռ 1991-ին նախաձեռնած են:

1992-ի Մարտին Թիւրքէշը խորհրդարանի իր ելոյթներուն եւ հարցազրոյցներուն մէջ պնդեց, թէ ՙՀայաստանը, նուաճելով Ատրպէյճանի տարածքին մէկ մասը, խախտած է միջազգային կանոնները՚, ու, թէեւ չէր բացառեր Թուրքիոյ զինուած միջամտութիւնը, սակայն նախապատուութիւնը կու տար դիւանագիտական քայլերուն:

Միաժամանակ, Թիւրքէշն աշխատեցաւ արագացնել Ատրպէյճանի մէջ ՙԳորշ Գայլեր՚ի ճամբարի ստեղծումը, որուն միջոցով հնարաւոր կ’ըլլար Թուրքիայէն լրացուցիչ կամաւորներ եւ զէնք ղրկել: Ճամբարն ստեղծուեցաւ Պաքուի մօտակայքը, անունը Թիւրքէշի առաջարկութեամբ դրուեցաւ ՙՌիւզկար՚: Բացի զինավարժութիւններէ, հոն կը դասաւանդուէր նաեւ խափանարարութեան վարժութիւն: Ըստ Էլչիպէյի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, ճամբարին մէջ վարժուող ազգայնամոլները զինելու նպատակով Թուրքիայէն Ատրպէյճան տեղափոխուեցաւ երկու ինքնաթիռ զէնք ու զինամթերք, որոնք Պաքուի օդանաւակայանին մէջ յանձնուեցան Էլչիպէյի թիկնապահ գունդի հրամանատարին: 1991-ի կէսերուն արդէն, Թուրքիայէն օդային ճամբով Ատրպէյճան փոխադրուեցան 5000 ինքնաձիգներ, նռնականետներ եւ հանդերձանք:

1992-ի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն թուրք զինուորականները Կապալա քաղաքին մօտակայքը 450 ատրպէյճանցի կամաւոր պատրաստեցին: Այդ ստորաբաժանումը Ատրպէյճանի մէջ կոչուեցաւ ՙՀամալսարանական գումարտակ՚, քանի որ հաւաքագրուած կամաւորները Պաքուի համալսարանի ուսանողներ էին: Ատրպէյճանի որոշ քաղաքական գործիչներ կը հաւատային, որ այդ ստորաբաժանումը Ժողովրդային Ճակատի զօրամիաւորումներուն հիմքը կը դառնայ: Թէեւ թուրք խորհրդականները պնդեցին, որ ստորաբաժանումը ռազմական գործողութեանց մասնակցելու դեռ պատրաստ չէ, ան ղրկուեցաւ Շուշի, սակայն յաջողութիւն չունեցաւ:

Ըստ Ռուսիոյ ռազմական հետախուզութեան տուեալներուն` 1992-ի Սեպտեմբերի դրութեամբ ատրպէյճանական բանակին մէջ կար 670 թուրք զինծառայող, այդ թուին` զինուորներ, սպաներ եւ զօրավարներ: ՙԱտրպէյճան ղրկուող զինծառայողներ հաւաքագրելու ատեն թրքական կողմը նախապատուութիւնը կու տայ արեւելեան նահանգներու բնակիչներուն, որոնց խօսակցական լեզուն մօտ է ատրպէյճաներէնին, եւ որոնք իրենց հայեացքներով իսլամամէտ ՙԲարօրութիւն՚ կուսակցութեան ու ազգայնական ՙԳորշ Գայլեր՚ կազմակերպութեան կը յարին՚: ՙՃումհուրիյէթ՚ի տուեալներով` ատրպէյճանական բանակին մէջ կար մէկ թուրք զօրավար` Տրապիզոնէն նախկին երեսփոխան Եաշար Տէմիրպուլաքը: Ան իրեն հետ զրոյցին մէջ հաստատած է, որ ինքը նաեւ նախագահ Էլչիպէյի եօթը խորհրդականներէն մէկն է, սակայն այս նշանակման հետ թրքական կառավարութիւնը կապ չունի:

Թիւրքէշը Էլչիպէյի հետ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ եւ սերտ կապեր հաստատեց անոր հետ: Թրքական կառավարող շրջանակներուն կարծիքով` Ատրպէյճանի նախագահին իշխանութիւնը վտանգող միակ ոյժը անկառավարելի վիճակի մէջ գտնուող ատրպէյճանական բանակն էր: Այդ պատճառով, անհրաժեշտ էր ստեղծել Էլչիպէյին հաւատարիմ ռազմական հզօր ստորաբաժանում մը, որու 1500–2000 վարժուած մարտիկները անոր կազմաւորած կանոնաւոր բանակին միջուկը պէտք է դառնային:

Թիւրքէշը ծրագրած էր, որ ստեղծուող ճամբարին մէջ վարժուին ո՛չ միայն ատրպէյճանցիներ, այլեւ` կամաւորներ Իւզպէկիստանէն, Ղազախիստանէն եւ Թուրքիայէն: Ճամբարի եւ կանոնաւոր բանակի ստեղծման Էլչիպէյի նախագիծին հիմնական հեղինակը ո՛չ թէ Թիւրքէշն էր սակայն, այլ` Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւնները եւ իշխանութեան մօտ կանգնած ՙՃշմարիտ Ուղի՚ կուսակցութեան որոշ շրջաններ: Դա բացայայտուեցաւ 1996-ին` Սուսուռլուքի դէպքէն ետք, երբ պարզուեցաւ, որ Ատրպէյճանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու համար Թուրքիոյ վարչապետի հիմնադրամէն ՙԱզգայնական Շարժում՚ին մեծ գումար փոխանցուած է:

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը դիտարկուէր որպէս անմիջական սպառնալիք իր անվտանգութեան ու կայունութեան, ինչպէս նաեւ խանգարում Կովկասի մէջ քաղաքական աւելի մեծ աշխուժութիւն ձեռք բերելու նպատակի իրագործման: Թուրք-հայկական լարուածութիւնը կը մեծնար Լ. Ղ.ի մէջ հայկական ինքնապաշտպանական ջոկատներու յաջողութեանց զուգընթաց: Իրադրութիւնն աւելի լարուեցաւ 1992-ի Փետրուար-Մայիս ամիսներուն` Խոճալուի, Շուշիի եւ Լաչինի ռազմական գործողութիւններէն ետք: Թուրքիոյ մէջ սկսան ռազմական միջամտութեան կոչեր հնչել:

4 Մարտ 1992-ին Իզմիրի մէջ ունեցած ելոյթին մէջ, վկայակոչելով Խոճալուի դէպքերը, Էօզալը կառավարութենէն պահանջեց ՙհայոց ոճրագործութեանց դէմ վճռական միջոցներու դիմել՚, սպառնալով հայոց յառաջխաղացումը կանգնեցնել թրքական ռազմական ոյժերով:

Հայաստանի ղեկավարութիւնը թրքական վտանգին կը վերաբերէր լրջօրէն: 10 Մարտ 1992-ին ընդունելով քոնկրէսական Ուէյն Օուընսը, նախագահ Տէր Պետրոսեանը մտահոգութիւն յայտնեց, որ Թուրքիան կը շեղի անդրկովկասեան իրադարձութեանց նկատմամբ իր իսկ յայտարարած չէզոք քաղաքականութենէն: Նախագահը ուշադրութիւն հրաւիրեց Էօզալի` քանի մը օր առաջ կատարած սպառնալից յայտարարութեան վրայ: Թուրքիոյ նախագահն սպառնացած էր գոցել Հայաստանի ճամբան դէպի Սեւ Ծով` ՙհայերը քիչ մը վախցնելու՚ նպատակով:

Տէր Պետրոսեանը 16 Մարտին ընդունեց դեսպան Վուրալը, որ Երեւան ժամաներ էր վարչապետ Տէմիրէլի յանձնարարութեամբ` ՙորոշ հանգամանքներ պարզաբանելու, Լ. Ղ.ի հիմնախնդրի կարգաւորման եւ հայ-թրքական յարաբերութեանց հեռանկարի առնչութեամբ թրքական պաշտօնական շրջանակներուն տեսակէտները ներկայացնելու ու Հայաստանի իշխանութեանց դիրքորոշման ծանօթանալու նպատակով՚: Նոյն օրը Տէր Պետրոսեանը լրագրողներուն ըսած է, որ վերջին ժամանակներս Թուրքիան Լ. Ղ.ի հարցին մէջ իր չէզոքութիւնը կորսնցուց:

Թուրքիան բաւական կոշտ ձեւով արձագանգեց Շուշիի դէպքերուն: Տէմիրէլը կառավարութեան արտակարգ նիստին յայտարարեց, թէ Շուշիի մէջ տեղի ունեցածը ՙհայոց հերթական ահաբեկչութիւնն է ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ՚: Տէմիրէլը ՙիսկական աղէտ՚ որակեց Շուշիի անկումը եւ ընդգծեց, որ Թուրքիան այլեւս չի կրնար մնալ կողմնակի դիտորդի դերին մէջ, երբ ՙհակամարտութիւնն ուժային ճամբով լուծելու փորձն ակնյայտ է՚:

Թրքական բանակի Գլխաւոր Սպայակոյտի պետ զօրավար Տողան Կիւրէշը նկատել տուաւ. ՙՄարաջախտ Շափոշնիքովը Խորհրդային Միութեան անցեալով կ’ապրի: Անցած են բռնութեամբ, ճնշումներով, սպառնալիքներով կամք պարտադրելու ժամանակները: Ինչ որ ըսուած է` լաւ չէ: Թրքական զինուորական ոյժերը պատրաստ են ընդառաջելու մեր քաղաքական վերին իշխանութեան տուած բոլոր որոշումներուն: Աւելին ըսելու հարկ չեմ տեսներ՚:

Լաչինի գրաւման առիթով 18 Մայիսին խորհրդակցութիւն հրաւիրուեցաւ թրքական բանակի Գլխաւոր Սպայակոյտին, ապաª կառավարութեան մէջ: Ա. Մ. Ն.ի մէջ ապաքինուող նախագահ Էօզալը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ համբերութիւնը նոյնպէս սահման ունի: Հետեւեցաւ Ա. Պ. Հ.ի զինուած ոյժերու գլխաւոր հրամանատար, մարաջախտ Եւկենի Շափոշնիքովի նախազգուշացումը` եթէ մէկ պետութիւն մըն ալ միանայ ղարաբաղեան հակամարտութեան, ապա ՙմենք կրնանք յայտնուիլ երրորդ համաշխարհային պատերազմի շեմին՚:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները 18 Մայիս 1992-ին ստիպեցին, որ Սթամպուլի մէջ վայրէջք կատարէ Մեծն Բրիտանիայէն Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն բերող ինքնաթիռը: Օդանաւի` զէնք փնտռելու նպատակով կատարուած զննումն անարդիւնք վերջացաւ: 6 Յունիսին ԹՈՒ-154 ինքնաթիռը, որ 146 ուղեւորներով Հալէպ-Երեւան կանոնաւոր թռիչք կը կատարէր, թրքական կողմին պահանջով երթուղիէն շեղուեցաւ մօտ 1000 քմ., վայրէջք կատարեց Անգարայի մէջ ու մօտ 7 ժամ պահուեցաւ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ դէպի Հայաստան կատարուող թռիչքներուն նկատմամբ խիստ պահանջներ պիտի ներկայացնէ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յայտնեց Թուրքիոյ ՙնմանօրինակ քայլերուն դէմ եւ կոչ ըրաւ առկայ խնդիրները կարգաւորելու երկխօսութեան միջոցով՚:

Թուրքիոյ խորհրդարանի 20 Մայիս 1992-ի յատուկ նիստին քննարկուեցաւ ՙՀայաստանի կողմէ Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած նախայարձակման հարցը՚: Հիմնական զեկուցող արտաքին գործոց նախարար Չեթինը յայտարարեց. ՙՄինչեւ այսօր Թուրքիան այս հարցին մէջ աշխատած է չէզոք դիրք գրաւել, եւ անոր դիւանագիտական ջանքերը հարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած եղած են, սակայն այսուհետեւ Թուրքիան բոլոր միջազգային ատեաններուն մէջ սատար պիտի կանգնի Ատրպէյճանին: Ե. Ա. Հ. Խ.ն ընդունած է, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածքն է, իսկ հայերն այսօր գրաւած են նաեւ Լաչինը: Թուրքիան սահմաններու փոփոխութիւն թոյլ չի տար: Ասկէ ծագող բոլոր հետեւանքներուն համար պատասխանատու է Հայաստանը՚:

Չեթինէն բացի ելոյթ ունեցան ՙՄայր Հայրենիք՚ ու ՙԲարօրութիւն՚ կուսակցութեանց նախագահներ Մեսութ Եըլմազն ու Նեճմէտտին Էրպաքանը: Առաջինը կոչ ըրաւ Լ. Ղ.ի հակամարտութեան հարցով աւելի գործուն քաղաքականութիւն վարելու. ՙԵթէ հոն զօրք ղրկելու համար խորհրդարանի աջակցութեան կարիքն ունիք, պահանջեցէ՛ք, եւ մենք ձեզի այդ իրաւունքը կու տանք՚, իսկ Էրպաքանը կը պնդէր, թէ Թուրքիան իրաւունք ունի ռազմական միջամտութիւն իրականացնելու Նախիջեւանի հարցին մէջ: Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց վերաբերեալ Թուրքիոյ մտահոգութիւնը յստակօրէն արտայայտեց Ժողովրդավարական Ձախ Կուսակցութեան առաջնորդ Պիւլէնթ Էճեւիտը, յայտարարելով, որ ՙեթէ Հայաստանը Նախիջեւանի մէկ մասը գրաւէ, ապա Թուրքիոյ հողերուն աչք կը տնկէ: Մեզմէ Կարսն ու Արտահանը կը պահանջէ՚:

Մէկ ուրիշ առիթով Էճեւիտն ըսաւ. ՙԹուրքիան պէտք է Հայաստանին ու համաշխարհային հանրութեան նկատել տայ, որ յանձնառութիւններ ունի Նախիջեւանի հողային ամբողջականութեան եւ կարգավիճակի անխախտելիութեանն ի նպաստ, հետեւաբար, պէտք է ռազմական ոյժ կեդրոնացնէ Հայաստանի ու Նախիջեւանի սահմանային գօտիներուն մէջ, յայտարարէ, որ Նախիջեւանի վրայ որեւէ յարձակում յարձակում է Թուրքիոյ վրայ: Հայաստանը զինուորական եւ ռազմական առումով շատ լաւ է պատրաստուած, մինչդեռ Ատրպէյճանը ո՛չ անհրաժեշտ զինական միջոցներ, ո՛չ ալ մարզուած զինուորականութիւն ունի, ուստի անհրաժեշտ է ռազմական աջակցութիւն ցոյց տալ կամ տոլար յատկացնել` ռուսերու` վաճառքի հանած զէնքերը գնելու համար՚:

Նախիջեւանի առաջնորդ Հէյտար Ալիեւը 1992-ի Մայիսի կէսերուն Թուրքիոյ դիմած էր օգնութեան խնդրանքով: Շուշիի եւ Լաչինի մարտերուն ընթացքին Անգարայի ուշադրութեան կեդրոնը Նախիջեւանն էր: Ռազմական միջամտութեան կոչեր կը հնչէին Թուրքիոյ մէջ: Թրքական ընտրանիին մէջ վարչապետ Տէմիրէլն ամէնէն սթափն էր: ՙԴիւրին է խօսիլ ներխուժման մասին: Եթէ մենք մտնենք Նախիջեւան, մենք մօտակայ քսան տարուան ընթացքին ի վիճակի չենք ըլլար հոնկէ հեռանալու: Ատկէ բացի, Արեւմուտքը կը մեղադրէ Թուրքիան` նման գործողութեան համար՚,- ըսած է ան:

Տէմիրէլը 25 Մայիսին Մոսկուա մեկնեցաւ պաշտօնական այցով: Ռուս-թրքական բարձր մակարդակով բանակցութեանց առանցքային նիւթերէն էր Լ. Ղ.ի մէջ ստեղծուած վիճակը: Այս ընթացքին կ’ուժգնանան փոխհրաձգութիւնները սահմանի Երասխ-Սադարակ հատուածին մէջ: Նախիջեւանի նկատմամբ հայոց իբր թէ յարձակողական մտադրութեանց վերաբերեալ Ալիեւի պնդումներուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց. ՙԱտրպէյճանական կողմը սահմանի այդ հատուածին մէջ ռազմական գործողութիւններ կը հրահրէ` նպատակ ունենալով արդարացնել երրորդ պետութեան հնարաւոր միջամտութիւնը՚:

Երրորդ պետութիւնը Թուրքիան է, զոր ամէն պատեհ առիթով կը յիշեցնէ, թէ Նախիջեւանի երաշխաւորը ինք է: 2010-ի Ապրիլի վերջերուն արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ Տաւութօղլուն, ընդունելով Նախիջեւանի խորհրդարանի նախագահ Վասիֆ Թալիպովը, յայտարարեց, որ ՙՆախիջեւանի ապագայի հարցին մէջ Թուրքիան մեծ ներգրաւուածութիւն ունի ու կը շարունակէ ունենալ՚: Ան ընդգծեց, որ 1921-ի Կարսի պայմանագիրը օրինական է, եւ ՙԹուրքիան Նախիջեւանի կարգավիճակի երաշխաւորն է՚:

Թրքական գրկախառնութիւն Մասիսի փէշերուն

28 Մայիս 1992-ին, թուրք-նախիջեւանեան սահմանին` Արաքսի ձախ ափին, վարչապետ Տէմիրէլը հաւաքուած հազարաւոր ատրպէյճանցիներուն կը դիմէր ու կը բացականչէր. ՙՍիրելի՛ ատրպէյճանցի թուրքեր, սիրելի՛ նախիջեւանցի թուրքեր: Մենք հոս ենք ձեզի ըսելու, որ մինակ չէք: Արազի վրայով այսօր մենք կը բանանք ՙՅոյսի Կամուրջ՚ը, զոր Եգէական Ծովէն մինչեւ Չինաստան ճամբայ բանալու առաջին քայլն է՚:

Ամերիկացի լրագրող Թոմաս Կոլցն ականատեսի աչքերով կը գրէ. ՙՕդանաւին դուռը բացուեցաւ, երեւցաւ Տէմիրէլն իր նշանաւոր ֆետորայով: Ան աստիճաններով դէպի Հէյտարի գիրկը կ’իջնէր: Լուսանկարչական բազմաթիւ սարքեր եւ տեսախցիկներ պատմական պահը կ’արձանագրեն. վերջապէս, Տէմիրէլն ու Ալիեւը միասին են: Կան յամառ շշուկներ, թէ Ատրպէյճանի իշխանական ու անվտանգութեան համակարգին մէջ Ալիեւի վերելքը նախատեսուած էր Պ. Ա. Կ.ի ՙԿապոյտ Աչքեր՚ գործողութեան իրականացման հեռանկարով` 1960-70-ական թուականներուն Թուրքիոյ քիւրտերու շրջանին մէջ ապակայունութիւն հրահրել: Նայելով Հէյտարի կոկորդիլոսի անթարթ աչքերուն` հասկնալի է, թէ ուրկէ՞ կու գայ ՙԿապոյտ Աչքեր՚ անուանումը: Եւ ահա՛ այստեղ` Արարատ լերան ստուերին տակ, Տէմիրէլն ու Ալիեւը փանթրքական տօնակատարութիւն կազմակերպած էին՚:

Աշոտ Մանուչարեանը եղած է Հայաստանի նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը: Ան բազմիցս մասնակցած է Երեւան-Նախիջեւան բանակցութեանց: ՙՈրոշ իմաստով` Ալիեւն այդ տարածքի արքան էր: Էլչիպէյը շատ պիտի ուզէր զայն հեռացնել, բայց անհնար էր, քանի որ Ալիեւը ժողովուրդին յարգանքը կը վայելէր: Ալիեւը շահագրգռուած էր, որ Նախիջեւանի մէջ պատերազմ չըլլայ: Մենք այդ շահագրգռութիւնն զգացինք: Ատկէ բացի, Նախիջեւանը խոցելի էր, պատերազմ սկսելու պարագային ամբողջ շրջանը ռազմադաշտի կը վերածուէր: Մեզի ալ պէտք էր զերծ մնալ երկրորդ ճակատ բանալէն: Նախիջեւանի մէջ խոր առճակատման դիմելով, մեծ վտանգ կը ստեղծուէր Թուրքիոյ հնարաւոր միջամտութեան իմաստով, մանաւանդ, որ նման միջամտութեան քայլեր Թուրքիան ըրած է: Տարբեր կարգի օգնութեանց հետ Նախիջեւանը կը ստանար նաեւ Թուրքիոյ ռազմական օգնութիւնը. հոն սկսան տեղափոխուիլ Թուրքիոյ պահեստայինները` կամաւորներու տեսքով՚,- կ’ըսէ Մանուչարեանը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 10 Մայիս 1992-ին մտահոգութիւն յայտնած էր ղարաբաղեան հակամարտութեան սրման եւ Թուրքիոյ կառավարութեան ու քաղաքական ղեկավարներու այն յայտարարութեան կապակցութեամբ, թէ Թուրքիոյ ռազմական միջամտութիւնը բացառուած չէ:

Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Արա Սահակեանը 1992-ի ընթացքին մասնակցած է հայ-նախիջեւանեան հանդիպումներուն: Ան կ’ըսէ, թէ սահմանի այդ հատուածին մէջ խաղաղութիւնը ձեռնտու էր Հայաստանին, եւ հնարաւոր եղաւ երկրորդ ճակատէն խուսափիլ: ՙԱյս հանդիպումներուն նախաձեռնութիւնը Տէր Պետրոսեանինն էր, իսկ մանրամասնումը եւ մշակումը կը կատարէր Մանուչարեանը: Հայաստանի իշխանութիւնները նախիջեւանեան ուղղութիւնը չէին անտեսեր: Կը կարծուէր, թէ որոշ հանգամանքներու պարագային այդ ճակատին վրայ պատերազմը կրնայ պարտադրուիլ: Այս հարցին մէջ խանգարող խութ մը կար` Թուրքիան ու Նախիջեւանի իրաւական կարգավիճակը: Մենք կ’ըմբռնէինք, որ ռազմական գործողութիւնները Նախիջեւանի տարածք փոխադրելով` Թուրքիան հակամարտութեան մէջ կը ներքաշէինք: Մեր հիմնական քաղաքական ուղղութիւնը Թուրքիան չէզոքացնելն ու հակամարտութեան մէջ անոր ներքաշումը թոյլ չտալն էր՚:

Հայաստանի նախագահը 20 Մայիս 1992-ին յատուկ յայտարարութիւն մը կը կատարէ. ՙՆախիջեւանի տարածքէն անընդհատ փորձեր կ’ըլլան ապակայունացնելու իրադրութիւնը սահմանին վրայ, եւ յառաջ կը քաշուի այն մտացածին վարկածը, թէ Հայաստանը ռազմական գործողութիւններ սկսած է Նախիջեւանի դէմ: Ակնյայտ է, որ սա տեղի կ’ունենայ երրորդ ոյժերու դրդմամբ եւ ուղղակի միջամտութեան համար քաղաքական պատրուակ ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէ: Հայաստանը կը յայտարարէ, որ նոյնիսկ այսօր ալ պատրաստ է Նախիջեւանի հետ կնքելու համակողմանի համագործակցութեան պայմանագիր մը` Հայաստանի եւ Նախիջեւանի սահմանը լիակատար անվտանգութեան եւ կայունութեան գօտիի վերածելու նպատակով՚:

Եղա՞ծ է այնպիսի պահ մը, երբ պաշտօնական Երեւանի կամ հայկական քաղաքական շրջանակներու մօտ Նախիջեւանի մէջ նոր ճակատ բանալու գայթակղութիւն յառաջանար` նկատելով, որ ան բնիկ հայկական տարածք է եւ Ղարաբաղի հետ այդ հարցն ալ լուծելու ժամն է: Սահակեանը կ’ըսէ, թէ 90-ական թուականներու սկիզբներուն յստակ ձեւակերպուած քաղաքական նման պահանջ չկար, բայց կային տրտունջներ մասնաւոր, անձնական զրոյցներուն մէջ. ՙԱյսօր է միայն, որ քաղաքական մեծ վրիպում կը ներկայացուի Տէր Պետրոսեանի կողմէ Նախիջեւանը չգրաւելը, երբ յարմար պահը կար: Նման քննադատութիւնը զիս կ’ուրախացնէ, որովհետեւ անկէ կարելի է գոնէ եզրակացնել, որ Ատրպէյճանի դէմ ռազմական գործողութեանց ուղղութիւնն ու կշռոյթը Տէր Պետրոսեանը կ’որոշէր՚:

Մանուչարեանը կը նշէ, որ Նախիջեւանէն խորհրդային բանակին ու սահմանապահներուն դուրս գալէն ետք եթէ ոեւէ մէկուն միտքէն նման բան անցած է, ապա ատիկա արկածախնդրութիւն է. ՙԹուրքիան, յենուելով գոյութիւն ունեցող պայմանագիրներու եւ իր չհրապարակուած մտադրութեանց վրայ, կրնար լուրջ վտանգ ներկայացնել Հայաստանին` իր կործանարար հետեւանքներով: Պատմական ամէն մէկ պտոյտ հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ կամ չ’ընձեռներ լուծելու կամ չլուծելու առանձին խնդիրներ: Որեւէ կասկած չկայ մեր պատմական տարածքներուն մասին, բայց ամէն հարց իր պահը, ժամը, ձեւն ունի՚:

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչները 19 Յունիս 1992-ին հրաւիրուեցան արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոնք տեղեկացուեցան Զանգելանէն եւ Օրտուպատէն սպառնացող հաւանական զինուած յարձակման մասին: Նոյն օրը երեկոյեան Տէր Պետրոսեանը հեռատեսիլէն յայտարարեց. ՙԱտրպէյճանի աւելի արմատական քաղաքական շրջանակներն սկսած են իրականացնել Հայաստանի հարաւային սահմաններու գրաւման եւ Հայաստանի ու Իրանի միջեւ ընդհանուր սահմանի վերացման վաղօրօք մշակուած ծրագիրները: Ատրպէյճանի աննախադէպ ռազմական աշխուժութիւնը Լ. Ղ.ի մէջ եւ Մեղրիի սահմաններուն վրայ կեդրոնացած ոյժերն ու ռազմական միջոցները կը վկայեն, որ նման ծրագիրները պետական քաղաքականութեան աստիճանի կը բարձրացուին՚:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը 2011-ի Ապրիլին յայտարարեց, որ ՙհայկական պետականութիւնը ծագած է ատրպէյճանական պատմական հողերուն վրայ՚, պնդելով, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւը գտնուող Սիւնիքի մարզը, զոր Ատրպէյճանը Թուրքիոյ սահմանակից Նախիջեւանէն կը բաժնէ, ՙարհեստականօրէն հայոց փոխանցուած հին ատրպէյճանական տարածք է՚: ՙԱսիկա շատ բացասական հետեւանքներ ունեցաւ: Ան բաժնեց ողջ թիւրքական աշխարհը: Ճիշդ է, թէ մենք կը ջանանք եւ յետագային ալ ամէն հնարաւորը պիտի ընենք` քաղաքական քայլերով, տնտեսական նախաձեռնութիւններով, թիւրքալեզու պետութեանց հանդիպումներու միջոցով միաւորելու ողջ թրքական աշխարհը: Սակայն աշխարհագրական տեսանկիւնէն` թրքական աշխարհն այսօր մասնատուած է՚,- ըսած է Ալիեւը:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4

 


Georgia's "hostile attitude" towards Sargsian and Nalbandian just after Russia's August invasion; WikiLeaks, 2008

$
0
0

WikiLeaks-Armenia No 84

2008-08-15

C O N F I D E N T I A L SECTION 01 OF 02 YEREVAN 000653

SUBJECT: TFGG01:  ARMENIAN FRUSTRATION MOUNTS OVER PERCEIVED GEORGIAN SNUBS, IN THE FACE OF SINCERE ARMENIAN AIMS TO…

Classified By: CDA Joseph Pennington, reasons 1.4 (b,d)

¶1. (C) SUMMARY: Top Armenian officials are growing increasingly offended by Georgians’s non-responsiveness to Armenian efforts to reach out. The most discourteous, perhaps, was the Georgian FM’s refusal even to meet FM Nalbandian for a few minutes in Yerevan airport, as she passed through en route overland to Georgia in the early morning of August 15. President Sargsian is starting to take domestic criticism for his presumed “failure” to call Saakashvili, after he did call President Medvedev. Armenians feel their good intentions have been met with an undeserved cold shoulder. Both the president and foreign minister remain new enough in their jobs for such perceived slights to sting more than perhaps would be the case of more seasoned hands.

END SUMMARY

2. (C) AN ATTEMPT AT BALANCE: Armenian officials are growing increasingly agitated, in private meetings with CDA, about the continuing refusal of their Georgian counterparts to take their calls, whether at the presidential, prime minister, or foreign minister level. A key presidential aide confided to CDA that President Sargsian had wanted to call Presidents Saakashvili and Medvedev on the same day, so as to avoid any appearance of Armenian bias between the two sides, but that when Medvedev took the call and Saakashvili did not, the appearance of pro-Russian preference was created. After repeated attempts to get a call through, Sargsian finally just sent a letter to Saakashvili, in a substitute effort to show support for the Georgian side. Local opposition newspapers have already sharply criticized President Sargsian for calling Medvedev and not phoning Saakashvili, and have accused him of sacrificing Armenia’s national interests in a misguided effort to cozy up to Russia. This is galling to Sargsian after his efforts to get Saakashvili on the telephone to offer condolences and assistance. The Prime Minister, likewise, was frustrated (reftel) by his inability to reach his Georgian counterpart to discuss trade and transportation issues which are of critical importance to the Armenian economy. Meanwhile, Armenian officials have kept their public statements about Georgia determinedly positive, even as their private exasperation mounts, though they have begun to suggest that they will take a sharper public tone if the cold shoulder from Tbilisi continues much longer.

3. (C) FM’S PIQUE: The Foreign Minister called in CDA August 15 for a one on one meeting, in which he vented his own simmering frustration, over what he termed Georgia’s “hostile attitude.” Visibly agitated, FM Nalbandian noted that Armenia is trying to help Georgia by taking in more than 4,000 refugees and offering to serve as a humanitarian corridor for international relief efforts. He stressed that Armenia needs a good relationship with Georgia not only for economic reasons, but also for its contribution to regional stability. Nalbandian added that the GOAM had meticulously avoided any statements that could be construed as siding with the Russians. Despite these efforts, Nalbandian fumed, Saakashvili has refused to return repeated calls from President Sargsian, and the Georgian PM has ignored calls from his Armenian counterpart “for more than a week.” The final indignity, according to the FM, was when FM Tkeshelashvili arrived at Yerevan airport at 4:00am on August 15 en route overland to Tbilisi and declined Nalbandian’s proposal for a short airport meeting at that hour. Tkeshelashvili said she was “under instructions” to return to Tbilisi immediately. “What more do they want from us?” Nalbandian asked rhetorically. He said that the GOAM [Government of Armenia] is “avoiding any negative public statements about Georgia,” and warned that were such a statement to be issued, the reaction of ethnic Armenians in Javakheti would be “very dangerous” for Georgia. Despite the obvious threat behind his words, Nalbandian insisted that “this is not a card we could play” with Georgia, but “just a reality.”

pic1322476410r758146

4. (C) GEORGIAN AMBASSADOR TRYING: CDA spoke briefly with the Georgian Ambassador August 15, after signing the embassy condolence book. When CDA gave a brief synopsis of the meeting with Nalbandian, the Georgian ambassador said he had been working the phones with Tbilisi for several days to try to set up a Saakashvili-Sargsian call, but to no avail. Although he expressed frustration at Tbilisi’s lack of responsiveness, he attributed the failure to the exigencies of the current emergency rather than to any desire to slight the Armenians. The Ambassador added that he would inform Saakashvili’s office in his next communication that the American Charge had been called in by Nalbandian about this issue.

5. (C) MEDIATION IDEA UNANSWERED: Polchief spoke several times this week with Major General Hayk Kotanjian, a strongly pro-Western thinker in the MOD, who retains close ties to President Sargsian from the latter’s long tenure as defense minister. Kotanjian was eager to position President Sargsian as a potential U.S. and Georgian back-channel to PM Putin to help defuse the conflict, noting that Sargsian has good access to Putin and other senior Russian leaders. Kotanjian said he had spoken to President Sargsian, and the president was primed and ready to act in this capacity. Post conveyed this offer to Embassy Tbilisi by classified e-mail.

6. (C) COMMENT: Armenian leaders initially accepted the (very valid) arguments of Georgian preoccupation with urgent crisis management, but are beginning to suspect that the GOG is snubbing the GOAM on purpose. This hypothesis is only fueled by the still-unexplained temporary hold-up of Armenian goods at Poti and Sadakhlo, while at the same time, Armenians insist, Azerbaijani cargo passed through unimpeded. While we consistently try to soothe Armenian pique and point out that Georgia is in severe crisis mode, receptivity to this explanation has waned. The suspicion is that the Georgians are taking out their anti-Russian rage on neighboring Armenia, counting Armenia a close friend of Russia, and one that can be more easily snubbed. This is particularly upsetting to Armenians because they believe they have bent over backward to be even-handed, to reach out in good faith to Georgian leaders, to insist that Russia not use Armenian-based forces in Georgia, to welcome Georgian refugees with open arms (waiving passport and document requirements, dispatching the Migration Agency chief to the border to smooth every difficulty), and to facilitate any kind of humanitarian aid shipment to Georgia via Yerevan. In truth, Armenian leaders do not want to be purely dependent on Russia, and see Armenia’s strong strategic interest in maintaining strong, good-neighbor relations with Georgia. If Georgia’s cold shoulder treatment continues, Armenian leaders may start to complain publicly in the press, partly out of anger and partly out of political self-defense, to head off opposition criticism. Another aggravating factor in the Armenian reaction, we suspect, is that top Armenian officials are all new in their jobs, still taking their first steps on the world stage, and not yet feeling fully comfortable or secure in their new roles. Perceived slights are probably being felt more keenly than would be the case with more seasoned officials.

PENNINGTON

Թրքական գրկախառնում Մասիսներու փէշերուն [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Տասնիններորդ գլուխ

28 Մայիս 1992ին Թուրքիա-Նախիջեւան սահմանին` Արաքսի ձախ ափին, Թուրքիոյ վարչապետ Սուլէյման Տէմիրէլը հաւաքուած հազարաւոր ատրպէյճանցիներուն դիմելով կը բացականչէր. ՙՍիրելի’ ատրպէյճանցի թուրքեր, սիրելի’ նախիջեւանցի թուրքեր, մենք հոս ենք` ձեզի ըսելու, որ մինակ չէք: Արազի վրայով այսօր մենք կը բանանք ՙՅոյսի Կամուրջ՚ը, զոր Եգէական Ծովէն մինչեւ Չինաստան ճամբայ բանալու առաջին քայլն է՚:

Ամերիկացի լրագրող Թոմաս Կոլցն ականատեսի աչքերով կը գրէ. ՙՕդանաւին դուռը բացուեցաւ, երեւաց Տէմիրէլն իր նշանաւոր ֆետորայով: Ան աստիճաններով կ’իջնէր դէպի Հէյտարի գիրկը: Տասնեակ լուսանկարչական գործիքներ եւ տեսախցիկներ պատմական պահը կ’արձանագրեն. Տէմիրէլն ու Ալիեւը վերջապէս միասին են: Կան յամառ տարաձայնութիւններ, թէ Ատրպէյճանի իշխանական ու անվտանգութեան համակարգին մէջ Ալիեւի վերելքը նախատեսուած էր Պ. Ա. Կ.ի ՙԿապոյտ Աչքեր՚ գործողութիւնն իրականացնելու` 1960-70ական թուականներուն Թուրքիոյ քիւրտերու շրջանին մէջ ապակայունութիւն եւ անհանգստութիւն հրահրելու հեռանկարով: Նայելով Հէյտարի կոկորդիլոսի անթարթ աչքերուն` հասկնալի է, թէ ՙԿապոյտ Աչքեր՚ անուանումն ուրկէ՞ կու գայ: Եւ ահա’ այստեղ` Մասիս լերան ստուերին տակ, Տէմիրէլն ու Ալիեւը համաթրքական տօնակատարութիւն կազմակերպած էին՚:

Նախիջեւանը Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հետ 20րդ դարի սկիզբներէն Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ մուսաւաթական Ատրպէյճանի միջեւ վիճելի տարածք նկատուած է: 16 Մարտի 1921ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած պայմանագիրի երրորդ յօդուածին մէջ կ’ըսուէր. ՙԵրկու պայմանաւորուող կողմերը համամիտ են, որ Նախիջեւանի մարզը … ինքնավար տարածք կազմէ Ատրպէյճանի խնամակալութեան տակ, պայմանով, որ Ատրպէյճանը սոյն խնամակալութիւնը երրորդ պետութեան չզիջի՚:

Նոյն տարուան 13 Հոկտեմբերին կնքուեցաւ Կարսի պայմանագիրը մէկ կողմէ Խորհրդային Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Վրաստանի եւ, միւս կողմէ, Թուրքիոյ միջեւ` Ռուսիոյ մասնակցութեամբ: Հինգերորդ յօդուածին մէջ կ’ըսուէր. ՙԹուրքիոյ կառավարութիւնը եւ Խորհրդային Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառավարութիւնները համաձայն են, որ սոյն պայմանագիրի երրորդ յաւելուածին մէջ նշուած սահմաններուն մէջ Նախիջեւանի մարզը ինքնավար տարածք կազմէ Ատրպէյճանի խնամակալութեան տակ՚:

Նօսրացած հայ բնակչութեամբ Նախիջեւանը 1924ին ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակ ստացաւ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: 1988ին Նախիջեւանի հայ բնակչութեան թիւը երկու տոկոսէ պակաս կը կազմէր: Խորհրդային տարիներուն Նախիջեւանով կ’անցնէին Հայաստանի համար կենսական ճամբաները, առաջին կարգին` Երեւան-Պաքու, Երեւան-Կապան, Երեւան-Ճուլֆա-Թաւրիզ երկաթուղիները: Դարերու ընթացքին Հայաստանը տասնեակ հազարաւոր քառակուսի քիլոմեթր տարածքներ կորսնցուցած է, սակայն ամենաանարդարը Նախիջեւանի` հայոց միջնաշխարհի կորուստն էր 20րդ դարի առաջին տասնամեակներուն:

Մուտրոսի զինադադարով` Թուրքիան 30 Հոկտեմբեր 1918ին անձնատուր եղաւ եւ Անգլիոյ ճնշման տակ պարտաւորուեցաւ իր զօրքերը դուրս բերել նաեւ Անդրկովկասէն ու Հայաստանէն: Մինչեւ 1919ի Յունիսը Հայաստանի սահմաններուն մէջ մտան, որոշ պարագաներու` առանց դիմադրութեան, Լոռի-Փամբակը, Ալեքսանդրապոլի գաւառը, Էջմիածնի գաւառին մնացած մասը, Սուրմալուն, Շարուրը, Նախիջեւանը եւ Կարսի նահանգը:

Հայկական ոյժերը 1918ի Դեկտեմբերին Շարուրի մէջ իսլամներու դիմադրութեան հանդիպեցան: Ճաֆար-ղուլի խանը Նախիջեւանի մէջ հռչակած էր այսպէս կոչուած Արաքսի Հանրապետութիւնը: Հայկական զօրքերը կը յաջողին Նախիջեւան քաղաքը վերցնել 1919ի Մայիսին` անգլիական զօրքերուն աջակցութեամբ: Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագրեց Շարուր-Նախիջեւանը հանրապետութեան կազմին մէջ մտցնել իբրեւ առանձին նահանգ` ենթաբաժնուած Գողթանի (Օրտուպատ), Նախիջեւանի եւ Շարուրի շրջաններու` Ագուլիս, Նախիջեւան եւ Պաշ-Նորաշէն վարչական կեդրոններով: Գէորգ Վարշամեանը նահանգապետ նշանակուեցաւ: Վարշամեան, վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեան, զօրավար Դրօ եւ զինուորական նախարար Յովհաննէս Հախվերտեան կազմով յատուկ յանձնախումբը աւարտեց միացման մանրամասնութիւնները, թէեւ հոլովոյթին վերաբերեալ կարծիքներու միասնականութիւն չկար, կը գրէ ամերիկահայ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը:

Դրօն կը պնդէր, որ Նախիջեւանի վրայ ամբողջ ճակատով սրբող-մաքրող յարձակումը Երեւանը ապստամբութեան ու անջատման մշտական սպառնալիքէն ազատելու եւ իսլամ բնակչութիւնը կառավարութեան հետ խաղաղութիւն պահպանելուն հակելու միակ միջոցն է: Կառավարութիւնը կ’առարկէր` պաշտպանելով Կարսի նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանի որդեգրած քաղաքականութիւնը` զգուշաւոր, խաղաղասիրական մօտեցում` իսլամներու հնազանդութիւնն ու հաւատարմութիւնն ապահովելու համար:

Հայաստանի իշխանութիւնը Նախիջեւանի վրայ տարածելու համաձայնագիրը հրապարակուեցաւ 3 Մայիս 1919ի հռչակագիրով, զոր ստորագրած էին Դրօն եւ որպէս վկայ` զօրավար Տէյվին: Դաշնակիցներուն եւ հայկական կառավարութեան որոշմամբ, երեւանեան զօրամասին ջոկատները Դրոյի գլխաւորութեամբ պէտք է անցնէին Նախիջեւան` բոլոր բնակիչներուն կեանքի խաղաղ պայմաններ ապահովելու համար: 13 Մայիսին, Խատիսեանը, Տէյվին եւ Վարշամեանը գնացքով շարժեցան դէպի Նախիջեւան, ուրկէ Խատիսեանը եւ Տէյվին գացին հարաւ` մինչեւ Պարսկաստանի սահմանը: Դէպի արտաքին աշխարհ այս կենսական ճամբան վերջապէս կը բացուէր Հայաստանի համար: Ճուլֆայէն Խատիսեանը հեռագիր յղեց Պարսկաստանի վարչապետին: Ի պատասխան` Վոսուղ էդ Տովլէն ողջունեց եւ դրուատեց հայ-պարսկական կապերը: Խատիսեանը 16 Մայիսին վերադարձաւ Երեւան, չորս օր յետոյ հայկական զօրքերուն առաջին վաշտը մտաւ Նախիջեւան:

Սակայն Նախիջեւանն ընդամէնը երկու ամիս, այն ալ ոչ ամբողջովին, մնաց Հայաստանի վերահսկողութեան տակ: ՙ1919ի Յուլիսին հայկական իշխանութիւնը ծանր անյաջողութիւն ունեցած էր Նախիջեւանի մէջ, ուր հայկական նահանգապետութիւն հաստատուած էր, փոքրաթիւ հայ զօրքեր կային, բայց ազգաբնակչութիւնը, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կազմուած էր իսլամներէն, կը գտնուէր տաճիկներու եւ ատրպէյճանցիներու ազդեցութեան տակ՚,- կը գրէ Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանը:

Հայաստանի նախարարներէն Արտաշէս Պապալեանը կ’աւելցնէ. ՙ1919ի գարնանը անգլիական զօրքերը գրաւեցին Շարուրն ու Նախիջեւանը եւ այդ երկու գաւառներուն իշխանութիւնն ալ մեզի յանձնեցին: Հազիւ երկու ամիս կրցանք պահել. տեղական թաթար ազգաբնակչութիւնը, ղեկավար ունենալով տաճիկ սպաները, 23 Յուլիսին ապստամբեցաւ մեր իշխանութեան դէմ, եւ մեր զօրքերը ստիպուած եղան մեծ կորուստներ տալով նահանջելու դէպի Երեւան: Ապստամբութեան ժամանակ անգլիական զօրքեր չկային, եւ ատիկա պատճառ եղաւ, որ նախիջեւանցիները գլուխ բարձրացնեն, մեր զօրքերուն վրայ յարձակին ու իշխանութիւնը խլեն մեր ձեռքէն: Զուր էին մեր կառավարութեան դիմումներն ու թախանձագին խնդրանքները որոշ ժամանակով եւս պահելու անգլիական փոքրաթիւ զօրքը Նախիջեւանի մէջ՚:

Հէյտար Ալիեւի վերադարձը

Քաղբիւրոյէն հեռացուելէ եւ քանի մը տարի Մոսկուայի մէջ բնակելէ յետոյ Հէյտար Ալիեւը վերադարձած էր ծննդավայր եւ 1991ի Սեպտեմբերին դարձած ինքնավարութեան խորհրդարանի նախագահը, զոր Նախիջեւանի մէջ բարձրագոյն պաշտօնն է: Ալիեւը Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատած էր: Ղարաբաղեան երեքամեայ ռազմական գործողութեանց ընթացքին Նախիջեւանը, բացառութեամբ սահմանային քանի մը ընդհարումներու, չներքաշուեցաւ արիւնալի պատերազմին: Ասոր մէջ քիչ չէր նաեւ Ալիեւի ներդրումը:

Նախքան Ալիեւի` Նախիջեւանի մէջ իշխանութեան գալը, երբ դեռ Խորհրդային Միութիւնը չէր փլուզուած, Հայկական Խ. Ս. Հ.-Նախիջեւան սահմանին վրայ զինուած բախումներ տեղի ունեցած էին: 12-13 Յունուար 1990ին հայկական ոյժերը գրաւած էին վարչականօրէն Նախիջեւանին պատկանող, Արարատի շրջանին մէջ ՙկղզեակ՚ի վերածուած Քիարքի (Տիգրանաշէն) գիւղը: Մօտ մէկ շաբաթ յետոյ հայ-ատրպէյճանական բախումներ տեղի ունեցած էին Երասխ-Սադարակ հատուածին մէջ, փոխհրաձգութեան ընթացքին զոհուած էր Հայաստանի անկախութեան պայքարի նուիրեալներէն Մովսէս Գորգիսեանը:

Հայաստանի առաջին նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Աշոտ Մանուչարեանը 1992-1993ի ընթացքին հեռաձայնային կապ կը պահպանէր Ալիեւի հետ: Ան նկատել կու տայ, որ թէ’ Հայաստանը եւ թէ’ Նախիջեւանը նոր ճակատ չբանալու իրենց շահագրգռութիւններն ունէին:

ՙԱլիեւն այդ տարածքի արքան էր` որոշ իմաստով: Էլչիպէյը շատ պիտի ուզէր զայն հեռացնել, բայց անհնար էր, քանի որ Ալիեւը ժողովուրդին յարգանքը կը վայելէր ու անոր ձեռք տալը դժուար էր: Ալիեւը շահագրգռուած էր, որ Նախիջեւանի մէջ պատերազմ չ’ըլլայ: Մենք զգացինք այդ շահագրգռութիւնը: Բացի այդ, Նախիջեւանը խոցելի էր, պատերազմ սկսելու պարագային ամբողջ շրջանը ռազմադաշտի կը վերածուէր: Մենք ալ պէտք է երկրորդ ճակատ բանալէ զերծ մնայինք: Խոր առճակատման դիմելով Նախիջեւանի մէջ, մեծ վտանգ կը ստեղծուէր Թուրքիոյ հաւանական միջամտութեան իմաստով, մանաւանդ, որ նման միջամտութեան քայլեր Թուրքիան ըրած է: Թուրքիոյ տարբեր կարգի օգնութիւններուն հետ Նախիջեւանը նաեւ ռազմական օգնութիւն կը ստանար. հոն սկսան տեղափոխուիլ Թուրքիոյ պահեստայինները` կամաւորներու տեսքով՚:

Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Արա Սահակեանը 1992ի ընթացքին մասնակցած է հայ-նախիջեւանեան հանդիպումներուն: Ան կ’ըսէ, որ սահմանի այդ հատուածին մէջ խաղաղութիւնը ձեռնտու էր Հայաստանին, եւ հնարաւոր եղաւ երկրորդ ճակատէն խուսափիլ:

ՙԱյս հանդիպումներուն նախաձեռնութիւնը Տէր Պետրոսեանինն էր, իսկ մանրամասնումը եւ մշակումը Մանուչարեանը կը կատարէր: Հայաստանի իշխանութիւնները նախիջեւանեան ուղղութիւնը չէին անտեսեր: Հանգամանքներու բերումով` այդ ճակատին վրայ պատերազմի պարտադրումը կ’ենթադրուէր: Այս հարցին մէջ խանգարող խութեր կային` Թուրքիան ու Նախիջեւանի իրաւական կարգավիճակը: Մենք կ’ընբռնէինք, որ ռազմական գործողութիւնները Նախիջեւանի տարածք փոխադրելով` Թուրքիան հակամարտութեան կը ներքաշէինք: Մեր հիմնական քաղաքական ուղղութիւնը Թուրքիան չէզոքացնելն ու հակամարտութեան անոր ներքաշումը թոյլ չտալն էր՚:

1992ին, Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պիւլէնթ Էճեւիտը, կառավարութեանը նախազգուշացնելով Խոճալուէն յետոյ Նախիջւանի վրայ հայոց հաւանական յարձակումէն, պահանջեց պաշտօնապէս յայտարարել, թէ Նախիջեւանի վրայ որեւէ յարձակում կը դիտուի յարձակում Թուրքիոյ վրայ: Լաչինի գրաւման առիթով` 18 Մայիսին խորհրդակցութիւն հրաւիրուեցաւ թրքական բանակի գլխաւոր սպայակոյտին, ապա` կառավարութեան մէջ: Ա. Մ. Ն.ի մէջ ապաքինուող նախագահ Թիւրկիւթ Էօզալը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ համբերութիւնն ալ սահման ունի: Հետեւեցաւ Ա. Պ. Հ.ի զինուած ոյժերու գլխաւոր հրամանատար, մարաջախտ Եւկէնի Շափոշնիքովի նախազգուշացումը` եթէ մէկ պետութիւն ալ ղարաբաղեան հակամարտութեան միանայ, ապա ՙմենք կրնանք երրորդ համաշխարհային պատերազմի շեմին յայտնուիլ՚:

20 Մայիս 1992ին յատուկ յայտարարութիւն կ’ընէ նաեւ Հայաստանի նախագահը. ՙՎերջին շրջանին Նախիջեւանի տարածքէն անընդհատ փորձեր կ’ըլլան ապակայունացնելու իրադրութիւնը սահմանին վրայ, եւ յառաջ կը քաշուի այն մտացածին վարկածը, թէ Հայաստանը ռազմական գործողութիւններ սկսած է Նախիջեւանի դէմ: Ակնյայտ է, որ ասիկա տեղի կ’ունենայ երրորդ ոյժերու դրդմամբ եւ ուղղակի միջամտութեան համար քաղաքական պատրուակ ստեղծելու նպատակ կը հետապնդէ: Հայաստանը կը յայտարարէ, որ այսօր իսկ պատրաստ է Նախիջեւանի հետ կնքելու համակողմանի համագործակցութեան պայմանագիր` Հայաստանի եւ Նախիջեւանի սահմանը լիակատար անվտանգութեան ու կայունութեան գօտիի վերածելու նպատակով՚:

Շուշիի եւ Լաչինի մարտերուն ընթացքին Անգարայի ուշադրութեան կեդրոնը Նախիջեւանն էր: 1992ի Մայիսի կէսերուն Հէյտար Ալիեւն օգնութեան խնդրանքով Թուրքիային դիմած էր: Տէմիրէլը 25 Մայիսին պաշտօնական այցով Մոսկուա գացած էր, եւ ռուս-թրքական բարձր մակարդակով բանակցութեանց առանցքային նիւթերէն էր Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած վիճակը: Մայիսի վերջերուն կ’ուժեղանային փոխհրաձգութիւնները սահմանի Երասխ-Սադարակ հատուածին մէջ: Նախիջեւանի նկատմամբ Հայաստանի իբրեւ թէ ունեցած յարձակողական մտադրութեանց վերաբերեալ Ալիեւի պնդումներուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց. ՙԱտրպէյճանական կողմը սահմանի այդ հատուածին մէջ ռազմական գործողութիւններ կը հրահրէ` երրորդ պետութեան հաւանական միջամտութիւնը արդարացնելու նպատակով՚:

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական շրջանակներուն ներկայացուցիչները 19 Յունիս 1992ին հրաւիրուեցան արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոնք տեղեակ պահուեցան Զանկելանէն եւ Օրտուպատէն սպառնացող հաւանական զինուած յարձակման մասին:

Նոյն օրը երեկոյեան Տէր Պետրոսեանը հեռատեսիլէն յայտարարեց. ՙԱտրպէյճանի առաւել արմատական քաղաքական շրջանակներն սկսած են իրականացնել Հայաստանի հարաւային սահմաններու գրաւման եւ Հայաստանի ու Իրանի միջեւ ընդհանուր սահմանի վերացման վաղօրօք մշակուած ծրագիրները: Ատրպէյճանի աննախադէպ ռազմական աշխուժութիւնը, Լ. Ղ.ի եւ Մեղրիի սահմաններուն վրայ կեդրոնացած ոյժերն ու ռազմական միջոցները կը վկայեն, որ նման ծրագիրները պետական քաղաքականութեան աստիճանի կը բարձրացուին: Օրտուպատի եւ Զանկելանի շրջաններուն մէջ կեդրոնացուած է Ատրպէյճանի ռազմական ոյժերու առնուազն տասը մեքենայացուած հրաձգային վաշտ` համալրուած մեծ քանակութեամբ հրանօթներով եւ զրահապատ ռազմական միջոցներով ու պատրաստ է յարձակում սկսելու Հայաստանի վրայ՚:

Տէր Պետրոսեանի հրամանագիրով` արտակարգ դրութիւն կը հաստատուի Մեղրիի եւ Կապանի շրջաններուն մէջ: Քանի մը ամիս յետոյ լարուածութիւնը կը մեղմուի, Օգոստոսէն կը սկսին եւ աւելի քան կէս տարի կը շարունակուին հայ-նախիջեւանեան շփումները սահմանի մէյ մը հայկական, մէյ մըն ալ նախիջեւանեան հատուածին մէջ: Մանուչարեանը կը յիշէ. ՙՄենք յատուկ յարաբերութիւններ հաստատած էինք Նախիջեւանի հետ: Ես չեմ ուզեր անտեսել հիմնախնդիրը` Ալիեւը հակառակորդ կողմը կը ներկայացնէր, եւ ատիկա իր հետ բարդութիւններու ողջ փունջը կը բերէր: Իմ եւ Ալիեւի երկամեայ յարաբերութեանց ընթացքին մեզմէ որեւէ մէկը դիմացինը ո’չ խաբած, ո’չ ալ հարուածի տակ դրած է: Իմ եւ Ալիեւի միջեւ հեռաձայնային ամենօրեայ կապ կար, կային նաեւ անձնական հանդիպումներ, որոնց մեծ մասը մամուլին համար փակ էր՚:

1992ին, ի պատասխան Հայաստանի եւ Ղարաբաղի շրջափակման, Երեւանը կը շրջափակէ Նախիջեւանը` փակելով Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ բեռնափոխադրումն իրականացնող Մեղրիի երկաթուղին, կը յիշէ Սահակեանը: ՙՀակասութիւններ յառաջացան Իրանի հետ, որովհետեւ մօտ 3000 վակոն բեռ կուտակուած էր Ատրպէյճանի տարածքին, ու ասիկա երկաթուղին բանալու իբրեւ պատրուակ կը գործածուէր: Մեղրին պաշտպանելու ամենապարզունակ ձեւը երկաթուղիի անգործութիւնն էր: Եթէ երկաթուղին վերաբացուէր` կրնար ռազմական նպատակներով գործածուիլ: Իրանցիները երկաթուղիի բացման խնդիրը կոշտ կերպով կը դնէին: Մենք կրցանք դիմադրել, մինչեւ որ ականապատուեցան համապատասխան վայրերը, մասնաւորապէս Օրտուպատի շրջանին մէջ, եւ ատրպէյճանցիները հասկցան, որ այս ճամբան փակ է, իսկ իրանցիները ձեռնամուխ եղան Արաքսի աջ ափով զուգահեռ ճամբայ կառուցելու` Նախիջեւանի հետ շփուելու համար՚:

Միւս կողմէ, Երեւանը բոլոր տեսակի շրջափակումները վերացնելու նախաձեռնութիւններով կը դիմէ Պաքուին եւ Նախիջեւանին, քանի որ շրջափակումներէն ամենամեծ տուժողը նոյնինքն Հայաստանն էր: 1992ի ամրանը եւ աշնանը, ղարաբաղեան պատերազմի ամենաթեժ շրջանին նոյնիսկ, քննարկուած է երկաթուղիներու ապաշրջափակման խնդիրը:

ՙՄենք յայտարարեցինք, որ պատրաստ ենք մեր երկաթուղիներու հատուածները` Իջեւան-Ղազախ, Այրում-Կիւմրի, Մեղրի-Նիւվատի (Նռնաձոր), բանալ ատրպէյճանական եւ ամէն տարանցիկ բեռներու համար, փոխարէնը` նոյնը պահանջելով ատրպէյճանցիներէն, այսինքն` անոնց երկաթուղիները բացուին մեզի համար: Նախիջեւանը ոյժանիւթի ճգնաժամին հետեւանքները նոր սկսած էր զգալ: Անոնք ատոր պատրաստ չէին եւ շատ զիջող էին կազամատակարարման հարցին մէջ: Ժամանակ առ ժամանակ կազ կը տրամադրուէր: Նախիջեւանը կ’երաշխաւորէր, որ օրական գոնէ 5 միլիոն խորանարդ մեթր կազ տրուէր Հայաստանին, որուն մէկ մասը Նախիջեւանին կը ձգէինք՚,- կը յիշէ Սահակեանը:

Եղա՞ծ է պահ մը, երբ պաշտօնական Երեւանի կամ հայկական քաղաքական շրջանակներու մօտ Նախիջեւանի մէջ նոր ճակատ բանալու գայթակղութիւն յառաջանար` գտնելով, որ ան ալ բնիկ հայկական տարածք է եւ Ղարաբաղի հետ այդ հարցն ալ լուծելու ժամանակն է:

Արա Սահակեանը կ’ըսէ, որ 1990ական թուականներուն սկզբին յստակօրէն ձեւակերպուած քաղաքական նման պահանջ չկար, բայց մասնաւոր, անձնական զրոյցներու մէջ տրտունջներ կային. ՙՄիայն այսօր քաղաքական մեծ վրիպում կը ներկայացուի այն հարցը, թէ Տէր Պետրոսեանը Նախիջեւանը չգրաւեց, երբ յարմար պահը կար: Զիս կ’ուրախացնէ նման քննադատութիւնը, որովհետեւ անկէ կարելի է գոնէ եզրակացնել, որ Ատրպէյճանի դէմ ռազմական գործողութիւններուն ուղղութիւնն ու կշռոյթը Տէր Պետրոսեանը կ’որոշէր՚:

Աշոտ Մանուչարեանը կը նշէ, որ Նախիջեւանէն խորհրդային բանակն ու սահմանապահները դուրս գալէն ետք եթէ որեւէ մէկուն միտքով նման բան անցած է` ապա ատիկա արկածախնդրութիւն է. ՙԹուրքիան, յենելով գոյութիւն ունեցող պայմանագիրներու եւ իր չհրապարակուած մտադրութեանց վրայ, կրնար լուրջ վտանգ ներկայացնել Հայաստանին` իր կործանարար հետեւանքներով: Պատմական ամէն մէկ պտոյտ առանձին խնդիրներ լուծելու կամ չլուծելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ կամ չ’ընձեռէր: Մեր պատմական տարածքներուն մասին որեւէ կասկած չկայ, բայց ամէն հարց իր պահը, ժամն ու ձեւը ունի՚:

Իւրաքանչիւր պատերազմ ողբերգութիւն է, բայց ունի նաեւ լուսաւոր երես` զաւեշտալի դէպքերով, մարդկային պատմութիւններով, հակասութիւններով ու երգիծանքով:

Աշոտ Մանուչարեանը անոնցմէ մէկը կը յիշէ. ՙԿրնար ուշ գիշերային ժամին փոխհրաձգութիւն սկսիլ, եւ Ալիեւը զիս փնտռէր, սակայն չգտնէր: Այդ պարագային` մեր տան հեռաձայնը կը հնչէր: Անգամ մը մայրս կը վերցնէ ընկալուչը: Հեռաւոր ձայն մը կը լսուի:

– Աշոտին կարելի՞ է,- կը հարցնեն ռուսերէն:

– Աշոտը տունը չէ:

– Իսկ ո՞վ կը խօսի:

Մայրս կը մտածէ, որ ընկերներէս մէկը կը հեռաձայնէ Ռուսիայէն.

– Լենան է:

– Բարե’ւ Ձեզ, մօրաքոյր Լենա’, Ալիեւը կը խօսի: Հոս, սահմանին վրայ, փոխհրաձգութիւն սկսած է, անհրաժեշտ է կրակն անյապաղ դադրեցնել: Աշոտին ըսէ’ք, որ հայկական կողմէ դադրեցնեն:

– Տուն գալուն պէս` կ’ըսեմ,- կը պատասխանէ մայրս:

– Ուրեմն, ես հրաման կու տամ, որ մեր կողմէ դադրեցնեն հրաձգութիւնը,- կ’ըսէ Նախիջեւանի առաջնորդը:

Չնայած ուշ ժամին, Ալիեւը կը հեռաձայնէ Տէր Պետրոսեանին, կ’ըսէ, որ Մանուչարեանը չէ գտած եւ մօրաքոյր Լենայի հետ պայմանաւորուած է, կրակը կը դադրեցնեն: Տէր Պետրոսեանը կը պատասխանէ` եթէ մօրաքոյր Լենայի հետ պայմանաւորուած էք` ալ ի՞նչ խնդիր, ես կրակը դադրեցնելու հրաման կու տամ հիմա: Յաջորդ օրը նախագահի վարչանին կը հռհռար՚:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

Բանակցութիւններ Հռոմի մէջ [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քսաներորդ գլուխ

Թեհրանի միջնորդութեան ձախողումէն յետոյ քանի մը երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ կրակը ժամանակաւորապէս դադրեցնելու փորձ ըրին: Յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Դաւիթ Շահնազարեանը նկատել կու տայ, որ գործընթացը կ’աշխուժանար քանի մը միջնորդութեանց պայմաններու պարագային, յատկապէս երբ անոնց միջեւ մրցակցութիւն կ’ըլլար:

ՙԵ. Ա. Հ. Խ.էն զատ բազմաթիւ միջնորդութիւններ կային, եւ բանակցային գործընթացներ կ’ընթանային քանի մը ուղղութիւններով: Ռուսիան միաժամանակ երկու միջնորդութիւն կ’իրականացնէր` արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով, որոնք, մեղմօրէն արտայայտած, նոյնը չէին: Ղազախիստանի միջնորդութիւնը կար: Բացի այդ, կային երկկողմ շփումներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՚:

1-5 Յունիս 1992ին Հռոմի մէջ տեղի կ’ունենայ Մինսքի Խումբի անդամ 11 պետութեանց ներկայացուցիչներու նիստ մը, որ դէպի Մինսքի Խորհրդաժողով ճամբայ հարթելու նպատակ ունէր: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւնները (Ա. Գ. Ն.ի Եւրոպայի Բաժնի պատասխանատու Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան, Հայաստանի նախագահի խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեան, Գերագոյն Խորհուրդի` Արցախի Հարցերով Յատուկ Յանձնաժողովի քարտուղար Սուրէն Զոլեան) Հռոմ կ’երթան, մինչդեռ ղարաբաղեան կողմը նիստին մասնակցելէ կը հրաժարի:

Յունիսի կէսերուն, Մինսքի Խորհրդաժողովի նախագահ Մարիօ Ռաֆայելլին Մոսկուայի մէջ Իտալիոյ դեսպանատան մէջ կ’ընդունի Լ. Ղ. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի պատուիրակութիւնը` նախագահի պաշտօնակատար Կէորկի Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ: Նպատակը մէկն էր. համոզել ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը` մասնակցելու Հռոմի յաջորդ նիստին (նիստերուն): Գերագոյն Խորհուրդի Լրատուական Ծառայութեան ղեկավար Գեղամ Պաղտասարեանը մասնակցած է այդ հանդիպման եւ գրառած է խօսակցութիւնը:

ՙԿէորկի Պետրոսեան – Տարակուսանքի տեղիք տուող առաջին բանը հրաւէրի ոճն է: Մեզ քանի մը շարադրանք ղրկած են, որոնց մէջ մեզ իբրեւ դիտորդ, համայնքի ներկայացուցիչ կամ ալ` ընտրուած ներկայացուցիչ կը դիտարկեն: Ահա’ հոսկէ ալ կը սկսի զիրար չհասկնալը, թիւրըմբռնումը: Ա. Մ. Ն.ի եւ Ֆրանսայի դեսպանատուներէն ստացած հեռագիրները իրարմէ քիչ մը կը տարբերին: Մենք պետութիւն կը կառուցենք, խորհրդարան ստեղծած ենք, մենք այսօր պատերազմի մէջ ենք Ատրպէյճանի հետ, որ նախայարձակ է: Մենք չենք կրնար իբրեւ համայնք ներկայանալ: Ատրպէյճանական փոքրամասնութեան համար տեղ յատկացուցած ենք մեր խորհրդարանին մէջ: Ատրպէյճանցիք ընտրութեանց չմասնակցեցան, իրենց բնակավայրերը ռազմական յենակէտերու վերածեցին, եւ մենք ստիպուած էինք զէնքի դիմել` մեր հողն ու պատիւը պաշտպանելու համար:

Մարիօ Ռաֆայելլի – Ղարաբաղի հարցով խորհրդաժողովը կազմուած է 11 երկիրներու ներկայացուցիչներէ, որոնց հետ պայմանաւորուածութեամբ որոշուած է հրաւիրել Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչները: Մենք չենք կրնար ձեզ հրաւիրել ուրիշ պետութեանց նման: Այն փաստը, որ ես հիմա կը հանդիպիմ ընտրուած ներկայացուցիչներու հետ, արդէն իսկ կը նշանակէ, որ ես զանոնք կը ճանչնամ, բայց ասիկա ինքնաբերաբար չի նշանակեր, թէ ես ձեզի միջազգային կարգավիճակ կու տամ: Դուք իբրեւ շահագրգռուած կողմ կը հրաւիրուիք: Լիագումար նիստ կ’ըլլայ խորհրդաժողովի բացման եւ փակման ժամանակ: Ձեր ներկայութիւնը կ’ազդէ աշխատանքներու ընթացքին վրայ, առաջարկութիւններ կ’ընէք նախագահողին միջոցով: Դուք կրնաք իմ կողքին նստիլ:

Կէորկի Պետրոսեան – Մենք հակամարտութիւնն իբրեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բախում չենք ընկալեր: Անիկա հակամարտութիւն է ազատութեան ձգտող Լ. Ղ.ի եւ նախայարձակ Ատրպէյճանի միջեւ: Դեռ չեմ խօսիր շրջափակման մասին, զոր նոյնպէս պատերազմական միջոց է, չեմ խօսիր մեր աւերուած գիւղերուն, մեր զոհերուն մասին: Մեր հանրաքուէէն յետոյ մենք չենք կրնար իբրեւ դիտորդ կամ համայնքի ներկայացուցիչ ներկայանալ խորհրդաժողովին:

Մարիօ Ռաֆայելլի – Եթէ բացակայիք` ձեզ կը մեղադրեն, որ դուք կ’ուզէք բանակցային գործընթացին խոչընդոտել: Հետեւանքները գէշ կ’ըլլան: Ինծի կը թուի, որ ապագայ հանդիպումը կարելի է օգտագործել նաեւ խորհրդաժողովը հնարաւոր դարձնելու եւ ձեր խնդիրները ներկայացնելու համար: Լաչինի եւ Շուշիի գրաւումն ու միջանցքի բացումը պայթիւնավտանգ վիճակ ստեղծած են: Ատրպէյճանական եւ թրքական կողմերը ատիկա կ’օգտագործեն ըսելու, որ խորհրդաժողով պէտք չէ եւ որ պէտք է նախկին վիճակին վերադառնալ: Երբ միջանցք չկար` մենք Աղտամի մէջ էինք` ռումբերու տակ: Կ’ուզէի յստակօրէն իմանալ` դուք կը մանակցիք, եթէ անկախ պետութեան ձեր կարգավիճա՞կն ընդունին:

Կէորկի Պետրոսեան – Մենք մեր ժողովուրդի ճակատագիրի որոշման հարցին մէջ վճռորոշ դեր խաղալու իրաւունք ունինք: Այս պահուն` ես պետականութեան ճանաչման մասին չեմ խօսիր:

Մարիօ Ռաֆայելլի – Ուրեմն` երբ շահագրգռուած կողմ կ’ըսէք…

Կէորկի Պետրոսեան – Մենք պատերազմո’ղ կողմ ենք: Հայաստա’նն է շահագրգռուած կողմը:

Մարիօ Ռաֆայելլի – Ձեր եւ Լ. Ղ.ի ատրպէյճանցիներուն հրաւէրները կը համապատասխանեն ընդունուած այն փաստաթուղթին, որով ես լիազօրութիւններս ստացած եմ: Ատիկա 24 Մարտին էր: Ե. Ա. Հ. Խ.ի Նախարարներու Խորհուրդը, բոլոր նախարարները համաձայն են, որ խորհրդաժողովը 11 անդամ երկիր ունենայ, եւ որ Լ. Ղ.ի ընտրուած եւ այլ ներկայացուցիչները նախագահողին կողմէ հրաւիրուին իբրեւ շահագրգռուած կողմեր: Այս մօտեցումը ձեզ կը տարբերէ Լ. Ղ.ի ատրպէյճանցիներէն, որովհետեւ ընտրուած ներկայացուցիչները միայն դուք էք: Նոյնինքն այս տարբերակումը կ’ընդգծէ, որ դուք յստակ կարգավիճակ ունիք: Ընտրուած ներկայացուցիչներ ըսել կը նշանակէ ընդունիլ, որ ընտրութիւններ եղած են: Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ատիկա ինքնաբերաբար կ’ենթադրէ, որ ընտրութիւնները նոր պետութեան ստեղծման հետեւանք են: Մեր առաջարկները ձեր դիրքորոշման համահունչ են: Միակ բանը, զոր չենք կրնար ընել, ձեզ իբրեւ անկախ պետութեան ներկայացուցիչներ հրաւիրելն է: Ձեր երկիրը միջազգային ճանաչում չէ ստացած: Եթէ չմասնակցիք` ձեր ձայնը չի լսուիր եւ զայն Հայաստանը կը ներկայացնէ, ինչը ճիշդ չէ: Ձեր հակառակորդներն անյաջողութեան մեղքը ձեր վրայ կը բարդեն:

Կէորկի Պետրոսեան – Մենք վեթոյի իրաւունք ունի՞նք:

Մարիօ Ռաֆայելլի – Այո’, բայց կարելի չէ այդ մասին ՙաղաղակել՚ ՚:

Կէորկի Պետրոսեանին Յունիսի վերջերուն Երեւանի մէջ կ’ընդունի նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Սթուփիշինը, որ նոյնպէս կը կարեւորէ ՙռազմական ջանքերը դիւանագիտութեան հետ զուգորդելու՚ անհրաժեշտութիւնը:

ՙԵս ղարաբաղցիներուն խորհուրդ տուի աշխուժօրէն մասնակցիլ բոլոր հասանելի, այդ թուին` Մինսքի Խումբի շրջանակներու բանակցութիւններուն, եւ դուռը չշրխկացնել, եթէ բան մը չհաւնին, այլ` վարժուիլ քրտնաջան, երկարատեւ, մինչեւ իսկ տաղտկալի աշխատանքին, բանավէճերուն, եւ պաշտօնատարներու ու հակառակորդի ներկայացուցիչներու դիւանագիտական կեղծաւորութեան, սադրանքներուն մէջ չիյնալ՚,- կը գրէ Սթուփիշինը:

Դաւիթ Շահնազարեանը կը պատմէ. ՙԱյո’, ղարաբաղցիք Հռոմի բանակցութեանց բաւական մեծ դժկամութեամբ կ’երթային: Հիմնական պատճառն այն էր, որ Ե. Ա. Հ. Խ.ի Նախարարներու Խորհուրդի 24 Մարտ 1992ին կայացուած լիազօրութեան մէջ նշուած էր ՙընտրուած եւ այլ ներկայացուցիչներ՚ ձեւակերպումը: Բայց մենք ապացուցեցինք, որ ատիկա լուրջ չէ, որովհետեւ (Շուշիի քաղաքապետ) Նիզամի Պահմանովն ընտրուած չէր, ի տարբերութիւն Ղարաբաղի իշխանութեանց: Երկրորդ` քանի որ հիմնական հարցը զինադադարի հաստատումն էր, ակներեւ էր, որ Պահմանովը չէր կրնար կողմ ըլլալ: Հակամարտութեան իրական տեսքն էր` երկու ռազմական եւ երեք քաղաքական կողմեր: Ղարաբաղցիք այդ փաստարկները լսեցին եւ գացին Հռոմ՚:

Հռոմ պատուիրակութիւն ուղարկելու իրաւասութիւնը Գերագոյն Խորհուրդին կը պատկանէր: Ղարաբաղեան կողմը, ի դէմս Գերագոյն Խորհուրդի, սկիզբը կը հրաժարէր բանակցութեանց մասնակցելէն եւ Հռոմ պատուիրակութիւն ղրկելէն: Գերագոյն Խորհուրդին Նախագահութիւնը 5 ՙդէմ՚ եւ 4 ՙկողմ՚ ձայներով մերժած էր պատուիրակութիւն ղրկելու առաջարկը: Վարչապետ Օլէկ Եսայեանը կը յիշէ. ՙԿառավարութիւնը դիմեց Գերագոյն Խորհուրդին` գիտակցելով, որ բանակցութիւնները դժուար թէ արդիւնքներ տան, բայց հաշուի առնելով, որ պատերազմական գործողութեանց ծաւալումը կրնայ վերագրուիլ ղարաբաղեան կողմի` բանակցութիւններէն խուսափելու հանգամանքին, կառավարութիւնն առաջարկեց մէկ անգամ ալ քննարկել: Գերագոյն Խորհուրդը 5 ՙկողմ՚ եւ 4 ՙդէմ՚ ձայներով որոշեց Հռոմ պատուիրակութիւն ուղարկել՚:

15-20 Յունիսին տեղի կ’ունենայ Հռոմի երկրորդ, իսկ 29 Յունիսէն 6 Յուլիսը` երրորդ հանդիպումը: Ղարաբաղեան պատուիրակութեան ղեկավար Պորիս Առուշանեանը նկատել կու տայ, որ Ստեփանակերտի մասնակցութիւնն անհրաժեշտ էր շարք մը նկատառումներով. ՙՕրինակ, Լաչինով միջանցք բանալէն եւ չորս տարուան շրջափակումը ճեղքելէն ետք Հայաստանն ու Ղարաբաղը կը մեղադրէին նախայարձակ ըլլալու համար: Հայաստանը հարկադրուած էր մինակը պաշտպանելու մեր դատը: Հռոմ երթալէն հրաժարելով` մեր ընդդիմախօսներուն մեղադրանքները մենք կարծես թէ կողմնակիօրէն կը հաստատէինք: Մեր ներկայութիւնը Հայաստանը շատ հոգերէ կ’ազատէր, այսինքն` հարուածներուն մէկ մասը մենք մեր վրայ կը վերցնենք` ցոյց տալով, որ պատերազմ մղողը, կռուող-պայքարողը մե’նք ենք եւ ո’չ թէ Հայաստանը՚:

Հռոմի մէջ ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը յայտարարութիւն կը տարածէ` նշելով, որ Ատրպէյճանի ազգային բանակի յարձակման հետեւանքով Ղարաբաղի մէջ օրհասական վիճակ ստեղծուած է, աւելի քան 20 բնակավայրեր հուրի մատնուած են, հարիւրաւոր սպանեալներ եւ վիրաւորներ կան խաղաղ բնակչութեան մէջ, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ անօթեւան մնացած են:

ՙԱտրպէյճանի այս նախայարձակումը Լ. Ղ. Հ.ի պատուիրակութեան Հռոմ ժամանման օրը կատարուած է: Նախորդ խոշորածաւալ նախայարձակումը, երբ բռնագրաւուեցաւ Շահումեանի շրջանը եւ տեղահանուեցաւ անոր բնակչութիւնը, Ատրպէյճանը ձեռնարկած էր 12 Յունիսին, այն օրը, երբ Մոսկուայի մէջ Ե. Ա. Հ. Խ.ի եւ Լ. Ղ. Հ.ի ղեկավարները բանակցութիւններ կը վարէին (գործընթացին) Լ. Ղ. Հ.ի մասնակցութեան շուրջ: Պատուիրակութիւնն անհնար կը նկատէ իր յետագայ մնալը Հռոմի մէջ, երբ Ատրպէյճանի ազգային բանակի նախայարձակումն ու բարբարոսական գործողութիւնները Մինսքի Խումբը չէ դատապարտած՚:

Հռոմի բանակցութեանց հինգ փուլերուն ընթացքին զուգահեռ ռազմական արիւնալի գործողութիւններ կ’ընթանային: Մայիսեան պարտութիւններէն ետք ուշքի գալով` ատրպէյճանական բանակը յաջողեցաւ գրաւել Շահումեանի ու Մարտակերտի շրջանները եւ Հ. Հ.ի տարածքին մէջ` Արծուաշէնը: Յունիսի կէսերէն յետոյ, երբ տեղի կ’ունենար Հռոմի երկրորդ հանդիպումը, կը գրաւուին Շահումեանի շրջանն ու Մարտակերտի հիւսիսային գիւղերը:

ՙԵթէ Հռոմի առաջին հանդիպման ժամանակ ատրպէյճանական պատուիրակութեան պահանջով Շուշիին եւ Լաչինին վերաբերող կէտեր մտցուած էին օրակարգ` յաջորդ հանդիպումներու օրակարգի կէտեր դարձան Շահումեանը եւ Մարտակերտը: Կուտակուած խնդիրներու լուծման եւ հակամարտութեան ծաւալման կանխարգիլման փոխարէն Ե. Ա. Հ. Խ.ն սկսաւ միայն արձագանգել ռազմաճակատի գիծին վրայ կատարուող փոփոխութիւններուն՚,- կ’ըսէ Զոլեանը:

31 Յուլիսէն 5 Օգոստոս Հռոմի մէջ տեղի կ’ունենայ չորրորդ հանդիպումը: Ղարաբաղի ներկայացուցիչի առաջին իսկ ելոյթէն յետոյ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը կը լքէ նիստը, անոր կը միանան Թուրքիոյ ներկայացուցիչները: 3 Օգոստոսին բանակցութիւնները կը լքեն Ղարաբաղի ներկայացուցիչները` ի բողոք զիրենք ընդամէնն իբրեւ շահագրգռուած կողմ ներկայացուցած Ռաֆայելլիի վարմունքին: Հռոմի հինգերորդ հանդիպումը 7-10 Սեպտեմբերին, ոչ-պաշտօնական բնոյթ կը կրէր: Այսպիսով, բանակցութիւններն ապարդիւն աւարտեցան եւ Մինսքի Խորհրդաժողով հրաւիրելու փորձերը ձախողեցան:

Իտալիան այդ հանդիպումներուն վրայ մօտ 2 միլիոն տոլար ծախսեց, ինչն այդ ժամանակ շատ մեծ գումար էր, մանաւանդ որ այս երկիրը, ի տարբերութիւն Ա. Մ. Ն.ի, Ռուսիոյ կամ Թուրքիոյ, կենսական շահեր չէր հետապնդեր ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ: Մոզամպիքի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ նշանակալի յառաջընթացի հասած Մարիօ Ռաֆայելլին քննադատութեան թիրախ դարձաւ:

Հռոմի հինգ հանդիպումները, ինչպէս կը յիշեն մասնակիցները, լեցուն էին հետաքրքրաշարժ ու երբեմն` ծիծաղելի դէպքերով: Զոլեանն անոնցմէ մէկը կը պատմէ. ՙԵրբ Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութիւնն առաջին անգամ Հռոմ ժամանեց, մենք դիմաւորեցինք եւ տեղաւորեցինք պանդոկին մէջ: Յաջորդ օրը` սուրճի ժամանակ, ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Նատիր Մեհթիեւին հարցուցի. ՙԱմենուր կ’ըսէք, որ ղարաբաղցիք ձեր քաղաքացիներն են, ինչո՞ւ գիշերը չգացիք օդանաւակայան` դիմաւորելու՚: Նիստէն առաջ ան բողոքեց, թէ ինչո՞ւ կազմակերպիչները չեն տեղեկացուցած զիրենք եւ իրենց քաղաքացիները չեն կրցած դիմաւորել: Աւելին` ինչո՞ւ զանոնք տեղաւորած են հայկական պատուիրակութեան պանդոկին եւ ոչ թէ ատրպէյճանցիներու մնացած պանդոկին մէջ՚:

1992ի ամառն ու աշունն ամենածանր ժամանակներն էին ղարաբաղեան կողմին համար ողջ պատերազմի ընթացքին: Միջնորդները կը փորձէին կանգնեցնել պատերազմը կամ ժամանակաւոր հրադադար հաստատել մէկ շաբաթով, մէկ ամիսով, ինչքան հնարաւոր ըլլար: Ռազմադաշտին մէջ առկայ վիճակն ուղղակիօրէն կ’ազդէր բանակցային գործընթացին վրայ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց փոխնախարար Մասիս Մայիլեանը կը յիշէ. ՙ1992ին, երբ մենք պատերազմին մէջ կը պարտուէինք, տարածքներ կը կորսնցնէինք` մեզի հետ աւելի քիչ հաշուի կը նստէին: 1993ին, երբ ռազմադաշտին մէջ նախաձեռնութիւնը մեր կողմն էր ու անվտանգութեան գօտին կը ստեղծուէր, Ատրպէյճանը երկկողմ բանակցութեանց կ’երթար: Ռազմական եւ բանակցային գործընթացները զուգահեռ գործընթացներ էին, ամէն մէկն ունէր իր ազդեցութիւնը միւսին վրայ: Ուշագրաւ փաստ մը նշեմ. Ռաֆայելլին 1992ի Սեպտեմբերին, երբ Ղարաբաղի տարածքին կէսը մնացած էր փաստօրէն, Ե. Ա. Հ. Խ.ի գործող նախագահ Եոզէֆ Մորավչիքին նամակ կը գրէ` հարց տալով. ինչպէ՞ս կարելի է շարունակել բանակցութիւնները, երբ բանակցութեանց առարկան կ’անհետանայ՚:

Ռուսական եւ ղազախական միջնորդութիւնը

Ռուսիան Մինսքի Խորհրդաժողովի անդամ էր, յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Վլատիմիր Քազիմիրովը կը մասնակցէր Հռոմի հանդիպումներուն, սակայն կրակի դադրեցման հարցին մէջ Մոսկուան նաեւ առանձին միջնորդութիւն մը կ’իրականացնէր, ընդ որուն` երկու ուղղութիւններով` արտաքին գործոց նախարարութիւն (Քազիմիրով) եւ պաշտպանութեան նախարարութիւն (գլխաւոր ՙխաղաղարարը՚ նախարար Փաւել Կրաչովն էր): Ամերիկացի Մարեսքան եւ ռուս Քազիմիրովը տարբեր ժամանակներ զիրար քննադատած են բանակցութիւններուն մէջ ՙվերմակն իրենց կողմը քաշելու՚ համար:

Մարեսքան ըսած է. ՙԻնծի կը թուի, որ Քազիմիրովի հետ մեր յարաբերութիւնները բարեկամական էին, թէեւ երկուստէք նաեւ կասկածներ կային: Խ. Ս. Հ. Մ.ի փլուզումէն ետք Ռուսիոյ հետ գործ ունենալը դիւրին չէր շարք մը պատճառներով: Եղած են ժամանակներ, երբ ռուսական կառավարութեան տարբեր մասերուն գործունէութիւնը լիովին համակարգուած չէր: Ես ռուսաստանցի խաղաղապահներու օգտագործման գաղափարը երբեք չեմ պաշտպանած, քանի որ կը գտնէի, թէ Ռուսիան հակամարտութեան գօտիին մէջ իր նպատակներն ունի՚:

1992ի ամրանը Ռուսիան քանի մը անգամ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու առաջարկութիւն ըրաւ, սակայն երեք կողմերէն որեւէ մէկը կա’մ ժամանակին չէր պատասխաներ կա’մ նախապայմաններ յառաջ կը քաշէր: Արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու Քազիմիրովի փորձերը հիմնականին մէջ Պաքուն կը ձախողցնէր: 5 Օգոստոսին, Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, Մինսքի Խումբը կողմերուն կ’առաջարկէ ռազմական գործողութիւնները 60 օրով դադրեցնել: Երեւանն ու Ստեփանակերտը արագօրէն համաձայնութիւն կու տան: Ամիսներ կը պահանջուին, որպէսզի ստացուի Էլչիպէյի համաձայնութիւնը, թէեւ առաջին պարագային, երբ 30 օրով զինադադար առաջարկուած էր, ան դրական պատասխան տուած էր:

Ամռան վերջին օրերուն կրկին կ’աշխուժանայ Ղազախիստանը: 28 Օգոստոսին, Նուրսուլթան Նազարպաեւի միջնորդութեամբ եւ Ղազախիստանի արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութեամբ Ալմաթիի մէջ հանդիպում մը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Յովհաննիսեանի եւ Ղասիմովի միջեւ: Կը ստորագրուի յուշագիր մը, որով կողմերը, մէկ անգամ եւս հաւաստելով ուժային միջոցներով խնդիրի լուծման անհեռանկարայնութիւնը, կը պայմանաւորուին, Մինսքի Խումբի կոչին համապատասխան` 1 Սեպտեմբերէն դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները 60 օրով:

ՙՅատուկ կէտով կը նշուէր, որ Ղազախիստանն իր միջնորդական առաքելութիւնը կ’իրականացնէ Ե. Ա. Հ. Խ.ի խաղաղարար գործունէութեան շրջանակներուն մէջ… Ինչպէս Ալմաթիի յուշագիրին, այնպէս ալ 3 Սեպտեմբերին երեք երկիրներու ներկայացուցիչներուն ստորագրած ՙԱլմաթիի յուշագիրի իրագործման ընթացքի մասին արձանագրութեան՚ մէջ ՙՂարաբաղ՚ բառն ընդհանրապէս չի հանդիպիր: Էլչիպէյի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Նազարպաեւն ըսած էր, թէ Ղարաբաղն Ատրպէյճանի անբաժանելի մասն է, իսկ հարցին կարգաւորումը կը տեսնէ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքի հիման վրայ՚:

Շահնազարեանը կը կարծէ, որ Նազարպաեւի միջնորդութիւնը ծնաւ երկու պատճառով. առաջին` 1991ի Սեպտեմբերին Ժելեզնովոտսքի մէջ կար Ղազախիստանը, երկրորդ` Էլչիպէյը գաղտնօրէն դիմած էր Նազարպաեւին, որ ան աշխուժութիւն ցուցաբերէ, որովհետեւ ղազախական միջնորդութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ էր, ի տարբերութիւն Ե. Ա. Հ. Խ.ի Մինսքի Խումբի գործընթացի:

ՙ1992ի ամրանը Ռաֆայելլին Մինսքի Խումբին անունով նամակներ ղրկած էր կողմերուն` առանց նախապայմաններու զինադադար հաստատելու առաջարկով: Հայաստանը եւ Ղարաբաղն անմիջապէս պատասխանած էին, Ատրպէյճանը պատասխանեց միայն Դեկտեմբերին: Պաքուն բացառապէս ռազմական լուծում կը փնտռէր, եւ Էլչիպէյը նախաձեռնութիւն ցուցաբերեց, որ Նազարպաեւը միջնորդութեամբ հանդէս գայ: Ինչո՞ւ. Ռաֆայելլիի առաջարկն ստուերել փորձելով, որովհետեւ ինքը պատասխան չէր տար, երկրորդ` փորձել մէկ անգամ եւս առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան բան մը ընել: Մենք համաձայնեցանք ատոր` այն հաշուարկով, որ Նազարպաեւի միջնորդութիւնը չի կրնար երկար տեւել, երկրորդ` մենք զինադադար իսկապէս կ’ուզէինք, երրորդ` հարցը խաղաղ միջոցով լուծելու մեր քաղաքականութիւնը ցոյց տալ: Ղազախիստանի միջնորդութեամբ հաստատուած զինադադարը խախտեցին ատրպէյճանցիները, եւ անկէ յետոյ, երբ փաստօրէն ձախողեցաւ այդ միջնորդութիւնը, Էլչիպէյը, ճարահատեալ, իր համաձայնութիւնը տուաւ Ռաֆայելլիին՚,- կ’ըսէ Շահնազարեանը:

Լուսանկարում՝ Լևոն Տեր-Պետրոսյանը և Մարիո Ռաֆայելլին

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

Nalbandian hoped for Turkish "one-time humanitarian gesture" to open the border with Armenia; WikiLeaks-2008

$
0
0

 WikiLeaks-Armenia No 85

2008-08-20

 

C O N F I D E N T I A L SECTION 01 OF 02 YEREVAN 000660

 

SUBJECT: ARMENIAN CONCERNS GROW OVER LOOMING SHORTAGES OF FUEL, WHEAT

 

Classified By: CDA JOSEPH PENNINGTON FOR REASONS 1.4(B)(D)

——-

SUMMARY

——-

¶1. (C) FM Nalbandian complained to the Charge on the evening of August 19 that there had been “no improvement” in cargo deliveries from Georgia. Following the destruction of the rail bridge at Kaspi [Georgia], the GOAM [Government of Armenia] sent 40 heavy trucks to the port at Batumi to load fuel for delivery in Armenia. According to Nalbandian, Georgian officials at the port have so far refused to authorize Armenian trucks to load the fuel. He expressed concern that the issue could become public, in which case Armenia would be “forced” to issue a public statement critical of Georgia. Meanwhile, the Armenian Energy Minister is in Tehran, reportedly to negotiate a deal for Armenian purchase of jet fuel from the Iranians. Nalbandian asked whether the Turkish government had shown any sign of willingness to open the border with Armenia as a “one-time humanitarian gesture,” and said he was considering a call to FM Babacan to make such a request. End Summary.

———————————

ARMENIAN TRUCKS WAITING IN BATUMI

———————————

¶2. (C) Armenian Foreign Minister Nalbandian, appearing visibly agitated (once again — see ref a), called in the Charge on the evening of August 19 to repeat his complaints that Georgia is obstructing the delivery of critically needed commodities to Armenia. The FM recounted that following the destruction of the rail bridge at Kaspi, which effectively severed rail cargo delivery from Georgian ports to Armenia, the GOAM had dispatched 40 heavy trucks across bad roads through southern Georgia to the port of Batumi to load badly needed fuel. Nalbandian claimed that the trucks had been “sitting empty for two days” at the port as Georgian officials refused to authorize them to load the fuel. He further claimed that Georgian port authorities had told Armenian truckers to “go talk to the Russians” about their concerns. When the Armenians contacted the Russians, they were told that Russia had no personnel in Batumi and were not involved in decisions made at the port.

¶3. (C) Nalbandian repeated his contention that the Georgian authorities are deliberately squeezing Armenia’s economic lifeline through Georgia, despite what he described as “positive” conversations in recent days between Georgian President Saakashvili and President Sargsian. The FM blustered that Armenia would “soon be making a public statement” criticizing Georgia on the issue, and vowed to raise Armenia’s concerns in international fora.  When CDA suggested that such an approach would be counterproductive, Nalbandian clarified that the GOAM is not seeking a public confrontation with Georgia but would have to respond if such a sensitive issue were to become public in Armenia. (Note: The authorities have deliberately kept the Armenian public in the dark about the possibility of shortages, adopting the public line that deliveries through Georgia are flowing normally. End Note.)  CDA also urged Nalbandian not to interpret every logisitical problem encountered in Georgia as a deliberate slap against Armenia by the Georgian Government.

¶4. (C) Nalbandian added that although Armenia had strategic reserves of the key commodities in question — gasoline, jet fuel, and wheat — the GOAM had already dipped into those reserves, a fact that would be increasingly difficult to conceal from the public. Media reports and anecdotal evidence from Mission personnel indicate that some filling stations have once again instituted a system of informal gas rationing, limiting purchases to 10 liters per customer. There are also reports that authorities at Yerevan’s Zvartnots Airport are limiting the amount of jet fuel available for incoming flights to 3 tons per aircraft, down from the standard offering of 8 tons.  Lufthansa has already adjusted by refueling abroad to avoid running short in Yerevan.  Post’s IMO Section has also learned that at least one airline (Austrian) has stopped carrying cargo on its regular passenger flights due to lack of sufficient fuel in Yerevan.

——————

WHAT ABOUT TURKEY?

——————

¶5. (C) Nalbandian then asked whether the US had been given any indication that the Turkish Government was considering opening the Turkish-Armenian border as a “one-time humanitarian gesture” that could ease looming shortages of fuel and wheat.  He argued that such a gesture from the GOT [Government of Turkey] “could increase the positive momentum” on Turkey-Armenia reconciliation by generating greater public sympathy for Turkey. CDA said he was not sure whether a border opening was under active discussion within the GOT, but promised to pass the FM’s suggestion to Embassy Ankara.  Nalbandian said he was even considering calling Foreign Minister Babacan to make an informal request for Turkey’s help, but was concerned by the possibility that such a call would become public knowledge.  He added that it would be a “political disaster” for the GOAM to be seen asking for Turkish assistance and coming away empty-handed.

—————

HOW ABOUT IRAN?

—————

¶6. (C) The FM claimed that problems with Georgia are leaving no alternative to Armenia other than dealing with Iran. Nalbandian said the GOAM understood US concerns about increasing trade with Iran, adding that Armenia would prefer other options as well, but said Armenia would soon have discussions with the Iranians about possible fuel deliveries. We learned on the morning of August 20 that Armenian Energy Minister Armen Movsesian is currently in Tehran for official talks with his Iranian counterpart.  According to press reports, Movsesian is seeking a deal to secure deliveries of jet fuel from Iran. Informal sources tell us that while Movsesian’s Tehran trip was inspired by the current crisis, the focus of his talks was medium-term diversification of Armenia’s energy supplies rather than quick solutions to the problems in Georgia.

——-

COMMENT

——-

¶7. (C) This meeting represents the third time in five days that the Charge has been called in by a senior GOAM official to hear about Armenia’s economic concerns in light of the Georgia-Russia conflict.  Although we still do not believe that dire shortages are imminent, Nalbandian’s contemplated outreach to Turkey, the Energy Minister’s visit to Iran, and fuel conservation measures in Yerevan all suggest that the GOAM is really starting to feel the pinch.  We will continue to try to impress on the Armenians that the kinds of problems they are encountering in Georgia are more likely the result of the confusion inherent in what is for Georgia an existential crisis rather than deliberate policy decisions by the Georgian Government.

PENNINGTON

Իշխանութեան համար պայքար Ղարաբաղի մէջ [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քսանմէկերորդ գլուխ

Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի մէջ 1990-1992 թուականներուն իշխանութեան էին երեք տարբեր գաղափարախօսութիւններ կրող ոյժեր: Եթէ Ատրպէյճանի մէջ համայնավարները եւ նախագահ Այազ Մութալիպովը իշխանութիւնը կրցան պահել մինչեւ 1992ի գարունը` Հայաստանի մէջ երկրին կառավարումը 1990ի Օգոստոսէն սկսած Հ. Հ. Շ.ն կ’իրականացնէր:

Չճանչցուած, սակայն ինքնուրոյն ռազմա-քաղաքական միաւոր եղող Ղարաբաղի մէջ վիճակն ուրիշ էր: 28 Դեկտեմբեր 1991ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները իշխանութեան բերած էին Դաշնակցութիւնը, որուն հետ Հ. Հ. Շ.ն եւ Տէր Պետրոսեանը լուրջ տարաձայնութիւններ ունէին: Մինչեւ 1992ի Օգոստոսը, Ղարաբաղի մէջ ըստ էութեան երկիշխանութիւն էր. Գերագոյն Խորհուրդին նախագահութիւնը դաշնակցական էր, իսկ գործադիր իշխանութեան մէջ Երեւանի հետ համագործակցողներն էին` ըստ Տէր Պետրոսեանի` ՙՀ. Հ. Շ.ի տեղական ցանցը՚:

6 Յունուարին տեղի ունեցած էր Ղարաբաղի խորհրդարանին առաջին նիստը եւ ընդունուած Լ. Ղ. Հ.ի պետական անկախութեան հռչակագիրը: 8 Յունուարի նիստին Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընտրուած էր 33ամեայ Արթուր Մկրտչեանը, տեղակալ` Կէորկի Պետրոսեանը: Վարչապետի պաշտօնին հաստատուած էր Օլէկ Եսայեանը:

Սամուէլ Շահմուրատեանի օրագիրին մէջ կը կարդանք. ՙԵրէկ (7 Յունուարին) սկսան Լ. Ղ. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի ընտրութիւնները: Բոլորն ինքնաբացարկ յայտնեցին, մնացին Լէոնարտ Պետրոսեանը եւ Արթուր Մկրտչեանը: Արթուրը, շատերուն համար անսպասելիօրէն, կտրուկ կերպով առջեւ անցաւ եւ քիչ կը մնար, որ յաղթէր: Այսօր (8 Յունուարին) կը մնան Արթուր Մկրտչեանը, Ռոպէրթ Քոչարեանը եւ Վակիֆ Գալստեանը: Պարզ է, որ յաջորդ փուլ կ’անցնին Արթուրն ու Ռոպէրթը: Քոչարեանն ըսաւ, թէ քանի որ Հայաստանի ղեկավարութեան եւ Հ. Յ. Դ.ի միջեւ լուրջ հակասութիւններ կան, Արցախի մէջ դաշնակցական նախագահ ընտրելը փափաքելի չէ, Հայաստանի եւ Լ. Ղ. Հ.ի գործողութիւնները կրնան անհամահունչ դառնալ: Վաղը, աւելցուց Քոչարեանը, եթէ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գան դաշնակցականները, ես ինքս, Հ. Հ. Շ.ի վարչութեան անդամ ըլլալով, առաջինը կոչ կ’ընեմ, որ Արցախի մէջ նախագահ ընտրուի Դաշնակցութեան անդամը՚:

Մկրտչեանի ընտրութիւնը շատերուն համար անսպասելի էր: Առաջին խորհրդարանի պատգամաւորներէն Մուրատ Պետրոսեանը կը յիշէ. ՙՈրեւէ մէկը չէր կասկածեր, որ նախագահի պաշտօնը պէտք է զբաղցնէ Քոչարեանը, որուն, ամէն ինչէ բացի, կ’աջակցէր պաշտօնական Երեւանը£ Բայց Ռոպէրթը մինչեւ նիստն սկսիլը կը յայտարարէ. ՙՆախագահի պաշտօնին համար պիտի քուէարկուի Լէոնարտ Պետրոսեանը՚£ Ինչքան ալ անոր բացատրեցինք, որ ՙԼէոնարտը չ’անցնիր՚` անօգուտ եղաւ£ Մեր կանխագուշակումը հաստատուեցաւ. Պետրոսեանն ընդամէնը 8 ձայն հաւաքեց£ Քոչարեանն ու շատերը ցնցահարուածի մէջ էին ո’չ միայն Մկրտչեանի զգայացունց ընտրութենէն£ Պարզուեցաւ, որ խորհրդարանի պատգամաւորներուն կէսը Դաշնակցութեան անդամ է՚:

Նախագահի ընտրութենէն յետոյ եկած էր վարչապետի հարցը: Նիստէն առաջ կը հաւաքուին Փոլեանիչքոյի ժամանակներուն ստեղծուած եւ ընդյատակին մէջ գործած Համակարգող Խորհուրդին անդամները. Դաշնակցութենէն` Ժաննա Գալստեանը, Վալերի Բալայեանն ու Կէորկի Պետրոսեանը, եւ Տէր Պետրոսեանի աջակցութիւնը վայելող խումբը` Ռոպէրթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանն ու Մուրատ Պետրոսեանը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը` Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը:

ՙՔոչարեանը նման հաւաքական մարմնի ստեղծումը երբեք չէր ընդուներ եթէ կարիքը չ’ըլլար£ Դաշնակցականներն Արցախի մէջ 1990ի վերջէն ռազմական ու քաղաքական մեծ ոյժ կը ներկայացնէին, այս կամ այն հիմնախնդիրին վերաբերեալ տարընթերցումներէն խուսափելու համար պէտք էր մարմին մը, ուր նախօրօք քննարկուէին սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող հարցերը… Վարչապետի պաշտօնին համար Քոչարեանն ու Սարգսեանն առաջարկեցին Եսայեանի, ես` Առուշանեանի թեկնածութիւնը£ Դաշնակցականները ողջամիտ եղան, Ղարաբաղի մէջ բարձրագոյն պաշտօնը ՙզաւթելէն՚ բերկրաթմբիրի մէջ չինկան եւ որոշեցին իր նշանակութեամբ երկրորդ պաշտօնը ձեռք անցընելուն չձգտիլ` զայն քոչարեանական թեւի հայեցողութեան ձգելով£ Ժաննա Գալստեանը փոխզիջումային տարբերակ առաջարկեց. Եսայեանը` վարչապետ, Առուշանեանը` առաջին տեղակալ՚,- կը գրէ Մուրատ Պետրոսեանը:

Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութիւնը զգալի մեծամասնութեամբ դաշնակցական եղաւ£ Տեղակալի պաշտօնին ալ այդ կուսակցութեան անդամ Կէորկի Պետրոսեանն ընտրուեցաւ: Հ. Յ. Դ.ն շատ կ’ուզէր, որ առաջին տեղակալի աթոռը Քոչարեանը զբաղցնէ:

ՙԱն կտրականապէս մերժեց. ՙԵս երբեք Արթուր Մկրտչեանի տեղակալ չեմ դառնար՚£ Երկու օր շարունակ Քոչարեանը կը համոզէինք, որ բարեհաճի նախագահի առաջին տեղակալի պաշտօնն զբաղցնել£ Մենք մտահոգուած էինք Ղարաբաղեան Շարժման մէջ միասնութեան պահպանմամբ, զոր արհեստականօրէն կը պառակտէին Հ. Յ. Դ.ի եւ Հ. Հ. Շ.ի ղեկավարները` իրենց կուսակցական շահերը հետապնդելով£ Այնուամենայնիւ, համատեղ ջանքերով, երրորդ օրը Քոչարեանի դիմադրութիւնը յաղթահարուեցաւ՚,- կը գրէ Պետրոսեանը:

Սակայն Գերագոյն Խորհուրդին անդամները Քոչարեանին ՙդէմ՚ կը քուէարկեն£ Լեռնային Ղարաբաղի առաջին խորհրդարանի գոյութեան ամբողջ ժամկէտի ընթացքին նախագահի առաջին տեղակալի պաշտօնը թափուր կը մնայ£ 14 Ապրիլ 1992ին Արթուր Մկրտչեանի` իր բնակարանին մէջ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ ողբերգական մահէն (սպանութենէն) յետոյ, քանի որ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալի աթոռը թափուր էր, նախագահի պարտաւորութիւնները կը ստանձնէ Կէորկի Պետրոսեանը:

Հայաստանի ղեկավարը, Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութիւնը եւ կառավարութիւնը յայտարարեցին, որ ՙխոր կսկիծով ընդունած են Արթուր Մկրտչեանի սպանութեան գոյժը՚: Կատարուածը կ’որակուէր ՙչարանենգ սպանութիւն՚, որ ՙազգային-ազատագրական պայքարի ելած ժողովուրդին ոյժերը ջլատելու եւ խուճապ սերմանելու նպատակ ունի՚: Նախագահ Տէր Պետրոսեանի հրամանագիրով` 17 Ապրիլին Հայաստանի մէջ սուգ յայտարարուեցաւ: Երրորդ հանրապետութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով` պետական դրօշն իջեցուեցաւ:

Մկրտչեանի ողբերգական մահուան անդրադարձան նաեւ խոշոր պետութիւնները: Սպանութեան կապակցութեամբ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան ցաւ յայտնեցին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեանն անհանգստացուցած էր ՙանյայտ անձանց՚ իրականացուցած սպանութիւնը. ՙՌուսիան վճռականօրէն կը դատապարտէ այդ տմարդի քայլը, որ նոր ողբերգական օղակ դարձաւ Ղարաբաղի ատրպէյճանցի եւ հայազգի բնակչութեան անմիտ զոհերու շղթային մէջ՚:

Արթուր Մկրտչեանի մահէն (սպանութենէն) յետոյ ներիշխանական հակասութիւնները չհարթուեցան: Տէր Պետրոսեանն անուղղելի անհանդուրժողականութիւն ունէր Հ. Յ. Դ.ի նկատմամբ: Առաջին նախագահին եւ Հ. Յ. Դ.ին միջեւ ստեղծուած լարուածութեան ալիքը Հայաստանէն կը հասնէր նաեւ Ղարաբաղ:

Դաշնակցական Հրանդ Մարգարեանը Հ. Յ. Դ.ի նկատմամբ Հայաստանի մէջ պետական մակարդակով ճնշումները, յետագային նաեւ` բռնութիւնները կը նկատէ ամենահակասական եւ ծանր օրերը կուսակցութեան համար: Յարաբերութիւնները Ռոպէրթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ ան այսպէս կը ներկայացնէ. ՙՄեզի համար փափաքելի չէր, որ Ղարաբաղի իշխանութեանց յարաբերութիւնները Հայաստանի իշխանութեանց հետ լաւ չէին: Մենք նոյնիսկ այնքան էինք առջեւ գացած, որ կ’առաջարկէինք բացէիբաց գէշ ըլլալ, բայց ներքուստ ամէն ինչ ընել համադրուած` յանուն մեր երկրի: Մենք միշտ կը մտածէինք` Ղարաբաղի մէջ պէտք է ոյժ մը ըլլայ, որ այդ յարաբերութեան խողովակն ըլլայ Հայաստանի հետ: Այդ խողովակին մենք չէինք նայեր թշնամաբար, այլ` իրատեսօրէն: Այդ մարդոց հետ մենք 1990-1991ին միասին պայքարած էինք համայնավար իշխանութեան դէմ, այդ ժամանակ մենք միացեալ կեդրոնակայան (շտապ) ունէինք: Կը հասկնայինք, որ այդ մարդիկ Ղարաբաղի պայքարին հետ են՚:

Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանը Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն Խորհուրդի Արտաքին Յարաբերութիւննեու Յանձնաժողովի նախագահն էր: Ան կ’ընդունի, որ ատրպէյճանցիներուն դէմ պայքարէն բացի, նաեւ ներքին պայքար կար:

ՙՆերքին պայքարի մէջ գտնուող երկու կողմերն ալ նոյն խնդիրը կը լուծէին, եւ երբ լուծման պահը կու գար` զիրար ո’չ միայն չէին խանգարեր, այլեւ` կը համագործակցէին: Այո’, պայքար կ’ընթանար իշխանութեան համար: Այսօր ես կրնամ ըսել, որ ատիկա ո’չ այնքան իշխանութեան, որքան գաղափարի’ պայքար էր: Հայաստանի ղեկավարութիւնն այդ տարիներուն ընտրած էր ո’չ թէ ազգային-ազատագրական պայքարի շարունակութիւնը, այլ` ժողովրդավարութեան ուղին, զոր անընդունելի էր շարք մը մարդոց, այդ թուին` նաեւ ինծի համար: Ես կ’ըսէի, որ սկիզբը պէտք է լուծուին ազգային հարցերը, որմէ ետք կրնաս լուծել որեւէ հարց` որքան ալ ան կարեւոր ըլլայ: Ղարաբաղի մէջ պայքարն ընթացած է միեւնոյն նպատակին ծառայած մարդոց միջեւ, սակայն մէկ մասն ստիպուած էր Երեւանէն թելադրուող գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուելու՚,- կ’ըսէ ան:

Երեք օրերու ընթացքին` 3-5 Յունիս 1992ին խորհրդարանին մէջ տեղի կ’ունենան քանի մը քուէարկութիւններ, սակայն ո’չ Կէորկի Պետրոսեանը, ո’չ ալ Ռոպէրթ Քոչարեանը կը յաջողին նախագահ ընտրուելու անհրաժեշտ ձայներ ապահովել:3 Յունիսի նիստին կ’առաջադրուին Քոչարեանի եւ Պետրոսեանի թեկնածութիւնները: Պատգամաւոր Հրանդ Խաչատրեանը կ’առաջարկէ թեկնածուներու նախընտրական ծրագիրները լսելէն առաջ ստանալ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդին հաւաստիացումը, որ ընտրութեան արդիւնքները Հայաստանի եւ Ղարաբաղի յարաբերութեանց վրայ պիտի չանդրադառնան: Վազգէն Սարգսեանի եւ Ստեփանակերտ գտնուող ուրիշ պաշտօնեաներու հետ նիստին ներկայ եղող Բաբգէն Արարքցեանը նման հաւաստիացում կու տայ: Փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ Պետրոսեանը կը ստանայ 30, իսկ Քոչարեանը` 23 ձայն: Նախագահ ընտրուելու համար անհրաժեշտ էր 41 քուէ ստանալ:

Պետրոսեանը եւ Քոչարեանը երկրորդ անգամ կ’առաջադրուին: Քուէարկութենէն առաջ ելոյթ կ’ունենայ Վազգէն Սարգսեանը, սակայն այդ ալ չ’օգնէր. Պետրոսեանը կը ստանայ 26, Քոչարեանը` 27 ձայն: Քուէարկութենէն ետք կրկին ելոյթ կ’ունենայ Արարքցեանը ու կ’աջակցի Քոչարեանին: 4 Յունիսի նիստին խորհրդարանը կ’որոշէ, որ իւրաքանչիւր թեկնածու կրնայ երեք անգամէն ոչ աւելի քուէարկուիլ: Կրկին կ’առաջադրուին Քոչարեանի եւ Պետրոսեանի, նաեւ Շահէն Մեղրեանի, Վլատիմիր Յակոբեանի ու Պորիս Առուշանեանի թեկնածութիւնները: Վերջին երկուքը կը հանեն իրենց թեկնածութիւնը, որմէ ետք անսպասելիօրէն ինքնաբացարկ կը յայտնեն նախ Պետրոսեանը, ապա` Քոչարեանը: Նախընտրական ծրագիրով ելոյթ կ’ունենայ Մեղրեանը, ապա քուէարկութիւն կը կատարուի: Մեղրեանի օգտին 33 պատգամաւոր կը քուէարկէ:

Վարչապետ Եսայեանը կ’առաջարկէ կողմերու ներկայացուցիչներէն կազմուած համաձայնեցնող յանձնաժողով մը ստեղծել: Հերթական ընդմիջումէն ետք կը բանակցին մէկ կողմէ Կէորկի Պետրոսեանը, Շահէն Մեղրեանը, Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանն ու Վալերի Բալայեանը, միւս կողմէ` Ռոպէրթ Քոչարեանը, Լէոնարտ Պետրոսեանը, Օլէկ Եսայեանն ու Սերժ Սարգսեանը: 5 Յունիսի նիստն սկսելէն առաջ պատգամաւորները կը տեղեկացուին, որ բանակցութիւններն ապարդիւն եղած են: Կ’որոշուի նիստին հրաւիրել Արքատի Տէր Թադեւոսեանն ու Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը: Ընդմիջումէն ետք ելոյթ կ’ունենան Շիրխանեանը, Տէր Թադեւոսեանը եւ Մեղրեանը:

1992-1993ին Լ. Ղ. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի Լրատուական Ծառայութեան ղեկավար Գեղամ Պաղտասարեանն այդ քուէարկութիւններէն մէկը այսօրուայ պէս կը յիշէ: ՙԱրթուրի մահէն ետք անոր տեղակալ Կէորկի Պետրոսեանը պաշտօնակատար էր: Քանիցս նախագահ ընտրելու փորձ եղաւ, բայց որեւէ մէկը չէր անցներ: Ո’չ Կէորկին պաշտօնակատարէն նախագահ կը դառնար (պաշտօնակատար ալ մնաց մինչեւ հրաժարականը), ո’չ ալ Քոչարեանը կ’ընտրուէր: Քուէարկութիւններէն մէկուն ատեն Քոչարեանը չէր ընտրուեր ու չէր ընտրուեր, թէեւ Հայաստանէն պատկառելի պատուիրակութիւն մը եկած էր անոր սատարելու համար: Որեւէ փաստարկ չէր ազդեր: Ի վերջոյ, Շիրխանեանը, ՙյուսահատած՚, բերաւ վերջին փաստարկը. ՙԵթէ մեր թեկնածուն չընտրէք` ալիւրի մատակարարումը կասկածի տակ պիտի դրուի՚:

Մելիք-Շահնազարեանն այսօր մանրամասնութեամբ չի յիշէր այդ օրերուն խորհրդարանին մէջ հնչած ելոյթներուն բովանդակութիւնը, բայց վստահ է մէկ հարցով. ՙՀայաստանէն Արարքցեանի գլխաւորութեամբ եկած պատուիրակութիւնն աւելի կը խանգարէր իր թիմակիցները, որովհետեւ պատերազմի դաշտէն եկած ղարաբաղցի պատգամաւորին համար չկռուող ղեկավարը մեծ արժէք չունէր: Մեր տղաներէն ՙՏուշման՚ Վարդանը, որ եկած էր Հայաստանէն, շատ աւելի մեծ հեղինակութիւն էր, քան այդ ժամանակուան Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդին Նախագահութիւնը: Ռոպէրթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանն ու Լէոնարտ Պետրոսեանը շատ աւելի ազգային էին, քան այն մարդիկ, որոնք զանոնք կը պաշտպանէին Երեւանէն՚:

Դաշնակցական Հրայր Կարապետեանը կը կարծէ, որ եթէ նախագահին ընտրութիւնը արցախցիներուն ձգուէր` լուծումներն ուրիշ կ’ըլլային. ՙԳերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընտրուելու համար Մեղրեանին քանի մը ձայն պակսեցաւ: Տէր Պետրոսեանի անունէն ուղղակիօրէն կը սպառնային Լ. Ղ. Հ.ի խորհրդարանի պատգամաւորներուն, ամէն ինչ կ’ընէին, որպէսզի Հ. Յ. Դ.ի ներկայացուցիչը չընտրուի: Երբ դրուեցաւ Մեղրեանի թեկնածութիւնը, պարզուեցաւ, որ ընտրուելու հնարաւորութիւններ ունի: Սկսաւ քաղաքական սպառնալիքը: Բացայայտօրէն կ’ըսէին` եթէ Մեղրեանն ընտրուի` Հայաստանէն որեւէ փամփուշտ չի ստանար: Անկէ յետոյ Շահէնը ձգեց գնաց իր գործին` Շահումեանի ինքնապաշտպանութեան, բայց անոր նկատմամբ Հ. Հ. Շ.ի ՙթոյնը՚ մնաց: Եւ ո’չ միայն անոր, այլեւ` իւրաքանչիւր դաշնակցականի նկատմամբ: Կուսակցական տարբերակումը նոյնինքն Հ. Հ. Շ.ն դրած է: Մենք մարտի դաշտին մէջ ունէինք միայն մէկ թշնամի, իսկ կողքէն եւ թիկունքէն թշնամիներ չէինք փնտռեր՚:

Ղարաբաղի մէջ շարունակուող իշխանական պայքարը կը վերջանայ Պաշտպանութեան Պետական Կոմիտէի (Պ. Պ. Կ.) ձեւաւորումով: 14-15 Օգոստոսին Գերագոյն Խորհուրդի եւ Նախարարներու Խորհուրդի համատեղ նիստին կ’որոշուի Պ. Պ. Կ. ստեղծել: Այս քայլը կը բացատրուէր Ատրպէյճանի լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն միասնական ճակատով դիմակայելու անհրաժեշտութեամբ: Պ. Պ. Կ.ի նախագահ կը նշանակուի Ռոպէրթ Քոչարեանը, որու վրայ կը դրուին նաեւ կառավարութեան ղեկավարի լիազօրութիւնները:

Քոչարեանը 1992ի օգոստոսեան օրերն այսպէս ներկայացուցած է. ՙԻրադրութիւնը խուճապային էր: Ատրպէյճանական ոյժերը գրաւած էին Ղարաբաղի 48 տոկոսը, վիթխարի քանակութեամբ փախստականներ կային, կիսացնցահարուածային վիճակի մէջ յայտնուած Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան մշտական նիստերն որոշումներ տալու անկարող կ’ըլլային: Երկու կամ երեք լուծում առաջարկեցի` ըսելով, որ զանոնք ընդունելու պարագային պատրաստ եմ յետագայ բոլոր գործողութեանց պատասխանատուութիւնն ստանձնելու: Ծրագիրը հետեւեալն էր` ռազմական դրութիւն մտցնել եւ Պաշտպանութեան Պետական Կոմիտէ ստեղծել: Ծրագիրը հաստատուեցաւ տառացիօրէն 30 կամ 40 վայրկեանի ընթացքին՚:

Վարչապետ Եսայեանը 10 Օգոստոսին հրաժարական տուած էր: Պ. Պ. Կ.ի ստեղծումը ան անհրաժեշտութիւն կը սեպէ. ՙՁեւաւորուած էին երեք կառոյցներ` կառավարութիւն, Գերագոյն Խորհուրդ եւ ինքնապաշտպանութեան ոյժեր` ռազմական ղեկավարութիւն: Երեք կառոյցներու իշխանական լծակներու, ինչպէս նաեւ Հ. Հ.-Լ. Ղ. Հ.ի յարաբերութեանց յստակեցման անհրաժեշտութիւն կար, ինչը Պ. Պ. Կ.ի կամ նմանատիպ ուրիշ մարմնի մը ձեւաւորումը կ’ենթադրէր: Անհրաժեշտ էր մարդ մը, որ աւելի ընկալելի եւ ընդունելի ըլլար թէ’ բանակին եւ թէ’ քաղաքական ոյժերուն համար: Իբրեւ այդպիսի անձի` Քոչարեանի կերպարն արդէն ձեւաւորուած էր՚:

Ըստ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանի` Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան հնարաւորութիւնները կտրուկ կերպով նուազած էին, իսկ Պ. Պ. Կ.ի ստեղծման կարիքը շատ մեծ էր. ՙՊ. Պ. Կ.ի նախագահի թեկնածուներուն միջեւ պայքար մղուեցաւ: Կամքով` Քոչարեանը Կէորկի Պետրոսեանէն շատ աւելի ուժեղ եւ փորձառու էր: Պ. Պ. Կ.ի նախագահի պաշտօնին Քոչարեանէն ուրիշ թեկնածու չկար, բայց ես ատիկա լաւագոյն ընտրութիւնը կը սեպեմ: Քոչարեանն առաջարկած է Պ. Պ. Կ.ն ստեղծել եւ ինքն ալ առաջարկած է այդ մարմինը ղեկավարել՚:

Պ. Պ. Կ.ի ստեղծումը երկու հիմնական նպատակ կը հետապնդէր` ներքին ոյժերը մէկ բռունցքի մէջ համախմբել եւ ապահովել կապը Հայաստանի իշխանութեանց հետ: Յառաջ կու գայ անհրաժեշտութիւն ստեղծելու նոր մարմին մը, զոր ղեկավարէր գործիչ մը, որ Հայաստանի իշխանութեանց հետ սերտ կապեր ունէր, կրնար անոնց հետ համագործակցիլ, օժանդակութիւն ստանալ: ՙԸնտրութիւնը կանգ առաւ Քոչարեանի թեկնածութեան վրայ: Տէր Պետրոսեանն ալ Քոչարեանի թեկնածութիւնը կ’առաջարկէր: Հ. Յ. Դ.ն ալ համաձայնեցաւ՚,- կ’ըսէ Առուշանեանը:

Կէորկի Պետրոսեանի կարծիքով` Պ. Պ. Կ.ի նախագահի ընտրութիւնը կանգ առաւ Քոչարեանի վրայ նաեւ այն պատճառով, որ Երեւանէն աջակցութիւն կը ստանար, համագործակցութեան փորձ ունէր. ՙԻւրաքանչիւր ճգնաժամային վիճակի մէջ մէկը պատասխանատուութիւնն իր վրայ կը վերցնէ: Ատիկա կու գայ մարդու բնաւորութենէն, անոր հաւատալէն եւ վստահելէն: Կարեւոր էին այդ մարդուն յարաբերութիւնները Երեւանի հետ՚:

ՙ1992ի ամրանը Լ. Ղ. Հ.ի մէջ եռիշխանութիւն հաստատուած էր: Գերագոյն Խորհուրդն իր նախագահութեամբ դիրքորոշում մը ունէր, կառավարութիւնը` մէկ ուրիշ դիրքորոշում: Կառավարութիւնը կը համագործակցէր Հայաստանի հետ, Գերագոյն Խորհուրդը` ոչ: Նորաստեղծ բանակն ալ ամբողջութեամբ բանակ չէր, առանձին ջոկատներ էին, ճիշդ է, կար հրամանատարութիւն` Պաշտպանութեան Կոմիտէ, զոր կը ղեկավարէր Սերժ Սարգսեանը, իսկ բանակին հրամանատարը Տէր Թադեւոսեանն էր: Այդ Կոմիտէն կ’ենթարկուէր կառավարութեան, ոչ թէ Գերագոյն Խորհուրդին, աւելի ճիշդ` կիսով չափ կ’ենթարկուէր, իսկ Շահումեանի ռազմական ղեկավարութիւնը մեզի հետ կապ չունէր եւ Հայաստանի` Վազգէն Սարգսեանի հետ կը համագործակցէր: Փաստօրէն, ստեղծուած էր եռիշխանութիւն կառավարման ոլորտին մէջ, երկիշխանութիւն` բանակին մէջ: Պ. Պ. Կ.ի ստեղծումով` այդ հակասութիւնները վերացան՚,- կ’ըսէ Պետրոսեանը:

Պ. Պ. Կ.ն կազմուած էր 7 անդամէ, որոնցմէ միայն երկուքը Գերագոյն Խորհուրդէն էին: Կարէն Բաբուրեանը կ’ապահովէր Պ. Պ. Կ.ին եւ Գերագոյն Խորհուրդին, իսկ խորհրդարանի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը ղեկավարող Վալերի Բալայեանը` Գերագոյն Խորհուրդին եւ բանակին կապը: Քոչարեանի առաջին տեղակալ կը նշանակուի Առուշանեանը: Պ. Պ. Կ.ի միւս երեք անդամներն էին բանակի նախարար Սերժ Սարգսեանը, բանակի հրամանատար Սամուէլ Պապայեանը եւ ոստիկանութեան ղեկավար Արմէն Իսակուլովը:

Կէորկի Պետրոսեանը Պ. Պ. Կ.ի ստեղծման երկու երես կը նշէ: Առաջին` լայնածաւալ պատերազմ սկսած էր եւ դուն կրնայիր կորսնցնել ամէն ինչ` տարածք, կեանք, հայրենիք: Այս տեսակէտէն` պէտք էր բոլոր ոյժերը հաւաքել, միատեղել: Ոյժերը մէկ մարմնի մէջ կեդրոնացնելու որոշումն արդարացուած էր: Երկրորդ` պէտք էր պետականութեան օրինական հիմքերը պահպանել. ՙԱյս երկուքին մէջտեղը կուսակցական շահեր, իշխանական, անհատներու, մարդկային պայքար կային: Սա ամենալուրջ ժամանակահատուածն էր, որուն լուծումը մենք գտանք. օրէնսդիր իշխանութեան իրաւունքին մէկ մասը տուինք Պ. Պ. Կ.ին` լուծելով գերխնդիրը` պահպանել Գերագոյն Խորհուրդը` ուժեղացնելով Պ. Պ. Կ.ն: Ես նշեցի հարցի ընդամէնը երկու երեսը, բայց անիկա աներեւակայելի ամբողջութիւն մըն էր. շահերու բախում, համաձայնութիւն, համագործակցութիւն, ամէն ինչ: Իմ պատկերացմամբ` հնարաւոր քաղաքակիրթ լուծումն էր, որովհետեւ գերխնդիրը միայն պատերազմը չէր, պատերազմին զուգահեռ պէտք է պետութիւն ստեղծուէր: Յիսուն տարի յետոյ կարելի է ըսել` ճի՞շդ էր, թէ՞ սխալ՚:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հ. Յ. Դ.ի իշխանութեան սահմանափակման հետ օր օրի կ’ուժեղանար Պ. Պ. Կ.ի զինուորական թեւը` ի դէմս 27ամեայ Սամուէլ Պապայեանի: ՙՊ. Պ. Կ.ի նախագահ Քոչարեանը կ’ընդունին թէ’ ռազմական եւ թէ’ քաղաքական շրջանակները: Տնտեսական հարցերը ան կը համակարգէր: Այդ ժամանակ Հ. Յ. Դ.ի հետ կապուած խնդիրներ կային, բայց Հ. Յ. Դ.ն ազդեցութեան լուրջ լծակներ չունէր: Քոչարեանը ամբողջովին կը տիրապետէր իրավիճակին, բոլոր որոշումները Պ. Պ. Կ.ի մէջ կը կայացուէին, իսկ ռազմական գործողութիւններու մանրամասնութեանց մասին տեղեակ կը պահէի ո’չ թէ Պ. Պ. Կ.ի բոլոր անդամները, այլ միայն` Քոչարեանը՚,- կ’ըսէ Պապայեանը:

Լուսանկարը՝ Արթուր Մկրտչեան

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

Bottles from the cradle of wine: Armenia and Georgia

$
0
0

What kind of wine were they making 5,000 years ago? These wines may not get close, but they do hint at the colourful and unique history of winemaking in this part of the world.

Zorah Karasi Areni Noir, Armenia 2013 (from £21.95, Slurp; Corking Wines) An idle question prompted by the vivid opening chapter of A Natural History of Wine, a fascinating new book by American academics Ian Tattersall and Rob Desalle: what kind of wines were they making 5,000 years ago in the cave at the feet of the Lesser Caucasus Mountains known as Areni-1? It was here, in modern-day Armenia in 2011, that archaeologists discovered the world’s earliest winery, dating back to circa 3,000 to 3,500 BC. I may not have found an answer tasting the 2014 vintage (available in May) of Italian-Armenian Zorik Gharibian’s Karasi made from Armenia’s most planted grape variety (which, like the cave, takes its name from the village of Areni). But, as with the 2013, the sense of history brings an added frisson to a vibrant, highly polished red.

Iago Bitarishvili Chinuri Qvevri 8, Kakheti, Georgia 2013 (from £16.65, Bottle Apostle, Smiling Grape) Gharibian, who was born to an ex-pat Armenian family in Iran, but who settled and started a successful business in Italy after being sent to an Armenian school in Venice during the Iranian revolution, is one of a handful of returning members of the Armenian diaspora to play a part in the recent revival of its wine industry. And, like many, he has been drawn to the traditional winemaking technique of using clay pots (or “karasi”) to age his wines. These vessels are also used in some of the many exciting wines coming out of neighbouring Georgia, another country with a claim to being the birthplace of wine, with Iago Bitarishvili’s arrestingly chewy, honeyed white among the best of these “qvevri” wines.

Khareba Saperavi, Kakheti, Georgia 2013 (£9.95, Tanners Wines) You can get a hint of the tantalising mix of the red wine-like tannin, subtle herby-bitterness, and faintly coppery colour of the best Georgian “orange” qvervi wines in Marks & Spencer’s beginner’s guide to the style, Tblvino Qvevris 2013 (£9). More serious exploration would lead to the excellent Pheasant’s Tears, and the inky, grippy, earthy, sour black cherry-scented red they make in qvevri from the local saperavi variety (£17.99 for the 2013 Saperavi, Red Squirrel Wine). This is quite magnificent with lamb, either roasted or stewed, Georgian-style, with aubergine. Made in stainless steel rather than clay, Khareba’s bold but supple saperavi is not quite as complex, but with its liquorice and juicy black berries, it also pairs beautifully with lamb.

The Guardian

http://www.theguardian.com/lifeandstyle/2016/feb/07/wines-from-the-cradle-of-winemaking-armenia-georgia-david-williams

 

Էլչիպէյի ժամանակաւոր յաջողութիւնը [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քսաներկուերորդ գլուխ

7 Յունիս 1992ին Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութեան` Ժողճակատի առաջնորդ Ապուլֆազ Էլչիպէյը կը յաղթէ ձայներու աւելի քան 60 տոկոսով:

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման Էլչիպէյի բանաձեւը Ղարաբաղի բոլոր հայոց արտաքսումն էր, առաջադրանք մը, զոր անոր համոզումով, ընդունակ էր իրականութիւն դարձնել ազգային բանակը:

ՙԵթէ մինչեւ այս տարուայ Հոկտեմբերը Ղարաբաղի մէջ թէկուզ մէկ հայ մնայ` Ատրպէյճանի ժողովուրդը կրնայ զիս կախաղան հանել Պաքուի կեդրոնական հրապարակին մէջ՚,- իր ժողովուրդին կը խոստանար ան:

Ուրիշ առիթներով` ան կը պարծենար, թէ թէյ պիտի խմէ Ստեփանակերտի մէջ, ոտքերը պիտի լուայ Սեւանի ջուրերուն մէջ: Ի տարբերութիւն ռուսամէտ Մութալիպովի` Էլչիպէյը ռուսատեաց էր եւ թրքամէտ: Նոյնիսկ Մոսկուայի մէջ բանակցութեանց ընթացքին ան կը խուսափէր ռուսերէնէն եւ կը շփուէր թարգմանիչի օգնութեամբ: Ան չէր թաքցներ իր հակաիրանական հռետորութիւնը, Թաւրիզը միացեալ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը կը սեպէր:

Նախագահական ընտրութենէն ընդամէնը հինգ օր յետոյ` Յունիս 12էն 15ն ինկած ժամանակահատուածին մէջ, ատրպէյճանական զինոյժը լայնածաւալ գրոհով վերահսկողութեան տակ կ’առնէ Շահումեանի ողջ շրջանն ու քանի մը բնակավայրեր Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ: Հայաստանի նախագահը հակագրոհի լուրն ստացաւ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ:

13 Յունիսին կը տարածուի Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւնը. ՙՀայաստանը վճռականօրէն կը բողոքէ Ատրպէյճանի յարձակման դէմ եւ կը դիմէ համաշխարհային հանրութեան` անյապաղ միջոցներ ձեռք առնելու Ղարաբաղի դէմ լայնածաւալ յարձակումը կանգնեցնելու եւ մարդկային նոր զոհերէ ու աւերածութիւններէ խուսափելու համար: Եթէ Ատրպէյճանին զսպելու միջազգային ճնշումն ուշանայ` Հայաստանը Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար վճռական գործողութիւններ ձեռնարկելէն եւ անհրաժեշտ օգնութիւնն ու աջակցութիւնը ցոյց տալէն այլընտրանք պիտի չունենայ՚: Տէր Պետրոսեանը կը հանդիպի նախագահ Պուշի, վարչապետ Տէմիրէլի եւ Իրանի փոխնախագահ Հապիպիի հետ:

Ատրպէյճանական յարձակումն անսպասելի չէր: Լ. Ղ. Հ.ի Պաշտպանութեան Կոմիտէի նախագահ Սերժ Սարգսեանը պարզաբանած է. ՙՄենք գիտէինք, որ կանուխ կամ ուշ թշնամին այսպիսի յարձակում կը ձեռնարկէ: Ճիշդ չէր ըլլար ըսել, թէ չենք նախապատրաստուած: Դժբախտաբար, ստուարածաւալ այդ ոյժին չյաջողեցանք դիմակայել: Մօտաւոր հաշուարկներով` յարձակման կը մասնակցէին 150 միաւոր զրահապատ կառք, քանի մը հազար հետեւակազօր: Ատրպէյճանին մեծ քանակութեամբ զրահապատ կառքեր տրուած են Ա. Պ. Հ.ի բանակէն՚: Սարգսեանը նշած է պարտութեան ուրիշ պատճառ մըն ալ. ՙՇուշիէն ու Լաչինէն ետք տեսակ մը տօնական տրամադրութիւն կը տիրէր, շատերը կը կարծէին, որ իրենց բաժին կռիւն ըրած-վերջացուցած են, զայն պէտք է նորերը, զօրակոչիկները շարունակեն՚:

Արքատի Տէր Թադեւոսեանը կը վկայէ. ՙՄարտակերտի մէջ մենք ռուսերու դէմ կը կռուէինք: Խորհրդային բանակի անօթի սպաները մնացած էին Կեանճայի մէջ: Անոնք հրասայլերով հասան մինչեւ Մարտակերտ, ապա մէկ անգամէն ետ շրջեցան եւ հեռացան` ատրպէյճանցիները մեր դէմ ձգելով՚:

Տէր Թադեւոսեանն ուրիշ առիթներով պարտութեան շարք մը ուրիշ պատճառներ ալ թուարկած է: Առաջին կարգին ան նշած է Հայաստանի զինուած ոյժերու ստեղծման ուշացումը, Հ. Հ. Շ.ական ղեկավարութեան եւ Հ. Յ. Դ.ի միջեւ քաղաքական կոշտ դիմակայութիւնը, Շուշիի յաղթանակէն եւ Լաչինի միջանցքի բացումէն ետք հայկական ոյժերուն մօտ ստեղծուած տօնական տրամադրութիւնը, մարտական ոգիի անկումն ու խուճապը, հետախուզական տուեալներու պակասը:

ՙՀայաստանի եւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութիւնը զբաղած էր իշխանութեան համար պայքարով, եւ Արցախի պաշտպանութեան ուժեղացման համար անհրաժեշտ միջոցներ չձեռնարկեց: Այս հարցին մէջ մեղքն առաջին կարգին Հայաստանի քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութեանն էր, քանի որ ան կը վերահսկէր այն միջոցները (ջոկատներ, զէնք ու ռազմամթերք), զորս պէտք է Արցախի պաշտպանութեան ուժեղացմանն ուղղուէին: Մարտակերտի պաշտպանութեան հրամանատարութիւնը ո’չ Ստեփանակերտէն, ո’չ ալ Հայաստանէն անհրաժեշտ օգնութիւն ստացաւ: Ինքնապաշտպանութեան ոյժերու իննը վաշտերէն Մարտակերտի շրջանի պաշտպանութեան, մինչեւ 4 Յուլիսին անոր անկումը, մասնակցեցաւ միայն Աշոտ Ղուլեանի առաջին վաշտը՚,- կը գրէ Տէր Թադեւոսեանը:

Յաղթանակն ունի տէր, երբեմն` բազմաթիւ, մինչդեռ պարտութիւնը որբ է: Ժողովրդային այս իմաստութիւնը ճիշդ եւ ճիշդ Շուշի-Լաչինի յաղթանակի ու Շահումեան-Մարտակերտի պարտութեան համար է: Երբ ղարաբաղեան ոյժերն ու խաղաղ բնակչութիւնը խուճապահար կը ձգէին Արցախի հիւսիսային շրջանները` այս պարտութեան մէջ Հայաստանն ու անոր ղեկավարութիւնն են նաեւ մեղաւոր, իսկ երբ կ’ազատագրուի Շուշին` ամէն ջանք կը գործադրուի ցոյց տալու, թէ Հայաստանէն ռազմական օգնութիւն չէին հասցներ:

Շահումեանի եւ Մարտակերտի պարտութեան հարցին մէջ Սամուէլ Պապայեանը զէնքի պակասութիւնը կը շեշտէ. ՙ1992ի Փետրուարին Ատրպէյճանին կը յանձնուի նախկին Խ. Ս. Հ. Մ.ի 4րդ բանակին ողջ սպառազինութիւնը: Մինչ Ատրպէյճանն զբաղած էր այդ գործերով, մենք յանկարծակիօրէն սկսանք եւ յաջողութեամբ աւարտեցինք Շուշիի գործողութիւնը: Սակայն, զինամթերքի պակասութիւն ունէինք: Հայաստանին նախկին Խ. Ս. Հ. Մ.ի 7րդ բանակի սպառազինութեան մէկ մասը յանձնուեցաւ միայն Օգոստոսին: Ճիշդ չեն ատրպէյճանական, երբեմն նաեւ հայկական կողմերուն պնդումները, թէ պատերազմի տարիներուն Արցախին եւ Հայաստանին ռուսերը օգնած են: Կան փաստաթուղթեր` նայեցէ’ք, տեսէ’ք, թէ ե՞րբ, որո՞ւ եւ ի՞նչ տուած են: Մեր անյաջողութեանց գլխաւոր պատճառն այդ ատեն զէնքի եւ զինամթերքի պակասն եղած է՚:

Թաշքենդ. խորհրդային զինանոցի բաշխումը

14 Մայիս 1992ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներն զբաղած էին միանգամայն տարբեր խնդիրներով: Տէր Պետրոսեանը Թաշքենդի մէջ Ա. Պ. Հ.ի հինգ երկիրներու` Ռուսիոյ, Պելառուսի, Իւզպէկիստանի, Ղազախիստանի եւ Թիւրքմէնիստանի ղեկավարներուն հետ Ա. Պ. Հ.ի զինուած ոյժերու կարգավիճակին եւ յետագայ ճակատագիրին վերաբերող հարցեր կը քննարկէր: Պաքուի մէջ այդ օրը, ընդամէնը մէկ օրով, իշխանութեան վերադարձեր էր Մութալիպովը:

15 Մայիսին Իւզպէկիստանի մայրաքաղաքին մէջ կը ստորագրուի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրը (Հ. Ա. Պ.), խորհրդային զէնքը կը բաժնուի Ա. Պ. Հ.ի երկիրներուն միջեւ: Թէ ո՞վ որքան զէնք է ժառանգած խորհրդային զինանոցէն` հակասական եւ վիճելի կը մնայ:

Տէր Պետրոսեանն աւելի առաջ յատուկ յայտարարութիւն տարածած էր, որով կ’առաջարկէր 20 Մարտին Քիեւի մէջ Ա. Պ. Հ.ի գագաթաժողովի օրակարգին առաջին կէտ ընդգրկել Ա. Պ. Հ.ի միացեալ զինուած ոյժերու 4րդ բանակին կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի անօրինական յանձնման հարցը. ՙ1992ի սկիզբէն Ատրպէյճանի ազգային բանակի տրամադրութեան տակ դրուած են Անդրկովկասի զինուորական օքրուկի մինչեւ 8 մեկաթոն ընդհանուր հզօրութեամբ զէնքի եւ զինամթերքի պահեստներ, յիսունէ աւելի Թէ.-72 եւ այլ հրասայլեր, աւելի քան հարիւր միաւոր մարտական զրահամեքենայ, տասնեակ խոշոր տրամաչափի հրետանային կայանքներ, այդ թուին` Պէ. Էմ.-21 ՙԿրատ՚ կայանքներ, իննը միաւոր մարտական հարուածային ուղղաթիռ, ուրիշ ռազմական գոյք, այդ թուին` հրազէն եւ անոր զինամթերքը: Այդ ամբողջ գոյքը, զոր առանց մէկ կրակոցի եւ զինծառայողներու որեւէ դիմադրութեան ձեռք բերուած է, անյապաղ կը յայտնուին Ղարաբաղի մէջ եւ կը կիրառուին անոր բնիկ ժողովուրդը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու համար՚:

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ առաջին դեսպան Վլատիմիր Սթուփիշինը իր յուշերու գիրքին մէջ Տէր Պետրոսեանի հետ 20 Յունիս 1992ի իր զրոյցէն հատուած մը կը մէջբերէ: Նախագահը մտահոգութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանին զինելու Մոսկուայի կեցուածքին հանդէպ. ՙՀրասայլերու եւ մարտական ուրիշ զրահամեքենաներու զգալի քանակութիւն ստանալով` ատրպէյճանցիք Ղարաբաղի դէմ յարձակումի ձեռնարկած են: Մարտերուն ընթացքին ռուս վարձկաններ կը գործածուին, անո’նք են, որ Ստեփանակերտը կը ռմբահարեն: Այդ ամէնը շատ գէշ կերպով կ’ընկալէ Հայաստանի բնակչութիւնը, որ կը փափաքէր ապագային ալ Ռուսիան իբրեւ դաշնակից տեսնել՚:

Հայաստանը խորհրդային զինանոցի իր բաժինը ուշ կը ստանայ: Վահան Շիրխանեանը մասնակցած է 7րդ բանակի ունեցուածքը Հայաստանին փոխանցելու գործընթացին:

ՙՀրահանգն ստորագրեց Կրաչովը 1992ի Մայիսին: Ատրպէյճանն այդ ժամանակ արդէն ուղղակիօրէն բռնագրաւած էր (իր տարածքին մէջ գտնուող խորհրդային) զէնքը, զինամթերքը եւ ռազմական զրահամեքենաները: Մինչեւ հրահանգի ստորագրումը` յարաբերութիւնները շատ լարուած եւ նոյնիսկ թշնամական էին: Անոնք (ռուսերը) կը փորձէին Հայաստանէն զէնքը, զինամթերքը եւ զրահամեքենաները դուրս հանել` շրջանցելով նախագահի` պատկան մարմինները տեղեակ պահելու հրամանագիրը: Հրահանգի ստորագրումէն ետք մենք վերցուցինք Ռուսիոյ երեք զօրաբաժիններէն երկուքին ունեցուածքը` մէկը ձգելով անոնց, եւ ատիկա Կիւմրիի 102րդ ռազմակայանին հիմքը դարձաւ: Օդոյժի առումով միշտ զիջած ենք, որովհետեւ Հայաստանի մէջ օդոյժ չէ եղած, իսկ Ատրպէյճանն ունէր երկու շատ լաւ ռազմական օդանաւակայան` բազմաթիւ օդանաւերով՚:

Խորհրդային զինանոցէն բան մըն ալ բաժին կը հասնի նաեւ Ղարաբաղին: 366րդ մեքենայացուած հրաձգային գունդը Ստեփանակերտէն դուրս բերելու ատեն ղարաբաղցիները կ’ընդդիմանան: 28 Փետրուար 1992ին Ա. Պ. Հ.ի միացեալ զինուած ոյժերու գլխաւոր հրամանատար, օդոյժի մարաջախտ Եւկէնի Շափոշնիքովը հեռագիրներ ղրկած էր Մութալիպովին, Տէր Պետրոսեանին եւ Անդրկովկասի զինուորական օքրուկի զօրքերու հրամանատարութեան: Հեռագիրին մէջ կ’ըսուէր, որ Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը ՙխաղաղ կարգաւորման միտում չունի, զրահամեքենաներու, զէնքի եւ զինամթերքի բռնագրաւման յանցաւոր գործողութիւնները կ’ուղեկցուին անմեղ մարդոց մահուամբ ու խեղումներով՚: Շափոշնիքովը կը հրամայէ 366րդ գունդը դուրս բերել Ղարաբաղէն:

Ա. Պ. Հ.ի ոյժերու խոշոր անկարգելախումբ մը կ’իջեցուի Ստեփանակերտէն 366րդ գունդին դուրսբերումն ապահովելու նպատակով: Ղարաբաղի բնակչութիւնը Շափոշնիքովի հրամանը վաղաժամկէտ կը սեպէր` ելլելով խորհրդային բանակի զինանոցի հաշուին Ատրպէյճանի բանակի լաւ զինուածութեան փաստէն:13 Երթուղիները կը շրջափակեն տեղի զինուած կազմաւորումները եւ բնակիչները: Կը յաջողուի անձնակազմին մէկ մասը Կեանճա տեղափոխել: Մարտի լոյս 3ի գիշերը գունդի գումարտակներէն մէկուն վրայ յարձակման ատեն անկարգելաւոր մը կը զոհուի: Զօրքին լքած զինուորական աւանը կը գրաւեն զինուած կազմաւորումները:

Ռոպէրթ Քոչարեանը 1994ի Յունուարին ռուսական հեռատեսիլին հետ զրոյցին մէջ ըսած է, որ ղարաբաղեան շրջանին մէջ կը պատերազմին նախ եւ առաջ այն զէնքով, զոր Խորհրդային Միութիւնը ձգած է Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին:

ՙՄեր բախտը բերաւ, որ Ղարաբաղի տարածքին տեղաբաշխուած էր երեք զօրամաս, եւ այդ զէնքը մեզի բաժին ինկաւ: Ատիկա խորհրդային զէնք էր: Պայմանագիրով` մենք այդ զէնքը պէտք է Ատրպէյճանին յանձնէինք, սակայն ատիկա թոյլ չտուինք: Այդ զէնքը մենք բռնագրաւած ենք: Զայն դուրս հանելու փորձ եղած է, անկարգելաւորներ բերած էին, զօրավարներ եկած էին, սակայն մեր կողմէ յուսալիօրէն շրջափակուած էր. աւելին, մենք այդ կը նկատենք մեր բաժինը խորհրդային այն զինանոցէն, զոր Ղարաբաղն օրինականօրէն շահած է 70 տարիներու ընթացքին՚:

Ռուս լրագրողի` ՙՀայաստանէն բան մը կը բերո՞ւի՚ հարցումին Քոչարեանը պատասխանած է. ՙՀայաստանն իսկապէս մեզի հակաօդային միջոցներ տուած է, այնպէս որ մենք կրցանք Լ. Ղ. Հ.ն յարաբերաբար ապահովել ատրպէյճանական օդոյժի թռիչքներէն՚:

Տէր Պետրոսեանն անձամբ Ելցինին գրաւոր տեսքով դիմած է զէնք մատակարարելու խնդրանքով: Քանի որ Ատրպէյճանին խորհրդային ռազմական զինանոցէն Հայաստանէն աւելի բաժին հասած էր, Ռուսիոյ նախագահը կը փափաքէր հաւասարակշռութիւնը պահպանել: Կարեւոր էին Տէր Պետրոսեանի եւ Ելցինի, Վազգէն Սարգսեանի ու Փաւել Կրաչովի միջեւ հաստատուած լաւ կապերը: Տէր Պետրոսեանը հաւաստիացուցած է` ՙբոլոր խօսակցութիւնները, թէ ռուսերը հայոց օգնած են` մեծ մասամբ առասպելներ են: Ռուսերը շատ ազնիւ պահուածք դրսեւորեցին եւ հաւասարակշռութիւնը պահեցին՚:

ՙՊարզուեցաւ, որ Ատրպէյճանի մէջ Հայաստանէն երեք անգամ աւելի զէնք կայ: Ռուսական կողմին հետ բանակցութեանց ընթացքին եկանք այն հետեւութեան, որ պէտք է փոխհատուցում տալ ու ես կրցայ զանոնք համոզել այս հարցով: Ելցինը համաձայնեցաւ, որ ոյժերու հաւասարակշռութիւնն անհրաժեշտ է պահպանել: Հաւասարակշռութիւն, բայց ոչ աւելի: Յետագայ տարիներուն` 1992, 1993 եւ 1994 թուականներուն, Ատրպէյճանէն մեր ունեցած ռազմական պակասը մենք գրեթէ լիովին վերականգնեցինք: 1994ին մենք նոյն մակարդակին վրայ էինք, նկատի ունիմ սպառազինութիւնը` հրասայլեր, հրետանի, զրահամեքենաներ, հրազէն՚:

Վազգէն Սարգսեանը 1993ի ձմրանը խոստովանած է. ՙԵս կը տրամադրեմ Անդրկովկասի զինուորական օքրուկի պաշտօնաթերթին մէջ տպագրուած ռուսական հետախուզութեան տուեալները, թէ Ատրպէյճանն ինչքան, Վրաստանն ու Հայաստանն ինչքան զէնք ու զինամթերք ստացած են: Եթէ այդ տուեալները (որու մասին միայն հանրապետութեան նախագահն ու ես գիտէինք) մենք մէկ տարի առաջ հրապարակէինք, ժողովուրդին սիրտը կը պայթէր յուսահատութենէն: Վեց-եօթը ամիս մէկուկէս զօրաբաժինով կռուած ենք չորս զօրաբաժինի դէմ, կռուած ենք քսան անգամ աւելի քիչ զինամթերքով՚:

1997ին, զօրավար Լեւ Ռոխլինը Պետական Տումա ներկայացուց զեկոյց մը, որուն մէջ կը պնդէր, թէ Ռուսիան Հայաստանին մատակարարած է մօտ մէկ միլիառ տոլարի (որմէ 720 միլիոնը զէնքերուն արժէքն է, մօտ 300 միլիոնը` փոխադրութեան ծախսերը, պահեստամասերը) սպառազինութիւն: Ծանր սպառազինութեան մեծ մասն առաքուած է պատերազմէն յետոյ` 1995-96 թուականներուն: Ըստ Ռոխլինի զեկոյցի` հայկական կողմը 1992ի Օգոստոսէն զինամթերք ստացած է Հիւսիսային Կովկասի Մոզտոկ քաղաքի ռազմակայանի պահեստէն:

Շահումեանի անկումը, օրհասական վիճակ Մարտակերտի մէջ

Ղարաբաղեան պայքարի տարեգիրներէն Զօրի Բալայեանն այսպէս կը նկարագրէ Շահումեանէն եւ Մարտակերտէն գաղթը 1992ի ամրանը. ՙԱհաւոր տեսարան էր: Մարդիկ իրենց առջեւը ձգած կը քշէին կմախք դարձած իրենց անասունները, շալկած կամ չես գիտեր ուրկէ գտած անդրջրհեղեղեան սայլերու բարձած` իրենց ունեցուածքը կը տանէին: Կիզիչ արեւը կանանց ու երախաներուն դէմքերը կ’այրէր՚:

Շահումեանի եւ Գետաշէնի մէջ բախումներն սկսած էին 1990ի սկիզբներուն: Մութալիպովն ու Փոլեանիչքօն, ի տարբերութիւն Հայաստանի ոչ-համայնավար իշխանութեանց, կը շարունակէին սերտօրէն համագործակցիլ Քրեմլինի հետ: Պաքուն յաջողեցաւ խորհրդային ուժային կառոյցներու աջակցութիւնն ստանալ: Հայ-ատրպէյճանական բախումները կանխելու նպատակով խորհրդային բանակի եւ ներքին գործոց նախարարութեան ստորաբաժանումներ տեղակայուեցան Շահումեանի եւ Գետաշէնի մէջ:

Աւելին, ատրպէյճանական իշխանութիւնները Քրեմլինի ուժայինները կրցած էին համոզել, որ պէտք է հայ ֆետայիները Շահումեանէն եւ Գետաշէնէն ՙմաքրել՚: ՙԱնձնագրային դրութեան ստուգման՚ պատրուակով` ատրպէյճանական ոստիկանական ջոկատները խորհրդային զինուած ոյժերուն օժանդակութեամբ 1991ին իրականացուցած էին տխրահռչակ ՙՕղակ՚ գործողութիւնը` հազարաւոր հայ բնակիչներ տեղահանելով:

1992ի ամրանը Շահումեանի եւ Մարտակերտի անկման օրերուն, Աշոտ Մանուչարեանը Հայաստանի մէջ երեք պաշտօն կը զբաղցնէր` ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար, նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական եւ Արցախի հարցերով գործողութեանց գրասենեակի (օփերաթիւ շտաբ) պետ: ՙՌուսական 23րդ զօրաբաժինը` մօտ 50 հրասայլ իրենց անձնակազմերով, տրամադրուեցաւ ատրպէյճանցիներուն, եւ անոնք մտան մարտի մէջ: Ատրպէյճանցիները ջախջախիչ առաւելութիւն ունէին եւ Շահումեանն ինկաւ այդ պայմաններուն մէջ: Պաշտպանութիւն կազմակերպելն անհնար էր: Անկազմակերպուածութիւն կար, բայց բանակը կանոնաւոր չէր, փարթիզանական ջոկատներու ամբողջութիւն էր, եւ շատ դժուար էր 50 հրասայլի դէմ կռուիլ, մանաւանդ, որ այդ գրոհը մէկ անգամէն եղաւ՚:

Բայց ռուսական պատմութիւնը ուրիշ երես մըն ալ ունի:

ՙԲեկումը սկիզբն ալ մտցուած է ռուսերուն միջամտութեամբ: Մենք կրցանք ռուսերուն համար ստեղծել քաղաքական վիճակ մը, որու հետեւանքով անոնք այդ հրասայլերը ատրպէյճանցիներու ենթակայութենէն հանեցին: Աւելին, ռուսերն իրենք հարուած հասցուցին` կասեցնելով ատրպէյճանական առաջին ալիքը, որմէ յետոյ մենք շատ արագօրէն վերակազմաւորեցինք մեր ջոկատները եւ կրցանք ճակատը պահել ու գրոհը ետ մղել: Երբ հրասայլերը Մարտակերտ հասան` ետ դարձան, բայց միայն ետ դառնալը քիչ է: Երբ ատրպէյճանցիք Մարտակերտի ուղղութեամբ կը գրոհէին եւ յառաջ կը շարժէին` անոնց գրոհը պահ մը` մէկ օր կանգնեցուցած են ռուսական օդոյժին հարուածով՚,- կ’ըսէ Մանուչարեանը:

Նախագահ Էլչիպէյի մամուլի քարտուղար Արիֆ Ալիեւը նկատել կու տայ, որ ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ատրպէյճանական յաջող գործողութեանց մէջ ռուսական գործօնը կարեւոր դեր խաղցած է. ՙՈրքան ես գիտեմ եւ կը յիշեմ` խօսակցութիւն կար, որ յաջող ռազմական գործողութեանց եւ Ատրպէյճանին ռուսական ռազմական օգնութեան պարագային Պաքուն իր վրայ որոշակի պարտաւորութիւններ կը վերցնէ: Անշուշտ, պաշտօնապէս չէր ըսուեր, որ Ատրպէյճանը Ռուսիոյ հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ կը պաշտպանէ, աւելի սերտ մասնակցութիւն կ’ունենայ Ա. Պ. Հ.ի հետ, Հ. Ա. Պ.ին կը միանայ: Ատրպէյճանն այդ պարտաւորութիւնները չկատարեց, եւ հակամարտութեան ու Ատրպէյճանի նկատմամբ ռուսական բանակին վերաբերմունքը փոխուեցաւ: Բանական տրամաբանութեան համար դժուար է հասկնալը, թէ երբ սրընթաց, յաջող մարտեր կ’ընթանան, բայց կը կանգնեցուին եւ հակառակ ուղղութեամբ կը շրջուին՚:

Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանը, ի պատասխան դաշնակցական մամուլի մեղադրանքներուն, թէ իբր ինքը շահումեանցիներուն խոստացած է արագօրէն 30 հրասայլ ղրկել, բայց չէ ըրած, ըսած է. ՙՇահումեանը պաշտպանուելու համար ունէր մարդկային եւ ռազմական բոլոր միջոցները, եւ այն, ինչ հոն կրնար ղրկուիլ` արդէն ղրկուած էր: Պարզապէս մեծ դեր կատարեց թշնամիին անակնկալ եւ աննախադէպ, լայնածաւալ յարձակումը: Արագօրէն կուտակուած այդ մեծ հզօրութիւնը երբ յարձակեցաւ ու ճեղքեց պաշտպանական առաջին գիծը` գործել սկսաւ խուճապը, զոր ճամբուն վրայ ամէն ինչ ձնագունդի նման հաւաքելով` քշեց, տարաւ՚:

Շահումեանի անյաջողութեան համար երբեմն կը մեղադրեն Հ. Յ. Դ.ն եւ տեղի հրամանատար Շահէն Մեղրեանը:

Հրանդ Մարգարեանը կ’ըսէ, որ Շահումեանի անկումը Հ. Յ. Դ.ին վերագրելն անբարոյ մեղադրանք է ո’չ այնքան կուսակցութեան, որքան Մեղրեանի հասցէին. ՙԿռիւ էր, եւ կռուի մէջ յաղթել եւ պարտուիլ կային: Մենք ի վիճակի էինք կռուելու, երբ մեր դէմ ատրպէյճանցին կը կռուէր, ի վիճակի էինք, երբ խորհրդային բանակը կողմնակիօրէն կ’օգնէր Ատրպէյճանին, բայց մեր ոյժերն իրօք սահմանափակ էին, երբ խորհրդային բանակը մեր դէմ կը կռուէր: Պուզլուխի անկման ժամանակ հոն էի, 11 հոգի զինուած էինք ինքնաձիգներով, մեր դէմ դուրս եկաւ 11 հրասայլ, ալ չեմ ըսեր օդանաւերու, զինուորներու մասին: Մենք մեր պարտութիւնները կրած ենք ռուսական, աւելի ճիշդ` խորհրդային բանակին պատճառով: Եթէ այսօր չունինք Շահումեանը` այդ չի նշանակէր, որ մեզի ատրպէյճանցիներն են յաղթած՚:

Հրայր Կարապետեանը կ’աւելցնէ, որ հայկական ջոկատները կռուած են մինչեւ վերջ, իսկ ՙՄեղրեանը Շահումեանէն չէ հեռացած քանի դեռ չէ օգնած վերջին շահումեանցիին` դուրս գալու՚:

Զօրի Բալայեանը կը գրէ. ՙՈմանք շահումեանցիները դաւաճան, վախկոտ կը սեպէին: Միւսները բոլորովին չէին կասկածեր, որ անոնց դաւաճանած են: Ճիշդ ատոր համար ալ անոնք չէին ուզեր կանգ առնել Ստեփանակերտի մէջ: Այն փաստը, որ այդ մարդիկ մինչեւ վերջ իրենց երախաները պահած են Կիւլիստանի մէջ` շրջապատուած թշնամական հրասայլերով ու հրթիռներով, կը խօսի այն մասին, որ անոնք ո’չ միայն պայքարած են մինչեւ վերջ, այլեւ յուսացած ու հաւատացած են՚:

Կէորկի Գասպարեանը` ՙԿրատ՚ Ժորան եղած է հրետանիի հրամանատարը, մասնակցած ռազմական գործողութիւններուն` Շուշի, Քելպաճար, Օմարէն մինչեւ Արաքսի ափ, Մարտակերտ: 1992ի ամրանը տասնեակ ուրիշ բնակավայրերու հետ հակառակորդի վերահսկողութեան տակ կ’անցնի անոր ծննդավայր Զարդախաչ գիւղը:

ՙԴուն տեսա՞ծ ես, թէ անասուններն ինչպէս կը քշեն: Ահա’ այդպէս մեր ժողովուրդը` երախաներ, ծերեր, մայրեր, ողբով դուրս կու գային Մարտակերտի գիւղերէն, ոտաբոպիկ կ’անցնէին քովէս: Ատիկա ինծի համար պատերազմին մէջ ամենէն ծանր, ամենէն ողբերգական օրն էր: Այս պատերազմին կորսնցուցած եմ եղբայրս եւ քրոջս տղաները, իմ մարտական ընկեր, հերոս Սամուէլ Սաֆարեանը: Լացած եմ մեր բոլոր զոհուած տղոց համար: Բայց ինծի համար ամենածանրը Շահումեանի եւ Մարտակերտի բռնագրաւումն էր: Սերժ Սարգսեանը զիս Ղարաբաղի հիւսիսային շրջան ղրկած էր, որպէսզի հրետանիի օգնութեամբ գոնէ ապահովուի ժողովուրդի անվտանգ կերպով դուրս բերումն իրենց տուներէն: Քովէս ողբով, լացով կ’անցնէին ուսուցիչներս, ազգականներս, համագիւղացիներս՚:

Աւերուած Ստեփանակերտի մէջ կ’երեւին Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջաններէն եկող առաջին փախստականները: ՙԿեդրոնական հրապարակին մէջ շուտով սունկերու նման աճեցան իւրօրինակ օթեւանները` վրաններ, բեռնատարներ, սայլեր: Մեծամասնութիւնը կանայք, ծերունիներ ու երախաներ էին: Շատ երախաներ կային: Ամէն օր այս անօթի եւ չարացած մարդոց քովէն պէտք է անցնէիր… Անոնք զրկուած էին հարազատ օճախէն, կեանքի ընթացքին ստեղծածէն, հայրերու ու պապերու ձգածէն… Եւ հիմա անոնց ուզածը միայն մէկ բան էր` զիրենք ինքնաշարժներով Երեւան տանիլ: Հոն` Երեւանի մէջ, կ’որոշեն, թէ ի՞նչ ընեն: Միայն թէ չմնան Ստեփանակերտի մէջ: Բոլորը Երեւան կ’ուզէին՚,- կը գրէ Բալայեանը:

Ներքաղաքական լարուածութիւն Հայաստանի մէջ

Շահումեանի եւ Մարտակերտի օրհասական վիճակը 22-24 Յունիսին կը քննարկուի Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի արտակարգ նիստին: Ելոյթ կ’ունենան նաեւ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ու Լ. Ղ. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատար Կէորկի Պետրոսեանը: Հ. Հ.ի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ’առաջարկէ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ռազմական դրութիւն մտցնել, զինուորական տարիքի եւ զինապարտ տղամարդոց Հայաստանէն ազատ արտագաղթն արգիլել, ցոյցերու, հանրահաւաքներու եւ երթերու կազմակերպումն ու իրականացումը ժամանակաւորապէս արգիլել, լրատուամիջոցներուն մէջ ռազմական գրաքննութիւն մտցնել, ինչպէս նաեւ` պատերազմական գործողութեանց ամբողջ ընթացքին Հայաստանի տարածքին ժամանակաւորապէս դադրեցնել քաղաքական բոլոր կուսակցութեանց գործունէութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանը կ’ըսէր. ՙՊարզապէս չէք պատկերացներ, թէ քաղաքական երկպառակութիւնները որքան կ’ազդեն պաշտպանական խնդիրներուն վրայ, եւ խրամատներուն մէջ կռուող զինուորէն մինչեւ պաշտպանութեան նախարարը այդ անկայունութիւնն իրենց մաշկին վրայ կը զգան, ողջ էութեամբ կը զգան: Ատիկա արտաքին թշնամիէն աւելի վտանգաւոր է: Կը քաղաքականացուին ռազմական ջոկատներ, պետական կառոյցներ, որոշ կուսակցութիւններ նոյնիսկ կը դիմեն այնպիսի տգեղ քայլի, ինչպէս մահացած ռազմիկին իբրեւ որեւէ կուսակցութեան անդամ ՙբացայայտելն՚ է: Այդ կուսակցութիւններէն մեր ժողովուրդն ի՞նչ օգուտ տեսած է: Վերջերս Հ. Յ. Դ.ն սփիւռքի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան համար հանգանակած է պատկառելի գումար մը` աւելի քան կէս միլիոն տոլար, որմէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը որեւէ կոպէկ չէ ստացած, եւ ընդհանրապէս` այդ գումարներն ո՞ւր գացած են՚:

Տէր Պետրոսեանը կը յայտարարէր, որ վերջին տարիներուն Հ. Յ. Դ.ն արտասահմանի մէջ Արցախին ռազմական օգնութեան նպատակով հաւաքած է հինգ միլիոն տոլար, որմէ ընդամէնը 40 հազարը ծառայած է նպատակին: ՙԱյս չորս տարուան ընթացքին Հ. Յ. Դ.ն Արցախ ընդամէնը 230 ՙՔալաշնիքով՚ ինքնաձիգ ղրկած է: Արցախի մէջ 7 հազար զինուոր կը կռուի, բոլորն ալ ինքնաձիգներով եւ աւելի ծանր զէնքերով զինուած են՚:

Դաշնակցութիւնն այս յայտարարութիւնները զրպարտութիւն եւ ապերախտութիւն կը նկատէ կուսակցութեան հանդէպ, եւ կը պնդէ, որ Հ. Յ. Դ.ն իր առաւելագոյնը տուած է արցախեան ազատամարտին: Բացի նիւթական միջոցներէն, զորս տրամադրած է Հ. Յ. Դ.ն իր աշխարհասփիւռ կառոյցներէն, արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած են կուսակցութեան մօտ 300 անդամներ, շուրջ հազարը` վիրաւորուած:

ՙՄէկ կողմէ կը հալածուէինք, միւս կողմէ` ճիգ կը թափէինք արտաքին թշնամիին դէմ պայքարելով: Յաջողեցանք Հ. Հ. Շ.ական պետականութեան, իշխանութեան տակ պայքարը շարունակել: Մենք չենք փորձած ներքաղաքական հարցերը հայրենիքի պաշտպանութեան գործին հետ խառնել: Առաջին իսկ պահէն, երբ պետականութիւնը փորձած է ներկայութիւն ունենալ Ղարաբաղի մէջ` անոր ենթարկուած ենք: Մենք յստակ գիծ մը որդեգրած էինք` երկրի պաշտպանութիւնն ընդհանուր, պետական գործ է, մենք պէտք է զինուոր ըլլանք, եւ պաշտպանութիւնը պէտք չէ քաղաքականութեան խառնենք՚,- կ’ըսէ Հրանդ Մարգարեանը:

23 Յունիս 1992ին խորհրդարանին մէջ կը ձեւաւորուի ՙԱզգային Դաշինք՚ ընդդիմադիր միաւորումը, որուն մաս կը կազմեն Ռամկավար Ազատական, Քրիստոնեայ Ժողովրդավարական Միութիւն, Հ. Յ. Դ., Ա. Ժ. Մ., Ա. Ի. Մ., Ս. Ի. Մ. եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները: Ազգային Դաշինքը խորհրդարանին կը ներկայացնէ որոշման նախագիծ մը` պահանջելով անընդունելի նկատել միջազգային կամ ներպետական որեւէ փաստաթուղթ, ուր Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս նշուած կ’ըլլայ:

Նոյն օրը Տէր Պետրոսեանը կ’երթայ Սթամպուլ` մասնակցելու Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան երկրորդ խորհրդաժողովին: Էլչիպէյը կը մերժէ հանդիպիլ Հայաստանի նախագահին հետ մինչեւ հայերը դուրս չգան Շուշիէն եւ Լաչինէն: Ռազմաճակատին վրայ ունեցած յաջողութիւնը հայոց հետ շփումներէն հեռու կը պահէր Էլչիպէյը:

Տէր Պետրոսեանը նկատել տուած է. ՙՄենք շփումներ չենք ունեցած, չնայած ընտրութենէն յետոյ հեռաձայնեցի Էլչիպէյին` շնորհաւորելու: Ծիծաղելի բան եղաւ: Անոր օգնականը շփոթեցաւ, յետոյ հեռաձայնեց օգնականիս` հարցնելով, թէ ի՞նչ բանի մասին կ’ուզեմ խօսիլ: Հարկ եղաւ բացատրել, որ նման բաներու մասին հարցնելն ընդունուած չէ, ամէն ինչ պարզ կ’ըլլայ բուն խօսակցութեան ընթացքին: Այդպէս ալ չխօսեցանք: Իսկ Մութալիպովի հետ յարաբերութիւնները բնական էին, բայց սկիզբէն իսկ ինծի համար պարզ էր, որ անոր հետ զրոյցները բան մը չէին պարտադրեր. ան իրական իշխանութիւն չունէր, եւ պայմանաւորուածութիւններն իմաստ չունէին՚:

Քելպաճարի կորուստէն ետք Էլչիպէյն արդէն ստիպուած էր շփուելու Տէր Պետրոսեանի հետ: Ատիկա 1993ի գարնանն էր: 17 Ապրիլին, սրտի անբաւարարութենէն Անգարայի մէջ մահացած էր Թուրքիոյ նախագահը: Թիւրկիւթ Էօզալի թաղման մասնակցելու նպատակով Անգարա գացած էր նաեւ Տէր Պետրոսեանը: 21 Ապրիլին ան Անգարայի մէջ առանձին հանդիպումներ կ’ունենայ Էլչիպէյի, Ալիեւի եւ Տէմիրէլի հետ: Ամերիկացի լրագրող Թոմաս Կոլցը կը պնդէ, որ Անգարայի մէջ Տէր Պետրոսեանն ու Էլչիպէյը երեք անգամ հանդիպած են: Առաջին կարճ զրոյցը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Տէմիրէլի կազմակերպած ընդունելութեան ընթացքին` վերջինիս առաջարկով:

ՙՏէր Պետրոսեանի եւ Էլչիպէյի երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ վերջինիս պանդոկի սենեակին մէջ: Առանձին զրոյց մըն էր, որմէ Էլչիպէյը ցնցուած, խառնուած էր: Վուկարը պատուիրակութեան հետ կը ճամբորդէր իբրեւ թարգմանիչ եւ թիկնապահ: Տէր Պետրոսեանի հեռանալէն ետք ան սենեակ մտած առաջին անձն էր: ՙԷլչիպէյը գլուխը ձեռքերուն մէջ պահած էր: Ես չեմ գիտեր, թէ Տէր Պետրոսեանն ի՞նչ ըսած էր անոր, բայց նախապէս զայն երբեք այդպիսի վիճակի մէջ չէի տեսած: Ես զայն շատ տարբեր վիճակներու մէջ տեսած էի: Ան ջախջախուած էր՚,- ինծի պատմեց Վուկարը՚:

Հայաստանի խորհրդարանի 24 Յունիս 1992ի նիստին Հ. Հ. Շ.ն կը համաձայնի Ազգային Դաշինքի ներկայացուցած որոշման նախագիծին հետ, միայն մէկ` ՙեթէ Լ. Ղ. Հ.ն դէմ է՚ նախադասութեան լրացումով: Գերագոյն Խորհուրդը 8 Յուլիսին կը կայացնէ ՙԼ. Ղ. Հ.ի մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին որոշում՚ը, որով խորհրդարանականները պէտք է ՙհետեւողականօրէն սատար կանգնին Լ. Ղ. Հ.ին եւ անոր բնակչութեան իրաւանց պաշտպանութեան, Հայաստանի համար անընդունելի նկատեն միջազգային կամ ներպետական ամէն փաստաթուղթ, ուր Լ. Ղ. Հ.ն նշուած կ’ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ՚: Ի պատասխան` Տէր Պետրոսեանը կը հակադրուի. ՙՀայաստանը երբեք չստորագրէր որեւէ փաստաթուղթ, որու տակ չ’ըլլար նաեւ Լ. Ղ. Հ.ի ղեկավարութեան ստորագրութիւնը՚: Ընդդիմութիւնը կը պահանջէր նաեւ, որ Հայաստանը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:

Ժիրայր Լիպարիտեանը կը գրէ. ՙՏէր Պետրոսեանը մերժեց: Ան կը պնդէր, որ մշտական եւ կայուն լուծումը կը պահանջէր կարգաւորման հասնիլ բանակցութեանց միջոցով` անպայման հիմնուած կողմերու փոխզիջումներուն վրայ, եւ որ Հայաստանի կողմէ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը բանակցութիւնները կը կանխորոշէին եւ խնդիրը չլուծուած կը մնար… 1998ին, նախագահ Քոչարեանի խորհրդականներէն էին Հ. Յ. Դ.ի առաջնորդներէն Վահան Յովհաննիսեանը, Ա. Ի. Մ.ի ղեկավար Պարոյր Հայրիկեանը, Դեմոկրատական Կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեանը, Ա. Ժ. Մ.ի առաջնորդ Վազգէն Մանուկեանի տեղակալ Դաւիթ Վարդանեանը նախագահի գրասենեակին մէջ Վերահսկողութեան Ծառայութեան տնօրէնն էր: Անոնք բոլորը կը ներկայացնէին այն կուսակցութիւնները, որոնք 1992ին Տէր Պետրոսեանէն կը պահանջէին միակողմանիօրէն ճանչնալ Ղարաբաղի անկախութիւնը: Քոչարեանին միանալու ժամանակէն ի վեր անոնցմէ որեւէ մէկը յառաջ չքաշեց այդ հնարաւորութիւնը, որեւէ մէկը չպահանջեց, առնուազն հրապարակաւ, որ Ղարաբաղը կցուի Հայաստանին՚:

11 Նոյեմբեր 1992ին Տէր Պետրոսեանը լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է. ՙՇատ սուր բանավէճերէ յետոյ, խորհրդարանն այնքան խոհեմութիւն ունեցաւ, որ չճանչցաւ Ղարաբաղի անկախութիւնը: Ատիկա պարզապէս մարտահրաւէր կ’ըլլար ողջ աշխարհին, այս անգամ արդէն քաղաքական արկածախնդրութեան միջոցով, կը նշանակէր Ատրպէյճանի հետ պատերազմի ներքաշուիլ՚:

Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեանը 1992ի Օգոստոսին ներկայացուցած է Լ. Ղ. Հ.ն ճանչնալու կարեւոր հինգ պատճառները: Թիւ մէկ դիւանագէտը, չընդունելով Տէր Պետրոսեանի դիրքորոշումը եւ հակադրուելով նախագահական վարչանիին, կը պնդէր, որ Լ. Ղ. Հ.ն ճանաչման լուրջ կռուաններ ունի, մասնաւորապէս` Արցախը կը համապատասխանէ Մոնթէվիտէոյի 1933ի պայմանադրութեան` պետականութեան չափանիշներուն. Ղարաբաղն ունի սահմանուած տարածք, մշտական բնակչութիւն, օրինական կառավարութիւն եւ ընտրուած խորհրդարան, ուրիշ երկիրներու հետ պաշտօնական յարաբերութիւններ հաստատելու ունակ է:

Երկրորդ` Ղարաբաղի ժողովուրդը 10 Դեկտեմբեր 1991ի հանրաքուէին միջոցով իրականացուցած է ինքնորոշման իր իրաւունքը:

Երրորդ` Ղարաբաղը տէ-ֆաքթօ անկախ պետութիւն է, Ատրպէյճանի հետ քաղաքական կամ տնտեսական որեւէ կապ չունի, այդ երկրի կառավարութենէն ֆինանսական որեւէ աջակցութիւն չստանար եւ քաղաքացիները հարկեր չեն վճարեր Ատրպէյճանին, սեփական կառավարութիւնը, խորհրդարանն ու պաշտպանական ոյժերն ունի:

Չորրորդ` ատրպէյճանական իշխանութեան ենթակայութեան տակ եղած ժամանակ Արցախի ժողովուրդի քաղաքացիական, մշակութային եւ մարդկային միւս իրաւունքները Խորհրդային Ատրպէյճանը քանիցս ոտնահարած է:

Հինգերորդ` առանց ատրպէյճանական նախայարձակման դէմ միջազգային երաշխիքներու, որոնք կրնայ ապահովել միայն ճանաչումը, Պաքուն կը շարունակէ հետապնդել խնդիրի ռազմական լուծման տարբերակը` նպատակ ունենալով արցախահայութեան ոչնչացումը:

Հանդիպում Սոչիի մէջ

1992ի ամառը Ղարաբաղի եւ Հայաստանի համար ամենածանր ժամանակներն էին պատերազմի երեք տարիներուն ընթացքին: 30 Յուլիսին Լաչինի շրջանի Հոչազ եւ Տիգիկ գիւղերուն մօտակայքը ատրպէյճանական ոյժերն անակնկալ յարձակում մը կատարած էին Ա. Ի. Մ.ի ջոկատներէն մէկուն վրայ, 24 հայեր սպաննուած էին, 8ն` անհետ կորսուած: Օգոստոս-Սեպտեմբերին ղարաբաղեան ոյժերը քիչ մնաց որ Լաչինի միջանցքը կորսնցնէին:

Ատրպէյճանի բանակային երկրորդ զօրամիաւորումը (քորփուս) զօրավար (գեներալ-մայոր) Տատաշ Ռզաեւի հրամանատարութեամբ յարձակում սկսած էր հիւսիսէն: Ղարաբաղեան ոյժերը յաջողեցան հակառակորդը կանգնեցնել Լաչինէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Ատրպէյճանական զինոյժը 8 Օգոստոսին գրոհով վերցուցած էր Հ. Հ.ի Քրասնոսելսքի շրջանի` Ատրպէյճանի տարածքին մէջ կղզեակի վերածուած Արծուաշէն գիւղը: Հայկական կողմը աւելի քան երկու տասնեակ զոհ տուաւ:

9 Օգոստոսին Տէր Պետրոսեանը հեռագիր կը յղէ Հ. Ա. Պ.ի ղեկավարներուն` յորդորելով կատարել Հայաստանի նկատմամբ պարտաւորութիւնները, քաղաքական, ռազմական եւ այլ միջոցներով կանխել պատերազմը. ՙԱտրպէյճանը գրաւած է Հայաստանի տարածքին մէկ մասը` Արծուաշէն գիւղը, եւ ներխուժած անոր օդային տարածքը` ռազմական ինքնաթիռներով ռմբակոծելով Գորիսի շրջանը: Հ. Ա. Պ.ի անդամ պետութեանց դէմ նախայարձակում է կատարուած՚: Պատերազմի ծանր շրջանին, Վազգէն Սարգսեանի կոչով, 16 Օգոստոսին կը կազմաւորուի ՙԱրծիւ-Մահապարտներ՚ գումարտակը:

11 Օգոստոսին Ա. Մ. Ն.ի Քոնկրէսն ընդունած էր Ազատութեան Աջակցութեան Աքթի 907րդ ուղղումը, որով ամերիկեան կառավարութեանը կ’արգիլուէր ուղղակի օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին, քանի դեռ վերջինս չի դադրեցնէր Հայաստանի ու Ղարաբաղի շրջափակումը: 2001ի Հոկտեմբերին, հաշուի առնելով Ա. Մ. Ն.ի հակաահաբեկչական համընդհանուր պայքարը, Ծերակոյտը ժամանակաւորապէս կը կասեցնէ 907րդ ուղղման ոյժը:

ՙՀայաստանը ամերիկահայ համայնքի աջակցութեամբ կրցաւ Քոնկրէսին հասու դարձնել, որ մեզի պատերազմ պարտադրուած է, երկիրը շրջափակման մէջ է, եւ եթէ Ա. Մ. Ն.ն կ’աջակցի նորանկախ պետութիւններու ժողովրդավարացմանը` պէտք չէ այդ ժողովրդավարացման աջակցութիւնն գործածուի դրացի երկրին հանդէպ թշնամական գործողութիւններ իրականացնելու վրայ, ինչպէս շրջափակումն է՚,- կ’ըսէ Մ. Ա. Կ.ի մէջ Հայաստանի դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեանը:

Օգոստոսի կէսերուն Հայաստանին նոր հարուած մը կը հասցուի. կը փակուի աբխազական երկաթուղին, որով կ’ապահովուէր երկաթուղային եւ ցամաքային կապը Ռուսիոյ հետ:

Արզումանեանը 20 Օգոստոսին նամակով կը դիմէ Մ. Ա. Կ.ին` անմիջապէս Անվտանգութեան Խորհուրդի (Ա. Խ.) նիստ հրաւիրելու խնդրանքով: ՙՌուսական զօրքերու օգնութեամբ, Ատրպէյճանը յարձակումներ կ’իրականացնէր Ղարաբաղի նկատմամբ, Մարտակերտի շրջանի զգալի մասը գրաւուած էր: Մենք Մ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.էն կը պահանջէինք դատապարտել Ղարաբաղի բնակչութեան հանդէպ իրականացուող յարձակողական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի շրջափակումներուն քաղաքական գնահատական կ’ակնկալէինք: Մ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.ն, բացի բանաձեւերէ, նաեւ նախագահական յայտարարութիւն ընդունած է: Երբ Ա. Խ.ն հարցի մը շուրջ տարաձայնութիւն չ’ունենար` իր նախագահը կը լիազօրէ հանդէս գալու յայտարարութեամբ: Նման 7 յայտարարութիւն եղած է, որոնց մէջ միանշանակ դատապարտուած է շրջափակման իրականացումը՚,- կ’ըսէ ան:

21 Օգոստոս 1992ին Քրեմլինի մէջ Ելցինը կ’ընդունի Տէր Պետրոսեանը, կը ստորագրուի Հայաստանի տարածքին տեղակայուած ռուսական զինուած ոյժերու մասին համաձայնագիր մը: 17-18 Սեպտեմբերին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը Երեւանի մէջ Տէր Պետրոսեանի հետ կը քննարկէ Հայաստանի մէջ ռուսական զօրքերու կարգավիճակին հարցը: Մէկ օր յետոյ` 19 Սեպտեմբերին, Սոչիի մէջ Փաւել Կրաչովը, նոյնիսկ առանց տեղեկացնելու Քազիմիրովը, քառակողմ հանդիպում մը կը կազմակերպէ անդրկովկասեան երեք պետութեանց պաշտպանութեան նախարարներ Վազգէն Սարգսեանի, Ռահիմ Ղազիեւի եւ Թենկիզ Քիթովանիի մասնակցութեամբ:

25-26 Սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի կ’ունենայ հայ, ատրպէյճանցի եւ ռուս ռազմական ներկայացուցիչներու հանդիպում մը եւ կը ստորագրուի արձանագրութիւն մը, որով հակամարտութեան գօտի պէտք է դիտորդներ ղրկուէին: Կ’որոշուի նաեւ 26 Սեպտեմբերէն 60 օրով դադրեցնել կրակը: Սակայն զինադադարը կը պահպանուի 20 վայրկեան, եւ Կրաչովը ռուս դիտորդները ետ կը կանչէ:

Լուսանկարը՝ Տէր Պետրոսեան – Էլչիպէյ հանդիպում Անգորայի մէջ, Ապրիլ, 1993թ.

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):


Բեկում ռազմաճակատին վրայ [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քսաներեքերորդ գլուխ

1992ի ամրանը եւ աշնանը ղարաբաղեան ոյժերը կենաց ու մահու կռիւ կը մղէին: Աւելի քան կէս տարի ռազմական գործողութիւնները հիմնականին մէջ կը ծաւալուէին Մարտակերտի շրջանին մէջ: Հայերն ու ատրպէյճանցիներն այդ մարտերուն իրենց լաւագոյն տղաքը կը կորսնցնէին: Այս ժամանակաշրջանին սպաննուեցան Լէոնիտ Ազկալտեանը, Աշոտ Ղուլեանը, Սամուէլ Շահմուրատեանը եւ շատ ուրիշներ:

20 Հոկտեմբերին Լեւոն Տէր Պետրոսեանը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը կը վստահի իր նախկին գաղափարակից, ընդդիմութեան շարքերն անցած Վազգէն Մանուկեանին` քաղաքական եւ հոգեբանական առումով արդարացուած քայլ կատարելով: Նախ, ասով նուազագոյնի կը հասցուի ռազմի դաշտին վրայ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն հաւանական հակասութիւնը, երկրորդ` ընդդիմութեան վրայ ալ բեռ, իսկ պատերազմին մէջ յետագայ անյաջողութեանց պարագային` պատասխանատուութեան բաժին կը դրուի:

ՙՄենք քաղաքական ծանր վիճակի մէջ էինք: Շուշիի փայլուն յաղթանակէն քիչ ժամանակ յետոյ կորսնցուցած էինք Շահումեանը, Մարտակերտի մեծ մասը, Արծուաշէնը, խուճապ կը տիրէր ռազմաճակատին վրայ: Ընդդիմութիւնը համախմբուած էր ուժեղ դաշինքի մը մէջ, քաղաքական պայքար կը մղուէր, եւ ռազմական տեսակէտէն անելանելի թուացող այդ վիճակին մէջ Տէր Պետրոսեանը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնն առաջարկեց ինծի՚,- կը գրէ Մանուկեանը:

Անոր վարչապետութեան օրերուն` 4 Մայիս 1991ին ստեղծուած էր Պաշտպանութեան Կոմիտէն` ապագայ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Մանուկեանը համոզուած էր, որ Հայաստանը պէտք է ունենայ բանակ, ո’չ թէ ՙփարթիզանական, ֆետայական խումբեր, որոնք մեր ժողովուրդը կործանման կը տանին՚: Ան կը կարեւորէր, բայց չէր բացարձակացներ կուսակցութեանց եւ անհատներու դերը ղարաբաղեան պատերազմին մէջ:

ՙՀ. Յ. Դ.ն դերակատարութիւն ունէր, բայց ատիկա մասնիկ մըն էր ամբողջի մէջ: Ա. Ի. Մ.ն ունէր ջոկատներ, մասնիկ մըն էր, Հ. Հ. Շ.ի մասնակցութիւնն այնքանով էր, որ պետական վարչամեքենային մէջ էր: Պատերազմը կը յաղթէ պետութի’ւնը, ո’չ թէ կուսակցութիւնը: Պատերազմին կը պարտուի պետութի’ւնը: Կուսակցութեանց օգտագործած բոլոր ջանքերը չնչին նշանակութիւն ունէին` համեմատած պետական ջանքերուն հետ: Անձերէն ալ շատ բան կախուած էր: Բայց ամենակարեւորն այն էր, որ կային տասնեակ հազարաւոր հայեր, որոնք իրենց կեանքը տալու պատրաստ էին յանուն Ղարաբաղի: Բացի այդ, Ղարաբաղը հերոսութիւն ցոյց տուաւ, ամբողջ ժողովուրդը մասնակից էր այդ պատերազմին, որովհետեւ անիկա անոնց համար վերացական պատերազմ չէր միայն, այլ նաեւ` իրենց ընտանիքը, տունը պաշտպանելու հարց էր: Եթէ Հայաստանի մէջ կը բոցկլտար հայրենասիրութիւնը` ղարաբաղցիներուն համար, բացի հայրենասիրութենէն, կար դիմակայելու որոշակի խնդիր` քու տունդ գրաւելու եկած են՚:

Հրանդ Մարգարեանը կը հաւատայ, որ յաղթանակ տարաւ հայ ժողովուրդը, իսկ պայքարը ղեկավարեց պետականութիւնը: Ազգային ազատագրական պայքարը նաեւ պետական պայքար դարձաւ. ՙԿրնայ քիչ մը կոպիտ հնչել, բայց Ղարաբաղի պայքարը պարտադրուեցաւ պետականութեան: Հայաստանը Ղարաբաղի պայքարին տէր կանգնելէ ուրիշ ելք չունէր: Հոն (Ղարաբաղի մէջ) իրական ոյժ կար, այդ իրական ոյժն ամէն վայրկեան կացութիւններ կը ստեղծէր, իսկ այդ կացութիւններն, ուզէինք թէ ոչ, կ’ազդէին Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վրայ: Եւ որպէսզի այդ ոյժը կարենային սանձել կամ ղեկավարելի դարձնել, պետութիւնը մասնակցելու պարտաւոր էր: Ես չեմ ըսեր, որ այդ ժամանակ` Ղարաբաղին տէր չկանգնելու գիտակցաբար որոշում կար, իսկ Հ. Յ. Դ.ն հակառակը կը պարտադրէր: Իշխանութեան ներսը անորոշութիւններ եւ ինքնավստահութեան պակաս կային: Բայց Հայաստանի պետութիւնը համոզուեցաւ, որ պէտք է տէր կանգնիլ Ղարաբաղի պայքարին: Այո’, պետականութեան դերն իսկապէս մեծ էր՚:

Շարժանկարի բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեանն ուրիշ կարծիք ունի: Ան վտանգաւոր եւ վնասակար կը նկատէ այն հաստատումները, թէ պատերազմը յաղթած է հայոց բանակը: Անոր կարծիքով` առանցքային էր արցախցիներու, Երեւանէն, Կիւմրիէն, ուրիշ բնակավայրերէ գացած կամաւորներուն եւ սփիւռքէն եկած մօտ մէկ տասնեակ տղոց դերը:

ՙԿամաւորական ջոկատները բանակի մէջ միաւորելու փորձ եղաւ: Այդ բանակը խայտառակ պարտութիւններ կրեց 1992ի ողջ ընթացքին: 1993էն փոփոխութիւն կատարուեցաւ. պաշտպանական մարտերը յանձնուեցան տարածքային ջոկատներուն, կոպիտ կերպով ըսած` ամէն գիւղ կը պահէր այդ գիւղի գումարտակը, ջոկատը եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ հնարաւոր եղաւ ատրպէյճանական գունդի դէմ դնել հայկական գումարտակ, գումարտակի դէմ` դասակ: Տղաները կը կռուէին` իմանալով, որ երկու հարիւր մեթր ետեւը` թիկունքին, իրենց գիւղն է, երախաները, կանայք եւ մայրերը: Դիմացէն կու գային Պաքուէն եւ ուրիշ տեղերէ ատրպէյճանցիներ, որոնք միտքով իրենց տունն էին, իսկ անոնց դիմաց կանգնած տղաները տան համար կը կռուէին: Ամէն ինչ էր այն գաղափարը, թէ ղարաբաղցի կռուող գիւղացին մինակ չէր, եւ թէ մարդ մը Երեւանի մէջ ձգած է ընտանիքը, երախան, աշխատանքը, ուսումը եւ եկած է իրենց գիւղը` իրենց հետ իրենց հացը ուտելու, իրենց հետ մեռնելու՚:

Ռոպէրթ Քոչարեանը սփիւռքի եւ Հայաստանի կամաւորներու մասնակցութեան մասին ըսած է. ՙԻրականին մէջ` անոնք քանի մը հոգի են, թէեւ կան պայծառ, շատ յայտնի անուններ, ինչպէս օրինակ, Մոնթէ Մելքոնեանն էր: Հայաստանցի կամաւորներուն դերն ալ չափազանցուած է: Ղարաբաղի մէջ կռուիլը մեծ պարծանք էր: Մէկ ամիս Ղարաբաղի մէջ կռուածներն անթաքոյց հպարտութեամբ կը վերադառնային Երեւան: 1991ին, դուրսէն եկածներուն թիւը ջոկատներու մարտիկներուն 8-10 տոկոսը կը կազմէր: Իսկ այժմ անոնց թիւը Լ. Ղ. Հ.ի Պաշտպանութեան Բանակին մէջ աւելի քիչ տոկոս կը կազմէ՚:

Տիգրան Խզմալեանը քանի մը անգամ շփուած է Մոնթէի հետ. ՙԱնոր ներկայութիւնն Արցախի մէջ խորհրդաւոր ոյժ մը կու տար: Մոնթէն պարզապէս փոխեց բանակին մարտավարութիւնը, ան վարժուած մարդ էր, փարթիզանական գործողութիւնները շատ լաւ կը հասկնար: Պատերազմին կային մարդիկ, ի դէմս Մոնթէի, Լէոնիտ Ազկալտեանի եւ Քոմանտոսի, որոնք բարոյական նկարագիր ձգեցին: Մենք յաղթեցինք հիմնականին մէջ բարոյական առաւելութեան շնորհիւ: Ասիկա գաղափարապաշտական կը հնչէ, բայց մենք զէնք, զինամթերք, կենդանի ոյժ չունէինք, ունեցածնիս` ոգի’ն էր՚:

Վահան Շիրխանեանը կը հաւատայ, իր իսկ խօսքերով` ՙհայ ազգի առասպելին՚. ՙԻ հարկէ` Մոնթէ Մելքոնեանը հսկայական գործ ըրած է, բայց ան այդ չէր կրնար ընել, եթէ անոր շուրջը չ’ըլլային այն տղաները, որոնք գացած էին կամաւոր զոհուելու, որոնց ընտանիքները կամաւոր ղրկած էին յաղթելո’ւ եւ եթէ պէտք է` զոհուելո’ւ համար: Այդ մարդիկ չէին փախած ընտանիքէն, ընտանիքը զանոնք պատերազմի դաշտ ճամբայ դրած էր շատ լաւ հասկնալով, որ իրենց որդին, հայրը, ամուսինը կրնայ զոհուիլ: Լաւագոյն, ամենանուիրեալ, ամենաազնիւ մղումներով տղաները առջեւէն կ’երթային, եւ անոնք զոհուեցան: Յամենայն դէպս, անոնց մեծագոյն մասը զոհուեցաւ: Մեծագո’յն մասը՚:

Պատերազմը եւրոպական մամուլին մէջ լուսաբանած լրագրողներէն Վիգէն Չեթերեանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական յաղթանակին ուրիշ տեսանկիւնէ կը նայի` շատ պարագաներու զայն Պաքուի մէջ տիրող խառնակ վիճակին հետեւանքը սեպելով. ՙԻշխանութեան համար պայքար կ’ընթանար հին համայնավար պաշտօնադասին եւ Ժողճակատին միջեւ: Երբ ատրպէյճանական վերնախաւը կը յաջողէր միաւորուիլ մէկ առաջնորդի շուրջ` Ատրպէյճանը կարեւոր յաղթանակներու կը հասնէր, կամ ամենաքիչը` ան կը յաջողէր ճնշում բանեցնել Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ոյժերուն վրայ: Նման բան տեղի ունեցաւ երկու անգամ. առաջինը` 1992ի ամրանը, երբ իշխանութեան եկաւ Էլչիպէյը` Ատրպէյճանի զօրքերը յարձակման անցան եւ Ղարաբաղի քառորդ մասը գրաւեցին, եւ երկրորդ անգամ` 1993ի Դեկտեմբերին, երբ Ալիեւն իր ձեռքը վերցուց ղեկավարումը: Արագօրէն փոփոխուող ճակատային գիծը երկու կողմերու ռազմական թուլութեան մասին կը վկայէր՚:

Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեանն ուրիշ բացատրութիւն կու տայ. ՙՄենք պատերազմը յաղթեցինք, որովհետեւ հող սեփականաշնորհած էինք, մեր գիւղացին իր հողին համար կը կռուէր: Հայաստանը Ատրպէյճանէն աւելի ժողովրդավարական էր, յաղթեցինք, որովհետեւ աւելի քիչ փչացած էինք: Այդ պատերազմն էութեամբ ազգային-ազատագրական էր: Յաղթեցինք, որովհետեւ մեր զինուորին առջեւ առհասարակ աւելի ազնիւ նպատակ էր դրուած, ինչը զայն աւելի քաջ կը դարձնէր՚:

Հարաւկովկասեան երեք հակամարտութեանց մէջ յաղթանակած արցախցիները, աբխազները եւ օսերն իրենց յաջողութիւնը կը բացատրեն յանուն հայրենիքի եւ արդար գործի իրենց կռիւով, մինչդեռ վրացական եւ ատրպէյճանական զինուած խմբաւորումները զաւթիչներ էին` տունուտեղ կորսնցնելու հոգեբանութենէն զուրկ: Չեթերեանն անվիճելի ճշմարտութիւն նկատելով այս պնդումը, հարց կու տայ` նոյն տրամաբանութեամբ, ինչպէ՞ս բացատրել իրենց տունը նկատող ատրպէյճանցիներու խուճապահար փախուստը Քելպաճարէն, Ղուպաթլուէն, Զանկելանէն, Ճեպրայիլէն, Աղտամէն եւ Ֆիզուլիէն: Աբխազիայի Կալիի շրջանին մէջ վրացիները բացարձակ մեծամասնութիւն կը կազմէին, սակայն գրեթէ առանց կռուի լքեցին իրենց տուները:

Ատրպէյճանը կը պարտուի

24 Ապրիլ 1992ին Հայաստանի հարաւային Կապան քաղաքը կը ռմբահարուէր: Պատմութեան ուսուցիչ Ալպէրթ Թումանեանը կը յիշէ. ՙԱննախադէպ հրետակոծութիւն էր, զոհեր եղան բնակիչներուն մէջ: Այդ ժամանակ արդէն խօսակցութիւններ կային, որ մերձակայ Զանկելանի շրջանին գիւղերը պէտք է չէզոքացնել: Վիճակը կը շարունակէր գէշնալ, մղձաւանջային ամիսներ էին: Պէտք էր միայն պատկերացնել վիճակը, երբ ձայնասփիւռով օդային տագնապ կը յայտարարուէր: 10 Դեկտեմբերին սկսան հակառակորդին կրակակէտերը վերացնելու գործողութիւնները՚:

Միջազգային ասպարէզին մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան յարաբերութիւնները էապէս կը նպաստէին, որ պատերազմին մէջ Երեւանը յաղթանակներու յոյս ունենայ: Վազգէն Մանուկեանը կը վկայէ, որ սկզբնական շրջանին Տէր Պետրոսեանը կողմնակից չէր տարածքներ վերցնելուն եւ դժկամութեամբ ընդունած է Կապանի մերձակայ ատրպէյճանական գիւղերուն գործողութիւնը: Միւս կողմէ, սակայն, Մանուկեանը կը նշէ. ՙՏէր Պետրոսեանի յարաբերութիւնները Ելցինի եւ արեւմտեան պետութեանց ղեկավարներուն հետ էապէս կը նպաստէին, որ մենք առանց հարուածներ ստանալու կարենանք յառաջ երթալ՚:

Հայաստանի առաջին նախագահին մօտիկ նախկին պաշտօնեայ մը ըսաւ. ՙԿապանի գործողութիւնը դիւանագիտական իմաստով Հայաստանը դրաւ շատ ծանր վիճակի մէջ: Այդ օրերուն Սթոքհոլմի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենային: Անիկա պէտք է իրականացուէր, թոյլտուութիւնը կար, բայց ժամանակացոյցը ճիշդ չէր ընտրուած՚:

7-9 Դեկտեմբերին Ժնեւի մէջ ղարաբաղեան ոչ-պաշտօնական բանակցութիւններ տեղի կ’ունենային Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Ա. Մ. Ն.ի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, իսկ քանի մը օր յետոյ` 11-15 Դեկտեմբերին, Սթոքհոլմի մէջ` Մինսքի Խումբի հանդիպում եւ Ե. Ա. Հ. Խ.ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստ կային: Այս իրադարձութիւնները համընկան եւ անմիջապէս յաջորդեցին Կապանի ռազմական գործողութեան:

Վազգէն Մանուկեանը կը յիշէ. ՙԿապանի գործողութեան ժամանակ 10-11 գիւղ վերցուցինք, հակառակորդին տարածքը մտանք, ինչ որ ատրպէյճանցիներուն համար անսպասելի էր: Մենք հաշուարկած էինք, որ երբ Կապանի գործողութիւնն սկսինք` հակառակորդն ի’նչ գործողութիւններ կը սկսի: Մեր հաշուարկներով` անոնք պիտի յարձակէին Սեւանի ուղղութեամբ, ուստի հոն ծուղակներ պատրաստած էինք: Էլչիպէյը յայտարարած էր, որ պէտք է Սեւանի մէջ լոգնայ: Մենք Կապանի ուղղութեամբ գրոհեցինք` ատրպէյճանցիները յարձակեցան Սեւանի ուղղութեամբ: Եթէ անոնք Սեւան հասնէին` ատիկա հոգեբանական մեծ նշանակութիւն պիտի ունենար պատերազմի յետագայ ընթացքին վրայ: Մենք մտանք Զանկելան` ատրպէյճանցիները յարձակեցան Վարդենիսի ուղղութեամբ, բայց պարտուեցան՚:

Զանկելանի շրջանի գիւղերու գրաւմանն ատրպէյճանցիները կը պատասխանեն Կապանի ուժգին հրետակոծութեամբ: 12 Դեկտեմբերին, հացի հերթին մէջ 19 խաղաղ բնակիչ կը սպաննուի: Վարդան եւ Տիգրան Մնացականեաններն այդ օրը իրենց մայրը կորսնցուցած են: Ընտանիքին հայրը` Ժուտէքս Մնացականեանը կը պատմէ, որ երբ ռմբահարումները կը սկսէին` մօտակայ շէնքերուն բնակիչները ապաստարանը կը հաւաքուէին: ՙԵրբ հացի բեռնատարը եկաւ` մարդիկ դուրս եկան հաց գնելու: Անոնց մէջ էր կինս` Արինէն: Մարդիկ հերթի մէջ էին երբ ռումբը մօտերն ինկաւ: Դուրս եկայ ապաստարանէն, տեսայ, որ Արինէն ինկած է շէնքի բակին մէջ: Ան չէր կրնար շարժիլ, բեկորը ողնուղեղը կտրած էր: Ուղղաթիռով քանի մը շատ ծանր վիրաւորներու հետ կինս ալ Երեւան տեղափոխեցին ու վիրահատեցին: Ան ինծի յոյս կու տար, թէ լաւ կ’ըլլայ: Բայց ընդամէնը 17 օր ապրեցաւ: Ան 43 տարեկան էր՚,- ափսոսանքով կը յիշէ Մնացականեանը:

Նախագահ Էլչիպէյի մամուլի քարտուղար Արիֆ Ալիեւը կ’ըսէ, որ 1992ի Դեկտեմբերը շատ ծանր շրջան էր նաեւ Ատրպէյճանի համար: Հայկական ոյժերը Զանկելանի մէջ քանի մը գիւղեր գրաւած էին: Այդ օրերուն, ՙՆիւ Եորք Թայմզ՚էն երկու լրագրող արձանագրուած էր նախագահին հետ հարցազրոյցի համար. ՙՆերս մտայ ըսելու, որ լրագրողները եկած են: Էլչիպէյը չափազանց տխուր էր, նստած էր յոգնած տեսքով: Առաջարկեցի զրոյցի ժամանակը փոխել: Ըսաւ. ՙՈ’չ, թող ներս գան՚: Հարցերը հիմնականին մէջ նաւթի եւ Ղարաբաղի մասին էին: Վերջաւորութեան` լրագրողները հարցուցին. ՙՈրեւէ ուղերձ ունի՞ք ամերիկացի ժողովուրդին՚: Էլչիպէյն ըսաւ. ՙԻնչ որ կ’ուզէի ըսել` ըսի: Ես ձեզի ուրիշ բան մը կ’ուզեմ ըսել: Մեր լրագրողները, ի տարբերութիւն ձեզի, աշխարհին մէջ շրջելու հնարաւորութիւն չունին: Գացէ’ք Երեւան, Թպիլիսի, Քիշնեւ, Մոսկուա, գրեցէ’ք յօդուածներ Տէր Պետրոսեանի, Շեւարտնածէի, Սնեկուրի, Ելցինի, ի’մ մասին եւ նիւթերու այդ շարքը վերնագրեցէ’ք այսպէս` ՙԴժբախտ նախագահներ՚ ՚:

Անկախութեան առաջին տարիները ծանր էին նախկին խորհրդային հանրապետութեանց, առաջին կարգին անոնց համար, որոնք արիւնալի պատերազմներու ներքաշուած էին: Ատրպէյճանի հետ օր-օրի ընդլայնուող պատերազմէն բացի, Հայաստանը եւ Ղարաբաղը կը պայքարէին խաւարի, ցուրտի, սովի եւ շրջափակման դէմ: 7 Դեկտեմբերին Տէր Պետրոսեանը ուղերձներ յղած էր Մ. Ա. Կ.ի, Ա. Պ. Հ.ի, ուրիշ երկիրներու ղեկավարութեանց, որոնց մէջ շրջափակման հետեւանքով Հայաստանի մէջ ստեղծուած ծանր վիճակը կը նկարագրուէր: 1992ի ընթացքին Հայաստանի տնտեսական անկումը կազմեց աւելի քան 50 տոկոս, որուն մօտ կէսը շրջափակման գործօնով պայմանաւորուած էր: Լրջագոյնը հացի խնդիրն էր:

Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատը Հայաստանին նուիրեց վեց հազար թոն հացահատիկ, զոր Լաթաքիայէն Թուրքիայով հասցուեցաւ Երեւան: Այդ ընթացքին կը շարունակուէր խոստացուած 100 հազար թոն հացահատիկի ներկրումը երկիր: 400 թոն հացահատիկով բարձուած առաջին շարժակազմը 3 Նոյեմբերին Կարս-Կիւմրի երկաթուղիով բերուեցաւ Հայաստան:

Եթէ աշխարհի խոշոր երկիրներուն օգնութիւնը չ’ըլլար` Հայաստանն ու Ղարաբաղը աւելի մեծ զրկանքներ կը կրէին 1992-1994 թուականներուն: 1993ի Փետրուարին, աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրն իր հետ Հայաստան բերաւ ֆրանսահայ համայնքի հաւաքած 40 թոն սննդամթերքը, հագուստը եւ մանկական սնունդը: Հայրենիքին կ’օգնէին ամերիկահայերը, իսկ ամերիկեան կառավարութեան տրամադրած նաւթը Երեւանի ու միւս քաղաքներու տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներու համար սաստիկ ցուրտէն պաշտպանուելու երանելի փրկութիւն էր:

Հայաստանն արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ յուսալի ճամբան Իրանով կ’անցնէր: Թեհրանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավար Վահան Բայբուրդեանը կը յիշէ. ՙԱրաքս գետի վրայ զինուորական կամուրջ կար, բայց մենք համոզուեցանք, որ ան ինքզինք այդքան ալ չ’արդարացնէր: Ատրպէյճանցիք Նախիջեւանի ջրամբարին ջուրը կը հաւաքէին, մէկ անգամէն կը հոսեցնէին, այդ կամուրջը կը քշէր-կը տանէր, եւ, փաստօրէն, հայ-իրանական կապերը կը խզուէին: Կամուրջը կարգի բերելը երկու-երեք օր կը տեւէր, եւ այդ ընթացքին, Հայաստանի մէջ շատ ծանր վիճակ կը ստեղծուէր, սպառողական ապրանքներուն գիները մէկ անգամէն կը բարձրանային: Քանի մը տարի յետոյ Արաքսի վրայ կամուրջ կառուցեցինք: Պատերազմի տարիներուն` Իրանը Հայաստանի համար բաց ելք էր դէպի արտաքին աշխարհ՚:

Երեւանի եւ Ստեփանակերտի նկատմամբ Պաքուի տնտեսական, ռազմական եւ մարդկային առումներով առաւելութիւնն ակնյայտ էր: Վերջաւորութեան, սակայն, Ատրպէյճանը ո’չ միայն չկրցաւ Ղարաբաղն իրեն ենթարկել, այլ կորսնցուց նաեւ յարակից մօտ 8.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք` Լ. Ղ. Ի. Մ.էն գրեթէ մօտ երկու անգամ աւելի:

Վիգէն Չեթերեանը կ’ընդգծէ պատերազմներուն Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի (Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսիայի մէջ) պարտութեան պատճառներէն հետեւեալը. 1990ականներու սկզբին փլուզուած էր ո’չ միայն Խորհրդային Միութիւնը, այլեւ` Ատրպէյճանը ու յատկապէս` Վրաստանը: Պաքուն եւ Թպիլիսին այլեւս չէին վերահսկեր համապատասխանաբար Լեռնային Ղարաբաղը եւ Աբխազիան ու Հարաւային Օսիան:

ՙՄինչեւ 1994, վրացական պետութիւնը չէր վերահսկեր նոյնիսկ Թպիլիսիի կեդրոնը, եւ զանազան անօրինական զինուած խմբաւորումներ իրենց կարգերը կը հաստատէին Վրաստանի մէջ: Նմանօրինակ պատկեր էր Ատրպէյճանի մէջ, ուր կեդրոնական կառավարութեան իշխանութիւնը շրջաններուն մէջ չէր տարածուեր նոյնիսկ նախագահ Ալիեւի իշխանութեան գալէն ետք` 1993ի կէսերուն: Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը չէին վերահսկեր Աբխազիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը, այդ պատճառով չէին կրնար զանոնք ՙկորսնցնել՚: Անոնք միայն կը փորձէին այդ տարածքները ներառել իրենց պետական կառոյցներուն մէջ` անյաջող կերպով՚,- կը գրէ ան:

Եթէ Ռուսիոյ օգնութեամբ հնարաւոր էր ղարաբաղցիներու յաղթանակն ատրպէյճանցիներու, իսկ աբխազներու յաղթանակը` վրացիներու նկատմամբ, ինչպէս կը հաւատան Պաքուի ու Թպիլիսիի մէջ, ապա ինչո՞ւ Մոսկուան ի վիճակի չեղաւ յաղթելու կովկասեան ի’ր պատերազմը: Եթէ պատերազմներուն մէջ առաջնայինը զէնքն ու մարդկային պաշարներն են` ապա Ռուսիան պէտք է կարճ ժամանակի մէջ ջախջախէր չեչէնական զինուած խմբաւորումները 1994-1996 թուականներու պատերազմին: Սակայն 150 միլիոննոց Ռուսիան առաջին ռուս-չեչէնական պատերազմին պարտութիւն կրեց մէկ միլիոննոց Չեչէնիայէն եւ ստիպուած եղաւ շատերու կողմէ ստորացուցիչ որակուող հաշտութիւն կնքել:

Սուրէթ Հուսէյնովը կը հեռանայ Մարտակերտէն

1993ը պատերազմական երեք տարիներէն Ատրպէյճանի համար ամենաանյաջողն էր: Մարտի վերջերէն մինչեւ Նոյեմբեր ղարաբաղեան ոյժերը ո’չ միայն ազատագրեցին մէկ տարի առաջ գրաւուած Մարտակերտի շրջանը, այլեւ` անցան հակայարձակման ու գրաւեցին Ղարաբաղին յարակից վեց շրջան, որոնցմէ չորսը` Քելպաճարը, Ղուպաթլուն, Ճեպրայիլը եւ Զանկելանը` ամբողջութեամբ, երկուքը` Աղտամն ու Ֆիզուլին` մասամբ:

3 Յունուարին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները համատեղ յայտարարութեամբ յորդորեցին անյապաղ դադրեցնել արիւնահեղութիւնը, վերջ տալ բնակավայրերու ռմբահարումներուն, շրջափակումին, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն, ներառեալ` ՙպատանդառումն ու բարբարոսական վերաբերմունքը գերիներուն նկատմամբ՚:

1993ը կը սկսի խորհրդապահական բանակցութիւններով: 5-8 Յունուարին Մոսկուայի մէջ կը շարունակուին նախորդ տարի սկսած շփումները ՙ5+1՚ ձեւաչափով (Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Ա. Մ. Ն.ի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն ներկայացուցիչներն ու Ե. Ա. Հ. Խ. Մինսքի Խորհրդաժողովին նախագահը): Կը պատրաստուի ռազմական գործողութեանց դադրեցման համաձայնագիր, սակայն Պաքուն անսպասելիօրէն ետ կը կանչէ իր պատուիրակը: 18-24 Յունուարին Ռաֆայելլին կ’այցելէ Պաքու, Երեւան ու Ստեփանակերտ, մինչեւ տարածաշրջան գալը Թուրքիոյ մէջ կը հանդիպի Ե. Ա. Հ. Խ.ի մէջ այդ երկրի ներկայացուցիչին հետ, իսկ այցի վերջաւորութեան, Մոսկուայի մէջ կը տեսակցի Քոզիրեւի հետ:

Խաղաղութիւն հաստատելու փորձ կ’ընեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդները: 6-8 Փետրուարին Զուիցերիոյ մէջ կը հանդիպին Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէն եւ համատեղ յայտարարութիւն կը տարածեն` կոչ ընելով` ՙդադրեցնել արիւնահեղութիւնը, անվերապահօրէն ազատ արձակել պատանդները, ի թիւս որոնց կան բազում կանայք եւ երախաներ, մարդասիրական վերաբերմունք ցուցաբերել ռազմագերիներուն նկատմամբ՚:

Պատերազմը, սակայն, կը շարունակուէր: Մինչեւ Փետրուարի վերջերը ղարաբաղեան ոյժերն ազատագրեցին Մարտակերտի շրջանի նախապէս գրաւուած շուրջ մէկուկէս տասնեակ գիւղերը: Ղարաբաղեան ոյժերուն յառաջխաղացումը պայմանաւորուած էր նաեւ անով, որ հակասութիւններ յառաջացած էին Մարտակերտի ճակատը վերահսկող Սուրէթ Հուսէյնովի եւ Ժողճակատին միջեւ: Հուսէյնովը Փետրուարին մեղադրուեցաւ շրջանին պաշտպանութիւնը սխալ կազմակերպելու եւ այդ տարածքէն ռազմամիաւորումներն ու ծանր զինանոցը ետ քաշելու հրաման արձակելու համար:

Հուսէյնովը ազատեցին Մարտակերտի շրջանին մէջ նախագահի լիազօր ներկայացուցիչի պաշտօնէն, որմէ յետոյ ան իր զօրքերով քաշուեցաւ Կեանճա` պահպանելով իր ստորաբաժանումը, զոր, ըստ էութեան, Ատրպէյճանի ազգային բանակին մաս չէր կազմած: Մինչ այդ` 20 Փետրուարին, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն ազատուած էր Ռահիմ Ղազիեւը, զայն փոխարինած էր Տատաշ Ռզաեւը:

22 Փետրուարէն 1 Մարտը Մինսքի Խումբի հանդիպում մը տեղի կ’ունենայ Հռոմի մէջ: 1 Մարտին, Անտրէյ Քոզիրեւը Մոսկուայի մէջ կ’ընդունի Թուրքիոյ իր գործընկերը: Հիքմէթ Չէթինը զրոյցի ընթացքին կ’առաջարկէ ձեւ մը գտնել, որպէսզի Անգարան եւ Մոսկուան համագործակցին Պոսնիոյ եւ Ղարաբաղի հակամարտութեանց կարգաւորման մէջ: Քոզիրեւը համաձայնութիւն կու տայ Չէթինի` Պաքու եւ Երեւան միասին այցելելու առաջարկին, ապա կ’աւելցնէ. ՙՀնարաւոր է` նաեւ Ստեփանակերտ՚:

Չէթինի հետ միասին հակամարտութեան շրջան այցելելու արտաքին գործոց նախարար Քոզիրեւի համաձայնութիւնը կը զարմացնէ Վլատիմիր Քազիմիրովը: Թուրքիան արդէն ապացուցած էր, որ չի’ կրնար ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին մէջ կառուցողական դեր խաղալ: Չէթինը Մոսկուայէն կ’երթայ Պաքու` իր եւ Քոզիրեւի համատեղ այցը նախապատրաստելու համար: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը հանդիպի Էլչիպէյի հետ, եւ Մոսկուան, Ուաշինկթընը, Փարիզն ու Լոնտոնը կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը, ընդհանուր առմամբ, կ’ողջունէ ռուս-թրքական նախաձեռնութիւնը:

Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղար Ուորըն Քրիսթոֆըրը Չէթինի հետ հեռաձայնային զրոյցին մէջ կասկածի տակ կը դնէ ռուս-թրքական նախաձեռնութեան նպատակայարմարութիւնը: Ամերիկացիք կը կարեւորէին Մինսքի Խումբին գործունէութիւնը եւ Ռուսիան զսպելու կը ձգտէին: Իր կարգին, Չէթինը կ’ողջունէ ամերիկացիներուն հնարաւոր միացումը ռուս-թրքական նախաձեռնութեան: Սակայն ո’չ Քոզիրեւ-Չէթին համատեղ այցը կայացաւ եւ ո’չ ալ կրակը դադրեցաւ, քանի որ Թուրքիան հայոց` Շուշիէն եւ Լաչինէն հեռացումը նախապայման կը դնէր:

Մարտի կէսերէն յետոյ ՙ5+1՚ ձեւաչափով նոր հանդիպում մը կայացաւ Ժնեւի մէջ: Այս օրերուն ղարաբաղեան ոյժերը կը շարունակէին յառաջխաղացումը եւ վերահսկողութեան տակ կը վերցնէին Մարտակերտի` աւելի առաջ գրաւուած գիւղերը: Կը թուէր, թէ անոնք կը շարունակէին խորանալ Մարտակերտի ուղղութեամբ, սակայն հակառակորդին համար անակնկալօրէն, փոխեցին ուղղութիւնը դէպի Քելպաճար, առանց որու գրաւման` Մարտակերտի պաշտպանութիւնը չափազանց դժուար կ’ըլլար:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

Քելպաճարի առումը [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քսանչորսերորդ գլուխ

Քելպաճարի 71ամեայ բնակիչ մը ՙՀիւմըն Ռայթս Ուոչ՚ի աշխատակիցներուն 1994ի գարնանը պատմած է, որ մէկ տարի առաջ, երբ 25 խաղաղ բնակիչներ ՙԿԱԶ-52՚ բեռնատարով ստիպուած կը լքէին հարազատ տուներն ու կը պատրաստուէին Զուլֆուկարլի եւ Ճոմերտ գիւղերուն միջեւ գտնուող թունելն անցնիլ` ղարաբաղեան ոյժերն իրենց դէմ յանդիման ելած են:

ՙՄենք չէինք գիտեր, որ հայերը մօտեցած էին թունելին: Ցերեկ էր, լոյս: Մենք որեւէ հայ չէինք տեսներ, բայց թունելի մուտքին մօտ զրահամեքենայ մը տեսանք: Մենք խաղաղ բնակիչներ էինք, բեռնատարին մէջ մեր ազգականներն էին: Յանկարծ կրակոցներ եւ պայթիւններ սկսան ու բեռնատարը կանգ առաւ: Վարորդը` Ասլան Միրզոեւը եւ անոր դուստրը` Աֆաթը տեղնուտեղն սպաննուեցան: Քոյրս ալ սպաննուեցաւ: Եղբայրներէս Իսլամը ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ, յետոյ` մահացաւ: Ես ինքս զայն թաղեցի: Երբ հայ զինուորները մօտեցան` ըսին, թէ չեն իմացած, որ մենք խաղաղ բնակիչներ ենք: Անոնք մեզի բժշկական օգնութիւն ցոյց տուին, ապա տեղափոխեցին Դրմբոն, յետոյ փոխանակեցին (հայ գերիներու հետ)՚:

Յարձակումն սկսելէն քանի մը օր առաջ ղարաբաղեան ոյժերը հակառակորդը կը տեղեկացնեն սպասուող գրոհի մասին: Իրենք` բնակիչները, ատիկա հաստատած են միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու հետ զրոյցներուն մէջ: Նախապէս տեղեկացնելով սպասուող յարձակման մասին, ղարաբաղեան ոյժերը քանի մը նպատակ կը հետապնդէին: Նախ, երբ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին մէջ խուճապ կը յառաջանայ եւ բնակիչները իրենց տուները կը լքեն` զինուորներուն մօտ կռուելու ցանկութիւնը կը նուազի, մինչդեռ խաղաղ բնակչութեան առկայութեամբ` նոյն զինուորները մինչեւ վերջին փամփուշտը, մինչեւ մահ կը կռուին: Բացի այդ, հակառակորդին մօտ խուճապ յառաջացնելն ինքնին կը նուազեցնէ հաւանական զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը ինչպէս ատրպէյճանցիներուն, այնպէս ալ հայոց մէջ, քանի որ, ըստ էութեան, անողոք մարտեր չեն մղուիր: Այդպիսի ռազմավարութեան օրինակ էր Քելպաճարը:

Արդէն Փետրուար-Մարտ ամիսներուն, երբ ղարաբաղեան ոյժերը մէկը միւսի ետեւէն կ’ազատագրէին Մարտակերտի գիւղերը` Քելպաճարը, փաստօրէն, շրջափակման մէջ էր: 1936 քառ. քմ. տարածքով շրջանն արեւմուտքէն կը սահմանակցի Հայաստանի Վարդենիսի շրջանին, հարաւէն` 1992ի Մայիսին ղարաբաղեան ոյժերու վերահսկողութեան տակ անցած Լաչինին, հիւսիսէն` Օմարի լեռնանցքին, որ ձմրան եւ վաղ գարնան ամիսներուն գրեթէ անանցանելի կը դառնայ: Քելպաճարէն Միր Պաշիր եւ դէպի Ատրպէյճանի միւս մասերը տանող միակ ճամբան կ’անցնէր Մարտակերտի շրջանով, որն արդէն ղարաբաղեան ոյժերու վերահսկողութեան տակ էր: Հակառակորդին կը մնար նահանջել լեռնային շրջանի կածաններով եւ Օմարով: Ատրպէյճանական մօտ 200 հոգինոց զօրախումբը կը փորձէ օգնութեան հասնիլ, սակայն Մարտակերտէն Քելպաճարի ճակատը տեղափոխուած Սամուէլ Կարապետեանն իր զինուորներով կը ջախջախէ հակառակորդը:

Ըստ Սամուէլ Պապայեանին` Քելպաճարի ռազմական գործողութիւնն իրականացած է 4 ուղղութիւններով: Հիւսիսայինի (Օմար) հրամանատարը Նորայր Դանիէլեանն էր, երկրորդ` Մարտակերտ-Քելպաճար ճամբայէն դէպի թունել ուղղութեան հրամանատարը` Մոնթէ Մելքոնեանը: Մասնակցած են Հատրութի առանձին ջոկատը (հրամանատար` Արմէն Աբրահամեան), Էտիլլուի ձորակի ընդհանուր ջոկատէն առանձնացուած 100 հոգինոց ազատամարտիկներու խումբը (Մանուէլ Գրիգորեան), կամաւորական շարք մը ջոկատներ (Սամուէլ Յովսէփեան): Երրորդ` Վանք գիւղէն Լաչին-Քելպաճար ճամբու ուղղութեան մասնակցած են հրամանատար Աշոտ Մինասեանի ՙՍիսական՚ զօրամիաւորումը, Առաջաձորի վաշտը (Եուրի Յակոբեան): Չորրորդը Լաչին-Ֆինկայի ուղղութիւնն էր (Արշաւիր Ղարամեան, Մարտիկ Գասպարեան, Վլատիմիր Կասեան): Մասնակցած են Հմայեակ Հարոյեանի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գտնուող կամաւորական ջոկատներն ու հիւսիսային զօրախումբը, համակարգող` Գուրգէն Տալիպալթայեան, ընդհանուր հրամանատար` Յովսէփ Յովսէփեան:

27 Մարտէն մինչեւ 5 Ապրիլը վերահսկողութեան տակ վերցուեցաւ Քելպաճարի շրջանը: Ատրպէյճանական բանակը դիմադրութիւն ցոյց չտուաւ` յաճախ տարրալուծուելով բնակավայրերը լքող քաղաքացիական բնակչութեան մէջ: Քելպաճարի շուրջ 60 հազար բնակչութեան մեծամասնութեան հնարաւորութիւն տրուեցաւ հեռանալու հիւսիսային ուղղութեամբ: Գերուեցաւ 80 բնակիչ, 150 զինուոր պատանդ վերցուեցաւ: Զանոնք տեղափոխեցին Ստեփանակերտ` ատրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող հայոց հետ փոխանակելու նպատակով:

Քելպաճարի կորուստը կը խարխլէ Ատրպէյճանի նախագահին եւ Ժողճակատին դիրքերը: Եթէ Մութալիպովը իշխանութենէն հեռացնելու համար Ժողճակատն օգտագործեց Խոճալուի ողբերգութիւնը` ապա Ալիեւի շուրջը համախմբուած համայնավար հին պաշտօնադասը Էլչիպէյը իշխանութենէն հեռացուց` շահարկելով Քելպաճարի կորուստն ու անյաջողութիւնները Մարտակերտի մէջ: 12 Ապրիլին Էլչիպէյը երկու ամիսով արտակարգ դրութիւն հաստատելու հրամանագիր ստորագրեց, որով արգիլուեցան ցոյցերն ու գործադուլները: Պաքուի մէջ ռազմական դրութիւն հաստատուեցաւ: Էլչիպէյի գրասենեակը ներկայացուց Քելպաճարի ՙյանձնման հիմնական պատճառները՚. ջոկատները ձախողցուցած են եւ չեն կրցած կատարել զինուորական հրամանատարութեան` քաղաքը պաշտպանելու առաջադրանքը, բարոյական եւ ռազմական պատրաստուածութեան աստիճանը շատ ցած էր, ռազմական խմբաւորումները հնարաւոր չէ եղած մէկ, միասնական բանակի կազմին մէջ միաւորել:

Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Մանուկեանը կը յիշէ. ՙԻմ վարչապետութենէն ետք, մինչեւ պաշտպանութեան նախարար նշանակումը, փոքր ջոկատով մը գացած էի Մարտակերտ, երբ շրջանը գրաւած էին ատրպէյճանցիները: Ճանապարհին տեսայ այն, ինչ պատմած էր պապս, կարդացած էի գիրքերու մէջ. գաղթի ճամբայ, անտառներով մեր ժողովուրդը փախչելով հեռացած էր, ծառերու վրայ սաւաններ, երախաներու խաղալիքներ, չթաղուած դիակներու հոտ: Հասկցայ, որ հնարաւոր չէ Մարտակերտը պահել եթէ նոյնիսկ ետ վերցնես` քանի դեռ Քելպաճարը քուկդ չէ՚:

Դեռ 1992ի ամրանը Շահումեանի եւ Մարտակերտի մէջ անյաջողութիւններէն յետոյ, Սամուէլ Պապայեանի հրամանատարած ղարաբաղեան ոյժերը ռազմական գործողութիւնները տեղափոխած էին Լաչինի ուղղութիւն` այդ ընթացքին որոշ չափով վերականգնելով դիրքերը Մարտակերտի մէջ. ՙՀակառակորդը կը սպասէր, որ կը շարունակենք խորանալ Մարտակերտի ուղղութեամբ, բայց գործողութեանց կեդրոնը Լաչին-Քելպաճար տեղափոխեցինք: Քելպաճարը փայլուն գործողութիւն էր՚:

Միջազգային հանրութեան արձագանգը

Քելպաճարի գործողութիւնները համընկան Ժնեւի մէջ 31 Մարտէն 6 Ապրիլը ՙ5+1՚ ձեւաչափով ընթացող բանակցութիւններուն: Դաւիթ Շահնազարեանը կը յիշէ. ՙԻնծի համար ծանր վիճակ ստեղծուեցաւ` ՙհնգեակ՚ը կ’ուզէր դատապարտել: Բայց բանակցութիւնները լքեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը, չնայած միւս մասնակիցներն անընդհատ կը համոզէին, որ հեռանալը լուրջ սխալ է: Թոֆիկ Ղասիմովը շատ լաւ կը հասկնար, որ ատիկա սխալ է, բայց ան Պաքուէն հրահանգ ստացած էր՚:

Քելպաճարի գրաւմանն առաջինը եւ ամենակոշտն արձագանգեց Անգարան: 4 Ապրիլին Թուրքիան կառավարական որոշումով փակեց Հայաստանի հետ սահմանը: Նախագահ Էօզալը 6 Ապրիլին Թաշքենդէն դատապարտեց ՙհայոց նախայարձակում՚ը` յիշեցնելով, որ Ղարաբաղի հակամարտութիւնն արդէն շատոնց դուրս եկած է այդ տարածքի շրջանակներէն եւ ՙԱտրպէյճանի դէմ Հայաստանի անսքօղ նախայարձակման բնոյթ ստացած՚: Վարչապետ Տէմիրէլը յայտարարեց, որ Թուրքիան ՙերբեք չի համաձայնիր Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքի մէկ մասի գրաւում՚ին եւ մտադիր է իրական քայլեր ձեռնարկելու ՙնախայարձակումը սանձելու համար՚: Միջինասիական երկիրներ շրջագայութեան աւարտին Էօզալը Ատրպէյճան ժամանեց: 14 Ապրիլին ան Պաքուէն սպառնաց, որ Հայաստանը պէտք է իր կամքով զօրքերը դուրս բերէ Քելպաճարէն, հակառակ պարագային` անոնք ՙհոնկէ դուրս կը բերուին՚: Էօզալը յայտարարեց, թէ ՙհայերը Անատոլուի մէջ տեղի ունեցածէն դասեր չեն քաղած՚:

Թեհրանը պահանջեց, որ ՙհայկական զինուած ոյժերն ազատեն գրաւուած ատրպէյճանական տարածքները՚: Դեսպան Վահան Բայբուրդեանը Քելպաճարի առման լուրը կը ստանայ Իրանի Ա. Գ. Ն.ի մէջ. ՙՂարաբաղեան ոյժերը վերահսկողութեան տակ վերցուցած էին Քելպաճարը, ամէն ինչ թարմ էր, զիս դեռ չէին իրազեկած: Դիւանագիտական վարուելակերպին մէջ այսպիսի բան կայ. եթէ ծանր խօսքեր պիտի ըսեն` դեսպանը խոժոռ դէմքեր կը դիմաւորեն: Զիս դիմաւորողներու դէմքերէն հասկցայ, թէ բան մը պատահած է: Զիս ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներէն Մալեքին եւ Քելպաճարի գրաւման առիթով բանաւոր բողոք ներկայացուց՚:

Որոշ ժամանակ յետոյ Թեհրանի տարբեր համալսարաններու ուսանողներ բողոքի ցոյց կը կազմակերպեն Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան շէնքին դիմաց` ՙդատապարտելով հայկական նախայարձակումը եւ պահանջելով հայկական ոյժերու անյապաղ դուրսբերումն Ատրպէյճանի տարածքէն՚:

Դեսպան Բայբուրդեանը կը շարունակէ. ՙԱհռելի ամբոխ մը շարժեցաւ դէպի դեսպանութիւն: ՙԿորչի’ հայկական ֆաշիզմը՚, ՙԿորչեցէ’ք, բռնագրաւիչնե’ր՚ եւ նման կոչերով հանրահաւաք մը կազմակերպուեցաւ: Իրանական ոստիկանութիւնն անմիջապէս ժամանեց, բայց քայլարշաւն ու հանրահաւաքը այնքան յախուռն եւ թափով էին, որ ոստիկանութիւնը մէջէն չկրցաւ դուրս ելլել: Ամբոխն սկսաւ դեսպանատան վրայ քարեր, պէնզինով լեցուն շիշեր նետել, կը փորձէին դեսպանատան դուռերը ջարդել: Իրանի կառավարութիւնը ՙՔոմանտոս՚ տեսակի զօրքեր բերաւ եւ ամբոխը ցրուեցաւ՚:

Յաջորդ օրը` 14 Ապրիլին, Վահան Փափազեանն արտաքին գործոց նախարարութիւն կը հրաւիրէ Երեւանի մէջ Իրանի գործերու հաւատարմատար Ահմատ Սոպհանին եւ միջադէպին կապակցութեամբ բացատրութիւն կը պահանջէ: Դեսպան Բայբուրդեանը խորհրդատուութեան նպատակով Երեւան կը կանչուի. ՙՄէկ շաբաթով իջեցուցինք դեսպանութեան դրօշը, ես վերադարձայ Երեւան: Ատկէ յետոյ Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը խնդրեց, որ վերադառնամ, եւ միջադէպը հարթուած նկատուեցաւ՚:

Իրանի կրօնապետ այաթոլլա Ալի Խամենէին 1993ի Յուլիսի վերջերուն կ’այցելէ Թաւրիզ եւ կը յայտարարէ, որ Իրանն անտարբեր պիտի չմնայ ատրպէյճանական տարածքներու հանդէպ յետագայ ոտնձգութիւններու նկատմամբ. ՙՀայաստանի կառավարութիւնը եւ Ղարաբաղի հայերը կը ճնշեն իսլամները, եւ մենք կը դատապարտենք Ղարաբաղի հայոց վերջին գործողութիւնները, որոնք Հայաստանի կառավարութեան օժանդակութիւնը կը վայելեն՚:

Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղար Քրիսթոֆըրը 6 Ապրիլին հայկական ոյժերէն պահանջեց ՙանյապաղ եւ ամբողջապէս հեռանալ Քելպաճարի տարածքէն՚: Մոսկուայի արձագանգը շատ աւելի զուսպ էր, սակայն, կը թուի, թէ Ռուսիան կը ձգտէր ղարաբաղեան ոյժերու դուրսբերմանը Քելպաճարէն: 8 Ապրիլին Ելցինը նամակով կը դիմէ Տէր Պետրոսեանին եւ Էլչիպէյին` ղարաբաղեան կարգաւորման միջնորդութեան առաջարկով: 10-16 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու միջեւ խորհրդատուութիւններ տեղի ունեցան: Անտրէյ Քոզիրեւը կողմերուն առաջարկեց 13 Ապրիլէն սկսեալ մէկ շաբաթով դադրեցնել բոլոր յարձակողական գործողութիւնները: Ստեփանակերտն ու Երեւանը համաձայնութիւն տուին, Պաքուն մէկ օր ժամանակ խնդրեց, ապա հրաժարեցաւ հրադադարէն:

Ճոն Մարեսքան 29-30 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ կը հանդիպի ռուս եւ թուրք բանագնացներու հետ: Ռուսիոյ նախագահի 8 Ապրիլի նախաձեռնութեան հիմքով կողմերուն կ’առաջարկուի ՙԱնյետաձգելի միջոցառումներու ժամանակացոյց՚ը, զոր ռազմական գործողութիւններու 60 օրով դադրեցում կը սահմանէր: Ըստ այդ ժամանակացոյցին` մինչեւ 7 Մայիսը հայկական ոյժերը պէտք է դուրս բերուէին Քելպաճարէն, 12 Մայիսէն կրակը պէտք է դադրեցուէր 60 օրով, ապա Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ա. Մ. Ն.ի հովանաւորութեամբ պէտք է բանակցութիւններ տեղի ունենային Ժնեւի մէջ, աւելի ուշ` բանակցութիւնները վերսկսէին Մինսքի Խումբի շրջանակներուն մէջ:

Քազիմիրովը յետագային գրեց, որ կողմերը հրադադարի համաձայնագիրի նախագիծ կը պատրաստէին, ինչը թոյլ կու տար Քելպաճարը վերադարձնել խաղաղ ճամբով: Սակայն Պաքուն Մոսկուայէն ետ կանչեց Հիքմէթ Հաճիզատէն, թէեւ վերջինս Էլչիպէյի գրաւոր լիազօրութիւնն ունէր:

1 Նոյեմբեր 1997ին հայաստանեան թերթերուն մէջ Տէր Պետրոսեանի յայտնի յօդուածին հրապարակումէն ետք Լ. Ղ. Հ.ի Ա. Գ. Ն.ն հարկ համարեց որոշ պարզաբանումներ տալ Հայաստանի նախագահի այն գնահատականներուն եւ մեկնաբանութիւններուն, զորս Ղարաբաղի ղեկավարութեան դիրքորոշումը կը շօշափեն անմիջականօրէն: Մասնաւորապէս. ՙ1993ին Հայաստանի կողմէ ճնշում գործադրուած է (եւ այդ մասին ստիպուած ենք յայտարարելու առաջին անգամ) Քելպաճարէն Լ. Ղ. Հ.ի Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումներն անյապաղ դուրս բերելու նպատակով՚:

Սամուէլ Պապայեանն ալ կը հաստատէ, որ Երեւանէն ճնշում կար ետ տալու Քելպաճարը` Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման դիմաց: ՙԱտիկա ռուսական կողմի առաջարկն եղած է: Գորիսի մէջ այդ հարցով հանդիպում մը տեղի ունեցած է: Կէորկի Պետրոսեանը սեղանի շուրջ համաձայնած է այդ տարբերակին, բայց յետոյ գաղտնօրէն հեռացած է: Ատկէ քանի մը օր յետոյ Տէր Պետրոսեանը եկաւ Արցախ, որուն հետեւեցաւ Պետրոսեանի հեռացումը: Ես մասնակցած եմ այդ հանդիպմանը եւ հարցը դրած եմ այսպէս. եթէ Հայաստանը կը գտնէ, որ այս հանգրուանին պէտք է նման քաղաքական քայլ կատարել` մենք համաձայն ենք, եթէ անորմով արիւնահեղութեանը վերջ կը դրուի: Պայման յառաջ քաշած ենք, որ ռուսական կողմը մեզի որոշակի քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք տրամադրէ. այդ քանակը ե’ս ներկայացուցած եմ: Մինչդեռ մեզի անվտանգութիւն կը խոստանային թուղթի վրայ: Այդ ամէնէն յետոյ Քելպաճարի հարցն օրակարգէն հանուած է՚:

Պատրա՞ստ էր արդեօք հայկական կողմը Քելպաճարը ետ տալու եւ ինչի՞ դիմաց:

Ժիրայր Լիպարիտեան. ՙՔելպաճարը բարդ խնդիրներու բաղադրիչներէն մէկն էր, հետեւաբար` դժուար է այդ հարցը զբաղցուցած միւս տարածքներէն եւ Ղարաբաղի անվտանգութենէն առանձին քննարկել՚:

Դաւիթ Շահնազարեան. ՙՔելպաճարէն ետք Ատրպէյճանի մէջ անկայունութիւն էր, իշխանափոխութիւն եղաւ, այսինքն` չէր ալ կրնար նման հարց քննարկուիլ: Բանակցող չկար, նոյնիսկ միջնորդները չէին գիտեր, թէ այդ պահուն որո՞ւ հետ պէտք է բանակցիլ: Քելպաճարէն ետք Մ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.ն ընդունեց թիւ 822 բանաձեւը, որուն, ինչպէս եւ յետագայի բանաձեւերուն մէջ Հայաստանի նկատմամբ պահանջ չկար, բացի այն, որ Երեւանը պէտք է օգտագործէր իր ազդեցութիւնը Ստեփանակերտի վրայ: Քելպաճարը բեկում մտցուց, որովհետեւ Շուշիէն եւ Լաչինէն ետք ատրպէյճանական բանակը յաջողած էր նախկին Լ. Ղ. Ի. Մ.ի տարածքին գրեթէ կէսը զաւթել: Քելպաճարը ռազմական իմաստով չափազանց կարեւոր էր, ճակատային գիծն էապէս կրճատուեցաւ, ինչը չափազանց կարեւոր էր՚:

Վահան Փափազեան. ՙԿ’ըսեմ` ո’չ, որովհետեւ ատիկա անվտանգութեան խնդիր էր թէ’ Հայաստանի եւ թէ’ Ղարաբաղի համար: Վերադարձնել Քելպաճարը` այն ժամանակ, ինչպէս եւ այսօր, կը նշանակէր ուղղակիօրէն վտանգել Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ազգաբնակչութիւնը` սահմանակից շրջաններուն մէջ: Այդ ժամանակ` բանակցութեանց մէջ որեւէ հարցադրման հայկական կողմը երբեւէ կտրուկ ՙո’չ՚ չէ ըսած: ՙՏեսնե’նք, գուցէ հնարաւոր է, չի’ բացառուիր՚,- ա’յս եղած է մօտեցումը: Հնարաւոր է` բանակցութեանց մասնակցած որեւէ մէկն ակնարկներու ձեւով ըսած ըլլայ, որ գուցէ չի բացառուիր: Բայց ատիկա գործնական քայլերու չէր կրնար տանիլ, որովհետեւ Քելպաճարի գրաւումը մէկ հիմնական նպատակ կը հետապնդէր` խլացնել այն կրակակէտերը, որոնցմէ կը հարուածէին թէ’ Ղարաբաղը եւ թէ’ Հայաստանը՚:

Վլատիմիր Սթուփիշինը իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ Տէր Պետրոսեանը Անգարայէն (ուր մասնակցած էր Էօզալի թաղումին եւ հանդիպած Տէմիրէլի ու Էլչիպէյի հետ) վերադառնալէն ետք Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն համար ամփոփած է բանակցութեանց էութիւնը:

ՙԲոլոր հարցերը կը լուծուին համալիր` փաթեթով, ընդ որուն` ո’չ Հայաստանը, ո’չ ալ Լ. Ղ. Հ.ն կը հրաժարին Քելպաճարէն ղարաբաղեան զօրքերու դուրսբերումը քննարկելէ, բայց որոշումը հնարաւոր է միայն ուրիշ միջոցառումներու հետ միասին, այդ թուին` կրակի դադրեցում, Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, բոլոր շրջափակումներու վերացում, բանակցութիւններուն Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու ինքնուրոյն մասնակցութիւն՚:

Քելպաճարը ետ տալու եւ Ղարաբաղի հարցն ընդհանրապէս` յետագային ներքաղաքական շահարկումներու առարկայ դարձաւ Հայաստանի մէջ, թէեւ ինչպէս նախագահ Տէր Պետրոսեանի, այնպէս ալ Քոչարեանի ժամանակ միջնորդներու ներկայացուցած կարգաւորման առաջարկութիւններուն մէջ յստակօրէն գրուած էր, որ Քելպաճարը հինգ ուրիշ շրջաններու հետ պէտք է վերադարձուի Ատրպէյճանին, եւ այդ փաստաթուղթերը, որպէս բանակցութեանց հիմք, ընդունելի եղած են Հայաստանի թէ’ առաջին եւ թէ’ երկրորդ նախագահներուն համար: Անշուշտ, կարեւոր է, թէ ինչի՞ դիմաց կը վերադարձուին` խաղաղութեա՞ն, Ղարաբաղի կարգավիճակի՞, թէ՞ ուրիշ խոստման:

Անվտանգութեան Խորհուրդի թիւ 822 բանաձեւը

30 Ապրիլ 1993ին Մ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.ն կ’ընդունի ղարաբաղեան հարցով չորս բանաձեւերէն առաջինը` թիւ 822ը, որ մտահոգութեամբ կը նշէր ռազմական գործողութեանց ծաւալումը, մասնաւորապէս` ՙտեղական հայկական ոյժերու վերջին ներխուժումն Ատրպէյճանի Քելպաճարի շրջան եւ մեծ քանակութեամբ քաղաքացիական անձանց տեղահանութիւնը՚: Բանաձեւը կը պահանջէր ռազմական եւ թշնամական գործողութեանց անյապաղ դադրեցում, Քելպաճարէն ՙտեղական հայկական ոյժերու դուրսբերում՚:

Մէկ տարի առաջ, երբ ղարաբաղեան ոյժերը վերահսկողութեան տակ առած էին Լաչինը` ապահովելով Հայաստան-Ղարաբաղ ցամաքային կապը, Մ. Ա. Կ.ը բանաձեւ ընդունելէ ձեռնպահ մնացած էր: Ալեքսանտր Արզումանեանն արտառոց բան չի տեսնէր. Մ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.ի երկիրները կը գիտակցէին, որ Ղարաբաղի ժողովուրդն իր տարածքին մէջ ապահով կեանքի իրաւունք ունի:

ՙԵրբ ռազմական գործողութիւնները կ’ընթանային բուն Ղարաբաղի տարածքին, Ա. Խ.ն բանաձեւ չէր ընդուներ, կը գիտակցէր, որ արցախահայութեան գոյատեւումը հնարաւոր չէ առանց Լաչինի միջանցքի ձեւաւորման: Երբ Ատրպէյճանը փորձեց հարցը ոյժով լուծել եւ Մարտակերտի զգալի մասը գրաւեց` դիմեցինք Ա. Խ., բայց քայլ մը չառնուեցաւ: Տրամաբանութիւնը հետեւեալն էր. հակամարտութիւնը կը շարունակուի, ո’ր կողմը որ յաղթող ըլլայ` փաստը կ’ընդունուի: Բայց երբ ռազմական գործողութիւններն արդէն ծաւալեցան եւ դուրս եկան հակամարտութեան` իրենց պատկերացուցած սահմաններէն, սկսաւ բանաձեւերուն հոսքը` Քելպաճար, Աղտամ, Ֆիզուլի, Ղուպաթլու, Ճեպրայիլ, Զանկելան, որոնք իբրեւ հակամարտութեան անհրաժեշտ գործօններ չէին ընկալուեր՚:

Չնայած Ատրպէյճանն ինքն էր թիւ 822 բանաձեւի ընդունման նախաձեռնողը` նոյնինքն Քելպաճարի կորուստին հիմքով, սակայն պարզուեցաւ, որ անոր ամբողջական իրականացումն անընդունելի էր Պաքուի համար: Քազիմիրովն այսպէս կը բացատրէ. ՙՔանի որ Մարեսքայի բանաձեւը կը բաւարարէր ատրպէյճանցիները` ետ ստանալ Քելպաճարը, բայց ո’չ թէ ռազմական գործողութիւններու վերջնական դադրեցման, այլ` ժամանակաւոր դադարի մը դիմաց: Իսկ մեր պահանջը ռազմական գործողութեանց ամբողջական դադրեցումն էր: Ատիկա Ատրպէյճանը այնքան ալ չէր բաւարարեր: Այսինքն, անոնք առանց ռազմական ջանքերու, քաղաքական միջոցներով կ’ուզէին ստանալ Քելպաճարը՚:

Երբ Ռուսիան, Ա. Մ. Ն.ը, Թուրքիան եւ Մինսքի Խորհրդաժողովին նախագահը կողմերուն առաջարկեցին հաստատել թիւ 822 բանաձեւի կատարման պատրաստակամութիւնը, Երեւանն ու Ստեփանակերտը դրականօրէն արձագանգեցին, իսկ Պաքուն պատասխան չտուաւ այն բանաձեւի կատարմանը, զոր իր նախաձեռնութեամբ ընդունուած էր եւ զոր, կը թուէր, թէ զանոնք կը բաւարարէր:

ՙՆիւ Եորքի մէջ բանաձեւի ընդունումէն քանի մը ժամ առաջ Ռուսիան, Ա. Մ. Ն.ը եւ Թուրքիան Մոսկուայի մէջ համաձայնեցուցած էին փոխզիջումային առաջարկութիւն մը, զոր, Քելպաճարէն հայոց հեռանալու դիմաց կը նախատեսէր բանակցութեանց վերսկսում նախ նեղ` ՙ5+1՚ կազմով, ապա` Մինսքի Խումբին մէջ, եւ ռազմական գործողութեանց դադրեցում 60 օրով: Թիւ 822 բանաձեւն աւելի արմատական էր. ան բոլոր ռազմական եւ թշնամական գործողութեանց անյապաղ դադրեցում կը պահանջէր՚,- կ’ըսէ Քազիմիրովը:

Անվտանգութեան Խորհուրդը, բազմակողմ դիւանագիտութիւն իրականացնող որեւէ կազմակերպութեան նման, չէր կրնար հակամարտութեան մէկ կամ միւս կողմին համար լիովին ընդունելի բանաձեւ ներկայացնել: Բանաձեւերը միահամուռ (քոնսենսուսային) կ’ըլլան, դրական տարրեր կը պարունակեն թէ’ մէկ եւ թէ’ միւս կողմին համար:

ՙԱյդ տարրերէն` Ատրպէյճանը զօրքերու անյապաղ դուրսբերումը կը պատկերացնէր: Բանաձեւերուն մէջ զայն նախորդող շարք մը ուրիշ պայմաններ կային` զինադադարի ստորագրում, թշնամական քայլերու դադրեցում, բանակցութեանց վերսկսում: Բանաձեւը պէտք է իրականացուի կա’մ ամբողջութեամբ, կա’մ չի կրնար իրականացուիլ միայն այս կամ այն տարրը՚,- կ’ըսէ Արզումանեանը:

Մայիսի կէսերուն Քազիմիրովը, Մարեսքան, Վուրալը եւ Ռաֆայելլին նոր փաթեթ մը կը կազմեն Մոսկուայի մէջ: Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը դրական պատասխան կու տան, մինչդեռ Ղարաբաղը թիւ 822ի կատարման վրայ կը պնդէ:

Տէր Պետրոսեանը կը յայտարարէ, որ թէեւ նորացուած փաթեթը խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելու առաջին լուրջ հնարաւորութիւնը կու տայ եւ հնարաւոր կը դարձնէ բանակցութեանց միջոցով Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորումը, միւս կողմէ սակայն, ՙնախաձեռնութիւնը տեղիք կու տայ որոշ մտահոգութեանց, զորս կը վերաբերին Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւանց ապահովման երաշխիքներուն: Հայաստանը լիովին համոզուած չէ, որ Ատրպէյճանը վերջնականապէս հրաժարած է Ղարաբաղի հարցին ռազմական լուծում տալու իր քաղաքականութենէն՚:

Ստեփանակերտը բացասական պատասխան կու տայ, քանի որ ռուս-թուրք-ամերիկեան նախաձեռնութիւնը Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութիւնը չէր ապահովեր: Քոչարեանը կ’ընդգծէ, որ խաղաղութեան հաստատումը պէտք չէ իրականացուի Ղարաբաղի ժողովուրդի շահերու եւ իրաւունքներու ոտնահարման հաշուին:

3-4 Յունիսին Հռոմի մէջ Մինսքի Խումբը կողմերուն կը փոխանցէ ՙՄ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.ի թիւ 822 բանաձեւի իրականացման անյետաձգելի միջոցառումներուն ժամանակացոյց՚ը: Ռուսիոյ եւ Ա. Մ. Ն.ի միջեւ հակասութիւններն պարզորոշ էին: Քազիմիրովը կը պնդէր` առաջնայինը ո’չ թէ ժամանակացոյցներու, այլ` բանաձեւի կատարումն է:

ՙՄարեսքան կտրականապէս դէմ էր: Ան կ’ըսէ, որ իբր թէ Ա. Խ.ի մէջ չեն հասկնար (ղարաբաղեան հարցին մանրամասնութիւնները), իսկ ես կը փաստարկէի Ա. Խ.ի հեղինակութիւնն ու լիազօրութիւնները: Ան երկար ատեն կը դիմադրէր: Այսպիսով կը յայտնուի ՙ822 բանաձեւի կատարման անյետաձգելի միջոցառումներուն ժամանակացոյց՚ը: Մ. Ա. Կ.ի բանաձեւին մէջ յստակօրէն դրուած է կրակի դադրեցման հարցը, ապա միայն` գրաւուած տարածքներուն ազատումը: Ժամանակացոյցին մէջ յստակութիւն չկայ, որ կրակը վերջնականապէս կը դադրեցուի: Ատրպէյճանը կողմ էր ժամանակացոյցին, ո’չ թէ բանաձեւին՚:

Տարաձայնութիւններ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ

Երեւանն ու Ստեփանակերտը հրապարակաւ տարբեր դիրքորոշումներ ընդունեցին ժամանակացոյցին վերաբերեալ: Ասիկա խա՞ղ էր, թէ՞ իրաւամբ տարբերութիւններ կային Հայաստանի եւ Ղարաբաղի ընկալումներուն միջեւ:

Փափազեանը կը պատասխանէ` երկուքն ալ: Նախնական պայմանաւորուածութիւններ կ’ըլլային Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ, որ բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի դիրքորոշումն աւելի կոշտ ըլլայ, ինչը շատ բնական է:

ՙԲայց կային նաեւ իրական հակասութիւններ եւ չէին կրնար չըլլալ: Մէկ պարզ ձեւակերպում կու տամ. Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն պատասխանատու է Հայաստանի, անոր բնակչութեան, Լ. Ղ. Հ.ի ու անոր բնակչութեան, նաեւ Ճաւախքի ու նման համայնքներու անվտանգութեան համար: Մինչդեռ Ղարաբաղի իշխանութիւնն ինքզինք պատասխանատու կը զգայ միայն Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան համար: Ան նաե’ւ Հայաստանի համար պատասխանատուութեան զգացողութիւն չունի: Ասիկա շատ բնական է, հոս մարդկային տեսակի կամ որակներու տարբերութիւններ պէտք չէ փնտռել: Ժամանակին Միլոշեւիչը պատասխանատու էր Սերպիա-Չեռնոկորիայի, Պոսնիա-Հերցեկովինայի սերպական հատուածի եւ Քրաինայի սերպերուն համար, իսկ Պոսնիա-Հերցեկովինայի եւ Քրաինայի սերպերն ամենեւին իրենք զիրենք պատասխանատու չէին զգար Սերպիայի համար՚,- կ’ըսէ Փափազեանը:

ՙԲանակցութիւններուն Ղարաբաղի դիրքորոշումներուն վրայ ի՞նչ չափով կ’ազդէ Երեւանը, ձեր վրայ ճնշում կը գործադրո՞ւի՚,- ռուս լրագրողի հարցին Քոչարեանը պատասխանած է. ՙԵթէ ճնշում կ’ըլլայ` ապա յօգուտ զիջումներու անհրաժեշտութեան: Ատիկա որոշ չափով նման է Պելկրատի եւ Պոսնիոյ Սերպական Հանրապետութեան փոխյարաբերութիւններուն: Ես կը ձգտիմ հիմնաւորուած կերպով պահպանելու մեր գիծը եւ միաժամանակ բնական յարաբերութիւններ ունենալու Հայաստանի ղեկավարութեան հետ: Միշտ չէ որ ատիկա կը յաջողինք ընել: Բայց Լ. Ղ. Հ.ի դէմ իրական պատժամիջոցներն առարկայականօրէն են դժուար: Եթէ զանազան դրդապատճառներով պաշտօնական Երեւանը նման որոշում տայ` ստիպուած կ’ըլլայ լուրջ պատասխան տալու ժողովուրդին՚:

Ըստ Լիպարիտեանի` 1992-1993ին սկզբունքային հարցերուն մէջ Երեւանի ու Ստեփանակերտի միջեւ ընդհանուր համաձայնութիւն կար. ՙՈրոշ տարակարծութիւններ կային մարտավարական հարցերուն մէջ: Հնարաւոր է, որ մարտավարական հարցերուն մէջ առկայ տարակարծութիւնները տարբեր մօտեցումներու աւելի խոր արտայայտութիւնն էին: Ստեփանակերտն ունէր օրակարգի մէկ` Ղարաբաղի հարցը. միւս բոլոր հարցերուն մէջ ան պէտք է յենէր Հայաստանի վրայ: Երեւանն ունէր օրակարգերու ամբողջ ցանկ մը. ան միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութիւն էր, պատասխանատուութիւն կը կրէր թէ’ իր եւ թէ’ Ղարաբաղի համար՚:

Դաւիթ Շահնազարեանը ՙհակասութիւններ՚ բառի փոխարէն կը նախընտրէ օգտագործել ՙդիրքորոշումներու տարբերութիւն՚ ձեւակերպումը. ՙՀայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ ռազմավարական հարցերուն մէջ տարաձայնութիւններ երբեք չեն եղած, Ստեփանակերտի իշխանութիւններն ամբողջովին ո’չ միայն համաձայն էին Երեւանի քաղաքականութեան, այլեւ` զայն կը պաշտպանէին՚:

Վարդան Օսկանեանը բանակցութիւններուն հայկական կողմէ վեթերան դիւանագէտն է, ներգրաւուած է 1993 թուականէն: Ան նկատել կու տայ, որ մինչեւ 1997ի ՙփուլային՚ առաջարկութիւնը, ճիշդ է, կրնային մօտեցումներու տարբերութիւններ ըլլալ Երեւանի ու Ստեփանակերտի միջեւ, բայց ատիկա երբեք չէր որոշակիացած, չէր սրուած:

ՙՄիայն փուլային առաջարկութենէն ետք, երբ Հայաստանն ըսաւ, որ ատիկա ընդունելի է իր համար, իսկ Ղարաբաղը` ոչ, այդ ժամանակ էր, որ սրեցան յարաբերութիւնները: Այդ հակասութիւնները Անվտանգութեան Խորհուրդի 1998ի (Յունուար) նիստին բախուեցան, եւ ատոր հետեւանքով եղաւ այն, ինչ որ եղաւ: Կ’ենթադրուի, թէ հրաժարականի պատճառներէն մէկն ալ այդ խնդիրն էր: Կրնամ սխալիլ, բայց կուտակուած ուրիշ խնդիրներ կային, որոնցմէ Ղարաբաղը միայն մէկն էր: Համաձայն չեմ այն կարծիքի հետ, որ Տէր Պետրոսեանը հրաժարական տուաւ միայն ու միայն Ղարաբաղի հարցին պատճառով՚,- կ’ըսէ Օսկանեանը:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

Переговорный процесс по урегулированию конфликта. Аналитикон

$
0
0

http://theanalyticon.com/?p=7927&lang=ru

54a6922deca67_medium
Татул АКОПЯН

Журналист
Ереван

Пока Армения и Азербайджан были частью Советского Союза, по вопросу об урегулировании нагорно-карабахской проблемы они обращались в Кремль. В 1992-м, когда Советский Союз исчез с карты мира, Арцахская проблема стала международной. Первой отреагировала СБСЕ (ныне ОБСЕ), которая 24 марта 1992 года приняла резолюцию, в которой отмечается, что в переговорах по урегулированию должны принимать участие Армения, Азербайджан, а также «избранные и иные представители» Нагорного Карабаха. Под «избранными» представителями имелся в виду парламент Арцаха, сформированный в ходе выборов конца декабря 1991 года. Под «иными», видимо, подразумевались азербайджанцы Нагорного Карабаха, в лице властей города Шуши.
Осенью 1991 года с инициативой об урегулировании выступили президенты России и Казахстана. 24 сентября в российском Железноводске был подписан совместный меморандум. Но попытка избежать только-только разворачивающихся военных действий не удалась.

В 1992-1994 годах переговоры происходили параллельно боевым действиям. Миротворческие усилия и ОБСЕ вместе с действующей под ее эгидой Минской группой, и России в первую очередь, были нацелены на прекращение огня, что удалось в мае 1994 года при посредничестве России. На начальном этапе НК отказывался принимать участие в переговорах, пока, во-первых, не определен его статус, во-вторых, под «карабахской стороной» международное сообщество и Азербайджан подразумевали «армянскую и азербайджанскую общины НК». После настойчивых призывов Еревана Степанакерт подключился к переговорам.

После майского перемирия и до Лиссабонского саммита переговоры были трехсторонними – Армения, Азербайджан, Нагорный Карабах. В составе азербайджанской делегации на переговоры в обязательном порядке приезжал бывший мэр Шуши. В ходе переговоров в основном обсуждались вопросы, связанные с устранением последствий конфликта – возвращение территорий, деблокада, возвращение беженцев, гарантии безопасности, международные миротворцы. Вопрос правового статуса Арцаха, который является краеугольным в конфликте, не обсуждался в достаточной мере.

За переговорным столом с одной стороны сидели Армения и Нагорный Карабах, а с другой – Азербайджан. Порой вступали в спор друг с другом международные посредники – государства и организации. Основные противоречия возникали между Россией и ОБСЕ. Россия не только участвовала в переговорах в составе Минской группы, но и осуществляла отдельные инициативы, причем, в двух направлениях (по линии министерств иностранных дел и обороны), вызывая недовольство Запада.

В декабре 1996 года на Лиссабонском саммите ОБСЕ Россия и Запад сформировали единую позицию и поддержали инициативу действующего председателя ОБСЕ, министра иностранных дел Швейцарии Флавио Котти. Был презентован документ по карабахскому урегулированию из трех пунктов, который признает территориальную целостность Азербайджана и высокий статус автономии Арцаха в его составе.

Первый президент Армении Левон Тер-Петросян воспользовался в Лиссабоне правом вето, отметив в своем слове: «В случае урегулирования карабахского конфликта на основе предложенных Азербайджаном принципов над населением Нагорного Карабаха нависнет постоянная угроза геноцида или насильственной депортации. Армянские погромы в Сумгаите (февраль 1988 года), Кировабаде (ноябрь 1988 года) и Баку (январь 1990 года), а также насильственная депортация 24 армянских сел в Карабахе (май-июнь 1991 года) со всей очевидностью указывают на то, что Азербайджан, несмотря на все заверения, не может обеспечить гарантии безопасности населению Нагорного Карабаха. Следовательно, мы придерживаемся мнения, что единственным способом избежать новой трагедии является уважение права народа Нагорного Карабаха на самоопределение».

Весной 1997 года в Москве состоялся последний раунд трехсторонних – Армения-Нагорный Карабах-Азербайджан – переговоров. Армянская сторона покинула переговоры, поскольку Азербайджан настаивал на том, чтобы в качестве основы переговоров были приняты принципы Флавио Котти, озвученные на Лиссабонском саммите 1996 года. Так, с весны 1997 года и по сей день трехсторонних переговоров не происходит, участие карабахской стороны в переговорах прекратилось.

Летом и осенью 1997 года Минская группа официально представила трем сторонам конфликта два письменных предложения, первое из которых принято называть пакетным, а второе – поэтапным. Пакетное предложение, которое было отклонено Степанакертом, строилось на лиссабонских принципах. Документ, составленный посредниками, предполагал высокую степень автономии НК в составе Азербайджана и возврат Азербайджану находящихся под контролем НК районов, за исключением Лачина.

Степанакерт отклонил и второе предложение – поэтапное, которое откладывает вопрос статуса НК на потом, а на первом этапе устраняет последствия конфликта. Азербайджан счел приемлемым и этот вариант. Тер-Петросян и часть его команды были склонны принять в качестве основы для переговоров поэтапный вариант, при реализации которого Азербайджану могут отойти 6 районов, за исключением Лачина.

В конце 1998-го Минская группа официально представила новые письменные предложения, которые принято называть «Общим государством». На этот раз Ереван, с определенными оговорками, а Степанакерт – со серьезными приняли их как основу для переговоров, а вот Баку отклонил.

Предложения об общем государстве в плане подходов по устранению последствий конфликт почти ничем не отличались от прежних предложений. Основная разница заключалась в предлагаемом статусе НК. В самом начале представленных предложений говорится, что «Нагорный Карабах – государственное и территориальное образование в форме Республики, которое составляет общее государство с Азербайджаном». Гейдар Алиев заявил, что предложение неприемлемо для Азербайджана, поскольку, фактически, в составе Азербайджана образуются два независимых государства, и у Баку не будет контроля над Степанакертом.

Весной 1999 года в Вашингтоне было заложено начало двусторонним переговорам Кочарян-Алиев. Переговоры на уровне президентов в двустороннем формате происходили и в прошлом: Левон Тер-Петросян неоднократно встречался с Аязом Муталибовым, Абульфазом Эльчибеем и Гейдаром Алиевым.

По итогам многочисленных встреч Кочарян-Алиев весной 2001 года родился неофициальный документ, который получил название «Ки-уэстского». Азербайджан отклонил «ки-уэст» так же, как проект «общего государства» в 1998-ом. Этот документ, в отличие от прежних, никогда не публиковался. Известно, что он был выстроен на философии обмена территориями. Нагорный Карабах вместе с Лачинским коридором присоединялся к Армении, а Азербайджан в качестве компенсации получал сухопутный «суверенный коридор» к Нахиджевану через Мегри.

С 2004-го начался новый этап, который называют Пражским процессом. Казалось, что стороны, встретившиеся в замке Рамбуйе близ Парижа, близки к достижению согласия по основополагающим принципам, но переговоры вновь зашли в тупик из-за невозможности достичь согласия по вопросам о возвращении Карвачара и сроках проведения плебисцита в НК. Основной идеей Пражского процесса является «отложенный референдум», который предполагает следующее: карабахские силы выводятся из пяти районов, а возвращение Карвачара увязывается со сроками проведения плебисцита в НК. Пока плебисцит не состоится, Карвачар остается под совместным контролем армянских и международных сил. Вопрос Лачинского коридора также оставался спорным.

В ноябре 2007 года на министерской встрече в Мадриде представляющие страны-сопредседатели Минской группы ОБСЕ старшие дипломаты передали Еревану и Баку рамочный документ из 14 пунктов, который также основан на философии отложенного референдума (плебисцита). Этот документ Армения и Азербайджан не приняли и не отклонили.

После состоявшихся в Армении в 2008 году президентских выборов новые власти приняли в качестве основы для продолжения переговоров Мадридские принципы. 2 ноября того же года при посредничестве России и в присутствии в то время президента РФ Дмитрия Медведева Армения и Азербайджан подписали состоявшую из 5 пунктов Майндорфскую декларацию. В течение всей истории урегулирования конфликта, начиная с майского перемирия 1994 года, это стало первым документом, под которым отсутствует подпись основной стороны конфликта – Нагорного Карабаха.Eltsin-Nazarbaev-1991-September-21

С 2008 года и по сей день посредники держат Мадридские принципы на столе, но то для одной из сторон, то для другой, то кого-то третьего этот документ становится неприемлемым – в зависимости от того, какая деталь менялась в «обновленном» варианте. Сатана мадридских принципов в деталях.

Татул Акопян – ереванский корреспондент бейрутской газеты «Аздак», аналитик фонда «Сивилитас», преподаватель ЕрГУ и координатор Центра армянских исследований АНИ. Автор книг «Арцахский дневник: Зеленое и черное» и «Взгляд с Арарата: Армяне и турки».

Արցախ. բարդ ընտրություն

$
0
0

Ծանոթ. – Այս տարվա ապրիլի 13-ին ԱՆԻ կենտրոնը ամբողջապես, առաջին անգամ գաղտնազերծեց Մադրիդյան փաստաթուղթը (հայերեն՝ http://www.aniarc.am/2016/04/13/madrid-principals-armenian-text/, ռուսերեն՝ http://www.aniarc.am/2016/04/12/madrid-document-full-russian/, անգլերեն՝ http://www.aniarc.am/2016/04/11/madrid-principles-full-text/ )

Հունիս 23-ին ԱՆԻ կենտրոնը հայերենով առաջին անգամ հրապարակեց Մադրիդյան փաստաթղթից ածանցյալ Կազանի առաջարկությունը (http://www.aniarc.am/2016/06/23/kazan-document-23-june/ )՝ աշխատանքային տարբերակը, որը 2011-ի հունիսին մերժել էր Իլհամ Ալիևը:

Tatul_62716

Կազանի փաստաթղթում Ադրբեջանի համար անընդունելի հիմնական կետերը

Այսօր ԱՆԻ-ն ներկայացնում է այն հիմնական առարկությունները (Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտոնյաները նշում են, որ Բաքուն ներկայացրել է միանգամից 10 առարկություն), որ ունեցել է Ադրբեջանը Կազանում 2011-ի հունիսին՝ նախագահ Դմիտրի Մեդվեդևի միջնորդությամբ կայացած Սերժ Սարգսյան-Իլհամ Ալիև հանդիպման ընթացքում:

Առաջին

Ադրբեջանը համաձայն է տարածքների վերադարձկարգավիճակի հստակեցում բանաձևին, սակայն շարունակում է պնդել, որ Լեռնային Ղարաբաղը պետք է, թեկուզ ձևական, մնա Ադրբեջանի, ավելի ճիշտ՝ Խորհրդային Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականության շրջանակներում, քանի որ չի կարող փոխել Ադրբեջանի սահմանադրությունը: Եթե Ադրբեջանը համաձայնություն տա Կազանի առաջարկներին, ապա նախ պետք է փոխի երկրի սահմանադրությունը, քանի որ, բոլորի համար ակնհայտ է, որ Լեռնային Ղարաբաղում հանրաքվեի անցկացումը նշանակում է Արցախի անկախություն: Ադրբեջանի այսօրվա սահմանադրության համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղը Ադրբեջանի մաս է համարվում:

Այսպիսով, Բաքվի համար անընդունելի է Մադրիդյան փաստաթղթի կամ դրանից ածանցյալ Կազանի առաջարկի այն ձևակերպմանը, ըստ որի հանրաքվեի ընթացքում հարցի կամ հարցերի ձևակերպման սահմանափակում չի լինելու և կարող է թույլ տալ յուրաքանչյուր կարգավիճակի հնարավորություն:

Մադրիդյան փաստաթղթում հանրաքվեի մասին կետը ձևակերպված է այսպես. «Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրավական կարգավիճակը կորոշվի պլեբիսցիտի միջոցով, որը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչությանը ընձեռում է կամքի ազատ և իրական արտահայտում: Պլեբիսցիտի ժամկետներն ու մանրամասները կողմերը կհամաձայնեցնեն ապագա բանակցություններում, ինչպես նկարագրված է 9-րդ կետում: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչություն ասելով հասկացվում են 1988 թ. ազգային համամասնությունով ԼՂԻՄում ապրող բոլոր ազգերը այնպիսի էթնիկ համամասնությամբ, ինչպես եղել է մինչև հակամարտության սկիզբը: Պլեբիսցիտի ընթացքում հարցի կամ հարցերի ձևակերպման սահմանափակում չի լինելու և կարող է թույլ տալ յուրաքանչյուր կարգավիճակի հնարավորություն»:

Երկրորդ

Ադրբեջանը համաձայն չէ միմյանց հետ կապել հանրաքվեի անցկացում/Քարվաճառի (Քելբաջարի) վերադարձ ժամանակացույցը, ավելի պարզ՝ Բաքուն չի ցանկանում  Լեռնային Ղարաբաղում ապագայում անցկացվելիք քվեարկության համար նշել հստակ ժամանակահատված: Մինչդեռ եթե չի նշվում քվեարկության ժամանակը, ապա Մադրիդյան և նրանից ածանցյալ Կազանի առաջարկությունը դառնում է փուլային լուծում, ընդ որում՝ շատ ավելի վատ Հայաստանի և Արցախի համար, քան 1997-ի փուլայինն էր:

Ո՛չ Մադրիդյան, ո՛չ Կազանի առաջարկներում, որոնք սկզբունքներ են, հանրաքվեի անցկացում/Քարվաճառի (Քելբաջարի վերադարձ) ժամանակացույցի մասին հիշատակություն չկա, սակայն բանակցությունների ընթացքում դա ամենից շատ քննարկվող և վիճելի կետերից է: Հայկական կողմը պատրաստ էր քննարկել Քելբաջարի վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղում անցկացվելիք հանրաքվեին զուգահեռ կամ դրանից հետո:

Մադրիդյան փաստաթղթում Քարվաճառի (Քելբաջարի) հատվածը ձևակերպված է այսպես. «Հայկական ուժերը դուրս են բերվում Քելբաջարի շրջանից: Սահմանափակ զորամիավորում տեղակայվելու է Քելբաջարի շրջանի այն տարածքում, որը որոշելու է Միջազային անցումային հանձնաժողովը` մինչև Խաղաղության Համաձայնագրի ստորագրումը: Քելբաջարի շրջանը գտնվելու է  Միջազգային անցումային  հանձնաժողովի մշտադիտարկման տակ՝ ԵԱՀԿ հանձնաժողովի միջոցով, որը ներառելու է հայ և ադրբեջանցի ներկայացուցիչներ: Քելբաջարի շրջանի միջազգային անցումային մոնիտորինգի ընթացքում Քելբաջարի շրջանի բնակչության դուրս գալը շրջանից միջազգային հանրության կողմից խրախուսվելու է: Ադրբեջանական ներքին տեղահանված անձանց թույլ կտրվի վերադառնալ Քելբաջարի շրջան Խաղաղության Համաձայնագրի ուժի մեջ մտնելուց հինգ տարի անց»:

Երրորդ

Ադրբեջանը համաձայն չէ, որպեսզի Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միջանցքը ունենա իրավական նույն կարգավիճակը, ինչ ունենալու է Լեռնային Ղարաբաղը հանրաքվեի անցկացումից հետո: Բաքուն պատրաստ է այդ միջանցքը ժամանակավորապես, ասենք՝ 99 տարով, տրամադրել ԵԱՀԿ-ի տնօրինմանը:

Մադրիդյան փաստաթղթում Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի մասին կետը ձևակերպված է այսպես. «Համաձայնեցված լայնքի միջանցքը պետք է Լեռնային Ղարաբաղը կապի Հայաստանի հետ: Մինչև Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրավական կարգավիճակի որոշումը, այդ միջանցքը գտնվելու է Լեռնային Ղարաբաղի ժամանակավոր իշխանություննների վերահսկողության տակ համաձայն ստատուս քվոյի պայմաններին այն պահի դրությամբ, երբ Խաղաղության Համաձայնագիրը կմտնի ուժի մեջ: Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրավական կարգավիճակի որոշումից հետո, միջանցքի օգտագործման գործընթացը կկարգավորվի` հաշվի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը»:

Չորրորդ

Ադրբեջանի համար «Լաչինի միջանցք»-ը ավելի շատ նշանակում է ճանապարհ, մինչդեռ Հայաստանի և Արցախի համար դա պետք է լինի իրական միջանցք առնվազն մի քանի տասնյակ կիլոմետր լայնությամբ: Բանակցությունների բոլոր փուլերում Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի լայնության հարցը եղել է և մնում է վիճելի խնդիրներից:

Բացի վերոնշյալ չորս կետերը՝ Ադրբեջանը Կազանում ներկայացրել է այլ առարկություներ ևս, որոնց պատճառով բանակցությունները մտել են խորը փակուղի:

326928_original

Պուտինի պլանը՝ տարածքներ միջանկյալ կարգավիճակի դիմաց

Այսօր՝ Կազանյան փակուղուց հինգ տարի և Ապրիլյան պատերազմից ամիսների անց, կրկին Ռուսաստանի միջնորդությամբ, ղարաբաղյան բանակցություններում նկատվում է զգալի ակտիվացում: Վլադիմիր Պուտինը և արտգործնախարար Սերգեյ Լավրովը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի շրջանակներին զուգահեռ  իրականացնում են միջնորդական առաքելություն:

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը դիվանագիտական տարբեր աղբյուրներից տեղեկություններ է ստացել այն մասին, որ Ռուսաստանը փորձում է ղարաբաղյան կարգավորման միջանկյալ լուծում գտնել և հորդորել կողմերին, որպեսզի նրանք ընդունեն այդ առաջարկը:

Մասնավորապես, Վլադիմիր Պուտինն ու Սերգեյ Լավրովը Հայաստանի և Ադրբեջանի ղեկավարությանը ծանոթացրել են ռուսական այդ պլանին, որը, ամբողջությամբ նորություն չէ, նոր մոտեցում չէ, բայց որոշակի տարբերություններ ունի նախկինում ներկայացված առաջարկներից: Այդ առաջարկությունը ավելի մոտ է 1997-ի փուլային տարբերակին:

Ղարաբաղյան կարգավորման Պուտինի պլանը ենթադրում է երկու հիմնական փաթեթ.

առաջին. հայկական ուժերը հետ են քաշվում հինգ շրջաններից՝ Աղդամ, Ֆիզուլի, Ջեբրայիլ, Զանգելան, Ղուբաթլու,

երկրորդ. Լեռնային Ղարաբաղը ստանում է միջանկյալ ամուր կարգավիճակ, որը չի ենթադրում վերադարձ Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականության կազմ, բայց նաև չի ենթադրում անկախ կարգավիճակ տեսանելի ապագայում՝ կամարտահայտության ճանապարհով:

Մեր տեղեկություններով՝ Մադրիդյան փաստաթղթում և նրանից ածանցյալ Կազանյան առաջարկներում ամրագրված Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրավունքի իրացումը դուրս չի մնացել փաթեթից, սակայն հանրաքվեի, պլեբեսցիտի կամ կամարտահայտություն անցկացումը թողնվում է անորոշ ապագայի:

Հայաստանը չի համաձայնվում Լեռնային Ղարաբաղի որևէ կարգավիճակ Ադրբեջանի կազմում, այդ պատճառով՝ ռուսական կողմը նոր մոտեցում է որդեգրել՝ հինգ շրջանի դիմաց միջանկյալ ավելի ամուր կարգավիճակ, քան ամրագրված է Մադրիդյան փաստաթղթում:

Բացի այդ, Պուտինի առաջարկներում անորոշ ժամանակով մոռացության են տրվում Քարվաճառի և Լաչինի շրջանների վերադարձի մասին ձևակերպումները:

 

Թաթուլ Հակոբյան

Նեմեսիս. առաջին մաս [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Իններորդ գլուխ

10 Ապրիլ 1919-ի երեկոյեան Սթամպուլի Սուլթան Պայազիտ հրապարակին մէջ, պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու ներկայութեամբ, որոնց` մահապատժի արարողութեան մասնակցիլը պարտադիր էր, կախաղան կը բարձրացուէր Եոզղատի հայոց տեղահանութեան եւ կոտորածներու յանցագործներէն` Պողազլըեանի գաւառապետ Մեհմէտ Քեմալ պէյը: Դատավարութեան ընթացքին Քեմալը մասամբ ընդուներ էր մեղքը, ըսելով, թէ ինք ընդամէնը բարեխղճօրէն կատարած է կառավարութենէն ստացած հրահանգը: Կախաղան հանուելէ առաջ ալ Քեմալը փորձած է արդարանալ նոյն հիմնաւորումով:

Հայոց Ցեղասպանութեան անմիջական պատասխանատու օսմանցի բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մահապատժի ենթարկուած միւս երկու ոճրագործներն էին Երզնկայի ժանտարմերիայի հրամանատար Հա‎‎ֆըզ Ապտուլլահ Աւնին եւ Բաբերդի կառավարիչ, յետագային Ուր‎ֆայի գաւառապետ Պեհրամզատէ Նուսրէթը, որոնց մահապատիժներն իրագործուած են համապատասխանաբար 22 Յուլիս եւ 5 Օգոստոս 1920-ին` Սեւրի դաշնագրի ստորագրման նախօրեակին: Ռազմական ատեանները խուսափեր են մահուան դատապարտել միւս մեղադրեալները, քանի որ կախաղան բարձրացուած Մեհմէտ Քեմալի մահապատիժը վրդովեցուցեր էր թուրքերը: Մահապատիժին յաջորդ օրը կազմակերպուած Քեմալի թաղման արարողութեան մասնակցած է աւելի քան տասը հազար մարդ:

Համաշխարհային հանրութեան ճնշման տակ, Օսմանեան Կայսրութեան սուլթան Մեհմէտ Զ. Վահիտէտտինը (1918-1922) եւ յաճախ փոփոխուող կառավարութեանց ներկայացուցիչներն աճապարեցին պատժել Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն հայոց տեղահանութեան ու կոտորածներու հեղինակները: Այս հարցին մէջ կարեւոր դեր խաղցաւ նաեւ այն, որ 1918-ի Դեկտեմբերէն սկսեալ օսմանեան կառավարութիւնները Իթթիհատի հակառակորդ եւ ժամանակին հալածուած Ազատութիւն Եւ Համաձայնութիւն կուսակցութեան անդամներէն կը կազմուէին:

Նոյնիսկ թրքական մամուլը մտահոգութեամբ կը գրէր, թէ Օսմանեան Կայսրութիւնը հայոց կոտորածներու կազմակերպիչները պատասխանատուութեան կը կանչէր ատոր հարկադրուած ըլլալով եւ թէ դատավարութեանց շարժառիթ ծառայած էր ոչ թէ արդարութեան վերականգնումը, այլ ընդամէնը Եւրոպայի առջեւ արդարադատ երեւալու ցանկութիւնը. ՙԿառավարութիւնը տեղահանութեան եւ կոտորածներու խնդրին կապակցութեամբ դատարանին յանձնեց երեք-հինգ հոգի: Խնդիրն արդեօ՞ք այդքանով կը վերջանայ: Ինչպէ՞ս կարելի է տեղահանութիւնն ու կոտորածները սահմանափակել նման շրջանակի մէջ՚: Ռե‎‎ֆի Ճեւատ Ուլունայը ուրիշ յօդուածի մը մէջ կը գրէ. ՙՄիակ բանը, զոր պարտաւոր ենք ընել, ամբողջ ժողովուրդ մը դէպի բնաջնջում տարած մարդասպանները պատժելն է՚:

Ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի խօսքերով` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող բազմահատոր գրականութեան մէջ չափազանց քիչ տեղեկութիւններ կան զանգուածային կոտորածներն իրագործող գլխաւոր ջարդարարներուն դէմ գործադրուած պատժամիջոցներուն մասին. ՙԱյն, ինչ կատարուեցաւ 1919-1920-ին, զինադադարի ժամանակ, խայտառակութիւն էր Թուրքիոյ համար: Ջարդարարները թրքական Զինուորական Ատեանին կողմէ դատուեցան, մեղաւոր ճանչցուեցան, մահուան դատապարտուեցան եւ կրեցին իրենց պատիժը: Յետպատերազմեան օսմանեան իշխանութիւնները մեծ դժկամութեամբ եւ անթաքոյց տագնապով համաձայնեցան կազմակերպել այդ զինուորական ատեանները: Դաշնակիցները տարբեր ձեւերով հասկցնել տուած էին, որ եթէ Թուրքիան իր մեղքերը չքաւէ եւ հայոց կոտորածներու գլխաւոր պատասխանատուները չպատժէ` առաջարկուած խաղաղութեան պայմանները կրնային բաւական խիստ ըլլալ՚:

Հայոց Ցեղասպանութիւնն իրագործուած է 14 (27) Մայիս 1915-ի նախարարական որոշումով: Ան կը հետապնդէր երկու նպատակ` տեղահանութեան անուան տակ ցեղասպանութիւն գործադրել եւ այդ ոճիրի գործադրման համար իրաւական հիմք ստեղծել: Այդ օրէնքը 1915-ի Սեպտեմբերին օսմանեան խորհրդարան պէտք է բերուեր վաւերացման համար, բայց չէր բերուած: Զաւեշտականն այն է, որ այդ օրէնքը հայ երեսփոխաններուն պնդումով խորհրդարանի վաւերացման ներկայացուեցաւ աւելի քան երեք տարի ետք` 4 Նոյեմբեր 1918-ին, երբ հայերը բնաջնջուած էին, իսկ Օսմանեան Կայսրութիւնը` պատերազմին մէջ պարտուած:

1918-ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն օսմանեան խորհրդարանին մէջ ամենաշատ քննարկուած խնդիրը դարձաւ կայսրութիւնն Առաջին Աշխարհամարտ ներքաշելու եւ հայոց կոտորածները կազմակերպելու համար մեղադրեալները դատական պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցը: 19 Հոկտեմբերին, վարչապետ Ահմէտ Իզզէթ փաշան խորհրդարանին ներկայացուց կառավարութեան ծրագիրը, ուր սակայն չէր ներառուած պատերազմի տարիներու յանցագործութիւնները հետաքննելու հարցը: Քննադատութիւններուն ի պատասխան Ահմէտ Իզզէթը յայտարարեց. ՙՄենք անպայման արդարադատութիւն կը խոստանանք՚:

Հայկական կոտորածներուն հարցով լարուած քննարկումներ տեղի ունեցան խորհրդարանի 4 Նոյեմբերի նիստին. լոյս 2 Նոյեմբերի գիշերը փախուստի դիմեր էին երիտթուրք եօթը ղեկավարներ` Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ փաշաները, երկու բժիշկներ` Շաքիրը եւ Նազըմը, ոստիկանապետներ` Պետրին եւ Ազմին, որոնք գաղտագողի կերպով հեռացեր էին Վոսփ‎‎‎‎‎‎որի եւ Սեւ Ծովու ճամբով: Ասիկա առիթ տուաւ, որ մինչ այդ ահուդողի մատնուած Իթթիհատի հակառակորդները մամուլին միջոցով ահազանգ հնչեցնեն եւ կառավարութեան ազդարարեն, որ ձերբակալէ միւս մեղսակիցները` նախքան անոնց փախուստի դիմելը:

Իթթիհատականներու դէմ քրէական դատ բանալու գործին մէջ կարեւոր էր օսմանեան խորհրդարանին դերը: Տեղի տալով ճնշումներուն` ազգութեամբ արաբ երեսփոխան Ֆուատ պէյի առաջարկի հիման վրայ խորհրդարանին մէջ ստեղծուեցաւ Հինգերորդ Յանձնախումբը, որու պարտականութիւնն էր հարցաքննութեան ենթարկել պատերազմի ժամանակ Սաիտ Հալիմի եւ Թալէաթի կառավարութեանց նախարարները եւ որոշել` պէ՞տք է անոնք որպէս յանցագործ դատապարտուին, թէ՞ ոչ: Յանձնախումբը սակայն չկրցաւ իր եզրակացութիւններն ամփոփել եւ ներկայացնել խորհրդարանին` քուէարկութեան համար, քանի որ սուլթան Մեհմէտ Զ. Վահիտէտտինը 21 Դեկտեմբեր 1918-ին լուծարեց զայն: Բայց եւ այնպէս, այդ մարմնին հաւաքած տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը աւելի ուշ մեծ օգուտ բերին:

Օսմանեան խորհրդարանի հայազգի երեսփոխանները Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին աշխուժօրէն կը մասնակցէին հայկական կոտորածներուն շուրջ քննարկումներուն. ինչպիսի՞ք էին ոճիրին բնոյթն ու տարողութիւնը, որո՞նք էին պատասխանատուները, ինչպէ՞ս կարելի է դարմանել հասցուած վնասներն ու կորուստները: Հայոց երբեմն զօրաւիգ կը կանգնէին յոյն երեսփոխանները, առաջին կարգին` Էմմանուէլ Էմմանուէլիտին: Քննարկումներուն կը մասնակցէին վեց հայ երեսփոխաններ, չէին մասնակցեր Մուշի երկու հայ երեսփոխանները` Գեղամ Տէր Կարապետեանը (որ հիւանդ էր) եւ Վահան Փափազեանը (որ Թուրքիայէն հեռացեր էր), եւ Պոլիսէն Պետրոս Հալաճեանը: Միւս երեքը` Զoհրապը, Վարդգէսը (Յովհաննէս Սերէնկիւլեան) եւ Վռամեանը (Օննիկ Դերձակեան) դաւադրաբար սպաննուած էին:

Հայոց բնաջնջման նուիրուած իր գիրքին մէջ, օսմանեան խորհրդարանի անդամ Ահմէտ Ռէֆիքը զարմանք կը յայտնէր, որ երբ հայերը Տէր Զօր կը քշուէին ու կը կոտորուէին, հայ երեսփոխանները Սթամպուլի մէջ կը շարունակէին ջերմ կապեր պահպանել Թալէաթի ու հայոց ոչնչացումը կազմակերպած Իթթիհատի ուրիշ ղեկավարներու հետ:

4 Նոյեմբերի քննարկումներուն ընթացքին հայ երեսփոխանները մերթ փաղաքշելով, մերթ սաստելով, մերթ երկիմաստ կամ թաքուն արտայայտութիւններով քննադատեցին հայոց հանդէպ իրագործուած ոճրագործութիւնները: Ներքին գործոց նախարար Ֆեթհի պէյը հարկադրուած էր անձամբ ներկայանալ խորհրդարան` բացատրութիւններ տալու: Անշուշտ, հարց կը ծագի, թէ այս նոյն հայ երեսփոխանները ինչո՞ւ Եղեռնի ողջ ընթացքին լուռ մնացեր էին եւ կրցեր էին զերծ մնալ մեծ սպանդէն: Այդ օրը Էմմանուէլիտին ներկայացուց ութը կէտերէ կազմուած դիմում մը, որուն մէջ կ’ըսուէր, թէ սպաննուած են հայ ըլլալէ բացի ուրիշ մեղք չունեցող մէկ միլիոն հայեր, այդ թիւին` երախաներ ու կանայք: Դիմումին մէջ նաեւ կը նշուէր հարիւր հազարաւոր յոյներու սպանութեան եւ արտաքսման փաստը:

Մուշէն երեսփոխան Գեղամ Տէր Կարապետեանը օսմանեան վերջին խորհրդարանին մէջ հայ միակ երեսփոխանն էր, որ բացառապէս հայութեան քուէներով ընտրուած էր: Միւս հայ երեսփոխանները խորհրդարան մտեր էին Իթթիհատի կողմէ կամ անոր օգնութեամբ: Տէր Կարապետեանին ողջ մնալը պատահականութիւն էր. ան չէր աքսորուած, քանի որ հիւանդ գամուած էր անկողինին: Բայց հիւանդութիւնը չէր խանգարած, որ արթուն կերպով հետեւեր Հայոց Ցեղասպանութեան ամէնէն սահմռկեցուցիչ եւ քստմնելի դրուագներէն մէկուն` Մուշ քաղաքի եւ Մշոյ դաշտավայրի շուրջ հարիւր գիւղերու 80-90 հազար հայոց կոտորածին: 9 Դեկտեմբերի նիստին, հայ երեսփոխաններէն Տիգրան Պարսամեանը կ’ընթերցէ արդէն մահկանացուն կնքած Տէր Կարապետեանի ելոյթին շարադրանքը. ՙԻնչպէ՞ս եղաւ, որ արեւելեան նահանգներուն մէջ` Կարին, Սեբաստիա, Խարբերդ, Վան, Տիգրանակերտ եւ Ուր‎‎ֆա, գաւառին մէջ բնակող բոլոր հայերը տեղահանուեցան, 1,5 միլիոնէ աւելի հայեր ցիրուցան եղան, ջարդուեցան ու մահացան: Այս ընդհանուր ջարդին հետեւանքով այդ շրջանի բոլոր հայոց շարժական ու անշարժ գոյքը, վանքերու ու եկեղեցիներու մէջ պահուող արժէքաւոր իրերը կողոպտուած են, հոն բնակող վանականները սպաննուած ու բնաջնջուած են: Այս ահաւոր բռնարարքներէն ետք մնացած կոտորակուած թիւով զաւակները բռնի կերպով կրօնափոխ ըլլալով, հոս ու հոն ցիրուցան եղած են՚:

Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման համար մեղադրեալներու առաջին ձերբակալութիւնները կատարուեցան 1918-ի Դեկտեմբերի սկիզբին` Անգարայի, Չորումի եւ Ատանայի մէջ: 1919-ի Յունուար-Փետրուարին, ձերբակալութիւնները զանգուածային դարձան:

1919-ի Յունուարին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, զոր ստեղծեց յանձնաժողով մը` անոր իրաւասութիւն տալով գտնել պատերազմի յանցագործները: Այս յանձնաժողովի աշխատանքին շնորհիւ էր, որ Սեւրի պայմանագիրին մէջ ներառուեցան հայոց կոտորածներու մեղաւորները դատական պատասխանատուութեան ենթարկելու դրոյթները` 226-րդ, 228-րդ եւ 230-րդ յօդուածները: 1919-ի Փետրուարին, Օսմանեան Կայսրութեան վարչապետ Ահմէտ Թեւ‎ֆ‎իք փաշան դիմեց չէզոք երկիրներ Զուիցերիոյ, Տանիմարքի, Սպանիոյ, Շուէտի ու Հոլանտայի եւ անոնցմէ երկուական դատաւոր խնդրեց` հայոց զանգուածային ջարդերու պատասխանատուները դատելու նպատակով միջազգային դատարան հիմնելու համար, սակայն Մեծն Բրիտանիան խոչընդոտեց, քանի որ մտադիր էր պատասխանատուները  դատել սեփական դատարաններուն միջոցով:

Հայոց կոտորածներուն համար մեղադրուող ոճրագործները դատելու համար ռազմական դատարաններ հիմնելու առաջին նախաձեռնութիւնը 1918-ի Դեկտեմբերի կէսերուն էր, երբ հրապարակուեցաւ սուլթանին հրովարտակը ասոր վերաբերեալ: Յանցագործները դատելու նպատակով ռազմական ատեաններ պիտի հիմնուէին, եւ Կայսրութիւնը դատաքննչական 10 շրջաններու բաժնուեցաւ:

8 Յունուար 1919-ին Սթամպուլի մէջ կը կազմուին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ ռազմական ատեանները: Երիտթրքական կուսակցութեան եւ կառավարութեան անդամները սկիզբը դատաքննուած են միասնաբար, սակայն դատավարութեան երկրորդ նիստին, դատախազին պահանջով, կառավարութեան անդամներու թղթածրարն առանձնացուած է:

1919-ի Ապրիլին կախաղան բարձրացուած Մեհմէտ Քեմալի մահապատիժէն ետք, երբ ներքաղաքական մթնոլորտը լարուեցաւ, իսկ Մայիսին Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցաւ դատավարութեան դէմ ուղղուած իթթիհատականներու խոշոր ցոյց մը, կառավարութիւնը 41 յանցագործներ ազատ արձակեց, իսկ իթթիհատական ամբաստանեալներու դատաքննութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուեցաւ: Բրիտանացիք Մայիսի վերջերուն բանտէն Մալթա կղզի փոխադրեցին 78 բանտարկեալ, հիմնականին մէջ` իթթիհատական յանցագործներ: Որոշ ժամանակ ետք բրիտանացիք Մալթայի մէջ պահուող` Հայոց Ցեղասպանութիւնն իրականացնողները դատելու փոխարէն փոխանակեցին անգլիացի ռազմագերիներու հետ:

Վարչապետ Տամատ Ֆէրիտ փաշան 1919-ի Մարտին յայտարարեր էր, թէ անգլիացիներու ցանկութեան համապատասխան պիտի գործէ: Անմիջապէս սկսան ձերբակալութիւնները: Բացի նախկին վարչապետ Սաիտ Հալիմէն, ձերբակալուեցան շարք մը նախարարներ ու երեսփոխաններ: Մեծն Բրիտանիան 61 անուն փոխանցեր էր Օսմանեան Կայսրութեան: Հայոց տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով ընդհանուր առմամբ ձերբակալուեր էր 300 մարդ, որոնց մէջ` նախարարներ, նահանգապետներ, գաւառապետներ, ոստիկաններ, ժանտարմաներ եւ լրագրողներ: Ձերբակալուածներու մեծ մասն արգելափակուած էր բանտին մէջ, սակայն անոնց հանդէպ վերահսկողութիւնը խիստ չէր: Յանցագործներուն կ’այցելէր յետագային Աթաթուրք մականունն ստացած Մուսթա‎‎ֆա Քեմալը: Կալանաւորներուն մէկ անգամ ալ այցելած է նաեւ Քեազիմ Գարապէքիրը:

Բանտային ոչ-խիստ պայմաններու հետեւանքով` քանի մը յանցագործներ փախուստի դիմեցին: Անոնց մէջ էին հայոց ջարդարարներէն, յայտնի իթթիհատական, Տիարպէքիրի նահանգապետ Մեհմէտ Ռէշիտ պէյը: Ան Սթամպուլի մէջ իյնալով ոստիկանական շուրջկալի մէջ, ինքնասպանութիւն գործեց Պէշիկթաշ թաղամասին մէջ: 1919-ի Օգոստոսին բանտէն կը փախին նաեւ Էնվեր փաշայի հօրեղբայր Խալիլն ու յայտնի իթթիհատական Քիւչիւք Թալէաթը:

Հանրային կրթութեան, ապա ներքին գործոց նախարարի պաշտօնները զբաղցուցած Ալի Քեմալը ՙՍապահ՚ օրաթերթին մէջ գրած է. ՙՉորս կամ հինգ տարի առաջ կատարուեցաւ պատմութեան մէջ նախադէպը չունեցող ոճիր մը, յանցագործութիւն մը, զոր սարսափ յարուցեց համայն աշխարհին մէջ: Եթէ ուզենք պատկերացում տալ այդ ոճրագործութեան տարողութեան եւ պայմաններուն մասին, ապա պէտք է խօսինք ոչ թէ հինգէն տասը, այլ` հարիւր հազարաւոր յանցագործներու մասին: Արդէն բացայայտուած է, որ իրականին մէջ այդ ողբերգութիւնը ծրագրուած եղած է Իթթիհատի Կեդրոնական Կոմիտէի տուած որոշումներու հիման վրայ՚:

Ներքին գործոց նախարար Ճեմալը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ընդունած է, որ իթթիհատականները 800 հազարի չափ հայեր տեղահանած ու կոտորած են: Այսպիսով, Օսմանեան Կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Ճեմալն էր այն առաջին բարձրաստիճան պաշտօնեան, որ առաջին անգամ կը հրապարակէր հայոց կորուստներուն պաշտօնական տուեալները:

Սուլթան Մեհմէտ Զ. Վահիտէտտինի 8 Մարտ 1919-ի յատուկ հրովարտակով, ՙՄիութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն՚ կուսակցութեան ղեկավարներն ու նախարարները կը յանձնուէին Սթամպուլի ռազմական արտակարգ ատեանին: Կուսակցութեան անդամներուն դատավարութիւնը կը սկսի 28 Ապրիլին եւ կը շարունակուի մինչեւ 17 Մայիս: Դատավարութեան ժամանակ հեռակայ կարգով կը մեղադրուէին 11, իսկ ի ներկայութեան` 20 կուսակցական գործիչներ ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Հեռակայ կարգով դատի տրուած մեղադրեալներն էին ներքին գործոց նախարար եւ վարչապետ (1917-1918) Թալէաթ փաշան, ռազմական նախարար Էնվերը, ռազմա-ծովային նախարար Ճեմալը, կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Յատուկ Կազմակերպութեան նախագահ Պահաէտտին Շաքիրը, կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Յատուկ Կազմակերպութեան անդամ, հանրային կրթութեան նախարար Նազըմը,‎ ‎ֆինանսներու նախարար Ճաւիտը, հողագործութեան եւ առեւտուրի նախարար (1915-1917) Սուլէյման Էլպիստանին, հողագործութեան եւ առեւտուրի նախարար (1917-1918) Մուսթա‎ֆ‎ա Շերիֆը, նամակատան եւ հեռագրատան նախարար (1914-1917) Օսկանը, կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ռուզուհին, հասարակական անվտանգութեան նախարար, Յատուկ Կազմակերպութեան անդամ Ազիզը:

5 Յուլիս 1919-ին կայացած դատավճռով Թալէաթը, Էնվերը, Ճեմալը եւ դոկտոր Նազըմը կը դատապարտուին մահուան, Ճաւիտը, Մուսթաֆա Շերիֆը եւ շէյխ-ուլ-իսլամ Մուսա Քեազիմը` 15 տարուան աքսորի, իսկ Ռի‎ֆաթը եւ Հաշիմը կ’արդարացուին: Հայոց տեղահանութեան եւ կոտորածներու (tehcir ve taktil) մեղադրանքով 1919-1921-ին յարուցուած 63 դատական գործերով կայացուած է երկու տասնեակ մահապատժի դատավճիռ, որոնցմէ միայն երեքն է ի գործ դրուած, քանի որ միւս յանցագործները փախուստի մէջ գտնուած են:

Մինչ դատավարութիւնները կ’ընթանային, քեմալական շարժման տարածումը կը փոխէր ընդհանուր տրամադրութիւնը: Հիմնականին մէջ քեմալականներով ներկայացուած օսմանեան վերջին խորհրդարանին մէջ երեսփոխանները 20 Փետրուար 1920-ին հանդէս եկան Տամատ Ֆէրիտ փաշայի դէմ դատական գործ յարուցելու առաջարկով, քանի որ վարչապետը հայոց կոտորածներու պատասխանատուները բացայայտելու հարցին մէջ հետեւողական էր: Քեմալականներու ճնշման տակ, Տամատ Ֆէրիտը նոյն տարուայ 17 Հոկտեմբերին հրաժարական տուաւ եւ զայն փոխարինեց քեմալականներու նկատմամբ բարեացակամօրէն տրամադրուած Թեւ‎‎‎ֆիք փաշան: 8 Նոյեմբերին ձերբակալուեցան Բաբերդի դատավճիռն արձակած դատաւորները: Հայոց կոտորածներուն համար մեղադրուած, դատապարտուած եւ մահապատժի ենթարկուած երեք ոճրագործներէն երկուքը` Մեհմէտ Քեմալը եւ Պեհրամզատէ Նուսրէթը, հերոսացուեցան: Նուսրէթի մահապատիժին օրը` 5 Օգոստոս 1920-ին, Անգարայի Մեճլիսը, ի նշան յարգանքի, տասը վայրկեանով դադրեցուց իր աշխատանքը: Անգարայի Մեճլիսը նոյն տարուայ 9 Դեկտեմբերին կայացուցած որոշմամբ` թոշակ նշանակեց Մեհմէտ Քեմալի ընտանիքին, իսկ 25 Դեկտեմբերին` Նուսրէթի ընտանիքին:

Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներուն մէկ մասը դատապարտուեցաւ թրքական ռազմական ատեաններու վճիռներով, մէկ մասն ալ սպաննուեցաւ հայ վրիժառուներու ձեռքով: Բայց կայ ոճրագործներու երրորդ խումբ մը, որոնց կատարած յանցագործութիւնները, ըստ ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի, ընդհանուր դատապարտումներէն դուրս մնացած են: Ասոնց մէջ են յելուզակներու ղեկավարները կամ չեթէպաշիները, որոնք ՙծուղակն ինկած հազարաւոր հայ բռնագաղթողներ կոտորած են նոյնիսկ թրքական պետութեանն անյայտ ու մինչ այդ չգերազանցուած բարբարոսութեամբ՚: Այս յելուզակ ղեկավարներէն քանի մը հոգի սպաննուեցաւ իթթիհատականներու կամ քեմալականներու ձեռքով, ուրիշներ այս աշխարհին հրաժեշտ տուին սրտի տագնապի կամ ուղեղի կաթուածի հետեւանքով, եղան նաեւ դժբախտ պատահարներու հետեւանքով մահացողներ եւ ինքնասպանութիւն գործողներ:

Ասոնց մէկ մասը մեղադրուեցաւ Աթաթուրքն սպաննելու եւ իթթիհատական վարչակարգը վերահաստատելու դաւադրութեան համար: Այս նախկին իթթիհատականներուն դատաքննութիւնները բաժնուած են երկու դատավարութեան, մէկը` Իզմիրի, միւսը` Անգարայի մէջ: Ասոնց առաջին շարքն սկսած է Իզմիրի մէջ` 26 Մայիս 1926-ին եւ վերջացած դատավճռի արձակման օրը` 13 Յուլիս 1926-ին, երբ 7 դաւադիրներ մահուան դատապարտուեցան եւ կախաղան բարձրացուեցան նոյն օրը` կէսգիշերին: Անոնցմէ երեքն ընդգրկուած եղած են, իսկ այդ երեքէն երկուքը գլխաւոր դեր կատարած են Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման մէջ:

Հալիս Թուրգութը եղած է ՙՄիութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն՚ կուսակցութեան եռանդուն գործիչ եւ խորհրդարանական, պատերազմի ժամանակ` Յատուկ Կազմակերպութեան` Սեբաստիոյ նահանգին մէջ գործող անձնակազմի հրամանատար: Աւելի ուշ աշխատած է կովկասեան ճակատին վրայ` ներառեալ Նախիջեւանի շրջանին մէջ` 1917-1918 թուականներուն: Հայկական տեղահանութիւններն ու կոտորածները հետաքննող թրքական զինուորական ատեանի հետապնդումներէն խուսափելով, համախոհներու փոքր խումբի մը հետ պահուըտած է Սեբաստիոյ լեռներուն վրայ:

Ծայրայեղ իթթիհատական եւ հայոց ոխերիմ թշնամի Ահմէտ Շիւքրիւն պատերազմի ժամանակ  կրթութեան նախարար եղած է: Զայն կախած են երկու անգամ, քանի որ պարանն առաջին անգամ կտրուած է եւ ան կիսամեռ գետին փռուած է, ապա կախաղանին վրայ հոգին աւանդած է` ահասարսուռ ձայներ արձակելով: Տասնեակ հազարաւոր անմեղ հայ գիւղացիներ մահուան դուռը հասցուցած այս ոճրագործը կախաղան բարձրացած ատեն վախէն սարսափահար գոռացեր է:

Իսմայիլ Ճանփոլատը եղած է Թալէաթի աջ ձեռքը, կայսրութեան Հասարակական Անվտանգութեան (Էմնիյէթի Ումումիյէ) գրասենեակի պետ, օսմանեան մայրաքաղաքի կառավարիչ եւ պատերազմի վերջերուն` նաեւ ներքին գործոց նախարար:

Դատավարութեան երկրորդ շարքն սկսած է Անգարայի մէջ` 2 Օգոստոս 1926-ին, վերջացած` 26 Օգոստոսին: Չորս շատ յայտնի իթթիհատականներ, որոնք նոյնպէս կը մեղադրուէին Քեմալն սպաննելու համար, կախաղան բարձրացուեցան նոյն օրը երեկոյեան: Անոնցմէ մէկը ֆինանսներու նախարար Ճաւիտն էր, որուն դերը Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման մէջ, ըստ Տատրեանի, չնչին էր. ՙՄիւս երեքը ամենամոլեգին դերակատարներն էին` գուցէ Թալէաթէն ետք՚:

Դոկտոր Նազըմը հայոց զանգուածային բնաջնջման գաղափարը մտայղացողներէն էր: Ան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Թալէաթի վրայ: Կախաղանին մօտեցած ատեն ան ցնցուեր ու դողացեր է, բողոքեր է կատարուածին դէմ ու ըսած, թէ ինքն անմեղ է:

Ենիպահչելի Նայիլը Տրապիզոնի նահանգին մէջ եղած է Իթթիհատի պատասխանատու քարտուղարը: Ճեմալ Ազմիի հետ, ան նահանգին հայ բնակչութիւնը բնաջնջման ենթարկած է անենադաժան ձեւերով, ոեւէ մէկու չէ խնայած: Կախաղան բարձրանալու ատեն որդիէն խնդրած է հոգ տանիլ մօր եւ միւս զաւակներուն մասին:

Ֆիլիփելի Հիլմին եղած է Իթթիհատի պատուիրակը Կարինի մէջ, դոկտոր Շաքիրի աջ ձեռքը եւ Յատուկ Կազմակերպութեան տարածաշրջանային ոյժերուն ընդհանուր հրամանատարը: Անոր վերահսկողութեամբ են իրականացուած Կարինի նահանգի հայ բնակչութեան տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը: Հիլմին երկու անգամ կախաղան բարձրացուած է, քանի որ առաջին անգամ պարանը կտրուած է:

Ըստ Վահագն Տատրեանի ուսումնասիրութեանց` հայկական ջարդերու քանի մը տեղական կազմակերպիչներ մահուան դատապարտած են նոյն իթթիհատականները: Կոտորածներուն իրենց վճռորոշ մասնակցութեամբ` անոնք յաճախ հպարտացեր են պոռոտախօսութիւններով:

Չերքէզ Ահմէտը եղած է Վանի կառավարիչ Ճեւտէթի գլխաւոր օգնականը նահանգի հայ բնակչութիւնը բնաջնջելուն մէջ: Յետագային աշխատած է Տիարպէքիրի կառավարիչ դոկտոր Ռէշիտի ձեռքին տակ եւ իրագործած օսմանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Վարդգէսի եւ Զօհրապի սպանութիւնը: Զայն մեղադրած են սպանութեան եւ կողոպուտի համար: Զինուորական ատեանը զայն մեղաւոր ճանչցած է եւ մահուան դատապարտած. ան կախաղան բարձրացուած է իր մեղսակից ընկերոջ` Խալիլի հետ` 1915-ի Սեպտեմբերին, Դամասկոսի մէջ, Ճեմալ փաշային կողմէ: Անոր մահավճիռն ի կատար ածելու առիթով Ճեմալի աշխատակազմի ղեկավար Ալի Ֆուատ Էրտէնն ըսած է. ՙԱղտոտ գործեր կատարողներու կարիքը կը զգացուի ծայրայեղ իրավիճակներու մէջ` պատասխանատուութիւնը հիմնականին մէջ անոնց վրայ նետելու նպատակով: Բայց անհրաժեշտ է գործը վերջացնելուն պէս ազատիլ անոնցմէ՚: Իր կարգին, Թալէաթն անոր մահապատիժի հրամանն ստորագրելու ատեն ըսած է. ՙԻնչ ալ ըլլայ` անոր ոչնչացումն անհրաժեշտ է: Այլապէս` յետագային ան շատ վտանգաւոր կրնայ դառնալ՚:

Եաքուպ Ճեմիլը, Չերքեզ Ահմէտի նման, գլխաւոր դեր մը խաղցած է Կայսրութեան արեւելեան հատուածին մէջ մեծ թիւով հայոց բնաջնջման մէջ: Էնվերի եւ Թալէաթի հետ գժտուելով, ան սկսեր էր անոնց սպառնալ: Մահապատժի ենթարկուած է 1916-ի Սեպտեմբերին:

Քիւրտ յելուզակներու առաջնորդ Ամերօն Տիարպէքիրի կառավարիչ դոկտոր Ռէշիտի հրամանով տեղի հայ համայնքի 636 ականաւոր դէմքերու խեղումն ու սպանութիւնն իրագործելէ յետոյ, չերքէզ յելուզակներու կողմէ սպաննուած է նոյն կառավարիչին եւ Տիարպէքիրէն երեսփոխան Ֆէյզիի (երկուքն ալ` զանգուածային սպանութեանց գլխաւոր կազմակերպիչներ) հրամաններով: Քիւրտ Մուրզա պէյը հպարտացեր է Կարինի նահանգին մէջ 70 հազար հայեր սպաննելուն համար: Իր պոռոտախօսութեան պատճառով ալ վտանգաւոր նկատուելով, սպաննուած է իր ղեկավարին հրամանով:

ՙՃեմալ փաշան կարգ մը քիւրտեր կախաղան բարձրացուցած է Իսլահիէի մէջ` հայոց դէմ կազմակերպուած գազանութեանց մասնակցելու համար: Վեհիպ փաշան կախաղան բարձրացուցած է Յատուկ Կազմակերպութեան երկու սպաներ` Սվազի մէջ աշխատանքային գումարտակներուն մէջ ընդգրկուած 2000 հայոց կոտորածը կազմակերպելու համար՚,- կը գրէ Տատրեանը:

Քեմալականներն սպաննած են Յատուկ Կազմակերպութեան երեք յայտնի ղեկավարներ, որոնց` հայոց նկատմամբ ունեցած գազանային եւ արիւնարբու վերաբերմունքին մասին առասպելներ հիւսուած են: Եահիա Քափթանը եղած է Տրապիզոնի մէջ զանգուածային խեղդման գործողութեանց պատասխանատուն. հազարաւոր երախաներ, կանայք եւ ծերունիներ փոխադրուած են բաց ծով եւ ջուրը թափուած` սուինահարուելէ յետոյ: Քափթանը յետագային միացած է քեմալականներուն` չխզելով կապերն Էնվերի հետ: Անոր հաւատարմութիւնը ստուգելու պատրուակով կատարուած հարցաքննութեանց ատեն Քափթանը սպառնացած է չափազանցուած ճնշումներու պարագային բացայայտել իրեն յայտնի պետական գաղտնիքները: Անծանօթ մարդասպանները զայն դարանակալած են եւ սպաննած Տրապիզոնի մէջ` 1922-ի Յուլիսին:

Թոփալ Օսմանը գործած է արեւելեան սահմանային շրջաններուն մէջ որպէս Յատուկ Կազմակերպութեան յելուզակ` չեթէ: Ան յաճախ գլուխը գոված է հայերն սպաննելու իր առաքելութեան համար: Պատերազմէն ետք միացած է քեմալականներուն եւ կազմակերպած Տրապիզոնի յոյն եւ հայ բնակչութեան լայնածաւալ կոտորածները: Մուսթաֆա Քեմալը բարձրացուցած է անոր պաշտօնը եւ զայն իր անձնական պահակախումբին ղեկավար նշանակած: Յետագային, սակայն, Անգարայի խորհրդարանի քեմալական երեսփոխաններուն զայրոյթը յառաջացուցած է, երբ վրէժխնդրութենէ դրդուած, խեղդամահ ըրած է իր տունը հրաւիրած երեսփոխան մը: Սպաննուած է զինք ձերբակալելու եկած զինուորական տարբեր խմբաւորումներու փոխհրաձգութեան ժամանակ: Անոր դիակը 1923-ի Մարտին կախած են խորհրդարանի շէնքին առջեւ:

Յատուկ Կազմակերպութեան սպայ (Տէլի) Խալիտը մասնակցած է արեւելեան նահանգներու հայ բնակչութեան սպանութեանց: Եղած է մոլեռանդ իթթիհատական, ապա դարձած է մոլեռանդ քեմալական, երբ յետպատերազմեան թրքական զինուորական դատարանը սկսած է որպէս կոտորածներու մասնակցի հետապնդել զինք: Կռուարար եւ յանդուգն մէկը եղած է: Քեմալական ուրիշ ղեկավարներու եւ երեսփոխաններու հետ ունեցած յաճախակի վէճերէն մէկուն ատեն սպաննուած է թրքական խորհրդարանի նախասրահին մէջ` 1925-ի Փետրուարին:

Շարք մը իթթիհատական ղեկավարներ ինքնասպանութիւն գործած են: Տիարպէքիրի նահանգի կառավարիչ դոկտոր Ռէշիտը եղած է ամենադաժան կառավարիչներէն, որ մեծ ոգեւորութեամբ իրագործած է Տիարպէքիրի եւ ուրիշ շրջաններէ եկած հայերը բնաջնջելու իթթիհատականներու դժոխային ծրագիրը: Ձերբակալուելէ, բանտէն փախելէ եւ վերակալանաւորուելէ յետոյ 1919-ի Յունուարին ինքնասպանութիւն գործած է:

Իթթիհատի անխոնջ մարտիկներէն զօրավար Մահմուտ Քեամիլը 1915-1916 թուականներուն եղած է 3-րդ բանակին հրամանատարը: Անոր հրամանատարութեան տարածքը կ’ընդգրկէր 6 հայկական նահանգներն ու Տրապիզոնի նահանգը, որուն հայ բնակչութեան բնաջնջումը անոր վստահուած էր: Յատուկ հրահանգներ տուած է մանուկները, ծերերն ու յղի կանայք չխնայելու վերաբերեալ: Նաեւ սպառնացած է կախել այն իսլամները, որոնք կը համարձակին հայոց ապաստան տալ: Ինքնասպանութիւն գործած է 1922-ի Նոյեմբերին:

Իթթիհատի ղեկավարներէն Քարա Քեմալը Թալէաթի մտերիմը եղած է: Կուսակցութեան բոլոր գաղտնի ծրագիրներն ու որոշումները անոր տրամադրութեան տակ գտնուած են: 1926-ին դատարանը զայն մեղաւոր ճանչցած է Մուսթաֆա Քեմալն սպաննելու դաւադրութեան համար: Ան յաջողած է փախչիլ, այդոււհանդերձ, կալանաւորուած է հաւաբունի մը մէջ եւ 1926-ի Յուլիսին ինքնասպանութիւն գործած:

Հայ ժողովուրդի դահիճներէն քանի մը կերպարներ դժբախտ պատահարներով մահացած են: ՙԻսլամի Բանակ՚ի հրամանատար, ռազմական նախարար Էնվերի եղբայր, 1918-ի Սեպտեմբերին Պաքուի հայոց կոտորածներու հիմնական կազմակերպիչ Նուրի փաշան պատերազմէն ետք գործարար եւ արդիւնաբերող կը դառնայ, Սթամպուլի մէջ զէնքի եւ զինամթերքի գործարան մը կը հիմնէ: 1949-ի Մարտին գործարանն ուժեղ պայթիւնի մը հետեւանքով փուլ կու գայ եւ Նուրին փլատակներուն տակ կը մնայ:

Երզնկայի շրջանի, յետագային` Պիթլիսի, Պաղտատի եւ Մոսուլի նահանգներու կառավարիչ Մեհմէտ Մեմտուհը եղած է Երզնկայի շրջանի կոտորածներուն գլխաւոր կազմակերպիչը: Մեծ հարստութիւն դիզած է հայ զոհերու հաշուին: Պատերազմէն ետք փորձած է Զմիւռնիոյ մէջ (Իզմիր) գործարարութեամբ զբաղիլ, սակայն ինքնաշարժի արկածով մահացած է:

Մոլեռանդ իթթիհատական եւ հայոց ոխերիմ թշնամի, Մալաթիայէն խորհրդարանի երեսփոխան Հաշիմ պէյը հովանաւորած է որդիին` Մուհամմէտի գործողութիւնները: Վերջինս կոտորել տուած է Մալաթիոյ հայ բնակչութեան զգալի մասը: Գողցուած ձիու մը պատճառով ծերունի քիւրտի մը հետ կռուի բռնուելով` Մուհամմէտը կը սպաննուի այդ քիւրտի որդիին ձեռքով: Լուրն ստանալով` Հաշիմ պէյը կաթուած կը ստանայ եւ երկար տառապելէ յետոյ կը մահանայ 1917-ին:

Մալաթիոյ միւֆթին ղեկավարած է Մալաթիոյ հայ կաթողիկէ Առաջնորդին խեղդամահութիւնը, երբ վերջինս մերժած է իսլամն ընդունիլ: Խեղդամահ ընելէ առաջ, կաթողիկէ Առաջնորդին մարմնական անասելի տառապանքներ պատճառած են: Տուն վերադառնալէն անմիջապէս ետք միւֆթին սրտի կաթուած կը ստանայ եւ տեղւոյն վրայ կը մեռնի:

Թեհլիրեան. ՙՄարդ սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ՚

15 Մարտ 1921-ը հայ ժողովուրդի մեծագոյն դահիճներէն Թալէաթ փաշայի կեանքի վերջին օրն էր: Գրող Շահան Նաթալին35 Սողոմոն Թեհլիրեանին բացատրած է, թէ 25-ամեայ հայ վրիժառուն ի՞նչ պէտք է ընէ Պերլինի մէջ Թալէաթն սպաննելէ յետոյ. ՙԹիւ մէկ ազգասպանին գանգը կը պայթեցնես եւ չփորձես փախչիլ. կը կանգնիս տեղւոյն վրայ` ոտքդ սատակին վրայ ու կը յանձնուիս ոստիկաններուն, որոնք կու գան ու քեզ կը ձերբակալեն՚:

Թեհլիրեանն այսպէս կը նկարագրէ Թալէաթի կեանքին վերջին ժամը. ՙԱռտուն սովորականէն շուտ արթնցայ. արեւուն շողերը դիմացի շէնքի պատուհանին հասած էին արդէն: Թէյս հազիւ վերջացուցած էի եւ կ’ուզէի բազկաթոռը մօտեցնել պատուհանի եզրին, երբ յանկարծ դիմացի շէնքի պատշգամբին տեսայ Թալէաթը: Քարացայ. ա՞ն էր արդեօք: Այո°: Ան մէկ-երկու քայլ առջեւ անցաւ, ուշադիր կերպով զննեց մայթը` նախ վեր, ապա վար, ու կարծես խոհերու ծանրութեան տակ` գլուխը կախ: Ըստ երեւոյթին, թեթեւ չէր կեանքը` գործած անպատում ոճիրէն ետք: Թէեւ անցեր էր հինգ-վեց տարի, բայց վախն անբաժան էր մնացեր անկէ: Իր լայն ուսերուն կը կրէր երկու հրապարակային մահավճիռներ` Պոլսոյ Պատերազմական Ատեանի եւ Հ. Յ. Դ.-ի: Առաջինը անոր համար հաւանաբար ունէր բարոյական նշանակութիւն. փոխանակ վեր հանելու իր ՙազգանուէր՚ մեծ գործը, հարազատ երկրին մէջ զայն մահուան կը դատապարտէին` որպէս սովորական ոճրագործի: Բայց ժամանակը կրնար այդ ՙթիւրիմացութիւն՚ը պարզել. ապագայ սերունդները կը հասկնային կատարած գործին արժէքը, եթէ չըլլար Հ. Յ. Դ.ի դատավճիռը: Նայեցայ ժամացոյցին. 10-ն էր, Ուհլանտ գնալու իր սովորական ժամը: Զէնքը վերցուցի` պատրաստ դուրս գալու: Յանկարծ ան յայտնուեցաւ դրան մօտ եւ փիղի պէս ծանրօրէն սկսաւ վար իջնել: Սառը դատողութիւնը ինծի կ’ըսէր, որ այս անգամ անկարող պիտի ըլլայ ազատիլ ձեռքէս, բայց եւ յուզումը բազմալեզու աղաղակներով կը փոթորկէր զիս՚:

Երիտթուրք ոճրագործները կամ անոնց մեծագոյն մասը կը խուսափէր հայ ժողովուրդի ոչնչացումը կազմակերպելու եւ իրագործելու պատիժէն, եթէ չըլլային հայ երիտասարդ վրիժառուներն ու Հ. Յ. Դ.-ի ՙՆեմեսիս՚ գործողութիւնը: Յունական դիցաբանութեան մէջ Նեմեսիսը վրիժառութեան աստուածուհին էր: 1919-ի աշնան Երեւանի մէջ կայացած Հ. Յ. Դ.ի 9-րդ Ընդհանուր Ժողովը որոշեց պատժել երիտթուրքերու պարագլուխներն ու Հայոց Ցեղասպանութեան միւս իրականացնողները: Առանձնացուեցաւ 650 անուն, որոնցմէ 41-ը գլխաւոր ոճրագործներն էին: ՙՆեմեսիս՚ի իրագործման համար ստեղծուեցաւ պատասխանատու մարմին մը (որուն ղեկավար ընտրուեցաւ Ա. Մ. Ն.ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարօն), ինչպէս նաեւ յատուկ ‎‎ֆոնտ` Շահան Մարչակլեանի ղեկավարութեամբ: Գործողութեան անմիջական ղեկավար նշանակուեցաւ Շահան Նաթալին, օգնական` Գրիգոր Մերճանովը: Տեղեկութեանց հաւաքումը կ’իրականացնէր թուրքերուն շարքերը թափանցած Հրաչ Փափազեանը, որ գերազանցօրէն տիրապետելով թրքերէնին, դարձեր էր Ճեմալ Ազմիի որդիին ՙընկերը՚` Մեհմէտ Ալի անունով:

Հ. Յ. Դ.ի պատմագիրներէն, Բիւրոյի անդամ Հրաչ Տասնապետեանը նկատել կու տայ, որ ՙհասկնալի պատճառներով՚, Հ. Յ. Դ.ի 9-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն գրքոյկը Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները պատժելու մասին որեւէ յիշատակում չէ ձգած, սակայն Սողոմոն Թեհլիրեանի, Միսաք Թոռլաքեանի եւ Արշաւիր Շիրակեանի յուշերը յստակօրէն կը հաստատեն այս քաղաքական դատավճիռներուն կազմակերպուած ըլլալու իրողութիւնը:

Թալէաթ փաշայի սպանութեան կազմակերպման մէջ առաջնային եղած է Հ. Յ. Դ.ի Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Արմէն Գարոյի ու Շահան Նաթալիի դերակատարութիւնը:

Թեհլիրեանն իր յուշերուն մէջ կը գրէ. ՙԴիմացի մայթով հաւասարեցայ Թալէաթին, արագ քայլերով բաւական յառաջացայ, անցայ նոյն մայթը, ուրկէ ան կ’երթար: Ետ դարձայ: Իրարու կը մօտենայինք: Ան կու գար ճեմելու ձեւով` ձեռնափայտը անփոյթ կերպով ճօճելով: Կարճ տարածութիւն մը մնացած` զարմանալի անդորրութիւն մը համակեց էութիւնս: Հաւասարելուն վրայ` Թալէաթն ինծի նայեցաւ շեշտակիօրէն. աչքերուն մէջ առկայծեց մահուան սարսուռը: Վերջին քայլը բեկուեցաւ. քիչ մը թեքեցաւ, որպէսզի խուսափի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխուն պարպելս մէկ եղաւ: Թալէաթը հարուածէն կարծես ցցուեցաւ ու ակնթարթ մը հզօր մարմինը պրկուեցաւ ձիգ, բայց երերուն կերպով, ապա, սղոցուած կաղնիի բունի պէս թնդիւնով երեսի վրայ տապալեցաւ՚:

Թեհլիրեանը ծնած է Կամախի Բագառիճ գիւղին մէջ: Արեւմտեան Հայաստանի պարպումէն եւ Եղեռնէն ետք – որուն զոհ են գացած են անոր մայրն ու հարազատները – Թեհլիրեանը կը զինուորագրուի ՙՆեմեսիս՚ գործողութեան: Թալէաթն սպաննելէ յետոյ ան կը ձերբակալուի, սակայն 3 Յունիս 1921-ին ազատ կ’արձակուի դատարանի դահլիճին մէջ, ուր զայն կը պաշտպանէր Եոհաննէս Լեփսիուսը:

Դատարանի նախագահ – Դուք ձեզ ինչո՞ւ յանցաւոր չէք սեպեր:

Թեհլիրեան – Ես զիս յանցաւոր չեմ սեպեր, որովհետեւ խիղճս հանգիստ է:

Նախագահ – Խիղճդ ինչո՞ւ հանգիստ է:

Թեհլիրեան – Մարդ սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ:

Նախագահ – Թալէաթ փաշա՞ն կ’ուզէիք սպանել:

Թեհլիրեան – Այս հարցը չեմ հասկնար: Ես զայն արդէն սպաննած եմ:

Նախա‎գահ – Կ’ուզեմ ըսել, թէ զայն սպաննելու ծրագիր ունէի՞ք:

Թեհլիրեան – Ես որեւէ ծրագիր չունէի:

Նախագահ – Ե՞րբ արթնցաւ այդ գաղափարը:

Թեհլիրեան – Դէպքէն շուրջ երկու շաբաթ առաջ շատ գէշ կը զգայի, ջարդերու պատկերները աչքերուս առջեւ էին: Մօրս դիակը տեսայ: Այդ դիակը ոտքի ելաւ, կանգնեցաւ առջեւս եւ ըսաւ ինծի. դուն տեսար, որ Թալէաթը հոս է ու անտարբե՞ր կը մնաս:

Նախագահ – Իսկ դուք ի՞նչ ըրիք:

Թեհլիրեան – Յանկարծ արթնցայ եւ որոշեցի այդ մարդն սպաննել՚:

Դաշնակցութեան կողմէ մահապատժի դատապարտուած միւս իթթիհատականներն ու մուսավաթականները սպաննուեցան 1921-1922 թուականներու ընթացքին: Հ. Յ. Դ.ի 9-րդ Ընդհանուր Ժողովին որոշումով մահուան դատապարտուած եւ սպաննուած բոլոր թուրքերը, բացառութեամբ Էնվեր փաշային, դաշնակցականներու ձեռքով ինկան:

1918-ի Սեպտեմբերին Պաքուի մէջ հայկական ջարդերու կազմակերպիչներէն, Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախկին նախարար Պէհպութ խան Ճիւանշիրն սպաննուեցաւ 18 Յուլիս 1921-ին, Պոլսոյ մէջ, Միսաք Թոռլաքեանի կրակոցներով:

1919-ի Հոկտեմբերին Թի‎ֆլիսի Երեւանեան, այսօր` Ազատութեան հրապարակին մէջ, Արամ Երկանեանը գնդակահարած էր Ատրպէյճանի ռազմական նախարար Ղասիմբէկովը, ապա գնդապետ Սարա‎ֆովը: 19 Յունիս 1920-ին Կոլովինսքիի, այսօր` Ռուսթաւելիի պողոտային մէջ, Երկանեանն սպաննեց Ատրպէյճանի առաջին վարչապետ, ապա արտաքին գործոց նախարար Ֆաթհալի Խան-Խոյսքին եւ արդարադատութեան նախկին նախարար Խալիլ բէկ Խասմամէտովը:

Արշաւիր Շիրակեանը47 5 Դեկտեմբեր 1921-ին Հռոմի մէջ կ’ահաբեկէ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Սաիտ Հալիմ փաշան, իսկ 17 Ապրիլ 1922-ին Պերլինի մէջ, Արամ Երկանեանի հետ կը տապալէ Պահաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին: Շիրակեանն իր ՙԿտակն Էր Նահատակներուն՚ ինքնակենսագրական գիրքին մէջ այսպէս կը ներկայացնէ Սաիտ Հալիմ փաշային սպանութիւնը. ՙՅանկարծ լսուեցաւ կառքի դղրդիւնը: Մարմնովս մէկ անգամէն անծանօթ սարսուռ մը անցաւ, երբ տեսայ հսկայ ձիերը, որոնց բաշերը կ’ալեկոծուէին քամիէն: Սաիտ Հալիմ փաշան իր թիկնապահին հետ կառքին մէջն էր: Անմիջապէս քալեցի միւս մայթը, որպէսզի լաւագոյն դիրքով ահաբեկեմ: Արագ ոստումով մը անցայ եւ ցատկեցի կառքին վրայ: Մինչ թիկնապահը կը նայէր կառապանին, Սաիտ Հալիմ փաշային աչքերը հանդիպեցան աչքերուս: Աչքերը սարսափով լեցուած էին, երբ ատրճանակիս փողն ուղղեցի աջ քունքին եւ կրակեցի: Երկրորդ փամփուշտի հարկ չեղաւ: Խռպոտ ձայն մը, եւ փաշան նստած տեղէն տապալեցաւ կառքին մէջ` գլուխը իմ կողմս, գրեթէ ոտքերուս տակ՚:

Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման գլխաւոր պատասխանատուներէն, Տրապիզոնի նահանգապետ Ճեմալ Ազմիի եւ միւս յանցակիցներուն նկատմամբ 1919-ի գարնան կայացած դատավարութեան մասին օսմանեան ՙԱլէմտար՚ թերթը 6 Ապրիլի թիւին մէջ ներկայացուցած է Տրապիզոնի ՙտեղահանութեան եւ կոտորածներու՚ համար մեղադրեալներուն նկատմամբ դատարանին մէջ ընթերցուած ամբաստանագիրը. ՙՏրապիզոնի վիլայէթին մէջ ՙՄիութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն՚ կուսակցութեան կեդրոնական կառավարութեան կողմէ հայոց տեղահանութեան վերաբերեալ տրուած որոշումներու գործադրման ընթացքին նախ հայ տղամարդոց, ապա կանանց ու երախաներուն նշանակուած վայրեր տեղափոխելու ատեն անոնց մէկ մասն անգթաբար սպաննուած է Տեյիրմէն Տերէի կողմերը, իսկ կանայք ու երախաներն ալ բեռնաւորուած են նաւակները եւ ջրախեղդ եղած: Հայոց մէկ մասն ալ, իբրեւ թէ բուժման նպատակով, տարբեր միջոցներով թունաւորած են Կարմիր Մահիկի հիւանդանոցին մէջ, որմէ ետք կողոպտուած է անոնց գոյքը, դրամն ու թանկարժեք իրերը: Ողջ մարդկութեան կողմէ անէծքով ու նողկանքով յիշուելու արժանի նման անամօթ արարքներու ու յանցագործութեանց յանդգնած եւ այժմ փախուստի մէջ գտնուող Տրապիզոնի նահանգապետ Ճեմալ Ազմիի եւ կուսակցութեան պատասխանատու քարտուղար Ենիպահչելի Նայիլի, ինչպէս նաեւ դատարանին մէջ ներկայ միւս յանցակիցներու մասնակցութիւնն այդ վիթխարի կոտորածին` պատիժ սահմանելու հիմք կու տան: Ճեմալ Ազմին եւ Ենիպահչելի Նայիլը (Տրապիզոնի) գլխաւոր յանցագործներն են, գործող անձինք: Բնականաբար, միայն Ճեմալ Ազմին ու Նայիլը չէին կրնար այդ ահռելի սպանդն իրականացնել՚:

Շիրակեանն իր ինքնակենսագրական հատորին մէջ կը գրէ, որ Շաքիրի ու Ազմիի սպանութիւնը կատարուած է Թալէաթի այրիին, Ազմիի կնոջ եւ ընտանիքի ուրիշ անդամներու, Շաքիրի կնոջ ներկայութեամբ. ՙԱտրճանակը ձեռքիս` նետուեցայ: Խումբի յետնապահ Թալէաթի այրին տեսաւ զիս: Ամբողջ կատաղութեամբ խոյացայ եւ ձախ ձեռքով ուժգին կերպով հարուածեցի: Ան գետին ինկաւ` ճիչ արձակելով: Այս ճիչին վրայ` Ազմին դէպի ինծի դարձաւ: Այնքան մօտ էր, որ ատրճանակիս փողն ուղղելով` կրակեցի: Ճիւաղը տապալեցաւ: Փողը դարձուցի Շաքիրին եւ կրակեցի ճակատին, բայց վրիպեցայ. գնդակը ձախ այտը մտաւ: Դեռ ոտքի էր, բայց արդէն Արամը (Երկանեան) հասաւ եւ իր ատրճանակով գնդակն արձակեց ճիշդ ճակատին ու զայն գետին փռեց: Շաքիրը տապալեցաւ իր ընկերոջ` Ազմիի դիակին վրայ` արտառոց խաչ մը ձեւացնելով՚:

Թրքական մամուլը Ազմին եւ Շաքիրն անուանեց երկրորդ եւ երրորդ շեհիտներ: Ըստ Պոլսոյ ՙՃակատամարտ՚ հայկական թերթին` ՙՄասնաւոր շուքով տեղի ունեցաւ Շաքիրի եւ Ազմիի թաղումը: Մեռելակառքին կը հետեւէին 16 ինքնաշարժներ եւ 20 կառքեր: Պերլինի թրքական դեսպանատան իմամը գերեզմանին մօտ կատարեց արարողութիւնը: Թաղումին ներկայ էին դեսպանատան գլխաւոր քարտուղար Ահմէտ պէյը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ թուրքեր: Երկու դիակները ժամանակաւորապէս թաղուեցան Թալէաթի դրացնութեամբ՚:

Էնվեր փաշան սպաննուեցաւ Տաճիկիստանի լեռներուն մէջ` 4 Օգոստոս 1922-ին, Կարմիր Բանակի գնդապետ Յակոբ Մելքումովի ջոկատին իրականացուցած գործողութեան ատեն: Պոլշեւիկներու բարեկամ Էնվերն անցեր էր պասմաչներուն կողմը եւ Կարմիրներուն դէմ կը կռուէր:

Թուրքիոյ նախագահ Սուլէյման Տեմիրէլը 1990-ականներու կէսերուն Տաճիկիստան կատարած այցի օրերուն յայտարարեց, որ շուտով ՙմեր մեծ հայրենակից՚ Էնվեր փաշային աճիւնը կը տեղափոխուի Թուրքիա եւ իր հայրենի հողին մէջ կը թաղուի:

Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրման եւ իրականացման երեք գլխաւոր պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշան սպաննուեցաւ 21 Յուլիս 1922-ին, Թիֆլիսի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ` Ստեփան Ծաղիկեանի, Պետրոս Տէր Պօղոսեանի եւ Արտաշէս Գէորգեանի կողմէ: Վերջինիս օրագրութիւնը կը պատմէ. ՙԱյն պահուն, երբ այնքան մօտեցեր էինք Ճեմալին, եւ հաստատ էր, որ անոր համար այլեւս փրկութիւն չկայ, այդ վեհ վայրկեանին` այն գիտակցութիւնը, որ մեզի` ինծի ու Տէր Պօղոսեանին գերագոյն բախտ է վիճակուած ի կատար ածել մեր միլիոնաւոր նահատակներուն վերջին կամքը, անոնց կտակը` պատժել, վրիժառու ըլլալ ճեմալներէն, անպատմելի, անհունօրէն հաճելի երանութեամբ մը համակեց էութիւնս: Աչքերս եզակի, երկնային ջերմութեամբ մը վառեցան: Ու քույրս, Ուրֆայի մօտերը գազանաբար յօշոտուած, դեռ 16 տարին չլրացած, աչքերուս առջեւ կը կանգնի այդ պահուն, ձեռքը` ծոցին, գլուխը` խոնարհ… նահատակուած քույրս… Եւ ես կը գոչեմ` փաշա°, փաշա°, յիշէ° Ուրֆան ու Տէր Զօրը՚:

Տասնամեակներ ետք Ճեմալին թոռը` մամլոյ մեկնաբան Հասան Ճեմալը, 2008-ի սեպտեմբերեան առտու մը գնաց Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը, քալեց դէպի անմար կրակը, քանի մը սպիտակ մեխակներ դրաւ ու շրջեցաւ թանգարանին մէջ: Բազմաթիւ թուրքեր ծաղիկներ դրած էին հոն, սակայն Հասան Ճեմալի դէպքն ուրիշ էր. Ծիծեռնակաբերդ կ’այցելէր թուրք մը, որուն մեծ հայրը երիտթուրք միւս առաջնորդներուն հետ իրականացուցած էր հայոց ցեղասպանութեան ու հայրենազրկման հրէշաւոր ծրագիրը:

Սեպտեմբերեան այդ օրերուն Երեւան գտնուած թուրք ուրիշ լրագրող մը` Եաւուզ Պայտարը կը պատմէր, թէ Հասանը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցէն խորապէս ազդուած եւ յուզուած էր: Ֆրանսական ՙԼէ Նուվել տ’Արմենի՚ հանդէսին հետ զրոյցին մէջ, պատմելով Ծիծեռնակաբերդին մէջ իր զգացողութեանց մասին, Հասան Ճեմալն ըսած է, որ թէեւ ինքը մեծ հօր մականունը (Djemal) կը կրէ, սակայն ինքը Հասան Ճեմալն (Hasan Cemal) է: ՙԿրնամ ըսել միայն հետեւեալը. համաձայն եմ, որ Ճեմալը մեծ հայրս է, բայց ես ուրիշ մարդ եմ՚: ՙԵս նոյնիսկ հանդիպեցայ այն մարդու (Արտաշէս Գէորգեան) թոռան հետ, որուն մեծ հայրը 1922-ին սպանած է մեծ հայրս: Ես զայն Սթամպուլ հրաւիրեցի՚,- ըսած է ան:

Շարունակելի

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):

Թուրքիան հիմնադրման ճանապարհին

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասներորդ գլուխ

10 Նոյեմբեր 2008-ին, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի մահուան 70-րդ տարելիցին առիթով պաշտպանութեան նախարար Վէճտի Կէօնիւլը Պրիւքսէլի մէջ հռետորական հարց մը տուաւ. ՙԹուրքիան ազգային պետութիւն կ’ըլլա՞ր արդեօք, եթէ Եգէական Ծովու աւազանին մէջ յոյները, իսկ Թուրքիոյ շատ վայրերու մէջ հայերը շարունակէին ապրիլ՚: Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին Կէօնիւլը յիշեցուց, որ մինչեւ հանրապետութեան հիմնադրումը Անգարան բնակեցուած էր հրեաներով, իսլամներով, յոյներով եւ հայերով: Քննադատութեանց թիրախը յայտնուած Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը մէկ օր ետք յայտարարեց, թէ զինք ճիշդ չեն հասկցած:

Իրականութեան մէջ, Կէօնիւլը ակամայօրէն, սեղմ կերպով ներկայացուցեր էր ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադրման ամենադաժան, բայց նաեւ ճակատագրական դրուագներէն քանի մը հատը` պատերազմը եւ յաղթանակը արեւմուտքի մէջ` Յունաստանի, արեւելքի մէջ` Հայաստանի դէմ, Յունաստանի մէջ բնակող թուրքերու եւ Թուրքիոյ մէջ բնակող յոյներու փոխանակութիւնը 1923-ին: Թուրքիոյ հիմնադրման նախորդեր էին Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին հայկական կոտորածները 19-րդ դարու վերջերուն, ապա 1909-ին` Կիլիկիոյ մէջ, իսկ 1915-ի` պետականօրէն ծրագրուած եւ իրականացուած ցեղասպանութեամբ, հայ ժողովուրդը գրեթէ ամբողջութեամբ արմատախիլ եղած էր կայսրութեան խորքերուն, Արեւմտեան Հայաստանի ու Արեւելեան Հայաստանի մէկ հատուածին մէջ:

Թուրք գիտնական Ճենկիզ Աքթարն ընդգծեց, թէ ՙԱստուած է ստիպած Կէօնիւլը, որ խօսի՚: Ան նախարարին միտքերը ՙխոստովանութիւն՚ որակեց: Թրքական ՙԶաման՚ թերթը հարց տուաւ. նախարար Կէօնիւլը իշխող ՙԱրդարութիւն Եւ Զարգացում՚ կուսակցութեա՞ն, թէ՞ երիտթրքական ՙՄիութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն՚ կուսակցութեան անդամ է:

Սթամպուլի հայ եւ յոյն համայնքներէն աւելի քան յիսուն հոգի, ինչպէս նաեւ` մէկուկէս տասնեակ թուրքեր բաց նամակով իրենց զայրոյթը փոխանցեցին Թուրքիոյ վարչապետին: ՙՀանրապետութեան հռչակումէն առաջ եւ ետք պատահած դէպքերուն պատճառով յատկապէս ոչ-իսլամ բնակչութեան թիւը արտակարգ անկումներ կրեց: Նախարարը կը գովաբանէ յոյներու փոխանակութիւնը: Միլիոնաւոր մարդիկ դարերէ ի վեր իրենց հողերէն, շրջապատէն, լեռներէն, դաշտերէն փրցնելով գաղթի ենթարկելը եւ ապա այդ արարքը գովաբանելը տարօրինակ է: (Կէօնիւլն) իր երկրորդ արտայայտութեան մէջ ո°չ միայն բաւարարուած է հայկական տեղահանութիւնը վաւերական նկատելով` ըլլայ ան ցեղասպանութիւն, սպանդ կամ փոխանակութիւն, այլ նաեւ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ կարծես Աթաթուրքն ալ որոշ չափով վաւերացուցած է այս արարքը՚,- նամակին մէջ կը նշէին անոնք` ընդգծելով, որ փոքրամասնութեանց ՙցեղային մաքրագործման՚ քաղաքականութիւնը յանցանք է, անկախ անկէ, թէ զայն ո՛վ իրագործած է:

1960-ական թուականներու սկիզբին, թուրք պատմաբան Տողան Աւճըօղլուն իր ՙԱզգային-Ազատագրական Պայքարի Պատմութիւնը՚ եռահատորեակին մէջ յառաջ քաշեց եւ հիմնաւորեց այն դրոյթը, որ Թուրքիոյ մէջ իրականութեան մէջ չէ եղած ազգային-ազատագրական պայքար, այլ` եղած է պայքար ազգային փոքրամասնութեանց` հայոց եւ յոյներու դէմ:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան – որու սահմանները հաստատուեցան Մոսկուայի ու Կարսի, ապա Լոզանի պայմանագիրներով – մէջ առաջին մարդահամարը կատարուած է 1927-ին. բնակչութեան թիւը 13.6 միլիոն հոգիէ աւելի էր, որոնց ընդամէնը 2.5 տոկոսը կը կազմէին փոքրամասնութիւնները` հայերը, յոյները եւ հրեաները:

Լոզանի պայմանագիրով` փոքրամասնութիւն կը նկատուէին ոչ-իսլամ այս երեք հաւաքականութիւնները միայն, իսկ միւսները, որոնք թուրք չէին, բայց քրիստոնէութիւն կամ իսլամ կը դաւանէին, թուրք նկատուեցան: Առաջին կարգին անտեսուեցան ասորիները, արաբներն ու քիւրտերը. վերջիններս համարուեցան լեռնային թուրքեր: Հանրապետութեան հիմնադրման շրջանին քիւրտերուն թիւը առնուազն քանի մը միլիոն էր:

Օսմանեան Կայսրութեան փլուզման հետեւանքով բազմաթիւ երկիրներ անկախացան: Միայն երկու ազգեր` հայերն ու քիւրտերը, չնայած եւրոպացիներու եւ ամերիկացիներու խոստումներուն, չունեցան իրենց պետութիւնը կամ ինքնավարութիւնը: Աւելին, հայ ժողովուրդը Առաջին Աշխարհամարտի եւ Օսմանեան Կայսրութեան փլուզման առաջին եւ ամենամեծ զոհը դարձաւ:

1919-1920 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներու մէկ մասին վրայ ընթացքի մէջ էր քեմալական շարժումը, զոր կը ղեկավարէր ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալը (յետագային` Աթաթուրք): Քեմալը 29 տարեկանին մասնակցեր էր երիտթուրքերու 1908 թուականի յեղափոխութեան, իսկ անոնց իշխանութեան տարիներուն` զինուորական էր:

Մուտրոսի 30 Հոկտեմբեր 1918-ի զինադադարէն ետք, երբ Օսմանեան Կայսրութիւնը բրիտանացիներէն հաշտութիւն խնդրեց ծանր պայմաններով, Քեմալը ձգեց Սթամպուլը եւ ուղեւորուեցաւ այն շրջանները, որոնք 1920-ի Օգոստոսին կնքուելիք Սեւրի դաշնագիրով Հայաստանի անբաժանելի մասը պէտք է դառնային:

1919-ի վերջերուն, Քեմալի համակիրներուն` քեմալականներու շարժման կեդրոնը դարձաւ Էնկիւրիւն (Անգարա): Այդ ոյժերուն կորիզը կը կազմէին Փոքր Ասիոյ մէջ գործող գիւղացիական զինուած ջոկատները: Անոնք կը պայքարէին երկու ճակատով. արեւմուտքին` Յունաստանի, արեւելքին` Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ:

Աթաթուրքի քաղաքական գործունէութեան կարեւորագույն դրուագներէն առաջինը Էրզրումի քոնկրէսի բացման արտասանած ճառն էր 23 Յուլիս 1919-ին: Էրզրումի մէջ 23 Յուլիսէն մինչեւ 7 Օգոստոսը գումարուեցաւ ՙԱրեւելեան Վիլայէթներու Իրաւանց Պաշտպանութեան՚ քոնկրէսը Քեմալի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ. ընդունուած է այդ քոնկրէսը նկատել արդի Թուրքիոյ առաջին ժամանակաւոր կառավարութիւնը: Նոյն տարուայ 4-11 Սեպտեմբերին Սվազի մէջ (Սեբաստիա) կայացաւ Անատոլուի եւ Ռումելիոյ իրաւանց պաշտպանութեան ընկերութեանց համաթրքական երկրորդ քոնկրէսը, զոր աւելի ներկայացուցչական էր. կը մասնակցէին 33 պատգամաւորներ Անատոլուի (Փոքր Ասիա) եւ Ռումելիոյ (Եւրոպայի մէջ թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներ) վիլայէթներէն: Քեմալը չճանչցաւ Մուտրոսի զինադադարով որոշուած սահմանները` հայկական, յունական եւ արաբական պետութեանց ստեղծման գաղափարը:

Էրզրումի քոնկրէսի բանաձեւին եւ հռչակագիրին (մանիֆեսթ) մէջ քեմալականներն իրենց յաւակնութիւնները կը յայտնէին այն տարածքներուն նկատմամբ, որոնք 10 Օգոստոս 1920-ի Սեւրի պայմանագիրով եւ Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ուիլսընի 22 Նոյեմբերի իրաւարար վճիռով պէտք է անցնէին Հայաստանին: Քոնկրէսին մասնակիցները կը մատնանշէին Տրապիզոնի, Էրզրումի, Սվազի, Տիարպէքիրի, Խարբերդի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթները`զանոնք սեպելով մէկ ամբողջութիւն:

Քեմալական շարժման ճնշման տակ, սուլթանը 1919-ի Հոկտեմբերի սկիզբին ստիպուած եղաւ արձակել Տամատ Ֆէրիտ փաշայի առաջին կառավարութիւնը (4 Մարտ-2 Հոկտեմբեր 1919) եւ նշանակել նոր կառավարութիւն Ալի Ռըզա փաշայի գլխաւորութեամբ (2 Հոկտեմբեր 1919-8 Մարտ 1920): 1920-ի սկիզբին Պոլսոյ մէջ բացուած օսմանեան խորհրդարանը 28 Յունուարին ընդունեց Ազգային Ուխտը, որ Թուրքիոյ անկախութիւնը հռչակեց մինչեւ Մուտրոսի զինադադարը գոյութիւն ունեցած սահմաններուն մէջ` առանց արաբական շրջաններուն:

Ազգային Ուխտին երկրորդ կէտը կը վերաբերէր Կարսի, Արտահանի ու Պաթումի շրջաններուն եւ ուղղուած էր այդ տարածքներուն նկատմամբ Հայաստանի ու Վրաստանի ունեցած անվիճելի իրաւանց դէմ: Հինգերորդ կէտը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ազգային փոքրամասնութեանց ճանաչումն ու անոնց իրաւանց յարգումը անմիջական կախման մէջ կը դնէր դրացի երկիրներու իսլամ բնակչութեան իրաւանց ճանաչումէն:

Քեմալականները 1919-ի ամրան կը յայտարարէին, որ յոյներու կամ հայոց յարձակումներուն համարժէք պատասխան պիտի տրուի: Ատկէ բացի, անոնք յոյներն ու հայերը մեղադրեցին իսլամներու նկատմամբ  ՙգազանութիւններ՚ իրականացնելու համար. ՙԿովկասի մէջ հայերը թուրքերուն նկատմամբ ջարդեր իրականացուցեր են, իսլամները ոչնչացնելու  անոնց քաղաքականութիւնը բացայայտուեցաւ, ընդ որուն` հայերն այսօր ալ պատրաստ են յարձակելու մեր տարածքին վրայ՚:

24 Ապրիլ 1920-ին Քեմալը պատգամաւորներուն տեղեկացուց Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցած երկու պահանջները թուրքերուն. առաջին` դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները դաշնակից ոյժերուն, այդ թիւին` յոյներուն դէմ, երկրորդ` ՙվերջ դնել հայոց ջարդերուն՚: Հայկական ջարդերու յայտարարութիւնները ՙանհեթեթ սուտ՚ որակելով` Քեմալն իր ելոյթին մէջ կ’ըսէր. ՙՄեր երկրին տարածքը բոլորին յայտնի է: Ո՞վ կ’ըսէ, թէ ուր տեղի ունեցած են կամ տեղի կ’ունենան հայոց կոտորածները: Ես չեմ ուզեր խօսիլ համաշխարհային պատերազմի ցաւալի իրադարձութեանց մասին: Անթանթի երկիրներուն պնդումները անցեալին չեն վերաբերիր: Յայտարարելով, որ ներկայիս մեր երկրին մէջ կոտորած տեղի կ’ունենայ, անոնք կը պահանջեն զայն դադրեցնել՚:

Քեմալը ներկայացուց հայ եւ յոյն խաղաղ բնակչութեան հանդէպ իր կեցուածքը. ՙԵթէ Անատոլուի մէջ բնակող հայերն ու յոյները չընդդիմանան մեր գործողութեանց ու ազգային ձգտումներուն, անոնք երջանիկ ու ապահով կեանք կ’ունենան եւ որեւէ հետապնդման չեն ենթարկուիր: Անատոլուի մէջ բնակող խաղաղ հայ բնակչութիւնը ամէն հետապնդումէ պաշտպանելը մենք մեր կարեւոր պարտքը նկատեցինք՚:

Անգլիական զօրքերը 1920-ի Մարտի կէսերուն գրաւեր էին Պոլիսը, ուր անոնք ռազմական դրութիւն մտցուցին, օսմանեան խորհրդարանը ցրեցին, երեսփոխաններուն մէկ մասը ձերբակալեցին ու աքսորեցին, իսկ Ապրիլին կառավարութեան ղեկավարի` մեծ վեզիրի պաշտօնը երկրորդ անգամ (5 Ապրիլ-21 Հոկտեմբերի 1920) զբաղցուց անգլիամէտ նկատուող Տամատ Ֆէրիտ փաշան:

23 Ապրիլին Անգարայի մէջ, Մուսթաֆ‎ա Քեմալի նախագահութեամբ գումարուեցաւ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովը, զոր ինքն իրեն հռչակեց միակ կառավարութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին վրայ:

Փաստօրէն, ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին վրայ 1920-ական թուականներու առաջին երկու տարիներուն կը գործէր երկու իշխանութիւն` Ազգային Ուխտի եւ Անգարայի Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութիւնները: Եթէ Սթամպուլի կառավարութիւնը օրէ ցօր կը կորսնցնէր էր իշխանութիւնը եւ կը հեղինակազրկուէր, ապա քեմալականները նորանոր տարածքներ կ’առնէին իրենց վերահսկողութեան տակ:

Եւ այսպէս Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներու մէկ մասին վրայ վեր բարձրացաւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որու հիմքին դրուեցաւ թրքականութիւնը, զոր աւելի յայտնի է քեմալականութիւն անունով: Օսմանեան շրջանին կամ իսլամական ինքնութեան պատկանած ամէն ինչ աստիճանաբար ճնշուեցաւ նոյն ինքն հասարակութեան ներսը:

Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգեց Աթաթուրքի ՙԴէպի Արեւմուտք՚ կոչը: Ան Թուրքիան կտրեց օսմանեան ու իսլամական արմատներէն եւ հանրապետութիւնը շրջեց դէպի Արեւմուտք` ատիկա համարելով զարգացման ճշմարիտ եւ միակ ուղին:

2 Նոյեմբեր 1922-ի քայլով, կրօնն ու քաղաքական իշխանութիւնը իրարմէ բաժնուեցան Թուրքիոյ մէջ. սուլթանական սահմանադրական միապետութիւնը վերացուեցաւ: Նոյն ամսուն, սուլթան Մեհմէտ Զ. Վահիտէտտինը (1918-1922) բրիտանացիներուն օգնութեամբ հեռացաւ երկրէն:

Մուսթա‎ֆա Քեմալը որոշած էր սուլթանութիւնը աւելի շուտ վերացնել, բայց ան յարմար առիթի կը սպասէր: Այդ առիթը, ինչպէս նկատել կու տայ ամերիկացի պատմաբան Սթեն‎ֆորտ Շոուն, ընձեռեցին եւրոպացիք` դաշնակիցները: ՙԱնոնք Լոզանի պայմանագիրը վերանայելու նպատակով հրաւիրեցին ինչպէս Սթամպուլի սուլթանական, այնպէս ալ Անգարայի թուրք ազգայնականներու կառավարութիւնները: Բոլորը ջախջախելէ յետոյ Մուսթա‎ֆա Քեմալը իշխանութիւնը պիտի չկիսէր Սթամպուլի կառավարութեան հետ, որ համագործակցեր էր դաշնակիցներուն հետ՚,- ըսած է Շոուն:

Խորհրդարանի որոշումով 1924-ի Մարտին խալիֆայութիւնը վերացուցած քեմալականները Էրզրումի եւ Սվազի քոնկրէսներուն մէջ հանդէս եկած էին ՙխալիֆայութիւնը, սուլթանութիւնը, ազգային անկախութիւնն ու օսմանեան պետութեան ամբողջականութիւնը՚ ամէն գնով պաշտպանելու օգտին:

Խալի‎ֆ‎այութեան վերացումէն ետք փակուեցան իսլամական դատարանները, ներմուծուեցաւ կրթական աշխարհիկ համակարգ: Հոգեւորական չեղողները կրօնական զգեստ կրելու իրաւունք չունէին, պաշտօնեաներուն պարտադրուեցաւ կրել արեւմտեան բաճկոն եւ գլխարկ, ֆէս կրելը յանցանք յայտարարուեցաւ, իսլամական տոմարը (Հիճրա) փոխարինուեցաւ գրիգորեան տոմարով, ընդունուեցաւ Քրիստոսի ծննդեան հիման վրայ թուարկութիւնը, որպէս հանգստեան օր Կիրակին փոխարինեց Ուրբաթը, ներդրուեցաւ զուիցերիական քաղաքացիական օրէնսգիրքը: Աշխարհիկութեան պահպանման առաքելութիւնն իր վրայ վերցուց զինուորականութիւնը:

Մուսթաֆա Քեմալի կարեւորագույն նորարարութիւններէն էր արաբական գիրերը լատինատառ այբուբէնով փոխարինելը 1928-ին, որով, ըստ էութեան, խզում մըն ալ յառաջացաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Օսմանեան Կայսրութեան, դէպի Արեւմուտք թեքուող Թուրքիոյ եւ իսլամական Արեւելքի միջեւ:

Աթաթուրքն իր նախագահութեան տարիներուն մշակեց եւ 1931-ին ներկայացուց Թուրքիոյ զարգացման եւ կառավարման հայեցակարգը, որ յայտնի է ՙվեց նետեր՚ կամ ՙքեմալականութիւն՚ անունով: Այդ ՙվեց նետեր՚ն էին հանրապետականութիւնը, ժողովրդականութիւնը, աշխարհիկութիւնը, յեղափոխականութիւնը կամ բարեփոխականութիւնը, ազգայնականութիւնը, էթաթիզմը կամ պետական դրամատիրութիւնը:

1924-ի Ապրիլին խորհրդարանն ընդունած էր Սահմանադրութիւնը, որու դրոյթներով` նոյն ինքն խորհրդարանը կ’ընտրէր երկրին նախագահը: Քանի որ Մուսթա‎ֆա Քեմալը նաեւ միակ եւ իշխանական Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութեան առաջնորդն էր, միակուսակցականութեան պայմաններուն մէջ անոր ձեռքին էր կեդրոնացած ողջ իշխանութիւնը: Քեմալի ՙմէկ հոգիի իշխանութիւն՚ հաստատելու տիրազօր (աւթորիթար) քաղաքականութեան դէմ էին անոր մերձաւորագոյն շրջապատի գործիչները, այդ թիւին` Ռաու‎ֆ Օրպէյը, Ալի Ֆուատ Ճեպէսոյը, Քեազիմ Գարապէքիրը եւ Ատնան Ատիվարը:

Գարապէքիրը 1924-ի Նոյեմբերին համահիմնադրեց Յառաջդիմական Հանրապետական Կուսակցութիւնը եւ դարձաւ անոր ղեկավարը: Սակայն շուտով Քեմալը Գարապէքիրը մեղադրեց քրտական խռովութեանց օժանդակելու, ինչպէս նաեւ իր դէմ Իզմիրի մէջ մահափորձ կազմակերպելու փորձի համար: Կուսակցութիւնը գոցուեցաւ, Գարապէքիրն ու անոր համակիրներուն մէկ մասը ձերբակալուեցան, 15 հոգի կախաղան բարձրացուեցաւ, քանի մը հոգի, այդ թիւին` Ռաուֆ Օրպէյը, արտաքսուեցան: Հակառակ անոր, որ Գարապէքիրը հեռացաւ քաղաքականութենէն, սակայն մինչեւ Քեմալի մահն ստիպուած էր ապրելու ոստիկանութեան հսկողութեան տակ:

Քաղաքական ասպարէզին մէջ Գարապէքիրը չէզոքացնելէ քանի մը տարի յետոյ` 1930 թուականին, Մուսթաֆա Քեմալը իր հաւատարիմ գործընկերներէն` տարիներ առաջ վարչապետ եղած եւ այդ օրերուն Փարիզի մէջ դեսպան Ալի Ֆեթհի Օքեարին առաջարկեց հիմնադրել Ազատ Հանրապետական Կուսակցութիւնը: Աթաթուրքը հաւանաբար մտադիր էր բազմակուսակցական համակարգ հաստատելու Թուրքիոյ մէջ: Կարճ ժամանակ ետք, երբ ընտրապայքարին մէջ պարզ դարձաւ, որ Մուսթաֆա Քեմալի առաջարկով հիմնադրուած ՙընդդիմադիր՚ կուսակցութիւնը հանրութեան շրջանին մէջ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, Ազատ Հանրապետականը օրէնքէ դուրս հռչակուեցաւ եւ հիմնադրումէն քանի մը ամիս ետք գոցուեցաւ:

Ազատ Հանրապետականի հանդէպ դրական վերաբերմունք ցուցաբերեցին ո°չ միայն ազատական հայեացքներու տէր թուրքերը, այլեւ` կրօնամոլներն ու հասարակութեան դժգոհ հատուածը, ինչը պարզապէս վտանգաւոր էր Մուսթա‎ֆա Քեմալի մենատիրութեան համար: Իսմէթ Ինէօնիւն եւ միւս ընկերները հասկցան ու Մուսթա‎ֆ‎ա Քեմալին հաւաստիացուցին, որ բազմակուսակցական համակարգի անցման փորձը չափէն դուրս վտանգաւոր է:

Տիրազօր միակուսակցական համակարգը շարունակուեցաւ նաեւ Քեմալի մահէն ետք` մինչեւ 1946 թուականը:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, դասական իմաստով, ո՛չ միայն ազգայնամոլութեան հասնող ազգային, այլ, նախ եւ առաջ, ցեղապաշտական պետութիւն էր` հիմնուած թուրք ազգի եւ Աթաթուրքի պաշտամունքին վրայ: Մուսթաֆ‎ա Քեմալի ՙԵրանի՜ անոր որ թուրք եմ կ’ըսէ՚ խօսքերը դրուեցան Թուրքիոյ Հանրապետութեան գաղափարական հիմքին` ցոյց տալու համար թուրքերու գերիշխող դիրքը միւս ազգերուն նկատմամբ:

Սթալինը Մուսթա‎ֆա Քեմալը ‎ֆաշիստ կը համարէր, Հիթլէրն ու Մուսոլինին կ’ըսէին, որ ան կոմունիստ է, միւսները զայն բռնապետ կ’անուանէին, մինչդեռ թուրքերը անոր տուին ՙԱթաթուրք՚՝  ՙթուրքերու հայր՚ անունը:

ՙԵրիտասարդ Մուսթաֆա Քեմալը ինչպէս ազգայնական գաղափարներու, այնպէս ալ արեւմտեան եւ հրէական մշակոյթներու ազդեցութեան ենթարկուած էր՚,- նկատել կու տայ Վիրճինիայի համալսարանի հոգեբանութեան փրո‎ֆ‎եսոր, ՙԱնմահն Աթաթուրք. Հոգեբանական Կենսագրութիւն՚ գիրքի համահեղինակ, ազգութեամբ թուրք Վամիք Վոլքանը:

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի մասին բրիտանական ՙԹայմզ՚ի` 1915-1922 թուականներուն հրատարակած 22 հատորնոց  ՙՊատերազմի Պատմութիւնը՚ աշխատութեան մէջ կ’ըսուի, որ ՙծագումով սալոնիկցի հրեայ՚ Մուսթաֆա Քեմալը ՙազգայնական շարժման բացայայտօրէն միացած է միայն 1919-ի Յունիսին՚:

Արեւմտեան Հայաստանի բնիկները` հայերն արմատախիլ ընելէ առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան կառավարիչներն սկսեր էին անուանափոխել կամ աղաւաղել հայկական գաւառներու եւ գիւղերու անունները, Հայաստան անունը փոխարիներ էին Քիւրտիստան կամ Անատոլու29 հնարովի եզրոյթներով: Հին ատեն Անատոլու կոչուած է Փոքր Ասիոյ հիւսիս-արեւմտեան հատուածն ընդգրկող վիլայէթը` Քէօթահիա կեդրոնով: Նոյնիսկ օսմանեան եւ պարսկական տիրապետութեան տակ իյնալէն յետոյ բազմաթիւ աղբիւրներու մէջ Հայաստանը յստակ կերպով յիշատակուած է Արմենիա կամ Էրմենիստան ձեւով:

19-րդ դարու սկիզբի` 1803 թուականի Օսմանեան Կայսրութեան քարտէսներուն մէջ Վանի եւ Էրզրումի շրջանները հաստ տառերով ցոյց տրուած են իբր ՙԷրմանիստան՚, այսինքն` Հայաստան, իսկ ահա՛ արդէն 1854 թուականի քարտէսին մէջ նոյն տարածքին վրայ աւելի փոքր տառերով գրուած է ՙէրմենի՚, թարգմանաբար` հայ, մինչդեռ Վանայ լիճէն հարաւ ինկած տարածքին վրայ հաստ տառերով գրուած է Քիւրտիստան:

1867 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ արաբերէնով հրատարակուած քարտէսին մէջ Պայազէտի, Վանի, Էրզրումի, Պիթլիսի, Մուշի եւ Էրզինճանի (Երզնկա) շրջանները կ’անուանուին Պիլատ ալ-Արման (Հայոց Երկիր), իսկ Վանի եւ Պիթլիսի շրջանները` Քիւրտիստան:

Դեռ 19-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն օսմանեան պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ արգիլուեցաւ Հայաստան անուան յիշատակումը, իսկ 1916-ի Յունուարին, ռազմական նախարար Էնվեր փաշան օսմանեան ռազմա-քաղաքական իշխանութիւններէն պահանջեց կայսրութեան ոչ-իսլամական ծագումով բոլոր տեղանունները թրքերէնի փոխել:

Թուրք յայտնի զինուորական Հիւսէյն Աւնին, ոգեւորուած Էնվերի հրամանագիրով, կը գրէր. ՙԵթէ մենք կ’ուզենք մեր երկիրին տէրը դառնալ, ապա նոյնիսկ ամենափոքր գիւղին անունը պէտք է թրքերէն դարձնենք՚:

Երիտթուրքերէն ետք տեղանուններու թրքացման գործը շարունակեցին քեմալականները: Արեւմտեան Հայաստանը պաշտօնապէս կոչուեցաւ Արեւելեան Անատոլու: 1925-ին Շէյխ Սայիտի, 1927-1931-ին Արարատի քրտական եւ 1936-1938-ին Տերսիմի ապստամբութիւններէն ետք թուրքերն սկսան անուանափոխել նաեւ քիւրտերով ու զազաներով բնակեցուած վայրերը:

Քեմալական Թուրքիոյ մէջ պատմաբաններուն եւ ուսումնասիրողներուն առջեւ խնդիր դրուեցաւ ՙգիտականօրէն հիմնաւորել թուրքերու իրաւունքը Փոքր Ասիոյ տարածքին նկատմամբ, մասնաւորապէս ապացուցել, որ Անատոլուի թուրքերը տեղական ծագում ունին՚: Թուրք գիտնականները որոշեցին ապացուցել, թէ թուրքերը ՙիբրեւ բնիկներ ապրած են Անատոլուի մէջ Նոր Քարի դարու` Նէոլիթի ժամանակներէն՚: Անատոլուի թուրքերը բնիկ համարելու կողմնակից թուրք գիտնականները Արեւմտեան Ասիոյ հին ժողովուրդներէն հիթիթներն ու շումերներն ալ թուրք համարեցին:

Փոքր Ասիան, Արեւմտեան Հայաստանը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միւս շրջանները բնիկ թրքական հող, իսկ պետութեան բնակչութիւնը թուրք ՙդարձնելու՚ հակագիտական ու հակապատմական գործին լծուեցաւ 1930-ական թուականներու սկիզբին Աթաթուրքի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած ՙԹրքական Պատմական Ընկերութիւն՚ը:

1940-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնն ընդունեց օտար լեզուներով եւ արմատներով տեղանունները թրքերէնի փոխելու մասին շրջաբերական մը, սակայն գործընթացը ժամանակաւորապէս կասեցուեցաւ պատերազմին պատճառով: 1957-ին ստեղծուած ՙԱնուանափոխման Մասնագիտական Կազմակերպութիւն՚ը, ուսումնասիրելով 75 հազար տեղանուն, փոխեց 28 հազարը:

Կիլիկիոյ եւ Զմիւռնիոյ (Իզմիր) աղէտները

Միջերկրականի հիւսիս-արեւելեան ափերուն հայոց մշտական ներկայութիւնը սկիզբ կ’առնէ աւելի քան երկու հազար տարի առաջ: Հայութեան թիւն ստուարացաւ միջնադարուն, երբ Հայաստան ներխուժած թրքական ցեղերը` սելճուքները գրաւեցին երկիրը: 1045-ին Անիի Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն քանի մը տասնամեակ ետք` 1080-ին, ձեւաւորուեցաւ Կիլիկիոյ Ռուբինեան հայկական իշխանութիւնը, զոր յետագային վերաճեցաւ թագաւորութեան: Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը 1375-ին ինկաւ Եգիպտոսի մեմլուքներուն հարուածներէն:

Յաջորդ տասնամեակներուն եւ դարերուն Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետականութիւնն այլեւս չվերականգնեցաւ, սակայն Միջերկրականի հիւսիս-արեւելեան ափերուն մշտական հայութիւն պահպանուեցաւ: Առաջին Աշխարհամարտի նախօրեակին շուրջ 200 հազար հայեր կը շարունակէին բնակիլ Կիլիկիոյ մէջ` չնայած այն իրողութեան, որ 1909-ին, առաջին կարգին Ատանայի մէջ, տեղի ունեցած էին հայկական ջարդեր, որոնց զոհ գացեր էին քանի մը տասնեակ հազար հայեր:

Կիլիկիոյ մէջ հայոց լեզուին դէմ օսմանեան իշխանութիւններն այնպիսի պայքար տարած էին, որ ամբողջ երկրամասին մէջ, բացի դժուարամատչելի Հաճընէն ու Զէյթունէն, հայերը թրքախօս դարձեր էին եւ հայկական դպրոցներէն շատերուն մէջ դասաւանդումը հայատառ թրքերէնով կը կատարուէր:

1909-ին Ատանայի եւ Կիլիկիոյ ուրիշ բնակավայրերուն մէջ երիտթուրքերու կազմակերպած հայկական ջարդերէն, ապա 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք Միջերկրականի ափերուն հայոց թիւը նուազեցաւ, սակայն Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն եւ Օսմանեան Կայսրութեան պարտութենէն ետք, երբ Կիլիկիան անցաւ նախ բրիտանացիներու, ապա ֆրանսացիներու վերահսկողութեան տակ, հայութիւնն սկսաւ տուն վերադառնալ:

Դեռ 1916-ին ստեղծուած էր Արեւելեան կամ Հայկական Լեգէոնը` ըստ 27 Հոկտեմբերին Լոնտոնի մէջ Մարք Սայքսի (Մեծն Բրիտանիա), Ժորժ Փիքոյի (Ֆրանսա) եւ Հայ Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպարի կնքած համաձայնագիրին: Ֆրանսացիք Նոյեմբերին սահմանեցին կամաւորութեան սկզբունքները. լեգէոնական կրնային դառնալ հայերն ու արաբները, հրամանատարները ֆրանսացի պիտի ըլլային, իսկ Լեգէոնին ծախսերը ֆրանսական կառավարութիւնը պիտի հոգար: Հայկական Լեգեոնը ֆրանսական զօրքերու կազմին մէջ սուրիական եւ պաղեստինեան ճակատներուն վրայ պիտի մասնակցէր թրքական բանակին դէմ մարտերուն, որու դիմաց Ֆրանսան կը խոստանար պատերազմէն ետք ինքնավարութիւն տալ հայկական Կիլիկիոյ:

1918-ի Սեպտեմբերի վերջերուն սուրիա-պաղեստինեան ճակատին վրայ թրքական ՙԵըլտըրըմ՚ զօրամասին կրած պարտութիւններուն հետեւեցան անգլօ-‎ֆրանսական ոյժերուն գրոհները եւ մէկը միւսի ետեւէն Տամասկոսի, Պէյրութի ու Հալէպի գրաւումը Հոկտեմբերի ընթացքին: Առաջին Աշխարհամարտին մէջ պարտուած Օսմանեան Կայսրութիւնը Լեմնոս կղզիի Մուտրոս նաւահանգիստին մէջ` բրիտանական ռազմանաւի վրայ, 30 Հոկտեմբերին ստորագրեց զինադադարի պայմանագիրը, իսկ որոշ ժամանակ ետք նաեւ` գաղտնի յաւելուած մը անգլօ-‎‎ֆրանսական զօրքերու գլխաւոր հրամանատարութեան հետ: Օսմանեան Կայսրութիւնը պարտաւորուեցաւ Կիլիկիայէն դուրս բերել իր զօրամասերը, իսկ երկրամասի զինուորական ու վարչական վերահսկողութիւնը յանձնել դաշնակից զօրքերու գլխաւոր հրամանատարութեան: Գաղտնի պայմանագիրի վեցերորդ կէտին մէջ կ’ըսուէր, որ ՙեգիպտական արշաւային զօրախումբը հայրենիք կը ղրկէ բոլոր ցանկացող հայերը՚:

Շուրջ հինգ հազարնոց Հայկական Լեգէոնը, որ անգլօ-‎ֆրանսական զօրքերու կազմին մէջ մասնակցեր էր Սուրիոյ ու Լիբանանի համար մղուած մարտերուն, 1918-ի Նոյեմբերին ափ իջնելով Ալեքսանտրէթի մէջ, կը սկսի Կիլիկիան իր վերահսկողութեան տակ առնելու արշաւը: Կարճ ժամանակի մէջ լեգէոնականները կը զբաղցնեն Տէօրթ Եոլը, Թոփրակ-կալէն, Իսլահիէն, Մերսինը, Ատանան, Տարսոնը եւ Պոզանթըն: Բրիտանական զօրքերը կը գրաւեն Քիլիսը, Այնթապը, Մարաշը եւ Ուր‎ֆան: 1919-ի աշնան, ‎‎‎‎‎‎‎‎‎ֆրանսացիք փոխարինեցին բրիտանական զօրքերը:

Հակառակ անոր, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը պարտութիւն կրած էր եւ Մուտրոսի պայմանագիրն ու գաղտնի յաւելուածը ստորագրած, Կիլիկիոյ եւ յարակից շրջաններուն մէջ չզինաթափուած թրքական զօրամասեր դեռ կային 1918-1919 թուականներուն: Կիլիկիոյ մէջ էր Հաշիմ պէյի երեք հազարնոց գունդը, իսկ թրքական քանի մը գումարտակներ ամրացեր էին երկաթուղագիծին երկայնքով:

Աւելին, տեղերուն մէջ իշխանութեան գլուխ մնացեր էին թուրք պաշտօնեաները:

1919-ի Փետրուարին Ատանա կը ժամանէ գնդապետ Էտուար Պրեմոնը, բայց ոչ որպէս ՙՀայաստանի կառավարիչ՚, ինչպէս կ’ակնկալուէր, այլ` ՙդաշնակիցներու կողմէ գրաւուած թշնամի տարածքներու կառավարիչ՚:

Հակառակ անորոշ ապագային, կիլիկիահայութիւնը կրկին կը վերադառնայ տուն: Անոնց հետ Կիլիկիա կը տեղափոխուին նաեւ Արեւմտեան Հայաստանէն տեղահանուած ու Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն փրկուած հայեր: Ֆրանսայի Բարձրագոյն Կոմիսարիատին տուեալներով` 1919-ին Կիլիկիոյ մէջ կ’ապրէր 120 հազար, իսկ 1920-ին` 160 հազար հայ, ներառեալ Մարաշը:

1919ի Յունիսին Կիլիկիա ժամանեց անոր հայութեան լիազօր ներկայացուցիչ Միհրան Տամատեանը: Իրենց գործունէութիւնը վերսկսան հայկական կուսակցութիւնները` Հնչակեան, Վերակազմեալ, Ռ. Ա. Կ. եւ Հ. Յ. Դ., վերականգնուեցաւ հայկական թերթերուն տպագրութիւնը:

Կիլիկիոյ մէջ բրիտանական զօրքերը ‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎ֆրանսականներով փոխարինելու ութը-ինը ամիսներուն, հինգ հազարնոց Հայկական Լեգէոնը, ինչպէս կը գրէ Պրեմոնը, զօրացրուած էր եւ չորս-հինգ հարիւր հոգիի նուազած: Ատկէ բացի, շուրջ 30 հազար բրիտանական զինուորները փոխարինելու եկած էին ‎ֆրանսական աննշան ոյժեր: Աւելին, հայոց անվտանգութիւնն ապահովելու համար ֆրանսացիք միջոցներ չէին ձեռնարկեր: Օգտուելով այս վիճակէն` քեմալականներն ու տեղացի չեթէները հաշուեյարդար կը տեսնէին հայ բնակչութեան հետ:

1920-ի սկիզբին, օգտուելով ‎ֆրանսացիներու անտարբերութենէն, քեմալականները յարձակման անցան Կիլիկիոյ ուղղութեամբ` դէպի Մարաշ: Ֆրանսացիներու` Մարաշը լքելու քայլը ողբերգական նշանակութիւն ունեցաւ ո°չ միայն քաղաքի, այլեւ ամբողջ Կիլիկիոյ հայութեան համար: Քաղաքին մէջ եւ փախուստի ընթացքին հազարաւոր հայ մարաշցիներ կոտորուեցան: Փրկուածներուն մէկ մասը ապաստան գտաւ Սուրիոյ մէջ: 1920-ի գարնան սկսած անհաւասար դիմադրութենէ ետք Հոկտեմբերին տուները լքեցին նաեւ հաճընցիները` շուրջ եօթը հազար զոհ տալով:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը շարունակէին հաւատալ, որ ‎‎ֆրանսացիներուն օգնութեամբ հնարաւոր պիտի ըլլար կործանուող Օսմանեան Կայսրութենէն Կիլիկիոյ անջատումն ու անոր ինքնավարութիւնը Ֆրանսայի հովանաւորութեան տակ: 4 Օգոստոս 1920-ին, Միհրան Տամատեանի գլխաւորած Ազգային Խորհուրդը Ատանայի մէջ հռչակեց Կիլիկիոյ անկախութիւնը. ՙԱյսօրուընէ սկսած` Կիլիկիան հանդիսաւորապէս կը հռչակենք Թուրքիայէն բոլորովին անկախ, ազատ երկիր` օժտուած քրիստոնէական ինքնավար վարչութեամբ եւ Ֆրանսայի խնամակալութեան տակ: Նախկին Օսմանեան Կայսրութենէն Կիլիկիոյ այս անջատումը կը նկատենք այնքան վերջնական եւ լիակատար ու միեւնոյն իրաւունքներով, որքան Հայաստանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի, Միջագետքի եւ Արաբիոյ անջատումը՚:

Սակայն ֆրանսացիք ո՛չ միայն դրժեցին իրենց խոստումը, այլեւ` Կիլիկիոյ անկախ հռչակումէն մէկ օր ետք` 5 Օգոստոսին, երբ հայերը Տամատեանի գլխաւորութեամբ Ատանայի կառավարչատունէն հեռացուցին վալին եւ միւս թուրք պաշտօնեաներն ու իրենք զբաղցուցին տարածքը, նոյն Պրեմոնը Տամատեանէն պահանջեց հեռանալ շէնքէն: Երբ հայերը մերժեցին կատարել թուացեալ բարեկամ ու դաշնակից ‎ֆրանսացիներուն պահանջը, անձամբ կառավարչատուն եկաւ Պրեմոնը եւ, զինուորական սպառնալիքներ տեղալով, շէնքէն հեռացուց Տամատեանը:

Ակնյայտ կը դառնար, որ Ֆրանսան պայմանաւորուածութիւն ունէր քեմալականներուն հետ: Հայկական Լեգէոնը ցրելով` անոնք թուրքերուն առջեւ բացին դէպի Կիլիկիա տանող ճամբաները:

10-լոյս 11 Փետրուար 1921-ի գիշերը ֆրանսական ոյժերը լռութեամբ նահանջեցին Մարաշէն: Անակնկալի եկած հայոց մէկ մասը նոյն գիշերն իսկ հետեւեցաւ ֆրանսական բանակին, իսկ աւելի ուշ հեռանալ փորձողները քեմալականներու յարձակման ու ջարդին ենթարկուեցան:

Ֆրանսացիներու` Մարաշը լքելէ յետոյ, հայութեան սպառնացող ընդհանուր վտանգի մտահոգութեամբ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Զաւէն Տէր Եղիայեանը դիմեց Ֆրանսայի ղեկավարներուն, որուն ի պատասխան վերջիններս վստահեցուցին, թէ Ֆրանսան մտահոգուած է հայոց պաշտպանութեան հարցով եւ այդ ուղղութեամբ միջոցներ ձեռք պիտի առնուին:

1921-ի Մարտին Լոնտոնի մէջ ստորագրուեցաւ թուրք-ֆրանսական զինուորական, քաղաքական եւ տնտեսական համաձայնագիր մը Պէքիր Սամի պէյի եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Արիսթիտ Պրիանի միջեւ: Մէկ շաբաթ ետք` 19 Մարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսը նամակով մը դիմեց Պրիանին` յայտնելու, որ Ֆրանսայի կողմէ Կիլիկիոյ պարպումը կը վտանգէ հայութիւնը, որ սարսափն արդէն ինկած է հայութեան մէջ եւ որ անոնց ապահովութեան միակ գրաւականը Կիլիկիոյ մէջ գրաւման բանակի առկայութիւնն է:

Այնթապի հայոց մէջ խուճապ սկսաւ, երբ Լոնտոնի թուրք-ֆրանսական համաձայնագիրին բովանդակութիւնը տեղեկացան: 1921-ի գարնան քաղաքէն հեռացան ֆրանսական զօրքերը, որոնց անմիջապէս հետեւեցաւ այնթապահայութեան նահանջը դէպի Սուրիա:

Քեմալականներու` դէպի Միջերկրականի ափեր ընդարձակման եւ նորանոր յաջողութեանց մէջ պոլշեւիկներու ցոյց տուած օգնութենէն բացի, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան ‎‎ֆրա‎նսիացիները: 20 Հոկտեմբեր 1921-ին, Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութեան եւ Ֆրանսայի պաշտօնական լիազօր ներկայացուցիչ Ֆրանքլին Պույյոնի միջեւ Անգարայի մէջ ստորագրուեցաւ թուրք-‎ֆրանսական համաձայնագիրը, որով կողմերը կը դադրեցնէին պատերազմական գործողութիւնները, իսկ ֆրանսական զօրքերը երկու ամսուայ ընթացքին պէտք է դուրս բերուէին Կիլիկիայէն, բացառութեամբ Ալեքսանտրէթի սանճաքին:

Սահակ Կաթողիկոսը 21 Նոյեմբեր 1921-ին հեռագրեց Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ֆրանսական ոյժերու գերագոյն զօրահրամանատար զօրավար Հանրի Կուրոյին, որպէսզի անոր միջնորդութեամբ վերադարձուին թուրքերու քով պահուող հայ բանտարկեալները, հայ որբերը փոխադրուին ֆրանսական շրջան, իսկ Տէօրթ Եոլի հայերը` Ալեքսանտրէթ, ուրկէ անոնք նաւով կը կարենային ազատիլ թուրքերու հետապնդումներէն:

Ըստ Անգարայի պայմանագիրին, սկսաւ ֆրանսական ոյժերու պարպումը Կիլիկիայէն: 19 Դեկտեմբեր 1921-ին պարպուեցաւ Ատանան, 25-ին՝ Այնթապը, 31-ին` Տէօրթ Եոլը:

Ֆրանքլին Պույյոնի ստորագրած թուրք-‎ֆրանսական համաձայնագիրը եւ Կիլիկիոյ մէջ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը ընդհանրապէս` աղիտալի հետեւանքներ ունեցան հայ ժողովուրդին համար: Այս համաձայնագիրը Քեմալի դիւանագիտական մեծ յաջողութիւններէն մէկն էր, որուն նախորդեր էին Մոսկուայի եւ Կարսի մէջ պոլշեւիկներուն հետ կնքած երկու կարեւոր պայմանագիրները: Փաստօրէն, ‎Ֆրանսան օրինական ճանչցաւ Անգարայի Ազգային Մեծ Ժողովին կառավարութիւնը: Բայց քեմալականներուն համար ամենակարեւորն այն էր, որ Ֆրանսայի հետ պայմանագիր կնքելէ յետոյ անոնք զինոյժը Կիլիկիայէն տեղափոխեցին արեւմտեան ճակատ` յոյներու դէմ պատերազմը նոր թափով շարունակելու նպատակով:

Յոյներու եւ քեմալականներու միջեւ պատերազմը վերսկսած էր 1921-ի գարնան, երբ Լոնտոնի խորհրդաժողովին դաշնակիցները, յոյները եւ քեմալականները չէին կրցած համաձայնութեան գալ: Յունական բանակն սկսաւ դէպի Անատոլուի խորքերն արշաւել: Յոյն բարձրաստիճան զինուորականներուն մէկ մասը դէմ էր քեմալականներու դէմ պատերազմը շարունակելուն եւ քաղաքական ղեկավարութեան կը բացատրէր, որ հնարաւոր չէր յաղթել թուրքերուն, քանի որ անոնց մօտ վերելք կ’ապրէր ազգային ոգին եւ անոնք կը կռուէին յանուն ՙազատութեան եւ անկախութեան՚: ՙԱնոնք Փոքր Ասիան կ’ընկալեն իբրեւ իրենց երկիրը, իսկ մեզ կ’ընդունին որպէս նուաճողներ: Ճի՞շդ են անոնք, թէ՞ ոչ` ուրիշ հարց է, բայց իրականութիւնն այն է, որ անոնք այդպէս կ’ընկալեն՚,- Յունաստանի քաղաքական ղեկավարութեան կը բացատրէր ռազմական նշանաւոր գործիչ Եոաննիս Մեթաքսասը:

Յունական ոյժերը 1921-ի Յուլիսին գրաւեցին Էսքիշեհիրը եւ ուղղուեցան դէպի Անգարա: Քեմալականները նահանջեցին եւ դիրքեր բռնեցին Սաքարիա գետին շրջակայքը` Անգարայէն շուրջ 80 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Օգոստոսի կէսերուն յոյներն սկսան, իրենց կարծիքով` յաղթական արշաւը դէպի Անգարա: Անոնք այնքան վստահ էին իրենց յաղթանակին, որ բրիտանացի սպաներ հրաւիրեցին, որպէսզի վերջիններս Անգարայի մէջ ներկայ ըլլան յաղթանակի տօնակատարութեանց: Սակայն Մուսթա‎ֆա Քեմալի ոյժերը ետ մղեցին յոյները, որոնք վերադարձան Էսքիշեհիր:

Բրիտանացի պատմաբան Առնոլտ Թոյնպին, որ իբրեւ ՙՄանչեսթր Կարտիըն՚ թերթի թղթակից կ’ուղեկցէր յունական բանակին, կը պնդէ, որ քաղաքացիական բնակչութեան հանդէպ երկկողմ դաժանութիւններ իրականացուած են: Մասնաւորապէս, 1921-ին դէպի Անգարա արշաւանքի ընթացքին յունական բանակը թուրք քաղաքացիական բնակչութիւնը ամբողջ գիւղերով դուրս քշած է սեփական տուներէն:

Յունական ոյժերը չկրցան գրաւել Փոքր Ասիան: Քեմալականները 1922-ի ամրան եւ աշնան ընթացքին ջախջախեցին յունական զօրքերը: Թրքական վրէժխնդրութենէն խուճապահար տասնեակ հազարաւոր յոյներ կը փախչէին դէպի արեւմուտք, դէպի Յունաստան: Անոնց հետ կը փախչէին նաեւ հայերը: Պոլսոյ հայկական մամուլը կը գրէր. ՙՀայերը եւ յոյները տարիներու ընթացքին իրենց ունեցած ամբողջ վաստակը եւ գոյքերը ձգելով` կը հեռանան հայրենի երկրէն: Այրեր, ծերեր եւ տղաներ խղճալի վիճակի մէջ կը վազեն կայարան: Ընդհանուր է արտագաղթը՚:

Քեմալականները 1922-ի Սեպտեմբերի առաջին օրերուն գրաւեցին Զմիւռնիան եւ հուրի, ապա սուրի մատնեցին քաղաքի հայկական, յունական ու եւրոպական հատուածները: Քաղաքին մինչեւ երեք քառորդ մասը հրոյ ճարակ դարձաւ եւ աւերուեցաւ, մինչ թրքական մասն ամբողջովին անվնաս մնաց: Գերազանցապէս քրիստոնեաներով բնակեցուած այս քաղաքը, ինչպէս գրած է ՙՇիքակօ Տէյլի Նիւզ՚ թերթի ականատես թղթակիցը, ՙգոյութիւն ունենալէ դադրեցաւ՚:

Մինչեւ 1922-ի վերջը մօտ մէկուկէս միլիոն յոյներ Թուրքիայէն փախստական դարձան կամ դուրս քշուեցան:

Յոյներուն հետ ջարդի ենթարկուեցան նաեւ հայերը: Զմիւռնիոյ հայոց Առաջնորդ Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեանը Պատրիարքարանին կը գրէր, որ Զմիւռնիայէն Աթէնք եւ կղզիները գաղթող հայոց թիւը քսան հազարի կը հասնի, որոնցմէ տասը հազարը մերկ եւ անօթի է: Երախաները կաթ չունին: Թշուառութեան պատճառով օրական հինգ-վեց հոգի կը մեռնի: Զմիւռնիոյ վեց-եօթը հայ քահանաներն սպաննուած են:

Մինչ Պոլսոյ հայկական մամուլը օրը օրին կը հաղորդէր Զմիւռնիոյ հայկական ջարդերու, հայոց արտագաղթի ու անոնց օգնութիւն հասցնելու անհրաժեշտութեան մասին, Խորհրդային Հայաստանի թերթերն ակնյայտ համակրանքով կը վերաբերէին քեմալականներուն եւ յոյներուն դէմ պատերազմին մէջ անոնց յաջողութիւններուն:

Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնն ալ քեմալականներուն հանդէպ դրականօրէն տրամադրուած էր` գոնէ արտաքնապէս: 6 Սեպտեմբեր 1922-ին, դաշնակցային եւ ռազմա-յեղափոխական խորհուրդներու նախագահութեան ողջ կազմը` Նարիմանովը, Միասնիկեանը, Մտիվանին, Օրճոնիկիծէն եւ զօրահրամանատար Եկորովը, Թի‎ֆլիսի մէջ այցելեց քեմալականներու ներկայացուցիչ Մուխթար պէյին եւ Անդրկովկասեան Ֆետերացիայի, Առանձին Կովկասեան Բանակի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի անունէն զայն շնորհաւորեցին ՙթրքական զօրքի փայլուն յաղթութեան եւ յունական զօրքերու համարեա կատարեալ ոչնչացման առիթով՚: Նոյները Անգարա` Մուսթաֆա Քեմալ փաշային եւ Սարիղամիշ` Քեազիմ Գարապէքիր փաշային ողջոյնի հեռագիրներ ղրկեցին թրքական զօրքերու` յոյներու դէմ տարած ՙփառաւոր յաղթանակներուն՚ առթիւ:  ՙՀիացմունքով եւ ուրախութեամբ հետեւելով նոր Թուրքիոյ յաղթական զօրքերու փայլուն յաջողութեանց, կ’ողջունենք ձեզ եւ Ազգային Մեծ Ժողովը եւ ի սրտէ կը շնորհաւորենք, որ յաղթութիւն տարած էք դրամատիրական Անթանթի վարձկաններուն` յունական զօրքերուն դէմ: Կը հաւատանք, որ ձեր յաջողութիւններն աւելի կ’ամրապնդեն Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Ռուսիոյ ու խորհրդային անդրկովկասեան հանրապետութեանց բարեկամական միութիւնը՚,- կ’ըսուէր Քեմալին ուղղուած հեռագիրին մէջ:

Լոնտոնէն Լոզան եւ Ազգերու Լիկա

Չնայած Սեւրի պայմանագիրը հայկական չիրականացուած երազանք մնաց, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը քեմալականներու եւ պոլշեւիկներու հարուածներէն փաստօրէն կորսնցուց անկախութիւնը, հայ գործիչներուն մօտ չէր մարած եւրոպացի դաշնակիցներուն օժանդակութեամբ Հայկական Հարցը լուծելու` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ անկախ պետութիւն ունենալու յոյսը:

1921-ի Փետրուար-Մարտ ամիսներուն կայացաւ Լոնտոնի խորհրդաժողովը մէկ կողմէ Առաջին Աշխարհամարտին մէջ պարտուած Գերմանիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան, միւս կողմէ` Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ճափոնի, Պելճիքայի եւ Յունաստանի միջեւ: Թրքական միացեալ պատուիրակութիւնը` Ռէշիտ փաշան Սթամպուլէն եւ Պէքիր Սամի պէյը Անգարայէն, պահանջեցին վերականգնել Օսմանեան Կայսրութեան 1914 թուականի սահմանները: Հայկական զոյգ պատուիրակութիւնները` Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս Նուպար փաշայի գլխաւորութեամբ, կը պահանջէին Արեւմտեան Հայաստանն ու Կարսի մարզը, ինչպէս նաեւ` ՙվարչական ինքնավարութիւն՚ Ֆրանսայի վերահսկած Կիլիկիոյ մէջ: Թուրքերու մերժումէն ետք, եւրոպական երկիրները յառաջ քաշեցին Հայկական Ազգային Տուն ձեւաւորելու հարցը:

Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին բրիտանա-յունական միջամտութեան ձախողումէն ետք` 20 Նոյեմբեր 1922-էն մինչեւ 24 Յուլիս 1923-ը Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որու հիմնական խնդիրը քեմալական Թուրքիոյ հետ հաշտութեան պայմանագիրի նախապատրաստումն ու Սեւ Ծովու նեղուցներու կարգավիճակի սահմանումն էր: Բանակցութիւնները որոշ ժամանակով ընդհատուեցան, երբ նեղուցներու հարցին մէջ թուրքերու համաձայնութիւնն ստանալէ յետոյ, բրիտանական պատուիրակութիւնը պահանջեց ստորագրել հաշտութեան պայմանագիրի բրիտանա-‎‎ֆրանսական նախագիծը, զոր անընդունելի էր քեմալականներուն համար: Բանակցութիւնները վերսկսան 23 Ապրիլին եւ վերջացան 24 Յուլիսին` 17 փաստաթուղթերու ստորագրումով, որոնց մէջ ամենակարեւորը 143 կէտերէ կազմուած Լոզանի հաշտութեան պայմանագիրն էր, որ օրինականացուց Օսմանեան Կայսրութեան փլուզումը եւ հաստատեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանները: Մոսուլի պատկանելիութեան վիճելի հարցը Ազգերու Լիկային փոխանցուեցաւ:

Լոզանի պայմանագիրն ստորագրեցին մէկ կողմէ Թուրքիան, միւս կողմէ` Բրիտանական Կայսրութիւնը, Ֆրանսան, Իտալիան, Ճափոնը, Յունաստանը, Ռումանիան եւ Սերպ-Հորվաթ-Սլովենական պետութիւնը: Այս պայմանագիրով գծուեցան Թուրքիոյ սահմանները Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ (ինը ամիսներու ընթացքին): Միւս անմիջական դրացիներուն, այդ թիւին` Հայաստանի հետ, Թուրքիոյ սահմանները որոշուած էին ուրիշ պայմանագիրներով:

Խորհրդային Ռուսիոյ արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Չիչերինը կը ղեկավարէր ռուս-ուքրաինա-վրացական միացեալ պատուիրակութիւնը Լոզանի մէջ: Անոնց մասնակցութիւնը սահմանափակուեցաւ սոսկ սեւծովեան նեղուցներու հարցին քննարկումով:

Խորհրդաժողովին շօշափուեցաւ նաեւ Հայկական Հարցը: Լոզան մեկնած էին հայկական երկու պատուիրակութիւններ` հանրապետականը` Աւետիս Ահարոնեանի ու Ալեքսանդր Խատիսեանի, եւ ազգայինը` Գաբրիէլ Նորատունկեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի մասնակցութեամբ:

Այս երկու պատուիրակութիւնները խորհրդաժողովին միասնաբար ներկայացուցին յուշագիր մը` առաջարկելով Հայկական Հարցի երեք հնարաւոր լուծում. Հայկական Ազգային Տան ստեղծում Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ուիլսընի գծած Հայաստանի տարածքին մէջ, Խորհրդային Հայաստանի ընդարձակում` անոր կցելով Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը` ծովային ելքով, Հայկական Ազգային Տան ստեղծում Կիլիկիոյ մէջ: Ազգային փոքրամասնութեանց հարցի քննարկման կապակցութեամբ, Առաջին Յանձնաժողովը, որ տարածքային եւ ռազմական հարցերով կը զբաղէր, 12, 13 եւ 14 Դեկտեմբեր 1922-ի նիստերուն մէջ անդրադարձաւ Հայկական Ազգային Տան հարցին: Թուրք պատուիրակները` Իսմէթ փաշան եւ Ռիզա Նուրի պէյը, կտրականապէս մերժեցին Թուրքիոյ տարածքին որեւէ Տուն ձեւաւորելու գաղափարը:

Ինէօնիւն Լոզան գացած էր յստակ պատուէրով` Հայկական Ազգային Տան հարցը չի կրնար նոյնիսկ քննարկման նիւթ դառնալ, իսկ եթէ դաշնակիցները յամառին, ապա ան` առանց Ազգային Մեծ Ժողովին հետ խորհրդակցելու, լիազօրուած էր դադրեցնելու բանակցութիւնները: Լոզանէն ղրկուած հեռագիրներէն կը պարզուի, որ Հայկական Ազգային Տան հարցը պարբերաբար օրակարգ բերուած է, սակայն թուրքերը բոլոր պարագաներուն կտրականապէս մերժած են:

Ուրիշ նիւթ մը` 700 հազար հայոց Թուրքիա վերադարձի հարցը մերժուեր էր նոյն կտրականութեամբ: Ինէօնիւն մերժեր էր ուրիշ առաջարկ մըն ալ. խօսքը կը վերաբերէր Թուրքիոյ մէջ մնացած հայերը Խորհրդային Հայաստան տեղափոխելու հարցին, սակայն թուրք պաշտօնեան պատճառաբաներ էր, թէ Լոզանի մէջ չկայ համապատասխան կողմը, որու հետ քննարկեր հարցը:

Հայկական Հարցը անգամ մըն ալ շօշափուեցաւ Առաջին Յանձնաժողովի 7 Յուլիսի նիստին, սակայն վերածուելով ՙհայ գաղթականութեան՚ խնդրի` փոխանցուեցաւ Ազգերու Լիկայի տնօրինութեան: Լոզանի պայմանագիրին մէջ նոյնիսկ յիշատակում չկար Հայաստանի եւ հայոց մասին: Խորհրդային պատուիրակութիւնը յուշագիրով մը պատրաստակամութիւն յայտնեց Ռուսիոյ եւ Ուքրաինայի մէջ ապաստան տալու հայ գաղթականներուն: Չիչերինը 26 Յունուարին Լոզանի մէջ յայտարարեց, որ Խորհրդային Ռուսիոյ կառավարութիւնը պատրաստ է իր տարածքին մէջ հողամաս յատկացնելու` հինգ հարիւր հազար թրքահայ գաղթականներ տեղաւորելու նպատակով:

Ազգերու Լիկան քանի մը անգամ քննարկեց գաղթական հայոց օգնելու հարցը: Ժնեւի մէջ, Ազգերու Լիկան 1922 թուականին փախստականներու եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձանց համար մտցուց անձը հաստատող ժամանակաւոր վկայականներ` ՙՆանսէնեան անձնագիրներ՚: Երեք հարիւր հազարէ աւելի հայ գաղթականներ նման անձնագիրներ ստացան 1924-ի Յուլիսին:

Նորվեկիացի հասարակական գործիչ Ֆրիտեո‎ֆ Նանսէնը 1925-ի Յունիսին իր յանձնաժողովով եկաւ Խորհրդային Հայաստան` պարզելու գաղթականներ ընդունելու անոր հնարաւորութիւնները: Ազգերու Լիկան 1925 թուականին Ժնեւի մէջ քննեց այդ այցին արդիւնքով պատրաստուած զեկուցագիրը: Նանսէնը կը կարծէր, որ համապատասխան օգնութիւն ստանալու պարագային Խորհրդային Հայաստանն ի վիճակի է ընդունելու մինչեւ 30 հազար գաղթական: Սակայն երբ Ազգերու Լիկան սկսաւ հարցին լուծումը ձգձգել, Նանսէնը ձեռնամուխ եղաւ սեփական ոյժերով կազմակերպելու այդ մարդասիրական օգնութիւնը: 1929-ին ան առաջարկեց դադրեցնել հարցին քննարկումը, իսկ նոյն տարուայ 2 Սեպտեմբերին Ազգերու Լիկայի վեհաժողովը զայն հանեց օրակարգէն:

Հայաստանի եւրոպացի դաշնակիցները, որոնց օգնութեան հետ այնքան յոյսեր կը կապէին հայ քաղաքական գործիչները, առաջնորդուեցան իրենց պետական շահերով եւ սկսան կարգաւորել իրենց յարաբերութիւնները աւերակներէն վեր ելլող Թուրքիոյ հետ: Ամերիկացիք ալ կը փորձէին թուրքերուն սիրտը շահիլ: Ճիշդ է, նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի կառավարութիւնը հետաքրրքուած էր Հայկական Հարցով ու Հայաստանով, սակայն այդ հետաքրքրութիւնը քաղաքական եւ դիւանագիտական իմաստով կեանքի չկոչուեցաւ: Նախ, Ա. Մ. Ն.ի Ծերակոյտը 1 Յունիս 1920-ին մերժեց Հայաստանի խնամակալութիւնն ստանձնելու նպատակով նախագահ Ուիլսընի առաջարկը, իսկ երբ նոյն տարուայ 22 Նոյեմբերին հրապարակուեցաւ նախագահին իրաւարար վճիռը, քեմալականներն ու ռուս պոլշեւիկները կը բռնագրաւէին Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Յաջորդ տարիներուն, այդ թիւին` Լոզանի խորհրդաժողովին, Միացեալ Նահանգները ո՛չ միայն չպաշտպանեց Հայկական Ազգային Տան գաղափարը, այլեւ` գործնական քայլեր չձեռնարկեց հայ գաղթականներու տուն վերադարձն ապահովելու հարցով: Օսմանեան Կայսրութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ բնակչութեան գրեթէ ի սպառ բնաջնջումէն ետք ամերիկացի միսիոնարները զրկուեցան մարդասիրական առաքելութիւնը շարունակելու հնարաւորութենէն: Շուտով անոնք վտարուեցան քեմալական Թուրքիայէն: Նախագահներ Ուորըն Հարտինկի եւ Քելվին Քուլիճի վարչակարգերը մտահոգուած էին Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութեանց կարգաւորմամբ: 1927-ի Հոկտեմբերին, թէեւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ դեռ ուժեղ էին հակաթրքական տրամադրութիւնները, Ա. Մ. Ն.ը ճանչցաւ քեմալական Թուրքիան:

Շարունակելի

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):

Հայաստանը սպառել է 2.4 միլիարդ դոլարի թուրքական ապրանք 1995-ից ի վեր

$
0
0

Չնայած այն իրողությանը, որ Թուրքիան փակ է պահում Հայաստանի հետ սահմանը և մերժում է Երևանի հետ հաստատել դիվանագիտական հարաբերություններ, իսկ Արցախի հարցում բացահայտ աջակցում է Ադրբեջանին, Հայաստանի արտաքին առևտրի հաշվեկշռում այդ երկրի տեսակարար կշիռը զգալի է եղել 1991-ից ի վեր:

Այս՝ 2016 թվականի առաջին հինգ՝ հունվար-մայիս ամիսների ընթացքում, ինչպես արձանագրված է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայության արտաքին առևտրի տվյալների բազայում, Հայաստանը Թուրքիայից ներմուծել է գրեթե 50 միլիոն դոլարի ապրանք (ավելի հստակ՝ 49 միլիոն 388 հազար 900 դոլար) և Թուրքիա է արտահանել ընդամենը 243 հազար 200 դոլարի արտադրանք: Այսպիսով, հինգ ամիսների ընթացքում Հայաստանը Թուրքիայից ներմուծել է ավելի քան 200 անգամ ավելի արտադրանք, քան արտահանել է:

Հայ-թուրքական առևտուրը իր ծաղկման շրջանին է հասել Սերժ Սարգսյանի նախագահության տարիներին: Այսպես, 2008-2016 թթ. ընթացքում Թուրքիայից Հայաստան է ներկրվել ավելի քան 1.7 միլիարդ դոլարի արտադրանք, նույն ժամանակահատվածում Հայաստանից Թուրքիա արտահանվել է 11 միլիոն դոլարի ապրանք ընդամենը, այսինքն՝ 155 անգամ պակաս: Թուրքիայից Հայաստան ներկրումների գագաթնակետը Աբդուլլահ Գյուլի Երևան այցի տարում էր՝ 2008-ին, երբ ներկրվեց ավելի քան 268 միլիոն դոլարի արտադրանք:

Ճիշտ է նաև, որ 2015-ին, նախորդ տարիների հետ համեմատ, հայ-թուրքական ապրանքաշրջանառությունը զգալի անկում ապրեց: Թուրքիայից Հայաստան ներմուծումը կազմեց շուրջ 137 միլիոն դոլար, իսկ արտահանումը՝ գրեթե 1.5 միլիոն:

Սերժ Սարգսյանի նախագահության տարիներին Հայաստան-Թուրքիա ապրանքաշրջանառությունը (ԱՄՆ դոլարով), ըստ ազգային վիճակագրական ծառայության տվյալների, եղել է  հետևյալը.

Տարեթիվ                                    Արտահանում                                Ներմուծում

2015                                                  1.497.800                                      136.958.200

2014                                                  1.494.300                                      232.268.800
2013                                                  1.595.600                                      210.702.200
2012                                                    927.800                                       213.468.300
2011                                                  1.049.400                                      240.248.200
2010                                                 1.291.300                                       210.381.200
2009                                                1.197.500                                        177.648.800
2008                                                1.850.900                                       268.187.300

Ռոբերտ Քոչարյանի նախագահության 10 տարիներին Թուրքիայից Հայաստան է ներկրվել գրեթե 600 միլիոն դոլարի ապրանք, արտահանվել՝ շուրջ 18 միլիոնի:

Տարեթիվ                                    Արտահանում                                Ներմուծում

2007                                                3.033.000                                         130.631.300
2006                                                2.370.500                                          95.422.900
2005                                                2.473.400                                          66.928.000
2004                                                2.021.200                                           44.804.700
2003                                                1.154.700                                            40.886.700
2002                                                1.435.800                                            38.232.000
2001                                                1.130.000                                            33.755.900
2000                                                1.527.900                                            40.462.400
1999                                                 1.128.500                                            40.152.200
1998                                                 2.987.500                                            56.779.800

Լևոն Տեր-Պետրոսյանի նախագահության ընթացքում, ավելի ճիշտ՝ 1995-ից (այդ տարվանից են պահպանվել պաշտոնական վիճակագրական տվյալներ) մինչև 1997-ը ներառյալ, Թուրքիայից Հայաստան է ներկրվել 46 միլիոն դոլարի ապրանք, արտահանվել՝ գրեթե 16 միլիոն դոլարի արտադրանք:

Տարեթիվ                                    Արտահանում                                 Ներմուծում

1997                                                7.152.700                                             38.395.900
1996                                                6.031,200                                             6.254.500
1995                                                2.598.300                                             2.589.500

Ի դեպ, Հայաստանից Թուրքիա ամենից շատ արտադրանք արտահանվել է 1997-ին՝ ավելի քան 7 միլիոն դոլար:

Այսպիսով, վերջին 22 տարիներին՝ 1995 թվականից ի վեր (այդ տարվանից են պահպանվել պաշտոնական վիճակագրական տվյալներ), Հայաստանը Թուրքիայից ներկրել է շուրջ 2.4 միլիարդ դոլարի ապրանք, այն դեպքում, երբ նույն ժամանակահատվածում Հայաստանից Թուրքիա է արտահանվել շուրջ 45 միլիոն դոլարի ապրանք, այսինքն՝ 53 անգամ պակաս:

Թուրքիայից Հայաստան ապրանքը հասնում է հիմնականում Վրաստանի տարածքով, քանի որ Անկարան շարունակում է շրջափակման տակ պահել Հայաստանի հետ ցամաքային սահմանը 1993-ի ապրիլի 2-ից:

Թաթուլ Հակոբյան

Լուսանկարը՝ Ֆոտոլուրի

 


Chatham House-ի զեկույցը՝ Ապրիլյան պատերազմի մասին

$
0
0

Chatham House ReportԲրիտանական Chatham House հեղինակավոր վերլուծական կենտրոնը հրապարակել է Լոուրենս Բրոյերսի (Laurence Broers) հեղինակած զեկույցը Ղարաբաղյան  հակամարտության մասին, որում ուսումնասիրվել են Ապրիլյան քառօրյա պատերազմի համատեքստը, դինամիկան և հետևանքները՝ շեշտադրելով տեղական գործոնները: «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտություն. շարժվելով դեպի պատերազմ» խորագրով զեկույցը փորձում է պատասխանել երեք հարցի.

  • Ինչո՞ւ են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտության շուրջ առկա անվտանգության և միջնորդական համակարգերը թուլացել այն աստիճանի, որ բռնության բռնկումները դարձել են պարբերական և մեծապես լայնամասշտաբ:
  • Արդյոք կա՞ր որևէ նոր բան ապրիլի 2-5-ի բախումներում:
  • Դրանից հետո ի՞նչ կարող է կամ պետք է արվի՝ նվազեցնելու ապագայում բռնության հնարավորությունն ու վերահաստատելու միջնորդական գործընթացի իրավականությունը:

ԼՂ հակամարտությունը՝ եվրասիական աշխարհաքաղաքական ձևանմուշներից դուրս

«Չնայած պարբերական նախազգուշացումներին՝ աշխարհն, այդուհանդերձ, զարմացած էր 2016թ. ապրիլի 2-5-ին Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև բռնության բռնկմամբ: Շեղված լինելով այլ հակամարտություններով և պատվաստված՝ «սառեցված հակամարտություն» եզրով՝ տարածաշրջանային և համաշխարհային ուժերը աչքաթող արեցին մի վեճ, որը կարող է նրանց բոլորին ներքաշել նոր, ավելի մեծ պատերազմի մեջ»,- գրում է Բրոյերսը՝ հավելելով, որ աշխարհագրորեն հեռու լինելու փաստը ԼՂ հակամարտությունը դարձնում է «հայեցակարգային և ռազմավարական առումով ծայրամասային»:

«Հետխորհրդային տարածքային վեճերը գրավում են Արևմուտքի քաղաքականություն մշակողների ուշադրությունը գերազանցապես որպես Ռուսաստան-Արևմուտք հակամարտության փոքրացված մոդել: Մինչդեռ ԼՂ հակամարտությունը դուրս է այս կարծրատիպից … ԼՂ հակամարտության՝ եվրասիական աշխարհաքաղաքականության ձևանմուշներին չհամապատասխանելու փաստն արտացոլված է քաղաքական արձագանքներում:

Ուկրաինայում, Վրաստանում և Մոլդովայում արևմտյան քաղաքականություն մշակողները անվերապահորեն սատարում են արևմտամետ մայր պետությունների տարածքային ամբողջականությունը՝ ընդդեմ ռուսամետ դե ֆակտո պետությունների: Ի հիասթափություն Ադրբեջանի՝ ԼՂ հակամարտության հարցում Արևմուտքի մոտեցումները չեն բնութագրվում նման հստակ միջամտության ռազմավարությամբ: Չնայած պետություններն ու միջկառավարական կազմակերպությունները պաշտոնապես սատարում են Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականությունը, նրանք ներգրավում են նաև Հայաստանին՝ չճանաչված Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետության հովանավոր պետությանը՝ հիմնականում առանց վերապահումների»,- գրում է Chatham House-ի վերլուծաբանը՝ հղման մեջ պարզաբանելով, որ կան որոշ բացառություններ, օրինակ՝ Թուրքիան չունի դիվանագիտական հարաբերություններ Հայաստանի հետ, իսկ Պակիստանը չի ճանաչում այն:

Բանակցությունները շարունակում են փակուղում մնալ՝ առանց կողմերի դիրքորոշումներում հիմնարար փոփոխության

Զեկույցի հեղինակները հակված են մտածելու, որ ԼՂ հակամարտությունը սպառնում է տարածաշրջանային և, առհասարակ, եվրոպական անվտանգությանը, իսկ Հայաստանն ու Ադրբեջանը գտնվում են անվտանգության վտանգավոր վակուումի մեջ, որը պետք է լցվի միջազգային բազմակողմ գործողություններով: Ստորև հեղինակների եզրահանգումները, որոնք ներկայացված են զեկույցի համառոտագրության մեջ.

  • Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտությունը, որում ներգրավված են Հայաստանն ու Ադրբեջանը, մեծապես սպառնում է տարածաշրջանային և եվրոպական անվտանգությանը: Ապրիլի սկզբին բռնության բռնկումից հետո միջազգային ուժերը փխրուն զինադադարի կայունացումից անցել են պատերազմի կանխարգելման:
  • Բանակցությունները շարունակում են փակուղում մնալ՝ առանց կողմերի դիրքորոշումներում հիմնարար փոփոխության՝ սկսած 1990-ականների սկզբից: Որպես հետևանք՝ ավելի զայրացած և վերազինված Ադրրբեջանը շփման գծում ռազմական գործողությունները դիտարկում է որպես ազդեցության իր միակ լծակը, որի միջոցով կարող է դիմակայել «սառեցված հակամարտության» անորոշ ձգձգմանը:
  • Ադրբեջանը ապրիլի 2–5-ի իր գործողությունները ներկայացնում է որպես մարտավարական հաղթանակ և հոգեբանական ճեղքում: Չնայած 1994-ից ի վեր առաջին անգամ մի կողմից մյուսին չնչին տարածքներ են անցել, տեղում ռազմավարական նշանակության առումով քիչ բան է փոխվել:
  • 1990-ականների կեսին ԵԱՀԿ-ին տրված՝ զինադադարի պահպանմանը հետևելու մանդատը սահմանափակ է և հնացած:
  • Հայաստանն ու Ադրբեջանը գտնվում են անվտանգության վտանգավոր վակուումի մեջ, որը պետք է լցվի միջազգային բազմակողմ գործողություններով:
  • Ինստիտուցիոնալ և ընթացակարգային անգործությունը, աշխարհաքաղաքական մրցակցությունը հարևան տարածքներում, կողմերի ցինիզմն ու խոր անվստահությունը միմյանց նկատմամբ, չբարեփոխված վերնախավերի կողմից խորհրդանշական ազգայնականությունից շահաբաժիններ ստանալը շարունակում են լինել ստատուս քվոյի բանակցային այլընտրանքի լուրջ խոչընդոտ:

Պատրաստեց Ստելլա Մեհրաբեկյանը

ՍիվիլՆեթ, http://civilnet.am/2016/07/14/chatham-house-paper-karabakh-april-war/#.V4dhYNJ97IU

Война пришла в наш дом: Карабахский дневник

$
0
0

КАРАБАХСКИЙ ДНЕВНИК: ЗЕЛЕНОЕ и ЧЕРНОЕ

Автор кинги – Татул Акопян

Карабахский-дневник-Зеленое-и-ЧерноеГлава первая

В феврале 2006 года,накануне встречи президентов Роберта Кочаряна и Ильхама Алиева в Рамбуйе, к главе Армении обратилась через газету учительница армянского языка и литературыЛариса Чахоян. Она просила обсудить с азербайджанским лидером вопрос о судьбах сотен пропавших без вести, в том числе, ее сына Гайка: «Материнское сердце подсказывает: мой сын жив и находится в Баку. Я каждую секунду чувствую, что с ним происходит».

Последнее письмо от сына пришло из Бакинской тюрьмы в июле 1999 года. «Вытащите меня отсюда поскорее. Я очень соскучился. Хочу вернуться в Армению. Постарайтесь, чтобы получилось как можно скорее. Большой привет дядям, Асмик, Ово, Артуру, Рафо, Жанне, Гамлету, Жожо и всем, кто будет спрашивать обо мне. Целую вас», – писал  Гайк.

Возвращаясь домой в село Ваграмаберд Ширакской области из Паравакара, Гайк заблудился и очутился в селе Джафарлу Казахского района Азербайджана, где и был взят в плен. Через три дня после пленения сына мать и отец Чахояны пешком прошли его путь, расспрашивая всех. В надежде хоть что-то разузнать о сыне мать обращалась к сотням людей: армянам, азербайджанцам, президентам, европейским чиновникам. Брат и отец Гайка вынуждены были выехать в Тверь на заработки, чтобы расплатиться с огромными долгами  в десятки тысяч долларов, потраченными на поиски Гайка.

В доме Чахоянов война живет уже десять лет. Горе родителей, особенно матерей, дети которых пропали без вести, безмерно и безутешно. «Может, я бы и смирилась, если б мой сын погиб за родину на войне. Но как мне теперь жить: мой сын страдает там, в Баку, а я – здесь. Муж звонит каждый день. Сын, как окончил институт, уехал в Тверь. Я едва держусь, но другого выхода нет. Долги у нас огромные».

Международный комитет Красного Креста (МККК) ведет последовательную работу по поиску без вести пропавших. Страдания потерявших родных семей – одно из самых тяжких последствий вооруженных противостояний. МККК неустанно привлекает  внимание мирового сообщества к этим проблемам.

Со дня установления режима прекращения огня на Карабахском фронте прошло более 15 лет, но до сих пор тысячи семей не имеют сведений о своих родных и близких. С 1992 года МККК содействует властям противоборствующих государств с тем, чтобы прояснить судьбу пропавших без вести.

Лариса Чахоян написала азербайджанским матерям: «К вам обращается мать, потерявшая сына, страдающая в тревоге за его судьбу, в безграничной тоске. Я знаю, что и в Азербайджане много таких же несчастных матерей, которые со слезами на глазах ждут весточки о судьбах своих сыновей. Я обращалась в самые разные инстанции. ВГрузии встречалась с азербайджанцами. Многие из них обманывали и обирали меня, многие хотели помочь, но не смогли. Я объявляю мир азербайджанским матерям, потерявшим сыновей. Только мы можем понять друг друга, ибо переживаем тот же ужас. Давайте же добьемся того, чтобы перед нами открылись границы и закрытые двери. Чтобы искать и находить наших детей».

Такие же письма могли написать Ларисе Чахоян сотни азербайджанских матерей.

Правозащитник Лариса Алавердян убеждена, что в Азербайджане все еще содержатся армянские пленные и заложники. Доказательство тому – судьба Нельсона Мнацаканяна, вернувшегося на родину в 1998 году. Четыре года его держали в заточении водной из азербайджанских семей. С начала противостояния домой вернулись более 1800 армянских военнопленных и заложников. Армянская же сторона вернула около 3,5– 4 тысяч азербайджанцев.

Особо Лариса Алавердян отмечает два случая возвращения на родину, в которых приняла активное участие возглавляемая ею организация «Фонд против правового произвола».

Случай первый – азербайджанцы возвращают в Карабах сразу двадцать детей. Среди них – трехлетняя девочка, семья которой была захвачена в селе Марага. Девочка росла в детском доме и говорила по-азербайджански.Случай второй  – в сентябре 1994 года в Азербайджан вернулись 27 женщин с детьми.

«Их содержали в детском саду и больнице Степанакерта, где проживали беженцы-армяне из Мартакерта. Надо было видеть, как расставались армянские и азербайджанские женщины и дети. Зачастую на войне не обращают должного внимания на человеческие судьбы. Я уверена, что этих людей до конца жизни будет объединять чувство пережитого вместе горя. Мать погибшего на войне Корюна Аракеляна приносила азербайджанским женщинам и детям еду», – рассказывает Лариса Алавердян.

Сотрудники организаций, занимающихся проблемами заложников и военнопленных, советовали отчаявшимся родителям не заключать сделок с частными лицами, однако, по словам Ларисы Алавердян, было немало случаев, когда родители вступали в сделку и возвращали своих сыновей.

Трогательный случай произошел в 1995 году на Иджеванском участке границы. Азербайджанцы предложили отцу выкупить заложника-сына. Отцу не удалось собрать затребованную сумму. И вместо недостающей части он предложил в заложники себя. Азербайджанцы взяли то, что отцу удалось собрать, вернули сына, а отца не тронули.

Война, в большей или меньшей степени, затронула каждую семью и в Армении, и в Карабахе, и в Азербайджане. Некоторым семьям война нанесла двойной удар, а в семью Хачикянов из села Воскеван Тавушской области она вторгалась трижды. Сын Соник Хачикян оказался в азербайджанском плену. Для обмена армяне взяли в заложники азербайджанского пастуха, которого содержали в подвале Хачикянов.

«Напуганный, сломленный человек. Каждое утро я носила ему еду. Он говорил, что у него десять детей. Старший служит в армии. В чай клал мало сахара, все боялся», – всхлипывая, рассказывает пожилая женщина.

Ее сын Хачих был захвачен в заложники еще при советской власти в азербайджанонаселенном селе Баганис-Айрум. По словам матери, все это время семья не получала о нем известий. В течение первых нескольких лет брат Хачика и дядя, не зная сна и покоя, пытались найти хоть какой-то след, но безрезультатно.

«Как считаешь, можно захваченного в 90-м году человека найти живым?» – плача, спрашивает убеленная сединами 80-летняя женщина. “Наши взяли в плен азербайджанца и передали нам, чтобы мы обменяли его. Но спустя несколько месяцев мой младший сын повел его к границе и отпустил. Мы только попросили его разузнать что-нибудь о Хачике и как-нибудь дать нам знать», – рассказывает женщина.

Азербайджанское село Баганис–Айрум вклинилось между армянскими селами Воскепар, Воскеван и Баганис. Через Баганис–Айрум пролегает автомагистраль Ереван–Иджеван–Ноемберян–Тбилиси. В начале 90-х армянские силы взяли под контроль магистраль вместе с соседним азербайджанонаселенным селом Аксипара. Во время войны и после прекращения огня в 94-ом десятки людей погибли здесь от пуль снайперов. Территории были заминированы, а соседние села обстреливались с близлежащих высот.

Средний сын Хачикянов, Вачик, работая как-то на приусадебном участке, обнаружил неразорвавшийся снаряд. Принес в дом и попытался вскрыть ножом. Мина взорвалась, и мальчик лишился руки и глаза. Спустя несколько лет младший сын – Сасун – подорвался на одной из множества мин, разбросанных по приграничью. Взрывом ему оторвало ногу, и истекающий кровью юноша с трудом дополз до автотрассы, где его подобрала проезжающая машина.

Жертвами мин, бомбежек, заложниками в первую очередь оказываются жители приграничных районов. Семья Хачикянов – лишь одна из многих пострадавших семей. Трагедия войны не знает ни границ, ни национальности.

В армянском селе Баганис неподалеку от Воскевана проживает Лала Саакян, в девичестве – Адигезалова Амавах Сафар-гызы. На ее глазах летом 1992 года  в саду, недалеко от пасеки, погиб ее муж – Дереник Саакян.

«Тело прятали в подвале – азербайджанцы обстреливали село. В перерыве между обстрелами соседи вынесли тело и похоронили»,- рассказывает Лала.

Сына Лалы и Дереника – Андраника  – призвали в армию. Направили в Мегри, оттуда он добровольцем поехал в Карабах. В Горадизе получил ранение и лишился ноги. Сейчас Андраник живет в Баганисе, работает сапожником. Ремеслу обучился уже после войны. Женился. Двое сыновей. Семье Андраника, как и другим семьям в Баганисе, приходится нелегко. Андраник награжден медалью «За мужество». Раньше ему как инвалиду войны выдавали пособие. Но Саакянам не деньги нужны, а мир.

Земельные угодья Баганиса расположены  на самой границе. Сельчане и сейчас с опаской обрабатывают землю. Здесь у каждого свое представление о границе. Для матери Андраника Лалы (по-армянски она говорит с акцентом, а родной азербайджанский почти забыла, последний раз говорила в 90-ом году) граница – не только разрушенный отчий дом. Эта несчастная азербайджанка оставила по ту сторону границы часть своей жизни, родных и близких.

Лала вышла замуж за Дереника в 1966 году, в 19 лет. Тогда по-армянски она не знала ни слова. Дереник в Ереване развелся с женой-армянкой, оставив троих детей, а четвертого, Гарника, привез с собой в родительский дом.

«Нас было две сестры и двенадцать братьев. Мы жили в селе Баганис-Айрум. Как-то Дереник подвез меня до рынка в Казахе. А с рынка привез прямо к себе домой. Деренику тогда было 45, Гарник учился в пятом классе. Вместе вырастили, отправили в армию. Вернувшись из армии, он уехал в Ереван, к матери», – рассказывает Лала.

Баганисцы желают мира, потому что хотят жить, работать на земле, а не погибать на ней. Мира хочет и азербайджанка Лала, родившая троих детей. Мир поможет ей вновь обрести родных, оставшихся по ту сторону границы.

«Дочку Армине выдали за азербайджанца еще до войны. Последний раз виделись в 88-ом. После этого я ничего не слышала ни о ней, ни о своих родителях. Может, братья мои погибли на войне? Не знаю. Я очень скучаю. Очень хочу увидеть их, хотя бы во сне. Но они мне не снятся», – с грустью рассказывает Лала.

Ноемберянское телевидение как-то показало сюжет об этой женщине. Соник Хачикян увидела ее по телевизору. «Несчастная женщина»,- вздыхает Соник.

В мае 94-го с установлением режима прекращения огня Карабахское противостояние вступило в новую фазу – ни войны, ни мира. За три года боевых действий стороны потеряли около 20 тыс. погибшими, десятки тысяч получили ранения. Число беженцев и вынужденных переселенцев переваливает за миллион. Особенно пострадал Карабах и освобожденные территории, не входившие в состав Нагорно-Карабахской автономной области,общая площадь которых почти вдвое превосходит территорию бывшей НКАО.

Армяне и азербайджанцы заплатили в этой войне по самой высокой цене. Вреж Бабаян отдал войне ровно половину своего тела.  В июле 1993 года бывший учитель бердашенской школы (Мартунинский район НКР) подорвался неподалеку от Агдама на противотанковой мине, потерял правую ногу и руку, получил ранение левой руки и глаза. Когда я попросил у Врежа фотографию для книги, выяснилось, что у него нет ни одной фотографии, где он был бы запечатлен в форме или с автоматом.

Свидетельство участия  учителя математики в войне – его покалеченное тело.

Обзавестись семьей Врежу помешала война. «Я потом понял, что на войне страдают невинные люди. Карабахская война была войной национально-освободительной. Мы воевали вынужденно, выбора не было. Или надо было бросать свои дома и уезжать восвояси, или сражаться. Либо должны были убивать нас, либо убивать должны были мы. За победу заплатили очень дорого, но обрели свободу. А победивший народ достоин достойной жизни», – говорит Вреж.

Азербайджанка Эльмира считает, что пострадала в равной степени и от армян, и от азербайджанцев. Сорок лет назад познакомилась в Баку со своим будущем мужем. Переехали на его родину, в Бердашен, устроились как могли. Сын добровольцем отправился на фронт и погиб. Семнадцатилетнюю дочь из ревности убил юноша армянин. Но на этом личная и семейная трагедия этой женщины не завершается.

В Баку остались две сестры Эльмиры. Последнее письмо от них она получила в 2001-ом году, через МККК. Недавно узнала, что скончалась мать. Эльмира живет надеждой на будущее – иначе противостоять ударам судьбы было бы невозможно. В своей семье она любимая мать, жена и бабушка. Но есть у нее мечта, может, и несбыточная, не дающая ей покоя. «Как бы я хотела свидеться с сестрами».

Бабушка Тамара была замужем за азербайджанцем. Сейчас она живет в одиночестве и старости в селе Хачен (Аскеранский район, НКР). Когда-то они с мужем выдали единственную дочь замуж за азербайджанца. По окончании института в Баку дочь с мужем-филологом вернулись в родное село, работали в сельской школе. Годы спустя дочь заболела и скоропостижно умерла. Двое детей остались на попечении бабушки.Началась война, и зять Тамары увез из Хачена двенадцатилетнегоЭмина и десятилетнюю Лилю в Баку. Долгие годы бабушка Тамара не имела о внуках сведений и только 6 лет назад получила письмо.

«У нас в Тбилиси есть родственники. Через них Эмин прислал письмо и 2 фотографии. Это все, что у меня есть. День и ночь я мысленно беседую с ними. Эмин пишет, что по окончании школы поехал к дяде в Баку, чтобы продолжить учебу. Потом женился, ребенок есть. О Лиле в письме ни слова. Где она, что с ней – не знаю. Я очень беспокоюсь о ней, – говорит старая женщина и добавляет. – Хоть бы еще разок увидеть их перед смертью».

Учитель математики Вреж Бабаян, азербайджанка Эльмира, сапожник Андраник Саакян, без вести пропавший Гайк Галстян, Хачик Хачикян и его ставшие инвалидами сыновья, потерявшая сына Лариса Чахоян из Ваграмаберда, бабушка Тамара, мечтающая увидеть во сне своих родных Адигезалова Амавах Сафар- гызы, Соник Хачикян – вот они,  трагические, но, увы, неотъемлемые образы войны.

Тысячи таких же несчастных людей можно встретить в Азербайджане, Карабахе, Армении. Необъявленная и неоконченная война искалечила судьбы десятков тысяч армян и азербайджанцев. Двум соседним народам, их руководителям не удалось избежать кровопролития, массового переселения, разгромов. И сегодня, спустя более чем пятнадцать лет после завершения военных действий, армяне и азербайджанцы не могут понять друг друга.

*****

Эта книга – не дневник и не летопись, не собрание документов и не простое изложение событий. Возможно, все вместе, представленное в целостной и обобщенной форме, с максимальной беспристрастностью, но и полетом творческой мысли. Блестящая, замечательная работа, богатая многообразными источниками. Сразу бросается в глаза непредвзятость. Героями книги являются не только известные политические фигуры. Конфликт беспощадно прошелся по судьбам сотен тысяч простых людей, и перенесенные ими испытания подчеркивают ответственность тех, от кого зависит урегулирование карабахской проблемы. Об этом еще раз напоминает автор, и именно поэтому можно еще одно определение этому труду: документалистика, пропущенная через сердце.

532 страниц,
язык- русский,
2010, Ереван, Антарес,
ISBN 978-9939-51-170-2,
Цена- 5.000 армянских драмов ($11.00).

Հայերը Երեւանի մէջ թրքական դրօշակը կ’իջեցնեն [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասնմէկերորդ գլուխ

Սեւ օրեր. Հայոց մնացորդները Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ

20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակները հայ ժողովուրդին անհուն տառապանքներ պատճառեցին: Մարդկային եւ տարածքային կորուստներն աղիտալի էին: Իր հայրենիքին մէջ բնաջնջուեցաւ շուրջ մէկուկէս միլիոն հայ, հայկական հազարաւոր գիւղեր ու աւաններ, եկեղեցիներ ու վանքեր աւերուեցան եւ կողոպտուեցան: Քանի մը տարիներու ընթացքին` 1915-1922 թուականներուն, գրեթէ ամբողջութեամբ արմատախիլ եղաւ հայութեան բազմահազարամեայ ներկայութիւնն Արեւմտեան Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Հայաստանի` քեմալականներուն անցած մէկ մասին մէջ` Կարս, Արտահան, Սուրմալու:

Առաջին Աշխարհամարտի նախօրեակին հայոց թիւը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կը հաշուէր մէկուկէսէն երկու միլիոն հոգի, իսկ 1927 թուականին Թուրքիոյ մէջ կատարուած առաջին մարդահամարին տուեալներով` մայրենին հայերէնն եղած մարդոց թիւը կազմած է շուրջ 68 հազար: Եթէ հաշուի առնենք, որ Թուրքիոյ մէջ մնացած հայոց մեծագոյն մասը կը բնակէր Սթամպուլի մէջ, Արեւմտեան Հայաստանը հայոց արմատախիլ ընելու ծրագիրին ահռելի չափերն ակնյայտ կը դառնան:

Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ հայոց մնացորդներու մասին տեղեկութիւնները սակաւ են ու սարսափելի: Փոխարէնը, Պոլսոյ եւ Խորհրդային Հայաստանի մամուլը ողողուած է որբերու ու գաղթականներու մասին պատմութիւններով, որոնք հատորներ կը լեցնեն: Բայց որքան ալ բառերն ազդու ըլլային, անոնք չէին կրնար ամբողջութեամբ նկարագրել հայ ժողովուրդին կրած տառապանքներու ծաւալն ու խորութիւնը:

27 Յունուար 1923-ին, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Տեղապահ Գէորգ Եպիսկոպոս Արսլանեանը կոչ ուղղեց հայութեան, որ նիւթապէս եւ ուրիշ միջոցներով օժանդակութիւն հասցնէ հայ գաղթականներուն եւ որբերուն, որոնք ՙկեանքի ու մահուան վայրկեաններ կ’ապրին՚:

Հայոց պատրիարքարանի մօտաւոր հաշւումներով` Արեւելեան Հայաստանի` քեմալականներուն անցած շրջաններուն եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայոց թիւը պէտք է հասներ մօտ 150 հազար հոգիի, այդքան մըն ալ` Պոլսոյ մէջ:

Լրագրային հրապարակումները չէին կրնար ամբողջապէս արժանահաւատ ըլլալ, սակայն հայոց մնացորդներուն մասին պատմող կարեւոր սկզբնաղբիւրներ էին: Վանէն խորհրդարանի երեսփոխան Հաքքը պէյը յայտարարեց. ՙՉեմ գիտեր, թէ ճի՞շդ է այլեւս գործածել ՙփոքրամասնութիւն՚ բացատրութիւնը: Արեւմտեան Անատոլուի մէջ յոյները եւ հայերը յունական բանակին հետ միասին Յունաստան փախան, նոյն բանը` նաեւ Թրակիոյ մէջ: Արեւելեան նահանգներուն մէջ փոքրամասնութիւն չկայ՚:

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացած հայոց բեկորներու մասին 1920 թուականի եւ յետագայ տարիներու տեղեկութիւնները սուղ են ու հակասական: Իսկ Արեւելեան Հայաստանի` քեմալականներուն անցած տարածքներուն մէջ մնացած հայերը կա՛մ դուրս կը քշուէին, կա՛մ ինքնակամօրէն կը հեռանային:

Խորհրդային Հայաստանէն դէպի Կարս երթեւեկողները հազուադէպ էին, իսկ Կարսի թուրքերը յաճախ Ախուրեան գետը կ’անցնէին` Խորհրդային Հայաստանի մէջ առեւտուր ընելու նպատակով: Կարսէն եկողները կը պատմէին, թէ այդ շրջանը գրեթէ պարապ է. հայերը, յոյները եւ մոլոկանները հեռացած են:

Քեմալականներն անտանելի պայմաններ կը ստեղծէին, որոնցմով հայոց կը հարկադրէին հեռանալ Կարսի շրջանէն: Ոստիկանութիւնը կը հարցաքննէր Կարսի մէջ բնակող հայերը, անոնց անցեալը, եւ Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցչութեան նկատմամբ վերաբերմունքը պարզելու նպատակով հարցուփորձ կ’ընէր, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի լիազօր ներկայացուցչութիւն կը յաճախեն: Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութեան մօտ Խորհրդային Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչ Գագիկ Սարգսեանի` 16 Օգոստոս 1922-ին Քեազիմ Գարապէքիրին ուղղուած նոթային մէջ մտահոգութեամբ կը նշուէր, որ Կարսի մէջ բնակող հայերը Ալեքսանդրապոլ կը վտարեն:

Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արեւելեան Հայաստանի` քեմալականներուն անցած շրջաններուն մասին տեղեկութեանց կարեւոր աղբիւր էին Կարսի մէջ Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչ Սարգսեանի զեկուցագիրները, հարցազրոյցներն ու մամուլին փոխանցուող տեղեկութիւնները: Հայ դիւանագէտը 1922-ի Յունիսին շրջագայած էր շարք մը քաղաքներով: Կարսէն գնացքով ան անցած էր Էրզրում` ճամբուն վրայ կանգ առնելով Սարիղամիշի մէջ, ուր անոր ՙսիրալիր ընդունելութիւն՚ ցոյց տուած է Քեազիմ Գարապէքիրը:

Սարիղամիշ-Էրզրում տանող երկաթուղագիծին վրայ աշխատողները հայ եւ յոյն զինուորներ էին, որոնց կռուի դաշտ չէին տաներ: 50-60 հազար բնակչութիւն ունեցող Էրզրումի մէջ մարդիկ հիմնականին մէջ առեւտուրով զբաղած էին: ՙՀոս հայ ամենեւին չկայ: Քաղաքին մէկ մասը, մանաւանդ հայկականը, աւերուած է դեռ կայսերապաշտական պատերազմի շրջանին: Սանասարեան վարժարանն այրած է ասկէ քանի մը ամիս առաջ՚: Թրքական տուեալներով, Էրզրումի մէջ հայախօսներուն թիւը 1927-ին հաշուըուած է ընդամէնը 14 հոգի, իսկ ըստ հայկական աղբիւրներու` 1930-ին հոն կ’ապրէին 250 հայեր, հիմնականին մէջ` թրքախօս:

Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչ Սարգսեանը Էրզրումէն անցած էր Պայպուրթ, Տրապիզոն, ապա Արդվին ու Արտահան: ՙՏրապիզոնի մէջ կան մօտ 150 հայեր եւ երկու որբանոց` մօտ 150 երախաներով: Որբանոցները կը պահուին ամերիկեան միջոցներով, իսկ ղեկավարութիւնը յանձնուած է Առաջնորդին: Տրապիզոնի հայերն աշխարհէն կտրուած են: Ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին Հայաստանի, անոր խորհրդային կառավարութեան մասին: Կը կարդան միայն հոն հրատարակուող ՙԻսթիկլալ՚ թրքերէն թերթը: Բոլոր հայերը հեռացած են Արդվինէն եւ Արտահանէն՚:

Կարսի մէջ Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցչութեան խնդիրներէն էր Արեւելեան Հայաստանի` քեմալականներուն անցած տարածքին մէջ հայ բնակչութեան, այդ թիւին` գերիներու, կանանց ու երախաներու հայրենադարձութեան օժանդակելը: Կարսի մէջ Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչ Սարգսեանը 1922-ի Ապրիլին Մռաւեանին յղած հեռագիրին մէջ է. ՙԱռաջին գնացքով Ալեքսանդրապոլ կը ղրկեմ Կարսի մէջ հաւաքուած 10 հայ որբ երախաներ, երկու հայ կանայք որոնք մէկ տարիէ աւելի բռնութեամբ պահուած են զանազան թուրքերու ձեռքին: Անոնց ամուսինները Հայաստանի մէջ են: Երախաները կը ղրկեմ Ալեքսանդրապոլի Գաւառային Գործադիր Կոմիտէի տրամադրութեան տակ: 4 Ապրիլին մեկնեցայ Սարիղամիշ` Գարապէքիր փաշային քով` կէս տարիէ աւելի մեր փնտռած 100 գերիներուն հարցով: Որոշեցինք… միասին փնտռել մնացեալ հայ գերիները, որոնք մեզի պիտի յանձնուին` հայրենիք ղրկելու համար՚:

30 Հոկտեմբեր 1920-ին Կարսի գրաւումէն եւ ժողովուրդի խուճապահար փախուստէն ետք իսկ քաղաքին մէջ որոշ թիւով հայեր մնացած էին: Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչին տուեալներով` 1922-ի գարնան Կարսը շուրջ 700 հայ բնակչութիւն ունեցած է, որոնք արհեստներով եւ վաճառականութեամբ կը զբաղէին: Քաղաքագլուխը Իպրահիմ պէյն էր, որը հասարակական յայտնի գործիչ մըն էր, Ալեքսանդրապոլի նախկին քաղաքացի: Սարգսեանի խօսքերով` ՙԿարսն այժմ բազմազգեան քաղաք մըն է՚:

Լրագրային սուղ հաղորդագրութիւններէն կը պարզուի, որ Երեւանն ու Անգարան պայմանաւորուածութիւն ունեցած են կազմակերպելու հայոց արտագաղթը դէպի Խորհրդային Հայաստան եւ իսլամներունը` դէպի քեմալական Թուրքիա: 1922-ի Յունիսի վերջերուն Կարսի մէջ գումարուած է հայ-քեմալական խորհրդաժողով մը, որուն հայկական կողմէ մասնակցած է ներքին գործոց կոմիսարը, քեմալականներէն` Քեազիմ Գարապէքիր փաշան, Տրապիզոնի կուսակալ Հալիմ պէյը եւ Սաիտ փաշան, իսկ Ռուսիոյ կողմէ` Թիֆլիսի խորհրդային ներկայացուցիչը:

Պոլսոյ մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը 23 Փետրուար 1921-ին Լոնտոն` լորտ Քըրզընին յղած տեղեկագիրին մէջ – զոր զարտուղի միջոցներով ստացեր էր Հայոց Պատրիարքարանէն – հայութեան թիւը Պոլսոյ մէջ կը ներկայացնէ 150 հազար հոգի, իսկ վիլայէթներուն մէջ պատկերը հետեւեալն է. Անգարա` 5.500, Գոնիա` 10 հազար, Քասթամոնու` 8 հազար, Սվազ` 16.800, Տրապիզոն` 10 հազար, Խարբերդ` 35 հազար, Վան` 500, Էրզրում` 1.500, Կիլիկիա (Մարաշ եւ Այնթապ)` 62 հազար, Ալեքսանտրէթ` 6.000, Նիկոմեդիա` 20 հազար, Պուրսա` 11 հազար, Պիլեճիք` 4.500, Գալէ` 900, Գարեսի` 5.800, Աֆիոն Գարահիսար եւ Քէօթահիա` 7 հազար, Այտըն եւ Պոլու` 10 հազար, Կեսարիա` 4 հազար, Ջանիկ` 5 հազար, Տիարպէքիր` 3 հազար, Ատանա` 150 հազար, Ուրֆա` 9 հազար:

Զաւէն Մսըրլեանը կը գրէ, որ Վանայ լիճի կղզիներուն մէջ գտնուող 4500 հայոց վիճակի մասին 1921-ի Փետրուարին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը տեղեկութիւն չ’ուներ: Դեսպանի` Քերզոնին յղած տեղեկագիրին մէջ նահանգ առ նահանգ ներկայացուած է իսլամներու տուներուն մէջ պահուող հայ որբերուն եւ երիտասարդ աղջիկներուն թիւը` 58 800 հոգի, որոնցմէ ամենաշատը Տիարպէքիրի շրջանին մէջ էին` մօտ 25 հազար: Տեղեկագիրը կ’ըսէ, որ այս թիւերն ամբողջական չեն, քանի որ բազմաթիւ հայեր իսլամութիւնն ընդունած են` ջարդերէն ազատելու համար, իսկ որոշ հայեր ուրիշ շրջաններ փոխադրուելով` իրենց ինքնութիւնը ծածկած կ’ապրին:

Լոզանի խորհրդաժողովի հայկական միացեալ պատուիրակութեան 1922-ի Նոյեմբերին կազմած ցանկը հիմնականին մէջ կը համապատասխանէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան թիւերուն, թէեւ կան նաեւ զգալի շեղումներ: Ըստ այդ ցուցակին, հայութեան թիւը Պոլսոյ մէջ 148.988 հոգի է, Անգարայի վիլայէթին մէջ` 13. 254, Գոնիայի մէջ` 9994, Քասթամոնուի մէջ` 5542, Սվազի մէջ` 14.458, Տրապիզոնի մէջ` 19.927, Խարբերդի մէջ` 35 հազար, Վանի մէջ` 500, Պիթլիսի մէջ` 13 հազար, Կիլիկիոյ մէջ (Մարաշ եւ Այնթապ)` 15 հազար հոգի:

Պոլսոյ հայկական մամուլը յաճախ անդրադարձած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացած հայութեան վիճակին. ՙՏիվրիկի Ս. Գր. Լուսաւորիչ վանքը հիմնայատակ եղած է: Քաղաքին մէջ կան հարիւրի մօտ կանայք եւ 11 տղամարդ: Խուրնավուլ գիւղին մէջ 150-ի չափ կանայք պատերազմի ատեն ապաստան գտած են Քոչկիրի քրտական աշիրէթին մօտ, սակայն զինադադարէն ետք կը վերադառնան իրենց գիւղը: Մալաթիոյ հայոց վիճակը նոյնպէս խղճալի է: Անոնք գերի են, եւ իրենց գոյութիւնը կախուած է դրացիներու քմահաճոյքէն: Արաբկիրի մէջ 3000 հայ կայ շատ թշուառ վիճակի մէջ: Անոնք գրեթէ գերի են, քանի որ կ’աշխատին թուրքերու տուներուն մէջ: Եթէ թուրք մը վէճ ունենայ հայու մը հետ, զայն տեղ մը կը տանի ու կը սպաննէ՚:

Հայոց վիճակի մասին տեղեկութիւնը պոլսահայ մամուլը երբեմն հոգեւորականներէն ու ճամբորդներէն կը քաղէր. ՙՄուշի շրջանին մէջ կան 1000-1500 հայ կանայք, աղջիկներ ու մանչեր, որոնք իբրեւ իսլամ կ’ապրին տեղացի թուրքերու ու քիւրտերու քով: Հայ կիներէն ու աղջիկներէն շատերը բռնի ամուսնացած են թուրքերու հետ, մնացեալները դաշտային եւ տնային գործերու մէջ կ’աշխատին: Մուշ քաղաքը կիսով չափ քանդուած է, մանաւանդ հայկական թաղը: Տեղացի թուրքերն ու քիւրտերը հայոց տուներուն եւ ունեցուածքին տէր դարձեր են:

Խարբերդի ամբողջ կուսակալութեան մէջ` Խարբերդ, Մեզրէ, Մալաթիա քաղաքներով եւ գիւղերով, հայ բնակչութեան թիւը մօտ 10 հազար էր: Վարժարանը 250 աշակերտ ունէր, սակայն բոլոր դասերը թրքերէնով դասաւանդելու վերաբերեալ կառավարական հրահանգը շուարեցուցած էր տնօրէնն ու վեց ուսուցիչները:

Զինադադարէն ետք 12 հազար հայեր վերադարձած էին Կեսարիա, սակայն այժմ հազիւ չորս-հինգ հազար մնացեր են: Անոնք գաղթած են: Եոզղաթի եւ շրջակայքին մէջ քանի մը հազար կանայք, աղջիկներ ու որբեր կան, որոնք այս ու այն կողմ կը թափառին:

Որոշ ժամանակ ետք Կեսարիոյ Փոխանորդը Պատրիարքարանին կը տեղեկացնէ, որ քաղաքին մէջ հայոց թիւը 2800 հոգի է, իսկ ամբողջ շրջանին մէջ` շուրջ 3700 հոգի: Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններ կ’ըլլան, իսկ գիւղերուն մէջ եկեղեցիները աւերակներու մէջ են:

Արաբկիրէն Պատրիարքարանին կը տեղեկացնեն, որ տեղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին բաց է ժողովուրդին առջեւ, երկու վարժարան կայ, մէկը տղաներու համար` 130 աշակերտներով, միւսը աղջիկներու համար` 145 աշակերտուհիներով:

Մալաթիայէն Պատրիարքարանին կը գրեն, որ քաղաքին մէջ մօտ հարիւրի չափ հայ տուներ կան, ինչպէս նաեւ` մօտ երկու հարիւր այրի կանայք, որոնք կարիքաւոր վիճակի մէջ են: Մալաթիոյ մէջ քահանայ չկայ:

Արեւմտեան Հայաստանը գրեթէ ամայացած էր հայ բնակիչներէն: Պարսկահայքի Սուրբ Թադէի վանքի վանահայր Պետրոս Վարդապետ Ղազարեանը ՙՆոր Կեանք՚ թերթին ըսած է, որ Վասպուրականի քանի մը գիւղերուն մէջ հայեր մնացեր են` 15-20 տուներով, որոնք կը զբաղին հողագործութեամբ եւ այգեգործութեամբ. ՙՎան քաղաքին մէջ կայ 100 տուն հայ` շուրջ 600 անձ: Այս հայոց մէջ կան դերձակներ, դարբիններ, որմնադիրներ, ոսկերիչներ, հիւսներ: Քաղաքամէջն ու Շամիրամի թաղը ամբողջովին աւերակ են ու անմարդաբնակ: Թուրքերը կ’ապրին Այգեստան թաղին մէջ, ուր Խաչփողանէն մինչեւ Քենտիրճի թաղը հաստատուած են պետական հիմնարկութիւնները: Վարագայ վանքն աւերակ է: Աղթամար, Լիմ եւ Կտուց անապատ-վանքերն ամայի են՚:

Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներու մէկ մասին վրայ հիմնադրուած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, չնայած նախորդ տարիներուն իրականացուած էթնիկ զտումներուն, յոյներու ու ասորիներու ջարդերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան, դեռ կը շարունակէր բազմազգ մնալ: Քիւրտերն ու արաբները, յոյներն ու վրացիները դեռ զգալի թիւ կը կազմէին: Էթնիկ այս խումբերը ՙզսպելու՚ նպատակով քեմալականները մշակեցին եւ գործի դրին ծրագիր մը, որով չէր խրախուսուեր արաբներու բնակութիւնը Սուրիոյ եւ Միջագետքի սահմանագլուխներուն վրայ, յոյներուն թոյլ չէր տրուեր ապրիլ ծովափնեայ Թուրքիոյ մէջ, իսկ վրացիներուն կ’արգիլուէր բնակիլ Կարսի, Արտահանի եւ Ռիզէի շրջաններուն մէջ: Բացառութեամբ քիւրտերուն, Թուրքիոյ միւս բոլոր ոչ-թուրք փոքրամասնութեանց կ’արգիլուէր ինքնուրոյն աւաններ ունենալ: Բացի Սթամպուլէն, Թուրքիոյ ոչ մէկ քաղաքին մէջ փոքրամասնութեանց թիւը պէտք է գերազանցեր թուրքերու 10 տոկոսը:

Թրքական մամուլը ողջունեց ՙԲնակութեան սահմանագիծին օրէնք՚ը, պնդելով որ Թուրքիան թուրքերուն համար է միայն, իսկ մնացեալ ազգութիւնները պէտք է թուրք դառնան, ընդունին թրքերէնն ու թրքական մշակոյթը: Ըստ նոր մշակուած սահմանադրական օրէնքին` Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր քաղաքացիները` իսլամ, քրիստոնեայ, հրեայ, թուրք պիտի կոչուէին: Թրքական ազգայնամոլական թերթերը փոքրամասնութեանց դէմ կը գրէին, յայտնելով, որ հայերը, յոյներն ու հրեաները երբեք հաւատարիմ տարր չեն եղած եւ իսլամութեան ու թրքութեան դէմ աշխատած են:

Չնայած Սեւրի պայմանագիրը կը շարունակէր մտահոգել քեմալականները, սակայն անոնք համոզուած էին, որ Մոսկուայի եւ Կարսի, ապա Լոզանի պայմանագիրները Հայկական Հարցին վերջնական լուծում տուած են: Անոնց համար արդէն առաջնահերթ դարձեր էր թուրք միատարր ազգի ձեւաւորումը Թուրքիոյ ողջ տարածքին:

Քեմալականներու խտրական ազգային քաղաքականութիւնը յատկապէս ցցուն էր հայոց հանդէպ: ՙՔրիստոնեաներու բնակութեան շրջաններուն մասին՚ 1925-ին ընդունուած օրէնքը հայոց թոյլ կու տար ապրիլ միայն Պոլսոյ մէջ: Թուրքիա կրնային վերադառնալ այն հայերը, որոնք քեմալական կառավարութեան կողմէ տրուած անցագիրներով մեկնած էին Թուրքիայէն, 1 Սեպտեմբեր 1922-էն մինչեւ քեմալական կառավարութեան Պոլսոյ մէջ հաստատուիլը մեկնած էին օսմանեան կանոնաւոր անցագիրներով, ինչպէս նաեւ այն հայ կանայք ու 18 տարեկանէն փոքր անչափահասները, որոնց ամուսիններն ու ծնողները Թուրքիոյ մէջ կը գտնուէին: Վերադարձի համար կը տրուէր մէկ տարի ժամանակ. 1925-ի Յուլիսէն ետք ըլլալիք դիմումները պիտի չընդունուէին:

Թուրքիոյ վարչապետ, յետագային նախագահ Իսմէթ փաշան (Ինէօնիւ) 1925-ին Անգարայի մէջ ՙԹրքական Օճախներ՚ու համագումարի իր ելոյթին մէջ յայտարարած է. ՙՄենք ազգայնականներ ենք: Ազգայնականութիւնը մեր միասնականութեան միակ գործօնն է: Մենք պէտք է ամէն գնով թրքացնենք մեր հայրենիքին մէջ բոլոր ապրողները եւ վերացնենք թուրքերուն կամ թրքականութեան բոլոր ընդդիմացողները՚:31 Իսկ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Մահմութ Էսատը 1930-ին ըսած է. ՙՄենք կ’ապրինք ամէնէն ազատ երկրին` Թուրքիոյ մէջ, ուր թուրքը այս երկրի միակ տէրն ու տիրակալն է: Ծագումով մաքուր թուրք չեղող մարդիկ այս երկրին մէջ ստրուկ, ճորտ ըլլալու իրաւունքն ունին միայն՚:

1920-ական թուականներու վերջերուն պետական մակարդակով պայքար սկսաւ փոքրամասնութեանց լեզուներուն դէմ, զոր անուանուեցաւ ՙՀայրենակի՛ց, թրքերէ՛ն խօսէ՚: Գլխաւոր թիրախը փոքրամասնութիւններն էին: Երիտասարդներէ կազմուած խումբերը յատկապէս կը շրջէին փոքրամասնութիւններու բնակած թաղամասերուն մէջ եւ կը պահանջէին թրքերէն խօսիլ: Սա դարերու պատմութիւն ունեցող լեզուական ձուլման քաղաքականութեան շարունակութիւնն էր:

1934-ի Յունիսին Թուրքիոյ մէջ ընդունուեցաւ ՙՄականուններու օրէնք՚ը, որ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներէն կը պահանջէր մականուն ունենալ: Մինչեւ օրէնքին ընդունումը, Օսմանեան Կայսրութեան, ապա նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան իսլամները կը կրէին ՙփաշա՚, ՙհոճա՚, ՙպէյ՚, ՙհանըմ՚, ՙէ‎ֆենտի՚ եւ նմանօրինակ տիտղոսներ, որոնք ուղղակիօրէն կը դրուէին մարդու անունէն ետք: Քրիստոնեաներն ու հրեաները թէեւ մականուն կ’օգտագործէին, սակայն ՙՄականունի օրէնք՚ն արգիլեց ոչ-թրքական ՙեան՚, ՙպուլոս՚, ՙիս՚ եւ այլ վերջածանցներու գործածումը:

1923-ի Լոզանի պայմանագիրը թէեւ կը պաշտպանէր կրօնական փոքրամասնութեանց` հայոց, յոյներուն եւ հրեաներուն իրաւունքները, սակայն քեմալականները ճնշումներու եւ խտրականութեան բազմաթիւ միջոցներ կիրառեցին հնարաւորինս կարճ ժամանակահատուածի մէջ Թուրքիան միատարր պետութիւն դարձնելու համար: ՙԲնակութեան օրէնք՚ին նախորդած էր հայոց բռնի կամ ՙկամաւոր՚ իսլամացման, ինչպէս նաեւ անոնց` գաւառներէն դէպի Սթամպուլ տեղափոխումը քաջալերելու գործընթացը: Գաւառներու հայութիւնը ստիպուած եղած է աժան գիներով ծախել իր ունեցուածքը եւ երթալ Սթամպուլ, ուր Հայոց Պատրիարքարանն ու բարեգործական տարբեր ընկերութիւններ փորձած են օգնել գաղթականներուն:

1932-ին Պոսթոնի մէջ լոյս տեսաւ ՙԴէպի Կախաղան՚ ստուարածաւալ գիրքը, ուր կը նկարագրուի հայութեան օրհասական վիճակը Թուրքիոյ ներքին գաւառներուն մէջ 1925-1928 թուականներուն: Այս ընդարձակ օրագրութեան վերջաւորութեան հեղինակը տուած է Թուրքիոյ մէջ բնակող հայութեան վիճակագրական մօտաւոր թիւերուն ընդհանուր գումարը նահանգային կամ միջնահանգային բաժանումներով: Գաւառահայութիւնը կազմած է գրեթէ 45 հազար հոգի: Հեղինակը կը նշէ, որ այս ցուցակին մէջ չեն հաշուըուած թրքական որբանոցներու մէջ գտնուող եւ իրենց ինքնութիւնը մոռցած հազարաւոր հայերը:

Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Թուրքիոյ խորքերէն հայոց ստիպողական տեղափոխման ու արտագաղթի մասին տեղեկութիւններ պահպանուած են նաեւ օտարերկրեայ դիւանագիտական փաստաթուղթերուն մէջ: Այսպէս, 1934-ին Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աշխատակից Ռոպէրթ Սքիննըրը պետական քարտուղարութիւն ղրկած ՙյոյժ գաղտնի՚ գրութեան մէջ իր վերադասին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ՙհայոց` Անատոլուի ներքին շրջաններէն դէպի Սթամպուլ իրականացուող տեղահանութեան՚ վրայ:

ՙՀայոց պարտադրած են ոտքով քալել իրենց գիւղերէն մինչեւ երկաթուղային կայարանները, այնուհետեւ զանոնք նստեցուցած են դէպի Սթամպուլ ուղեւորուող գնացքները: Տեղահանուածներն սկսած են Սթամպուլ ժամանել մօտաւորապէս վեց շաբաթ առաջ: Հայ Եկեղեցին ու անոր բարեգործական կազմակերպութիւնները զանոնք կը տեղաւորեն Օրթաքէօյ եւ Ենիքէօյ գիւղերու եկեղեցիներուն, դպրոցներու եւ լքուած տուներու մէջ: Ներկայիս ստանձնուած է մօտ 600 հայոց խնամքը: Անոնք բոլորն ալ եկած են Անատոլուի տարբեր քաղաքներէն եւ գիւղերէն՚,- կ’ըսուի փաստաթուղթին մէջ:

Ամերիկացի դիւանագէտը կը գրէ, որ ՙտեղահանման իրական պատճառներն անյայտ են՚, սակայն հաւանական է, որ ՙանոնց տեղահանումն ուղղակիօրէն եւս մէկ քայլ է Անատոլուն լիովին թրքացնելու իշխանութեանց որդեգրած քաղաքականութեան ուղղութեամբ՚: ՙՏեղահանուածներու մեծ մասին կարծիքով, իրենց վտարումն Անատոլուի մէջ գտնուող իրենց տուներէն Անատոլուն մաքուր թրքական տարածք դարձնելու իշխանութեանց քաղաքականութեան մէկ մասն է: Անոնք կը վկայեն, որ հայերով բնակեցուած քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ տեղի թուրք ոստիկանութիւնը կը փորձէր տեղի իսլամ բնակչութիւնը հրահրել` վռնտելու հայերը: Այս փորձերն ամբողջովին ձախողեցան: Այնուհետեւ իշխանութիւնները հոն բերին Ռումելիէն եկած թուրքեր եւ ակնարկեցին, որ անոնք կրնան վերցնել հայոց ունեցուածքը: Սակայն այս նոր տարրը, փոխանակ թշնամաբար տրամադրուելու հայոց նկատմամբ, լիովին համարկուեցաւ անոնց հետ: Այս երկու փորձերուն տապալումէն ետք իշխանութիւնները հայոց յայտնեցին, որ անոնք պէտք է վերջնականապէս լքեն իրենց բնակութեան վայրերը եւ տեղափոխուին Սթամպուլ: Իրենց ունեցուածքը հայերը ծախեցին սնանկացուցիչ գիներով: Ինծի պատմած են, որ մէկ գլուխը քանի մը հարիւր լիրա արժող խոշոր եղջերաւոր անասունները ծախուած են գլուխը հինգ լիրայով: Իրազեկիչս կը նշէր, որ հայոց թոյլ տրուած էր ծախել իրենց ունեցուածքը, որպէսզի անոնցմէ ոեւէ մէկը յետագային չ’ըսէ, որ զիրենք ստիպած են հրաժարիլ անկէ: Սակայն այսպիսի պայմաններով վաճառքը հաւասարազօր էր ունեցուածքէ հրաժարելուն՚,- կը գրէ Սքիննըրը:

1938-ին Թորոս Ազատեանի եւ Մարտիրոս Գոչունեանի խմբագրած գիրքի ՙՀայ Կեանքը Ներքին Գաւառներուն Մէջ՚ անստորագիր հրապարակման մէջ կ’ըսուէր, որ Սթամպուլէն դուրս, Թուրքիոյ միւս շրջաններուն մէջ հայութեան թիւը գրեթէ 20 հազար էր:

Սով Խորհրդային Հայաստանի մէջ

ՙՑնցոտիներ հագած երախաներն ու կանայք ձիւներու մէջ կը փնտռեն իրենց սնունդը: Հայաստանի մէջ սարսափելի սով է՚,- 1922-ի Փետրուարին գրեց ‎‎ֆրանսական պարբերականներէն մէկը:

Ամերիկեան Նպատամատոյց Կոմիտէի հեռագիրներուն մէջ կը նկարագրուէր Հայաստանի ՙդժնդակ կացութիւնը՚. ՙօրական հարիւր հոգի կը մեռնի՚, վիճակը ծանր է յատկապէս Երեւանի մէջ, իսկ Ալեքսանդրապոլի շրջանին, ՙուր բաւական թիւով գաղթականութիւն կայ, կը սպառնայ սովը՚: ՙԱհաւոր են գաղթականներուն եւ որբերուն պայմանները, սնունդի բոլոր պաշարներն սպառած են, հացը կը պատրաստուի այնպիսի նիւթերէ, որոնք ստամոքսի եւ աղիքներու հիւանդութիւն յառաջ կը բերեն: Ամենափոքր գիւղերուն մէջ որբերէն շաբաթական տասը զոհ կ’ըլլայ՚:

Խորհրդային Հայաստանն ալ լեցուեցաւ որբերով ու գաղթականներով: 1920-ական թուականներու կէսերուն հանրապետութեան մէջ մէկ միլիոնէ պակաս հայ կ’ապրէր, որոնց մէկ հատուածը արեւմտահայ գաղթականութիւնն էր: Արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Ալեքսանդր Բէկզատեանի տուեալներով` ՙ250 հազար թրքահայ գաղթականութիւն ապաստանած է Հայաստանի մէջ՚:

1922-ի գարնան, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին նախաձեռնութեամբ եւ Զաւէն Արք. Տէր Եղիայեան Պատրիարքին ներկայութեամբ Սթամպուլի հայկական Ազգային Մատենադարանի սրահին մէջ Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական վիճակի մասին զեկուցեց Ամերիկեան Նպաստամատոյց Կոմիտէի Կովկասի ընդհանուր ներկայացուցիչ Եարօն: ՙԵրեւանի մէջ ունինք 4000 որբեր, Էջմիածինի մէջ` 600-1000, Ալեքսանդրապոլի շրջանին մէջ` 14 000, իսկ քաղաքին մէջ` 2000 որբեր, Ճալալօղլիի մէջ` 4000, Ղարաքիլիսայի մէջ` 2000: Ուրիշ 10 000 հայ կանայք եւ երախաներ կը կերակրենք Թիֆլիսի մէջ՚:

Հայ որբերն ամենուր էին` Խորհրդային Հայաստանի, Արեւելեան Հայաստանի` քեմալականներուն անցած մասին, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Սթամպուլի մէջ:

Խորհրդային Հայաստանի այդ օրերու մամուլի ընթերցումը եւ խորհրդային պատմաբաններու ու ժամանակագիրներու հատորները չեն կրնար նոյնիսկ մօտաւոր տեղեկութիւններ տալ երկրին մէջ տիրող ներքին իրավիճակին մասին: Պոլսահայ մամուլն ու միջազգային լրատուամիջոցները կ’անդրադառնային երկրին մէջ տիրող սոսկալի չքաւորութեան:

Հայ պոլշեւիկները, տարուած համաշխարհային յեղափոխութեան յաղթանակի սին պատրանքներով, քեմալականները կը նկատէին գործընկեր` կայսերապաշտութեան դէմ պայքարին մէջ:

30 Յունուար 1922-ին, Հայաստանի բանուորներու, գիւղացիներու եւ կարմիր զինուորներու պատգամաւորական խորհուրդներու առաջին համագումարին անունով ՙեղբայրական դիմում՚ կը յղուի ՙԹուրքիոյ աշխատաւորներուն՚, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուէր, թէ ՙերկու դրացի ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր գժտութիւններն ու անհամաձայնութիւնները այլեւս գոյութիւն չունին՚, ինչպէս նաեւ` ՙհիացմունքով կը հետեւի թուրք ժողովուրդի վարած հերոսական պայքարին եւրոպական կայսերապաշտութեան վարձկաններուն դէմ՚:

Համագումարին Ալեքսանդր Միասնիկեանի զեկոյցին մէջ կ’ըսուէր, որ Խորհրդային Հայաստանը կրցած է ՙմէկ տարուայ ընթացքին խաղաղութիւն հաստատել իր երկրին մէջ` դաշինք կապելով դրացիներուն հետ եւ պահպանելով Հայաստանի ժողովուրդին ֆիզիկական գոյութիւնը՚: ՙԱյս տեսակէտն ունենալով մենք գացինք Կարս, դաշն կապեցինք թուրքերուն հետ, որոնք Հայաստանի դարաւոր թշնամիները կը սեպուէին: Արտասահմանեան թերթերը շարունակ կը գրէին, որ Հայաստանի համար սա խայտառակ դաշնագիր մըն է, բայց հայ աշխատաւորութիւնը լաւապէս կը հասկնար, որ այդ դաշինքը երաշխաւորեց իր խաղաղ կեանքը: Մինչդեռ Դաշնակցութիւնը ծովէ ծով տարածուող անկախ Հայաստանի մը մասին կը մտածէր, մենք հրաժարեցանք այդ յիմարութենէն, գիտնալով, որ այդ երազները յառաջ կը բերեն միայն ազգակործան կռիւներ, ինչպէս եղած է անցեալին: Կարսի դաշնագիրով մենք ապացուցեցինք, որ մեր դրացիներուն հետ կրնանք ապրիլ՚:

9 Ապրիլ 1922-ին Երեւանի մէջ բացուեցաւ Անդրկովկասի արեւմտահայ աշխատաւորներու համագումարը, որ նոյնպէս համերաշխութեան կոչ ուղղեց թուրք աշխատաւորներուն:

Քեմալականներն ալ, բառերով ու յայտարարութիւններով միայն, համակրանքով կը վերաբերէին հայ պոլշեւիկներուն, իսկ Կարսի պայմանագիրին վիթխարի նշանակութիւն կու տային: Անգարայի ներկայացուցիչ Լիւթֆի պէյը Հայկական Հեռագրական Գործակալութեան հետ զրոյցին մէջ կ’ըսէր. ՙՄեր կառավարութիւնը համոզուած է, որ Կարսի պայմանագիրով կարելի է Արեւելքի ժողովուրդները միաւորել: Եթէ կառավարութիւնս չ’ուզէր իր դրացիներուն հետ հաշտ ապրիլ` այդ պայմանագիրը չէր կնքեր՚:

Երեւանի մէջ 12 Սեպտեմբեր 1922-ին կայացաւ Կարսի պայմանագիրի վաւերացուած օրինակներուն փոխանակումը: Հայաստանի կողմէ կը մասնակցէր արդարադատութեան եւ բանուորա-գիւղացիական տեսչութեան ժողովրդական կոմիսար Ալ. Շահվերդեանը, որ, որպէս տանտէր առաջինը խօսք առաւ փաստաթուղթերու փոխանակման արարողութենէն ետք. ՙԱրեւելքի ժողովուրդներուն համար կեանքի նոր դարաշրջան մը կը բացուի՚: Թիֆլիսի մէջ քեմալական լիազօր Մուխթար պէյը աւելցուց. ՙԿը փափաքիմ, որ մեր այս կապը յաւիտենական եւ անքակտելի ըլլայ, որպէսզի մեր մեծ եղբայր Ռուսիոյ առաջնորդութեամբ Արեւելքի ժողովուրդներուն ազատութիւն բերենք բոլոր երկիրներու կայսերապաշտներուն դէմ՚:

30 Դեկտեմբեր 1922-ին, Հայաստանը Վրաստանի ու Ատրպէյճանի հետ տը եուրէ մաս կազմեց Խ. Ս. Հ. Մ.ին: Այդուհանդերձ, Հայաստանն ու Թուրքիան դեռ քանի մը տարի իրարու մօտ պահեցին դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները. Հայաստանը քեմալականներուն մօտ` Կարսի, ինչպէս նաեւ Սթամպուլի մէջ, իսկ Անգարայի Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութիւնը Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ ունէին դիւանագիտական ու հիւպատոսական առաքելութիւններ:

Ըստ պաշտօնական յայտարարութեանց եւ մամուլի հրապարակումներուն` հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարեկամական էին: 29 Հոկտեմբեր 1923-ին երբ պաշտօնապէս հռչակուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, Հայաստանը ՙանկեղծ եղբայրական ուրախութեամբ ընդունեց եւ ողջունեց՚ զայն:

Հայաստանի մամուլը գրեց, որ հանրապետութեան մէջ պէտք է թրքերէնով թերթ հրատարակել, որպէսզի Խորհրդային Հայաստանի թուրք ազգաբնակչութիւնը տեղեկանայ, թէ ինչ կը կատարուի դուրսը եւ մասնաւորապէս ՙվերածնուող Թուրքիոյ մէջ՚:

Հայ պաշտօնեաները իւրաքանչիւր առիթի պարագային կը շնորհաւորէին թուրքերը. նոյնը կ’ընէին թուրքերը: Առնուազն մինչեւ 1924 թուականը Խորհրդային Հայաստանը կը շնորհաւորէր Թուրքիոյ հիմնադրումը, իսկ թուրքերը` Խորհրդային Հայաստանի հռչակումը: Պետական գլխաւոր տօներուն շնորհաւորական ուղերձներ յղելու սովորութիւնը վերականգնուեցաւ 2010 թուականին, երբ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը շնորհաւորեց 21 Սեպտեմբերը` Հայաստանի անկախութեան, իսկ նախագահ Սերժ Սարգսեանը` 29 Հոկտեմբերը` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման օրը:

Հայերը Երեւանի մէջ թրքական դրօշակը կ’իջեցնեն

ՙԵրեւանեան միջադէպ՚. այսպէս է կոչուած 1923-ի Հոկտեմբերին տեղի ունեցածը, երբ հայերը յարձակեցան Երեւանի մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտական առաքելութեան շէնքին վրայ եւ անոր վրայէն հանեցին թրքական դրօշը:

Թերթերու հրապարակումներէն դժուար է հասկնալ, թէ ի՞նչն էր յարձակման պատճառը, ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէր եւ որո՞նք հրահրած էին զայն: Թրքական թերթերը մէկ կողմէ կը քննադատէին ու կը դատապարտէին հայոց յանդուգն քայլը, միւս կողմէ կ’ակնարկէին, որ արարքին պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ Մոսկուայի պոլշեւիկեան իշխանութեանց վրայ, քանի որ Հայաստանը Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէ:

ՙԹեւհիտ՚ թերթը գրեց, որ ՙներկայացուցչութեան դէմ յարձակումներէն, դրօշակն իջեցնելէն եւ պահակներու զէնքերը խլելու փորձէն ետք, մեր ներկայացուցիչը Երեւանէն մեկնած է եւ անցած մեր սահմանը՚ ու խստօրէն բողոքած է հայոց ՙայս դատապարտելի ժպիրհութեան դէմ՚: Թերթը կը յիշեցնէր, որ Հայաստանն անկախ հանրապետութիւն չէ այլեւս, սակայն կ’ընդգծէր, որ ՙհայոց լիրբ յանդգնութիւնը՚ մեծ ազդեցութիւն ձգած է թրքական կառավարական շրջանակներուն մէջ եւ հանրային կարծիքին վրայ: ՙԵթէ մեզի գոհացում չտրուի եւ այս յարձակման հեղինակները խստօրէն չպատժուին՚` թրքական կառավարութիւնը պէտք է փոխադարձ քայլի դիմէ: ՙՌուսական Համադաշնութիւնն ալ պատասխանատու է Երեւանի այս տգեղ եւ դատապարտելի յարձակման՚ համար, սակայն ՙմեր ներկայացուցիչին եւ դրօշակին դէմ անարգանքի համար չենք կրնար հանդուրժել զանոնք, զորս երէկ ճզմեցինք, իսկ այսօր մեզի դէմ ամբարտաւան կեցուածք դրսեւորած են՚:

ՙԵէնի Կիւն՚ թերթն ընդգծեց, որ ՙհայոց գործած այս թշնամութիւնն ու կոպտութիւնը՚ այնքան ակնյայտ են, որ ՙմեր կողմէ առանց պատասխանի եւ անհետեւանք պիտի չմնայ՚: Բայց քանի որ Հայաստանն իր արտաքին քաղաքականութիւնը Ռուսիոյ յանձնած է, ՙԵրեւանի միջադէպին պատասխանատուութիւնը Ռուսիոյ վրայ կը ծանրանայ՚:

ՙՎակիթ՚ը ՙերեւանեան միջադէպի՚ն առիթով գրեց, թէ ՙդաշնակցական հրոսախումբեր՚ը կը յարձակին սահմանային հայկական գիւղերու վրայ, զանոնք կը հրդեհեն եւ պատասխանատուութիւնը թուրքերու վրայ կը դնեն: ՙՀայերը Մոսկուայի մէջ մեր դէմ խիստ քարոզչութիւն կը տանին, որուն նպատակն է խզել Ռուսիոյ եւ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները ու Արեւելքի մէջ նոր խնդիր ստեղծել՚: Թերթը գրեց, որ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սուրիցն այցելած է արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ բացատրութիւն տուած միջադէպին առիթով:

Թրքական մամուլը կը պնդէր, որ հայերը լուրջ դեր ունեցած են միջադէպի հարցին մէջ: ՙԱքշամ՚ը տեսակէտ յայտնեց, որ ՙայս միջադէպի ետին կա՛մ Չեկան էր, կա՛մ ալ` Ռուսիան՚, քանի որ Մոսկուայի մէջ այլեւս չեն ուզեր որ թուրքերը շարունակեն ներկայացուցիչ ունենալ Երեւանի մէջ:

Պոլսոյ հայկական մամուլը գրեց, որ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցածը ՙխմորուող քաղաքական փոփոխութեան աննշան մէկ դրուագն է՚: ՙՄոսկուան վերացուցած է հայկական անկախութիւնը, ՙհամադաշնութիւն՚ եւ նման բառերը անբովանդակ արտայայտութիւններ են` միամիտները շլացնելու: Եթէ թրքական դրօշն իջեցուած է, ապա ատիկա եղած է ո՛չ թէ Երեւանի հայ համայնավարներու – որոնք պարզ խամաճիկներ են – այլ` Մոսկուայի հրամանով: Այս հարցին մէջ ալ ռուսական կառավարութիւնն անպարկեշտ կեցուածք կը դրսեւորէ, երբ փոխանակ իր անունով հրապարակ գալու, արիւնաքամ ժողովուրդը քաւութեան նոխազ կը դարձնէ՚,- գրած է Պոլսոյ ՙՃակատամարտ՚ օրաթերթն իր խմբագրականին մէջ:

Խորհրդային մամուլն ալ անդրադարձաւ ՙերեւանեան չնչին ու անիմաստ դէպքեր՚ուն` չմանրամասնելով զանոնք: Ալեքսանդր Միասնիկեանը ՙերեւանեան միջադէպի՚ն առիթով գրեց. ՙԱմենայն պատասխանատուութեամբ եւ վստահութեամբ կը պնդենք, որ ՙթրքական վտանգ՚ չկայ, նոյնիսկ չնայած երեւանեան այն ՙմիջադէպ՚ին, որուն պատճառով Պոլսոյ թրքական եւ հայկական դեղին ու սպիտակ մամուլն այնքան թմբուկ զարկաւ: Թրքահայաստանի խնդի՞ր: Այդ ալ լուծուած է: Մեզի համար` սահմաններու հարց գոյութիւն չունի՚:

Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տարիներուն եկեղեցիներուն մէջ կը յիշատակուէր 24 Ապրիլը, իսկ յետագային` մինչեւ 1965-ի զարթօնքը, 1915 թուականը պաշտօնապէս կամ հասարակական լայն շրջանակներուն մէջ չէր նշուեր: Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը որպէս հարազատներու ու մերձաւորներու յիշատակի օր կը յիշուէր ընտանիքներուն ներսը միայն:

Առաջինը երգիծաբան Երուանդ Օտեանն է Պոլսոյ ՙԺամանակ՚ օրաթերթին մէջ առաջարկած, որ 1915-ի անմեղ զոհերուն համար յիշատակի յատուկ օր մը ընդունուի եւ այդ օրը ոգեկոչուի: Իսկ գրող, Վաղարշապատի դպրոցներու տեսուչ Վրթանէս Փափազեանը 25 Մարտ 1920-ին նամակով մը դիմած է Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին` առաջարկելով 24 Ապրիլը յայտարարել ՙՆահատակներու Օր՚` ի յիշատակ այն հայ մտաւորականներուն, որոնք 23-լոյս 24 Ապրիլ 1915-ի գիշերը ձերբակալուեցան Պոլսոյ մէջ եւ Հայտար Փաշա կայարանէն տարուեցան դէպի Այաշ, Չանղըրը եւ միւս սպանդանոցները: Քանի մը օր ետք կաթողիկոսին դիւանը շրջաբերականով (ըստ ուրիշ տեղեկութեանց` նաեւ կաթողիկոսական կոնդակով) հրահանգած է 24 Ապրիլն ընդունիլ որպէս Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակի օր եւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ այդ օրը հոգեհանգստեան պատարագ մատուցել:

Մինչեւ քեմալականներուն վերջնական յաղթանակը` 24 Ապրիլը նշուած է նաեւ Պոլսոյ մէջ: Եթէ Երեւանի մէջ լոյս տեսնող ՙԽորհրդային Հայաստան՚ թերթի 1922 թուականի ապրիլեան թիւերուն մէջ անդրադարձ չկայ Մեծ Եղեռնին, ապա Պոլսոյ հայկական թերթերը բաւական տեղ յատկացուցած են: ՙՃակատամարտ՚ը ընթերցողները տեղեկացուց, որ ՙհամաձայն Հայրապետական կարգադրութեան, յառաջիկայ Երկուշաբթի օրը` 24 Ապրիլը, Ազգային տօն է հռչակուած ի յիշատակ մեր բիւրաւոր նահատակներուն. նոյն օրը Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի Պատարագ եւ կատարուի հոգեհանգիստ՚: ՙԸստ այս Հայրապետական հրամանի, կը յանձնարարենք նոյն օրը փակել թաղին բոլոր ազգային վարժարանները եւ եկեղեցիներուն մէջ մատուցել Սուրբ Պատարագ եւ կատարել հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ նահատակներուն՚:

ՙՃակատամարտ՚ը 25 Ապրիլի թիւին մէջ գրեց. ՙԵրէկ կէսօրին անհամար բազմութիւն էր հաւաքուած Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը` յարգելու յիշատակը 24 Ապրիլի զոհերուն: Դաշնակցութեան կողմէ խօսեցաւ Ամատունին, հնչակեաններու կողմէ` Սեդրակ Քառեանը: Հայ Արուեստի Տան անունէն խօսեցաւ Վահան Թեքէեանը: Ան ըսաւ, որ եկած ենք խոնարհելու մեր մեծ մեռելներուն յիշատակին: Հայ երիտասարդութեան անունով խօսք ըսաւ Միսաք Մանուշեանը. ՙԱմբողջ ժողովուրդին կէսը դարձած է յուղարկաւորը միւս կէսին: Մեռելներ, մեռելներ, մեռելներ` 7 տարի առաջ, 13 տարի առաջ, 27 տարի առաջ՚ ՚:

Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Խորհրդային Հայաստան ապաստանածները չէին կրնար բարձրաձայնել իրենց պատուհասած ողբերգութիւնը, քանի որ Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատուած էին: Հայութեան ընդհանուր ցաւը եւ հաւաքական յիշողութիւնները պարփակուած ու ՙկղպուած էին՚ առանձին ընտանիքներու ներսը:

Շարունակելի

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):

Արաքսի ափին. Սթալինի ու Աթաթուրքի կենացը [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասներկուերորդ գլուխ

Խորհրդային Միութիւնը եւ Թուրքիան մինչեւ 1938-ը

Քեմալական շարժման յաջողութեան մէջ պոլշեւիկներուն դիրքորոշումը առանցքային էր: 26 Ապրիլ 1920-ին` Անգարայի մէջ Ազգային Մեծ Ժողովի բացումէն երեք օր ետք, Քեմալը Լենինի անունով նամակ մը ղրկեց Մոսկուա, որուն մէջ շարադրած էր ապագայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական հիմնական սկզբունքները, Խորհրդային Ռուսիայէն օգնութիւն խնդրել եւ առաջարկել բնականոն դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել:

3 Յունիսին Մուսթաֆա Քեմալին ուղղուած պատասխանին մէջ Չիչերինը գրած էր, որ խորհրդային կառավարութիւնն ամենայն հետաքրքրութեամբ կը հետեւի ՙհերոսական այն պայքարին, զոր, յանուն իր անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, կը մղէ թուրք ժողովուրդը՚, եւ թուրքերու համար ՙայս դժուար օրերուն երջանիկ է բարեկամութեան ամուր հիմքը դնելու, որը պէտք է միաւորէ թուրք եւ ռուս ժողովուրդները՚: Ռուս-թրքական բարեկամական եւ ամուր յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով խորհրդային կառավարութիւնը կ’առաջարկէր անյապաղ հաստատել դիւանագիտական եւ հիւպատոսական յարաբերութիւններ:

Քեմալի նամակէն կարճ ժամանակ ետք արտաքին գործոց նախարար Պէքիր Սամի պէյը (Գունտահ) բանակցութիւններ վարելու նպատակով մեկնեցաւ Մոսկուա, որտեղ զայն ընդունեց պոլշեւիկներուն առաջնորդը: Լենինը կը համակրէր քեմալական շարժումին` զայն Արեւելքի մէջ պրոլետարներու յաղթանակ նկատելով:

Օգոստոսին պատրաստուած ռուս-թրքական պայմանագիրի նախագիծը Սեպտեմբերին ղրկուեցաւ Անգարա, իսկ 16 Մարտ 1921-ին Անգարայի Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութիւնը եւ Խորհրդային Ռուսիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեցին` ստորագրելով Մոսկուայի պայմանագիրը:

1920-ի Յուլիսին Քեմալը յայտարարեց. ՙՄենք փնտռեցինք պոլշեւիկները եւ գտանք զանոնք: Խորհրդային հանրապետութիւնը խոստացած է մեզի ամէն տեսակ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել: Մեզի խոստացած է զէնք, թնդանօթներ եւ դրամ՚:

Պոլշեւիկ առաջնորդները հետաքրքրուած էին Մուսթաֆա‎ Քեմալի ազգայնական շարժման յաջողութիւններով, անոր զէնք կը մատակարարէին: Անոնք քեմալականներուն հետ հաստատեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ինչպէս նաեւ` անոնց հետ բարեկամութեան պայմանագիր կնքեցին նախքան Քեմալի իշխանութեան հաստատումը ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքներուն վրայ: Թուրքիոյ Կոմունիստական Կուսակցութեան առաջնորդները, որոնք Պաքուի մէջ 1920-ին մասնակցեր էին Արեւելքի Ժողովուրդներու Քոնկրէսի աշխատանքներուն, 1921-ի Յունուարին սպաննուեցան Տրապիզոնի հակակոմունիստական ոյժերու ձեռքով: Բայց ատիկա չխանգարեց, որպէսզի ռուս պոլշեւիկները նոյն տարուայ Մարտին քեմալականներուն հետ բարեկամութեան պայմանագիր կնքեն: Լենինն ու միւս պոլշեւիկները կը հասկնային, որ թուրք կոմունիստները չեն կրնար իշխանութեան գալ, բայց անոնք համոզուած էին, որ քեմալական Թուրքիան կրնայ օգտակար գործընկեր ըլլալ բրիտանացիներուն եւ ‎ֆրանսացիներուն դէմ պայքարին մէջ:

1919-1922 թուականներու յոյն-թրքական պատերազմի ընթացքին Խորհրդային Ռուսիան հետեւողականօրէն կ’աջակցէր թուրքերուն: Արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսարիատի 12 Սեպտեմբեր 1922-ի նոթային մէջ կ’ըսուէր, որ ՙռուսական կառավարութիւնը Թուրքիոյ պատերազմը կը դիտարկէ որպէս թուրք ժողովուրդի պայքար Սեւրի պայմանագիրին դէմ` յանուն իր գոյատեւման ու անկախութեան՚:

Խորհրդային կառավարութիւնը քեմալականներուն օգնութիւն տրամադրեց 10 միլիոն ռուպլի ոսկիով, ինչպէս նաեւ Թուրքիա ղրկեց 33 հազար միաւոր հրացան, 327 միաւոր գնդացիր եւ 54 միաւոր թնդանօթ` համապատասխան ռազմամթերքով: 1921-ի Հոկտեմբերին Տրապիզոնի մէջ թրքական հրամանատարութեան յանձնուեցան ՙԺիվոյ՚ եւ ՙԺութքի՚ ծովային կործանիչներ:

1921-ի Փետրուարին Ալի Ֆուատը (Ճեպէսոյ) Մոսկուա կը մեկնի իբրեւ Թուրքիոյ առաջին դեսպան: Նոյն տարուայ վերջին խորհրդային կառավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ լիազօր ներկայացուցիչ նշանակեց Սէմեոն Արալովը: Խորհրդային Ռուսիոյ ներկայացուցիչը Անգարայի մէջ յաճախ կը հանդիպէր Քեմալի հետ: Այս ընթացքին արտակարգ առաքելութեամբ Թուրքիոյ մէջ էր խորհրդային ռազմական եւ պետական գործիչ Միխայիլ Ֆրունզէն: Խորհրդային պատուիրակութեան պատուին թրքական կառավարութեան կազմակերպած ընդունելութեան ընթացքին արտասանած ճառին մէջ վերջինս կ’ըսէր. ՙԹուրքիոյ հետ բարեկամութիւնը մեր քաղաքականութեան անկիւնաքարերէն մէկը կը նկատենք: Սա ընկեր Լենինի գիծն է՚:

Քանի Աթաթուրքը դեռ նախագահ էր, Թուրքիան բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահպանէր Խ. Ս. Հ. Մ.ի հետ: Թուրք-խորհրդային համագործակցութիւնը հիմնուած էր փոխադարձ յստակ հաշուարկներու եւ շահերու վրայ, հետեւաբար` Թուրքիոյ ներսը կոմունիստներու հանդէպ հալածանքները չէին կրնար վտանգել յարաբերութիւնները, թէեւ խորհրդային մամուլը ժամանակ առ ժամանակ կ’անդրադառնար այդ խնդրին, երբեմն` բաւական խիստ բառապաշարով: ՙԹրքական կառավարութիւնը պարտաւոր է դադրեցնել թուրք կոմունիստները հալածելը եւ պէտք է յենի Թուրքիոյ ժողովրդային զանգուածներուն վրայ` Անթանթի յետադիմականներուն դէմ կռուելու համար: Եթէ թրքական կառավարութիւնն այդ ընէ` Խորհրդային Ռուսիան կ’աջակցի Թուրքիոյ` իր ծանր պայքարին մէջ՚,- գրեց ՙՓրաւտա՚ն:

17 Փետրուար 1923-ին Մոսկուայի մէջ կայացաւ բանուորական մեծ հաւաք մը, զոր ընդունեց բողոքի յայտարարութիւն մը եւ զայն փոխանցեց Անգարայի ներկայացուցիչ Մուխթար պէյին. ՙՄենք կը բողոքենք Անգարայի կառավարութեան եւ Մեճլիսին, որ Անատոլուի եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կը ցրեն բանուորական միութիւնները, հալածանքի կ’ենթարկեն բանուորական մամուլը, որ թուրք կոմունիստները ձերբակալուած են ու մահապատիժի սպառնալիքի տակ կը գտնուին: Անգարայի կառավարութենէն կը պահանջենք դադրեցնել բանուորներու եւ գիւղացիներու հալածանքը, ազատել ձերբակալուածները՚:

Ասոնք, սակայն, ընդամէնը դրուագներ էին եւ թուրք-խորհրդային համագործակցութիւնն ստուերել չէին կրնար:

Թուրք-խորհրդային ՙԲարեկամութեան եւ չէզոքութեան պայմանագիր՚ը

Մուսթաֆա Քեմալը իր հրապարակային գրեթէ բոլոր ելոյթներուն մէջ յատուկ կերպով կ’անդրադառնար թուրք-խորհրդային յարաբերութեանց: 1 Նոյեմբեր 1924-ին խորհրդարանի իր ելոյթին մէջ ան ընդգծեց, որ Թուրքիան Խորհրդային Միութեան հետ ՙընդգրկուն, լաւ յարաբերութիւնները կը նկատէ իր քաղաքական կարգախօսը՚:

17 Դեկտեմբեր 1925-ին Փարիզի մէջ կնքուեցաւ թուրք-խորհրդային ՙԲարեկամութեան եւ չէզոքութեան պայմանագիր՚, զոր ստորագրեցին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Թեւֆիք Ռիւշթիւն (Արաս) եւ Չիչերինը: Պայմանագիրը կազմուած էր երկու յօդուածէ եւ կից երեք արձանագրութենէ:

Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսարի տեղակալ Լիթվինովը յայտարարեց, որ 1921-ի Մարտին Մոսկուայի մէջ կնքուած պայմանագիրին վերաբերեալ լրացուցիչ համաձայնութիւն կայացնելու համար բանակցութիւններն սկսած էին Անգարայի մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ի լիազօր ներկայացուցիչ Սուրիցի միջոցով: ՙՀամաձայնութիւնն ստորագրելու համար երկու կառավարութիւնները օգտուած են այն հանգամանքէն, որ ժողովրդական կոմիսար Չիչերինը եւ արտաքին գործոց նախարար Թեւֆիք Ռիւշթիւ պէյը միաժամանակ կը գտնուէին Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ: Այսպիսով, համաձայնութեան ստորագրումը Փարիզի մէջ միայն զուգադիպութիւն է: Բայց չեմ պահեր այդ փոխյարաբերութիւնները ձեւականօրէն հաստատելու եւ համաձայնագիրին ստորագրումը արագացնելու պատճառը, որն է` վերջին ժամանակներս անգլօ-ամերիկեան մամուլին մէջ ժամանակ առ ժամանակ երեւցող ստայօդ լուրերը, թէ իբր Թուրքիոյ դէմ ուղղուած համաձայնութիւն կայ Խ. Ս. Հ. Մ.ի ու Իտալիոյ միջեւ: Համաձայնագիրին ստորագրումը վերջ պիտի տայ այդ անհանգստացնող լուրերուն, պիտի ցրէ երկու երկիրներու հասարակական կարծիքին մէջ մտած կասկածներն ու երկիւղները խորհրդային ու թրքական բարեկամութեան մասին՚,- ըսաւ Լիթվինովը:

Փարիզի մէջ կնքուած պայմանագիրով, Խ. Ս. Հ. Մ.ն ու Թուրքիան կը պարտաւորուէին չյարձակիլ իրարու դէմ, չմասնակցիլ երրորդ պետութեան մը կամ քանի մը երրորդ պետութեանց` պայմանաւորուող միւս կողմին դէմ ուղղուած թշնամական որեւէ գործողութեան: Պայմանագիրը ոյժի մէջ պիտի մնար երեք տարի, իսկ այդ ժամկէտը լրանալէն յետոյ պայմանագիրն ինքնին մէկ տարիով երկարաձգուած պիտի նկատուէր, եթէ պայմանաւորուող կողմերէն որեւէ մէկը ժամանակամիջոցը լրանալէն վեց ամիս առաջ չէր նախազգուշացներ, թէ կ’ուզէ դադրեցնել զայն:

Այս պայմանագիրին ստորագրումը նշանակալի օգնութիւն էր Թուրքիոյ այն ժամանակ, երբ վերջինս Մոսուլի հարցով լուրջ հակասութեանց մէջ էր Մեծն Բրիտանիոյ հետ: 8 Սեպտեմբեր 1926-ին ստորագրուեցաւ խորհրդա-թրքական սահմանանշման աշխատանքներու աւարտի մասին Գլխաւոր Արձանագրութիւնը` ըստ 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներուն: 11 Մարտ 1927-ին Անգարայի մէջ ստորագրուեցաւ ՙԱռեւտուրի եւ նաւագնացութեան մասին խորհրդա-թրքական պայմանագիր՚, զոր նորացուեցաւ 1937-ի Հոկտեմբերին:

Բարձր մակարդակով փոխադարձ այցելութիւնները թուրք-խորհրդային յարաբերութեանց կարեւոր մասը կը կազմէին: 1926-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ժամանեց Օտեսա, ուր զայն ընդունեց Չիչերինը: 1929-ի Դեկտեմբերին, խորհրդային կառավարութեան յանձնարարութեամբ պաշտօնական այցով Թուրքիա մեկնեցաւ հայազգի Լեւ Գարախանը` երկարաձգելու 17 Դեկտեմբեր 1925-ի պայմանագիրը:

Անգարայի մէջ Գարախանի պատուին ճաշկերոյթ տուաւ արտաքին գործոց նախարար Թեւֆիք Ռիւշթիւ Արասը: Արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսարի տեղակալի պաշտօնին արտասահման իր առաջին պաշտօնական այցը կատարող Գարախանը – որ 1934-1937 թուականներուն զբաղցուց Անգարայի մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ի դեսպանի լիազօրութիւնները – պատասխան ճառին մէջ ընդգծեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութիւնը հիմնուած է այն ժամանակ, երբ ՙԹուրքիոյ եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի ժողովուրդներուն վրայ ծանր վտանգ կախուած էր, երբ անոնք պաշտպանելով անկախութիւնը, հերոսական անձնազոհութեամբ գերմարդկային պայքար կը մղէին՚: Գարախանը շնորհակալութիւն յայտնեց Սթամպուլի եւ Անգարայի մէջ իրեն ցոյց տրուած ՙջերմ ու սրտագին ընդունելութեան համար՚, բարեմաղթեց, որ Թուրքիան ՙՄուսթաֆա Քեմալի ղեկավարութեամբ նոր յաղթանակներ տանի՚ ինչպէս ռազմական, այնպէս ալ տնտեսական ու մտաւոր ճակատներուն մէջ:

Երկրորդ Աշխարհամարտէն առաջ

Մոսկուայի ու Անգարայի բարեկամական յարաբերութիւնները կը շարունակէին զարգանալ նաեւ յաջորդ տարիներուն: 1930-ի աշնան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նորէն կ’այցելէ Խ. Ս. Հ. Մ.: Թեւֆիք Ռիւշթիւ Արասը բանակցութիւններ կը վարէ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Մաքսիմ Լիթվինովի եւ Լեւ Գարախանի հետ: Մուսթաֆա Քեմալը 1 Նոյեմբեր 1930-ին խորհրդարանի իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այն ընդունելութեան համար, զոր ցոյց տրուեցաւ ՙմեր արտաքին գործոց նախարարին, երբ ան այցելեց մեր մեծ ընկեր ու դրացի երկիրը` Ռուսիա՚: Այդ այցին հետ կապուած եւ 3 Հոկտեմբերին հրապարակուած պաշտօնական յուշագիրին մէջ կ’ըսուէր, որ ՙայսօր թուրք-խորհրդային բարեկամութիւնը խաղաղութեան հզօրագոյն գործօն է` ամէն ժամանակէ աւելի՚:

Ռուս-թրքական 16 Մարտի Մոսկուայի պայմանագիրին 10-ամեակը հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ մէջ: 1931-ի Մարտին Անգարայի մէջ խորհրդային լիազօր ներկայացուցիչ Եակով Սուրիցն այդ կապակցութեամբ այցելեց Մուսթաֆա Քեմալին եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի Կեդրոնական Գործադիր Կոմիտէի նախագահ Միխայիլ Քալինինի անունէն շնորհաւորանքներ փոխանցեց: 16 Մարտին, Գարախանը եւ Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Ռեհիպ պէյը երկու երկիրներու կառավարութեանց լիազօրութեամբ ստորագրեցին առեւտուրի եւ ծովագնացութեան երկկողմ պայմանագիր, զոր կոչուած էր ամրապնդելու գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները եւ օժանդակելու խորհրդա-թրքական տնտեսական համագործակցութեան զարգացման:

1931-ի Հոկտեմբերին Անգարա ժամանեց արտաքին գործոց նախարար Լիթվինովը: 1932-ի Մայիսին Մոսկուա այցելեցին վարչապետ Իսմէթ Ինէօնիւն եւ արտաքին գործոց նախարար Թեւֆիք Ռիւշթիւ Արասը: Քլիմէնթ Վորոշիլովի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած բանակցութեանց խորհրդային կողմէ կը մասնակցէին Սթալինը, Լիթվինովը եւ Գարախանը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն մէջ լիազօր ներկայացուցիչներ Սուրիցն ու Հիւսէյն Ռեհիպ պէյը: Ինէօնիւի խնդրանքով, խորհրդային կառավարութիւնը Թուրքիոյ տրամադրեց ութը միլիոն տոլարի չափով երկարաժամկէտ վարկ, որով խորհրդային արտադրութեան սարքաւորումներու նոր տեսականի պէտք է ձեռք բերուեր:

Նոյն տարուայ ամրան խորհրդային մասնագէտներն այցելեցին Թուրքիա, իսկ աշնան նախապատրաստեցին Կեսարիոյ մէջ (Գայսերի) հիւսուածեղէնի առաջին գործարանի շինարարութեան նախագիծը: Ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլեւ` Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ հիւսուածեղէնի ամենախոշոր ձեռնարկութիւնն եղող գործարանն սկսաւ արտադրանք տալ 1935-ի աշնան:

Թուրքիոյ հիմնադրման տասնամեակի հանդիսութեանց մասնակցելու համար 1933-ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբերին պաշտօնական այցով Թուրքիա մեկնեցաւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի ռազմա-ծովային ժողովրդական կոմիսար Քլիմէնթ Վորոշիլովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էր նաեւ Գարախանը: Խորհրդային պատուիրակութիւնն ջերմագոյն ընդունելութեան արժանացաւ: Անգարայէն ու Սթամպուլէն զատ, այցը կ’ընդգրկէր նաեւ Զմիւռնիան (Իզմիր), Պուրսան, Չանաքքալէն, ուրիշ քաղաքներ ու ձեռնարկութիւններ, ռազմական ուսումնարան:

Խորհրդա-թրքական բարեկամական յարաբերութիւնները պահպանելու եւ զարգացնելու նպատակով 1934-ի յունիսին Անգարայի մէջ դեսպան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Գարախանը, որ արդէն բաւական լաւ կը ճանչնար Թուրքիան: Սակայն Թի‎ֆ‎լիսի մէջ ծնած հայազգի դիւանագէտին համար դժուարութիւններ ստեղծուեցան այն պարզ պատճառով, որ Թուրքիան, շարունակելով բարիդրացիական յարաբերութիւնները Խ. Ս. Հ. Մ.ի հետ, սկսած էր անգլիացիներուն մերձենալու քաղաքականութիւն տանիլ:

1926-ին Թուրքիան բարեկամութեան պայմանագիր կնքեց Մեծն Բրիտանիոյ հետ: 1928-ին Իտալիոյ հետ ստորագրեց չյարձակման պայմանագիր, ինչպէս նաեւ` մասամբ իտալացիներուն միջնորդութեամբ, յառաջընթաց արձանագրուեցաւ թուրք-յունական յարաբերութեանց մէջ: 1930-ի Հոկտեմբերին` հաշուի առնելով պուլկարական պահանջատիրութիւնը կամ ատոր վտանգը, Թուրքիան եւ Յունաստանը բարեկամութեան պայմանագիր կնքեցին: Իրանի հետ սահմանային վէճերը հարթուեցան: 1934-ին ստորագրուեցաւ Պալքանեան Դաշինքը, որուն մաս կազմեցին Թուրքիան, Յունաստանը, Հարաւսլաւիան եւ Ռումանիան:

1934-ին Թուրքիոյ եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի յարաբերութիւնները ջերմ էին, սակայն անկէ ետք կամաց-կամաց սկսան անկում ապրիլ, թէեւ սկզբնական շրջանին ատիկա նկատելի չէր: Մոսկուան շատ զգայուն էր նաեւ թուրք-գերմանական սերտ յարաբերութեանց հարցով: 1930-ական թուականներուն Անգարան սկսաւ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ բազմազանութիւն մտցնել: 9 Մայիս 1935-ին, Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութեան համագումարի իր ելոյթին մէջ փառաբանելով ռուս-թրքական շարունակուող բարեկամութիւնը, Քեմալը կ’ըսէր. ՙՄեր պատմութեան սեւ օրերուն ծնած այդ բարեկամութիւնը թուրք ժողովուրդին համար միշտ անմոռանալի եւ թանկագին յիշողութիւն պիտի ըլլայ՚:

1934-ի Դեկտեմբերին, արտաքին գործոց նախարար Արասը դեսպան Գարախանի հետ զրոյցին մէջ կը նշէր, թէ թուրք-խորհրդային յարաբերութիւնները Անգարայէն եւ Մոսկուայէն կը պահանջեն Վոս‎փոր եւ Տարտանէլ նեղուցներու անվտանգութեան հարցով կնքել պայմանագիր մը, որ ապահովէ երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը` եթէ նեղուցներուն երրորդ կողմէ վտանգ սպառնայ: Սակայն յետագային, ինչպէս նշած է Խ. Ս. Հ. Մ.ի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Լիթվինովը Ժնեւի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Արասի հետ հանդիպումէն ետք, Անգարան գործուն հետաքրքրութիւն չէր ցուցաբերեր այս հարցով: Մոսկուայի մէջ կը կարծէին, թէ անգլիական կառավարութիւնը միջամտած է, որպէսզի կանխուի Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ միջեւ նեղուցներու հարցով պայմանագիրի կնքումը:

Մուսթաֆա Քեմալը կը տեսնէր աշխարհա-քաղաքական փոփոխութիւնները, Գերմանիոյ ու Մեծն Բրիտանիոյ հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, սակայն չէր ուզեր ատիկա խորհրդա-թրքական բարեկամութեան հաշուին ընել: Թուրքիոյ նախագահը 1935-ի Մարտին հանդիպեցաւ Գարախանի հետ եւ հաստատեց, որ Անգարայի ու Մոսկուայի միջեւ ՙարտաքին քաղաքականութեան հիմնական հարցերուն շուրջ տարաձայնութիւն չկայ՚: Քեմալը կ’ընդունէր, որ Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ համար հիմնական վտանգը կու գայ Գերմանիայէն, սակայն միւս կողմէ` Թուրքիոյ կեցուածքը Գերմանիոյ նկատմամբ կ’որոշուէր նաեւ անով, որ գերմանացիք շահաւէտ գնորդներ ու վաճառողներ են:

Դեսպան Գարախանն ու արտաքին գործոց նախարար Արասը 1925-ին Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած պայմանագիրին ու այլ պայմանագրային փաստաթուղթերու ժամկէտները տասը տարիով երկարաձգելու վերաբերեալ արձանագրութիւն ստորագրեցին 1935-ի Նոյեմբերին: Սակայն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց մէջ կարեւորագոյն հարցը կը շարունակէր մնալ Վոս‎‎փոր եւ Տարտանէլ նեղուցներուն անվտանգութեան խնդիրը: Թրքական կառավարութիւնը 1936-ի Ապրիլին շարք մը երկիրներու նոթա յղեց, նշելով նեղուցներու կարգավիճակը կարգաւորող Լոզանի համաձայնագիրը վերանայելու անհրաժեշտութիւնը: Խորհրդային կառավարութեան ալ հասցէագրուած էր նման նոթա մը, զոր յանձնուեցաւ Գարախանին: Խորհրդային Միութիւնն արդէն 16 Ապրիլին, պատասխան նոթայով աջակցութիւն յայտնեց թրքական առաջարկութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ՙմասնակցելու Թուրքիոյ անվտանգութեան շահերուն համապատասխան նեղուցներու կարգավիճակը սահմանելու եւ այդ գօտիին մէջ խաղաղութիւնն ապահովելու բանակցութեանց՚: Խ. Ս. Հ. Մ.ի այս դիրքորոշումը հաստատուեցաւ նաեւ Մայիսի սկիզբին` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Նուման Մենեմենճօղլուի` խորհրդային ղեկավարներու հետ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութեանց մէջ:

Զուիցերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ 1936-ի Յունիսին բացուեցաւ նեղուցներու կարգավիճակին վերաբերեալ նոր համաձայնագիրի մշակման խորհրդաժողովը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը պաշտպանէր անգլիացիներուն տեսակէտը, որ Սեւ Ծովը ՙբաց ծով՚ յայտարարուի, ինչը կը նշանակէր, որ տարբերութիւն չի դրուիր նեղուցներով անցնող սեւծովեան եւ ոչ-սեւծովեան երկիրներու նաւերուն միջեւ, իսկ սահմանափակում կ’առաջարկուէր դնել նեղուցներով անցնող նաւերու թոննաժին վրայ: Վերջին տասնհինգ տարիներուն մոսկովեան մամուլը հեղեղած խորհրդա-թրքական բարեկամութեան մասին հրապարակումներու շարքը կանգնեցուց ՙՓրաւտա՚-ն. ՙՑաւօք, ստիպուած ենք հաստատելու, որ Մոնթրէոյի խորհրդաժողովին մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ի հանդէպ Թուրքիոյ կեցուածքը բարեացակամ չէ, ինչպէս կարելի էր սպասել` հիմք ընդունելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկարամեայ բարեկամական յարաբերութիւնները՚:

1936-ին Մոնթրէոյի համաձայնագիրին ստորագրումէն ետք թուրք-խորհրդային հակասութիւններն ակնյայտ դարձան:

Խ. Ս. Հ. Մ.ը կողմնակից էր նեղուցներով ոչ-սեւծովեան պետութեանց ռազմական նաւերու անցման սահմանափակման եւ կրցաւ հասնիլ անոր, որ Սեւ Ծովու ափամերձ պետութիւնները – որոնց համար նեղուցները Միջերկրականին կապող հաղորդակցութեան միակ միջոցն էին – առանձնայատուկ պայմաններ ունենան եւ բոլոր նաւերն անարգել կերպով անցնելու հնարաւորութիւն ունենան: Մոնթրէոյի մէջ ստորագրուեցաւ նեղուցներու կարգավիճակին վերաբերեալ համաձայնագիրը, զոր հաստատեց առեւտրական ծովագնացութեան ամբողջական ազատութիւն ինչպէս խաղաղ, այնպէս ալ պատերազմի ժամանակ` անկախ ՙդրօշակէն ու բեռէն՚, եւ սահմանափակեց ոչ-սեւծովեան տէրութեանց ռազմանաւերու (բացառութեամբ թեթեւ նաւերու) մուտքը Սեւ Ծով` խաղաղ ժամանակ:

Թուրքիան սկսած էր որոշակի հեռաւորութիւն պահել Խ. Ս. Հ. Մ.ի հետ յարաբերութեանց մէջ: Աւելին, որքան մերձեցում կը նկատուէր թուրք-անգլիական յարաբերութեանց մէջ, այնքան բարդութիւններ կը յառաջանային Մոսկուա-Անգարա յարաբերութեանց մէջ: Արդէն 1936-ի աշնան արտաքին գործոց նախարար Արասը Գարախանի հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուց, որ Թուրքիան Խ. Ս. Հ. Մ.ի հետ փոխօգնութեան պայմանագիր կնքելու մտադիր չէ: Քանի մը շաբաթ ետք Գարախանը հանդիպում ունեցաւ Աթաթուրքի հետ: Վերջինս հաւաստիացուց, որ Թուրքիան ՙերբեք առաջինը չի հեռանար իր բարեկամներէն՚ եւ որ իրադարձութիւններն ինչպէս ալ զարգանան, ՙբարեկամութիւնը կը մնայ բարեկամութիւն՚: Գարախանը Մոսկուա ղրկած գրութեան մէջ կը նշէր, թէ Աթաթուրքը Խ. Ս. Հ. Մ.ի լիազօր ներկայացուցչութիւն կատարած այցով ՙկը փափաքէր մեղմել դրութիւնը՚:

1937-ին ստորագրուեցաւ Սաատապատի դաշինքը` Թուրքիոյ, Իրաքի, Իրանի եւ Ա‎ֆղանիստանի անդամակցութեամբ: Թուրքիան ֆաշիստական Իտալիոյ` դէպի Միջերկրականի արեւելեան հատուածներ տարածման ձգտումը լուրջ սպառնալիք կը սեպէր, մինչդեռ հիթլէրեան Գերմանիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ կը պահպանէր:

Խորհրդային Միութեան հետ բարիդրացիական ու բարեկամական յարաբերութիւններէն Թուրքիոյ հեռանալը տեղի կ’ունենար զուգահեռաբար ‎ֆ‎աշիստական պետութեանց հետ թրքական ղեկավար շրջանակներու աճող կապերուն, որոնց սկիզբը դրուեցաւ 1937-ի փետրուարի առաջին օրերուն, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Արասը այցելեց Իտալիա: Վարչապետ Ինէօնիւի հետ զրոյցի մը ընթացքին Գարախանը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն իրողութեան վրայ, որ ֆ‎աշիստական Գերմանիոյ ազդեցութիւնը օրը օրին աւելի ակնյայտ կը դառնայ, ինչը կը կաշկանդէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը` զայն աւելի չէզոք դարձնելով: Ինէօնիւն կը հաստատէ, որ ամէն պարագայի, Խ. Ս. Հ. Մ.ի հետ յարաբերութեանց հարցին մէջ Թուրքիան ՙհաւատարիմ կը մնայ իր հին ու անդաւաճան բարեկամութեան՚:

Չնայած նկատուող պաղութեան եւ Թուրքիոյ հանդէպ Մոսկուայի անվստահութեան, Խ. Ս. Հ. Մ.ը կը կարեւորէր խորհրդա-թրքական ռազմա-քաղաքական ու տնտեսական բնականոն յարաբերութեանց պահպանումը: 1937-ի յունուարին սկսած բանակցութեանց արդիւնքով, երկու երկիրները առեւտրական նոր պայմանագիր մը կնքեցին նոյն տարուայ Հոկտեմբերին. Խ. Ս. Հ. Մ.ը Թուրքիա պիտի արտահանէր նաւթամթերք, ինքնաշարժներ, թուջ, գիւղատնտեսական մեքենաներ, դեղորայք, մորթ, իսկ Թուրքիայէն պիտի ներմոււծէր բամպակ, բուրդ, կաշի, պտուղներ ու բանջարեղէն: 1937-ի յուլիսին պաշտօնական այցով Մոսկուա մեկնեցան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Թեւֆիք Ռիւշթիւ Արասն ու ներքին գործոց նախարար Շիւքրիւ Քայան:

Արաքսի ափին. Սթալինի ու Աթաթուրքի կենացը

Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներով գծուած էին Խորհրդային Հայաստան-Թուրքիա սահմանները, սակայն սահմանազատում եւ սահմանագծում չէին կատարուած: Այդ նպատակով, 1924-ի Դեկտեմբերի վերջերուն Թիֆլիսի մէջ հանդիպեցաւ խորհրդային եւ թրքական խառն յանձնաժողովը, որու նպատակն էր ՙմանրամասնօրէն պարզել երկու երկիրներուն պետական սահմանները եւ նշանակել սահմանային նշանակէտերը՚:

Յաջորդ ամիսներուն` այդ աշխատանքները շարունակուեցան: ՙՇատ հաւանական է, որ քանի մը մասերու մէջ, մանաւանդ հոն, ուր սահմանագիծը բնական դիրքերով չ’անցնիր, սահմանային յանձնաժողովը վիճելի հարցերու հանդիպի: Ատիկա բնաւ չի նշանակեր, թէ յանձնաժողովը կը փորձէ փոփոխել Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած դաշնագիրը՚,- գրեց մամուլը: ՙՅանձնաժողովը պէտք է քաշէ պետական սահմանի ճշգրիտ գիծը եւ դնէ սահմանային նշացոյցերն այնպէս, որպէսզի դաշնագիրով որոշուած սահմանը կասկածներ չառաջացնէ թէ՛ սահմանապահներու եւ թէ՛ բնակչութեան շրջանին մէջ: Տեղերուն վրայ կը պտըտին լուրեր, թէ իբր եկած է յանձնաժողով մը, զոր մաս մը պիտի մի ացնէ, մաս մը պիտի կտրէ եւ ուղղում մտցնէ Կարսի պայմանագիրին մէջ: Այսպիսի լուրերն անհիմն են եւ կը բխին երկու բարեկամ ժողովուրդներու թշնամիներէն կամ զանոնք կը տարածէ սահմանամերձ շրջաններու անտեղեակ բնակչութիւնը՚:

Վարչապետ Իսմէթ փաշան (Ինէօնիւ) 1925-ի Նոյեմբերի կէսերուն խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի միջեւ սահմանազատման աշխատանքները շուտով վերջ կը գտնեն:

8 Յունուար 1927-ին Կարսի մէջ ստորագրուեցաւ խորհրդա-թրքական համաձայնագիր սահմանային գետերու ջրօգտագործման եւ լրացուցիչ արձանագրութիւն` Արաքս գետին վրայ Խորհրդային Միութեան կողմէ Սարդարապատի մէջ ամբարտակ կառուցելու մասին: Ջրային համաձայնագիրը կնքուեցաւ հինգ տարիով:

ՙԲարեկամական Ոգիով՚ խմբագրականին մէջ ՙԽորհրդային Հայաստան՚-ը գրեց, որ ՙԽորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած Կարսի դաշնագիրէն ետք անցնող ամէն տարին իր հետ կը բերէ փաստեր, որոնք աւելի կ’ամրապնդեն երկու երկիրներուն բարեկամական կապը՚: ՙԱյս տեսակէտէն, խոշոր տնտեսական եւ քաղաքական նշանակութիւն ունեցող նորագոյն փաստը Կարսի մէջ ստորագրուած ջրային համաձայնագիրն էր` յաւելուած արձանագրութիւններով: Սահմանային ջուրերէն օգտուելու այս քայլը, առաջին կարգին, տնտեսական խոշոր նշանակութիւն ունի Խորհրդային Հայաստանի համար: Նոյնքան կարեւոր է ջրային համաձայնագիրին քաղաքական նշանակութիւնը՚,- կը գրէր թերթը, աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն ՙայս բարեկամական քայլը խոշոր ապտակ մըն է հակախորհրդային բոլոր տեսակի տարագիրներու, մանաւանդ մեր դաշնակցական տարագիրներուն երեսին՚, որոնք ոչ մէկ առիթ բաց կը ձգեն աշխատաւոր զանգուածներու աչքին խորհրդային իշխանութիւնը վարկաբեկելու արտասահմանի մէջ` յարձակելով Թուրքիոյ հանդէպ վարած ՙմեր բարեկամական քաղաքականութեան վրայ՚:

Տարիներ ետք, 1935-ի ամրան, երբ հայկական կողմը Սարդարապատի ամբարտակը կը կառուցէր, քանի մը ժամով Հայաստան այցելեցին Թուրքիոյ վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը: Վարչապետ Իսմէթ Ինէօնիւի եւ արտաքին գործոց նախարար Թեւֆիք Ռիւշթիւ Արասի Հայաստան կարճատեւ այցը ինչպէս թրքական, այնպէս ալ հայկական լրատուամիջոցները համարեցին ՙխորհրդային-թրքական բարեկամութեան հաստատում մըն ալ՚: Նախաճաշն ու ողջոյնի ճառերուն փոխանակումը, թրքական մամուլին բառերով, ՙմիանգամայն անկեղծ բարեկամական բնոյթ՚ կը կրէին. ՙտեսակցութիւնը վերածուեցաւ խորհրդային-թրքական բարեկամութեան ցոյցի, զոր ամբողջ Թուրքիոյ մէջ մեծ բաւականութեամբ ընդունուեցաւ՚:

Յաջորդ օրը ՙԽորհրդային Հայաստան՚ն առաջին էջին մէջ տեղադրեց Թպիլիսիէն ստացուած տեղեկատուութիւնը. ՙԹուրքիոյ Նախարարներու Խորհուրդի նախագահ Իսմէթ Ինէօնիւն, որ ուղեւորութիւն կը կատարէ Արեւելեան Անատոլուի մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Թեւֆիք Ռիւշթիւ Արասի, ինչպէս նաեւ Կարսի նահանգապետին ու տեղական զինուորական եւ քաղաքական բարձր իշխանութեանց ուղեկցութեամբ, այցելեց Սարդարապատի ջրանցքը Խորհրդային Հայաստանի տարածքին: Պարոն Իսմէթ Ինէօնիւն մէկ ժամուայ ընթացքին դիտեց ամբարտակը եւ զրուցեց խորհրդային երկրաչափներու ու Հայաստանի ջրային տնտեսութեան վարչութեան պատասխանատու աշխատողներու հետ, մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով սահմանամերձ Արաքս գետին ջուրը Խորհրդային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան կարիքներուն համար օգտագործելու նկատմամբ: Թուրքիոյ Նախարարներու Խորհուրդի նախագահին եւ անոր ուղեկցող անձանց խորհրդային տարածքին վրայ դիմաւորեցին Հ. Ս. Խ. Հ.ի Ժողովրդական Կոմիսարներու Խորհուրդի նախագահի տեղակալը, Հ. Ս. Խ. Հ.ի հողագործութեան ժողովրդական կոմիսարը, Ջրային Տնտեսութեան Վարչութեան պետն ու արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսարիատի դիւանագիտական գործակալը: Թուրք հիւրերու պատուին նախաճաշ տրուեցաւ, որու ընթացքին ներկաները խմեցին Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներու բարգաւաճման եւ երկու բարեկամ երկիրներու առաջնորդներուն կենացը: Պարոն Ինէօնիւն եւ անոր ուղեկցող անձինք ժամը 12-ին թրքական տարածք վերադարձան՚:

Շարունակելի

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):

Հայ-ադրբեջանական բանակցություններ. հարցազրույց Աշոտ Մանուչարյանի հետ (1990թ)

$
0
0

Այս հարցազրույցը տպագրվել է ՀՀՇ կուսակցության ՀԱՅՔ թերթի 1990 թվականի փետրվարյան համարներից մեկում: Այն վերցրել ենք http://www.hambardzum.am/ կայքից:

____________________________________________

Վերջերս Բալթյան խորհուրդը կազմակերպեց Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ժողովրդական շարժումների պատվիրակությունների հանդիպումը Ռիգայում։ Այն նախատեսում էր քաղաքական երկխոսություններ՝ առաջացած բազմաթիվ հարցերի վերաբերյալ։ Հայկական կողմը ներկայացնում էին ՀՀՇ վարչության անդամներ Աշոտ Մանուչարյանը, Աշոտ Բլեյանը, Դավիթ Վարդանյանը և Համբարձում Գալստյանը։

«Հայքի» խմբագրությունը հարցազրույց ունեցավ Աշոտ Մանուչարյանի հետ։

Ի՞նչ նպատակ են հետապնդում այս քաղաքական խորհրդակցությունները։

― Վերջին ժամանակներս երկու ժողովուրդների միջեւ հակամարտությունը հասել է իր գագաթնակետին։ Այսօր մենք ապրում ենք այնպիսի ժամանակներ, երբ պետք է հաշվարկվեն երկրում կատարվող կամ կատարվելիք հնարավոր փոփոխությունների բոլոր վարկածները։ Կայսրությունը կարող է փլուզվել, կամ Ռուսաստանը, իր իսկ շահերից ելնելով, կարող է, թեկուզ ժամանակավորապես, դեմ-դիմաց թողնել Հայաստանը և Ադրբեջանը։

Ճակատագրի բերումով, այս երկու ժողովուրդները պիտի ապրեն հարևանությամբ։ Ուրեմն, պետք էր որոշել՝ ապրել անընդհատ կռվելո՞վ, թե՞ այլ ելք գտնել՝ միաժամանակ հաշվի առնելով Հայաստանի հետ Արցախի վերամիավորման փաստը։ Այս նկատառումներով էլ մեկնեցինք Ռիգա։

Ի՞նչ սկզբունքային հարցեր քննարկվեցին այնտեղ։ Ի՞նչ տվեց հանդիպումը։

― Քննարկվեցին պատգամավորների հարցը, բանտարկյալների հարցը և կայացավ ներքին համաձայնություն՝ հաջորդ հանդիպմանը Արցախի պատվիրակության ներկայության մասին։ Ըստ պայմանավորվածության, եթե հետագայում կայանան հանդիպումներ, կքննարկվի նաև Արցախի հարցը։

Կայացավ մի կարևոր որոշում, ըստ որի՝ երկու կողմերն իրենց գործողություններում պետք է առաջնորդվեն միջազգային իրավունքի սկզբունքներով։ Իհարկե, կացությունը շատ դժվար է և արդյունքների հասնել միանգամից հնարավոր չէ։

Սակայն ժամկետներ դրվեցին պատանդների ազատման համար և կայացավ նախնական պայմանավորվածություն, համաձայն որի՝ ադրբեջանական կողմը պետք է բանակցություններ վարի իր կառավարության հետ՝ բանտարկյալների տեղափոխման վերաբերլյալ։

Այս բոլոր հարցերը չէ, որ արտացոլվել են կոմյունիկնեում, սակայն բանավոր համաձայնություն է կայացվել և պետք է քննարկվի հաջորդ հանդիպումներում։

Իսկ ի՞նչ երաշխիքներ կան և որքանո՞վ են իրական նրանց խոստումները։

― Այս հարցը մեզ էլ էր հուզում։ Նախ, մենք փորձեցինք պարզել, թե ովքեր են ներկայացնում ադրբեջանական կողմը։ Արդյո՞ք նրանք չեն մասնակցել հայկական ջարդերին։ Քանի որ սա մեզ համար սկզբունքային հարց է, և մենք չենք կարող երկխոսության մեջ մտնել այն մարդկանց հետ, ում ձեռքերը արյունոտ են։ Մենք պետք է պարզեինք, թե որքանով են նրանք ներկայացնում ժողովրդական ճակատը, իսկ վերջինս՝ ադրբեջանական ժողովրդին։ Այս հարցի քննարկման ժամանակ էլ անդրադարձանք Սումգայիթի, Բաքվի, Կիրովաբադի ջարդերին։

Նրանց ասացինք, որ մեր ժողովուրդը այդ ջարդերը ուղղակիորեն կապում է Ադրբեջանի ժողովրդական ճակատի հետ։

Նրանք պատասխանեցին, թե ջարդերը կազմակերպել է կենտրոնը, թե դրանց միգուցե մասնակցել են ճակատից որոշ մարդիկ, սակայն ճակատի ընդհանուր դիրքորոշումը այլ է եղել։ Նրանք վկայակոչեցին իրենց ելույթները միտինգներում և ջարդերի դատապարտման քաղաքական գնահատականը՝ ժողովրդական ճակատի թերթում։ Նաև պնդեցին, թե ժողովրդական ճակատի որոշ ակտիվիստներ մասնակցել են հայերին ամբոխից փրկող ջոկատների աշխատանքներին։

Ադրբեջանական կողմից ովքե՞ր էին մասնակցում այս խորհրդակցությանը։

Հիքմեթ Հաջի Զադեն, Սաբիթ Բագիրովը։ Նրանք ճակատի տեսաբաններն են։ Ըստ նրանց տվյալների, Պանախովը ժողովրդական ճակատում չէ, իսկ Մամեդովը ռազմական խորհրդի անդամ է և իրեն ճակատից դուրս է հայտարարել։

Ինչո՞վ վերջացան խորհրդակցությունները

― Ինչպես գիտեք, Ազատի [գյուղ Հյուսիային Արցախում, այսօր ադրբեջանական վերահսկողության տակ- ԱՆԻ] հայտնի դեպքերի կապակցությամբ ՀՀՇ-ի վարչությունը հետեւյալ հեռագիրը ուղարկեց Ռիգա․ «Իրադրության կտրուկ փոփոխության պատճառով, որը հետեւանք էր զինվորականների, Խանլարի շրջանի հայ բնակչության բռնի տեղահանությանն ուղղված գործողությունների, ՀՀՇ վարչությունը հնարավոր չի համարում Ռիգայում համատեղ կոնսուլտացիաների հետագա շարունակումը ՀՀՇ-ի և Ադրբեջանի ԺՃ-ի ներկայացուցիչների միջեւ, որ տեղի էին ունենում Բալթյան խորհրդի նախաձեռնությամբ։ Կոնսուլտացիաների ժամանակ ձեռք բերված պայմանավորվածությունները, այդ թվում և համատեղ կոմյունիկեն, ՀՀՇ վարչությունը չի հաստատում և չեղյալ է հայտարարում։ Համատեղ կոնսուլտացիաները և բանակցությունները հնարավոր են միայն նման գործողությունների բացառման պայմաններում»։

Մենք այն ներկայացրեցինք ադրբեջանական կողմին, որը, ըստ իս, հանկարծակիի եկավ։ Ըստ նրանց հայտարարության, սա կենտրոնի հերթական սադրանքն է՝ վիժեցնելու համար այս հանդիպումը։ Խորհրդակցությունը ընդհատվեց, պայմանով, որ հանդիպում ընդհանրապես կարող է տեղի ունենալ, եթե ադրբեջանական կողմի գործողությունները չհակասեն մեր ժողովրդի շահերին եւ մասնավորապես վերջ չտրվեն Գետաշենի ենթաշրջանում կատարվող պրովոկացիաներին։ Այս հանդիպման ամենակարեւոր պահը, իհարկե, այն է, որ հարաբերությունները անմիջական են և ոչ մի երրորդ կողմ չի կարող դա օգտագործել այլեւայլ քաղաքական սադրանքների համար։

Հարցազրույցը վարեց՝ Անահիտ Ասատրյանը

Հայք, N 3, փետրվար, 1990թ.

 

Viewing all 129 articles
Browse latest View live